Յայտարարութիւն

Thursday, May 5, 2011

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՅԺՄ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ - ՕՇԻՆ ԷԼԱԿԷՕԶ

Անգամ մը եւս Օշին Էլակէօզ իր ըսելիքը յանդգնօրէն կ՜ըսէ եւ մերօրեայ ցեղասպանութեան ահազանգը կը հնչեցնէ:
«Նշանակ»

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.


Ցեղասպանութիւնը առայժմ կը շարունակուի

Երբ կըսենք հայոց ցեղասպանութիւն միշտ կը յիշենք 1915 ի դէպքերը բայց երբեք չենք անդրադառնար որ ցեղասպանութիւնը առայժմ կը շարունակուի իր բոլոր սաստկութեամբ: Սփիւռքի մէջ կը գործեն բազմաթիւ հայկական կազմակերպութիւններ որոնք մեծ ջանք կը թափեն որպէսզի 1915 ի պատահարները ընդունուին իբրեւ ցեղասպանութիւն բայց բաւական ջանք չի թափուիր որպէսզի մեր ազգը փրկուի առայժմ գործադրուած ցեղասպանութենէ : 1915 ի պատահարները չի յաջողեցան մեր ազգը բնաջնջել շնորհիւ մեր պապերուն զօրաւոր կամքին ու իրենց մեր ազգին ,լեզուին,աւանդութիւններուն եւ մեր մշակոյթին հանդէպ ունեցած հաւատարմութեան:Մեր պապերը իրենց ապրած դժնդակ պայմաններու մէջ քաջութիւնը ունեցան մեր ազգը փրկելու բնաջնջումէ մը: Անոնք չուրացան իրենց լեզուն եւ իրենց հաւատքը բայց մենք հիմա մեր ապրած հանգիստ եւ արդիական աշխարհի մէջ մեր ազգը կ'առաջնորդենք դէպի կէս մնացած ցեղասպանութեան աւարտին որը կը վախնամ որ պիտի ըլլայ առաջուանէն շատ աւելի քանդիչ:

Մայրենի լեզուի նահանջը, մշակութային արժեքներուն մեր նոր սերունդներու համար իրենց կարեւորութիւնը կորսնցնելը եւ խառն ամուսնութիւնները այս կացութեան ամենամեծ պատճառներն են:Ատենօք Հայ մշակոյթի զօրաւոր բերդերէն մէկը եղող Պոլսահայութեան մօտ ներկայիս վիճակը իսկապէս շատ ցաւալի է:Հայերէնը իրենց մայրենի լեզուն ըլլալով ընդունողներուն թիւը մեծ արագութեամբ կը պակսի:Մեր երիտասարդները այլեւս հայերէն խօսիլ չեն ուզէր:Պոլսոյ մէջ կատարուած եւ Մարմարա օրաթերթի մէջ հրատարակուած վերջին մէկ վիճակագրութեան համաձայն Պոլսոյ հայ համայնքին միայն 19 տոկոսը հայերէնը կը գործածէ խօսակցութեան ժամանակ:Իսկ տարիքը 14 - 24 ի մէջ եղող երիտասարդներու մէջ այս թիւը կիջնէ մինչեւ 9 տոկոս:Հայերէնը այլեւս տարիքոտներու լեզուի մը վերածուած է մեր համայնքին մէջ:Իսկ խառն ամուսնութիւններու վիճակն ալ նոյնքան մտահոգիչ է :Մեր ամէն հինգ երիտասարդէն երեքը օտարի հետ կամուսնանայ :Այս կացութիւնը շատ աւելի յուսահատական է սփիւռքահայութեան մօտ ,մանաւանդ այն սփիւռքահայերու մօտ որոնք կապրին Արեւմտեան Քրիստոնեայ երկիրներու մէջ:

Որոշ սփիւռքահայերու մօտ կայ մտայնութիւն մը որ երբ իրենց հետ զրուցէք իրենք ալ կընդունին որ չեն խօսիր իրենց մայրենի լեզուն եւ կամ ամուսնացած են օտարներու հետ բայց իրենք զինենք արդարացնել կը ջանան ըսելով թէ իրենք գոնէ կը խօսին օտար լեզուներ բայց ոչ թրքերէն ինչպէս կընեն Պոլսահայերը:Կամ կ'ընդունին թէ կ'ամուսնանան օտարներու հետ բայց անոնք Քրիստոնեայ են այլ ոչ թէ իսլամական դաւանանքի պատկանող թուրքեր: Ըստ իս ասիկա շատ սխալ եւ խաբուսիկ պատճառաբանութիւն մըն է:Մենք ազգ մըն ենք որ օր է օր կը նուազինք:Ծննդաբերութեան աստիճանը մեր ազգին մէջ շատ ցած է եւ ոչ մէկ յոյս կայ որ ապագային կացութիւնը բարելաւուի, ընդհակառակը օրէ օր աւելի կը վատանայ :Նկատի առած այս վտանգաւոր վիճակը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի թէ հայ մը ամուսնացեր է Քրիստոնեայ օտարի մը հետ այլ ոչ թէ իսլամական թուրքի մը կամ արաբի մը հետ:Կամ ոչ մէկ նշանակութիւն ունի թէ հայ մը կ'ուրանայ իր մայրենին ֆրանսերէնով, անգլերէնով կամ իտալերէնով այլ ոչ թէ թրքերէնով:

Երբ այսպէս ըսեմ որոշ անձեր զիս կը մեղադրեն ազգայնամոլութեամբ, բայց ասիկա ազգայնամոլութիւն չէ:Պէտք է այս նիւթին մօտենալ ընկերբանական տեսանկիւնէ այլ ոչ թէ զգացապաշտութեամբ:Եթէ մեր ազգն ալ ըլլար 70-80 միլիոնանոց ազգ մը որ օրէ օր կ'աճի ու կը բազմանայ շատ մեծ կարեւորութիւն պիտի չունենային ժողովուրդին մէկ մասին ըրած խառն ամուսնութիւնները կամ ժողովուրդին մէկ մասին իր մայրենի լեզուէն հեռանալը:Ըստ Ունեսկօ կազմակերպութեան մէկ տեղեկագրին արեւմտահայերէնը մօտ ապագային կորսուելու վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուի:Արեւելահայերէնն ալ շատ աւելի փայլուն վիճակի մէջ չի գտնուիր մանաւանդ հիմա որ Հայաստանի մէջ օտարալեզու վարժարաններուն հաստատման արտօնութիւն տրուեցաւ:Ասկէ զատ ըստ հայ մամուլի տուեալներուն Հայաստանի բնակչութեան մէկ երրորդը իր հայրենիքէն գաղթած է եւ այս թիւը օր է օր կը շատնայ:Հայ գործարարները Վրաստան կը փոխադրեն իրենց դրամագլուխը: Վրաստանի մէջ հայ գործարարներուն թիւը 2010ի ընթացքին հասած է 100ի:Հայկական ընկերութիւններու զանգուածային փախուստը դէպի Վրաստան պատճառ կը դառնայ որ Հայաստան օր է օր աւելի աղքատանայ:

Այս տարի ալ նախորդ տարիներու նման 24 Ապրիլը ոգեկոչուեցաւ եւ ցոյցեր կատարուեցան զանազան երկիրներու մէջ գտնուող թուրք հիւպատոսարաններու առջեւ: Այդ ցոյցերը կատարող եւ <ցեղասպանութիւն>> պոռացող հայերը երբեք կը մտածե՞ն արդեօք թէ իրենք ալ կարելի է որ առանց անդրադառնալու այդ ցեղասպանութիւնը իրականացնողներու շարքին մաս կը կազմեն:Անոնց մեծամասնութիւնը իր մայրենի լեզուն չի խօսիր, ամուսնացած են օտարներու հետ:Հայութեան հետ իրենց ունեցած միայն կապը <<ցեղասպանութիւն>>ն է :

Գիտեմ թէ այս վերջի գրածս շատ ծանր արտայայտութիւն մըն է, շատեր պիտի չի համաձայնին գրածիս եւ պիտի բողոքեն բայց դժբախտաբար իրականութիւն մըն է ասիկա:Ցեղասպանութիւնը միայն սպանելով չէ որ կ'իրագործուի, այլ առանց մարդ սպանելու ալ կարելի է իրագործել շատ կատարեալ ցեղասպանութիւն մը:Ցեղասպանութիւն մը իրագործելու համար բաւարար է ցեղը կոտորել ,ցեղը անհետացնել: Այդ ազգին պատկանած մշակոյթը, խօսած լեզուն անհետացնել: Իսկ այլասերումը կատարեալ ցեղի անհետացում մը <<սպիտակ ցեղասպանութիւն>> մըն է: Կամայ կամ բռնի բան մը չի տարբերիր:


Մենք միշտ կը պարծենանք որ կը պատկանինք 3000 տարի է աւելի հին պատմութիւն ունեցող ազգի մը:Իսկ ինչ մնացած է հիմա այս 3000 տարուան պատմութիւնէն մեր նոր սերունդներուն համար:Երբ երիտասարդի մը հարցնէք թէ ինչ գիտէ Հայոց պատմութիւնէն, ձեզ պատմելիք միակ բանը Հայոց ցեղասպանութիւնը պիտի ըլլայ:3000 տարուայ հարուստ պատմութիւնէ մը պատմելիք մնացած է միայն քանի մը տարուան ողբերգութիւն մը:

Հարկաւ թէ պիտի միշտ յիշենք մեր պապերուն կրած տառապանքը , իրենց նահատակութիւնը,իրենց մեր ազգին եւ մշակոյթին գոյատեւման համար ըրած մեծ զոհողութիւնը:Բայց մեր նահատակները յարգելու համար բաւարար չէ յիշել միայն իրենց նահատակութիւնը, իրենց ողբերգութիւնը այլ մասնաւորապէս պէտք է յիշենք որ անոնք նահատակուեցան որովհետեւ կը պատկանէին այն կրօնքին որուն կը պատկանինք նոյնիսկ մենք:Անոնք նահատակուեցան որովհետեւ կը խօսէին հայերէն եւ կը պատկանէին հայ մշակոյթին, որովհետեւ հայ էին:Որովհետեւ անոնք չընդունեցան ուրանալ իրենց լեզուն,մշակոյթը եւ կրօնքը:Անոնք այն դժնդակ պայմաններու մէջ իրենց կեանքի գինով մեզ փոխանցեցին այն լեզուն եւ մշակոյթը որ ժառանգած էին իրենց պապերէն:

Իսկ մենք, հիմա մեր ապրած աշխարհիս ժողովրդավարական եւ մարդկային իրաւունքները յարգող Արեւմտեան Քրիստոնեայ երկիրներու մէջ, հանգիստ պայմաններու տակ կ'ուրանանք ու կը հեռանանք մեր մայրենի լեզուէն, մեր մշակոյթէն միայն այն անըմբռնելի պատճառի համար որ մենք կը ծուլանանք խօսիլ մեր մայրենի լեզուն:Կը նախընտրենք խօսիլ օտար լեզուներ որովհետեւ հայերէն խօսիլը մեզի դժուար կուգայ:Ո՜րն է արդեօք աւելի դժուարը :

1915 ի մեր նահատակները յիշելու համար բաւարար չէ միայն իրենց սպանդը բողոքել:Զանոնք յիշելու համար պէտք է որ պահպանենք այն արժէքները որոնք անոնց նահատակութեան պատճառ եղան որոնք էին լեզուն,կրօնքը եւ մշակոյթը:Ապա թէ ոչ մենք ալ այդ ցեղասպանութիւնը իրականացնողներու ուղղութեան գործած կըլլանք:

Օշին Էլակէօզ

4 Մայիս 2011 Պոլիս



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝