Յայտարարութիւն

Wednesday, May 25, 2011

Մտահոգութիւն Ընթերցողէ մը

Սիրելի Օշին,

Ուրախ եմ հետաքրքրութեանդ համար: Տրուած ըլլալով որ առանձինս կը հրապարակեմ Նշանակը, յաճախ բազմազբաղուածութեան կամ ճամբորդութեան պատճառաւ կը դանդաղիմ: Ընդհանրապէս նիւթերը կը պատրաստեմ եւ կը ծրագրեմ ինչ թուականներով զանոնք հրապարակել: Վերջերս ատոր ալ ժամանակը չգտնուեցաւ:Վերջին երկու շաբաթները գործով մանաւանդ ,քիչմըն ալ Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանով եւ Համազգայինով զբաղած ըլլալուս՝ գիշերները չկարողացայ տրամադրել Նշանակին: Առողջութեամբ լաւ եմ, Աստուծոյ փառք:
Մի քանի օր եւս եւ կը վերսկսիմ րութինին...
Շնորհակալութիւն հարազատի վերաբերումիդ համար:
Նշան
«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.««.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«



Սիրելի պարոն Նշան:
Շաբաթէ մը ի վեր է որ Նշանակ կայքէջի վրայ նոր գրութիւն չկայ:Գիտեմ որ դուք ամեն օր շուրջ տասէ աւելի գրութիւն կը տեղաւորէք ուստի մտահոգուեցայ :Յուսամ անհանգստութիւն մը չունիք կամ ուրիշ անպատեհ կացութեան մը չէք մատնուած:

Յարգանքներ

Օշին


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝