Յայտարարութիւն

Thursday, May 26, 2011

Սփիւռքի Նախարարի Պոլիս այցելութիւնը վիճաբանութեան նիւթ դարձաւ

Հետաքրքրական ժողովուրդ ենք մենք հայերս:
Փա՞ստ:
Կարդացէք Օշին Էլակէօզի ներքեւի գրութիւնը:
«Նշանակ»

«.«.«.«.«.«.«.«.««.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան անցեալները համաշխարհային կնոջական համագումարի մասնակցելու նպատակով Պոլիս այցելութիւն մը կատարեց, եւ այս առիթէն օգտուելով հանդիպումներ ունեցաւ Պոլսահայ համայնքային շրջաններէն ներս ու Պոլսահայ մտաւորականներէն որոշ անձերու մշակութային շքանշաններ նուիրեց:

Սփիւռքի Նախարարութեան այս այցելութիւնը Պոլսահայ մտաւորականներէն ոմանց անհանգստութիւն պատճառեց:Անոնք կը բողոքէին ըսելով թէ Հայաստանէն Պոլիս Սփիւռքի նախարար մը պէտք չէր այցելէր որովհետեւ մենք Պոլսահայերս սփիւռք չենք, այլ մենք կապրինք մեր հօրենական հողերուն վրայ ուր մեր պապերը հազարաւոր տարիներ ապրած են:Այս յայտարարութիւնները հրատարակուեցան նաեւ թրքական թերթերուն մէջ:

Այն վիճաբանութիւնը թէ մենք Պոլսահայերս սփիւռք կրնանք նկատուիլ թէ ոչ կրնանք միշտ ընել մեր մէջ, առանց օտարները միջամուխ ընելու այս վիճաբանութեան բայց այս պատճառաւ Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի Պոլիս այցելած ըլլալուն համար բողոքելը ըստ իս անիմաստ է:Մնաց որ Սփիւռքի Նախարարին քաղաքս այցելելը եւ Պոլսահայ համայնքին հետ հանդիպումներ ունենալը եթէ իրենց իսկապէս անհանգստութիւն կը պատճառէր ուրեմն անոնք պէտք է որ չընդունէին Սփիւռքի Նախարարի ի պատիւ տրուած հրաւէրի մը մասնակցիլ ու իր ձեռքէն շքանշան ստանալ:Եթէ հրաւէրը ընդունեցին եւ ստացան շքանշանը ուրեմն այլեւս բողոքելու պատճառ մըն ալ չունին :

Մենք Թրքահայերս, մինչեւ հիմա պետութեան մշակած դռնփակ ու հակահայ քաղաքականութեան պատճառաւ ոչ մէկ յարաբերութիւն կրցանք ունենալ մեծ մասը մեր մէջէն ծագում առած սփիւռքահայութեան կամ Հայաստանի հետ:Այս պատճառաւ է որ անոնք մեզի նկատեցին իբր խորթ եղբայր:Անոնք մեզ նկատեցին թուրք կամ թրքացած ու կորած հայեր:Մենք Թրքահայերս ալ որոշ քաղաքական ճնշումներու պատճառաւ ստիպուեցանք մեր կռնակը դարձնել սփիւռքահայութեան եւ Հայաստանին :Մինչեւ հիմա չի յաջողեցանք մեր եւ անոնց միջեւ կամուրջ մը կառուցանել ու բացատրել իրենց մեր ունեցած կարեւորութիւնը, պաշտպանելու համար մեր պապերուն այս հողերուն վրայ ունեցած քանի մը հազար տարուայ գոյութիւնը եւ մշակոյթը:Անոնք յայտնի պատճառներով ստիպուեցան հեռանալ, ձգել ու փախչիլ իրենց հայրենի հողերէն:Շատեր բռնի կերպով աքսորուեցան, չարչարուեցան, զոհուեցան:Իսկ մենք շարունակեցինք մնալ ու ապրիլ մեր պապերուն ապրած այս հողերուն վրայ դիմադրելով ճնշումներու, հալածանքներու, թշնամութիւններու:Մեր ուժերուն ներածին չափ պայքարեցանք որպէսզի կանգուն պահենք այս հողերուն վրայ գտնուող մեր մշակութային արժէքները :Եթէ ներկայիս այս հողերուն վրայ հայ մշակոյթին պատկանող արժէքներ դեռ գոյութիւն ունին, հայութիւնը ասիկա կը պարտի Թրքահայերուն:Կասկած չկայ թէ եթէ մենք հոս չըլլայինք եւ չի պայքարէինք զանոնք կանգուն պահելու համար հիմա անոնցմէ ստուեր անգամ մնացած պիտի չըլլար:

Վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական եւ մարդկային իրաւունքներու տեսակէտէ շատ մեծ բարեփոխումներ եղան:Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ շատ տկար ալ ըլլայ դիւանաբանական յարաբերութիւններ սկսան:Երկու երկիրներու մէջ լրագրողներ, մտաւորականներ, վաճառականներ յաճախ զիրար կայցելեն:Թէ Հայաստանի եւ թէ Թուրքիոյ մէջ ժողովներ կը կատարուին որպէսզի հայ եւ թուրք ժողովուրդը զիրար հասկնան, զիրար աւելի մօտէն ճանչնան:Պէտք է ընդունիլ որ երկու երկիրներուն մտաւորականները իրենց դիւանագէտներէն շատ աւելի յաջող ու բարեկամեցողական ընթացք մը ունեցան այս նիւթին մէջ:

Ասիկա շատ լաւ առիթ մըն է որ մենք ալ սփիւռքահայութեան հետ շփման մէջ մտնենք ու զիրար հասկնալ ջանանք:Մնաց որ սփիւռքահայութիւնը եւ մենք իրարու օտար չենք: Իրարու թշնամին կամ մրցակիցը չենք այլ բոլորիս ծանօթ ստիպումներու պատճառաւ սփիւռքահայութիւնը մեր մէջէն ծագում առած է:Մենք իրարու կը պատկանինք:

Մեր եւ սփիւռքահայութեան մէջ Հրանդ Տինքի առաջնորդութեամբ հաստատուած կամուրջը պէտք է որ աւելի ամրապնդենք:Ուստի Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարին քաղաքս այցելելը եւ Պոլսահայութեան հետ հանդիպումներ ունենալը մեզ պէտք չէ որ անհանգստացնէ




Օշին Էլակէօզ

Պոլիս 24 Մայիս 2011




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝