Յայտարարութիւն

Thursday, May 5, 2011

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ ՏԱԼԻՏԱ ԵՒ ՄԱՐՏԻԿ ԳԱԼԸՊՃԵԱՆՆԵՐԷ՝ ՀԱԼԷՊ

Բարեւ Շատ Սիրելի Պարոն Նշան

Նախ կ՜ուզեմ սրտանց շնորհաւորել այս ձեր ժրաջան աշխատանքը . վստահ եմ որ այդ աշխատանքին արդիւնքը քաղեցիք: Կը մաղթեմ որ «Նշանակ» կայքէջը միշտ առողջ նիւթերով հրապարակուի ինչպէս էր պարագան անցնող երկու տարիներուն:
Յաջողութիւն՝
Մարտիկ եւ Տալիտա Գալըպճեաններ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

Սիրելի Մարտիկ եւ Տալիտա,

Զգացուած եմ եւ շնորհակալ ձեր բարեմաղթութեանց համար: Տալիտա ճան, Հալէպ գացիր եւ Նշանակի մէջ հրապարակուող «Կնոջական» շատ փնտռուած էջդ քիչ մը մոռացութեան տրուեցաւ:Երկրորդ տարեդարձին առթիւ լաւագոյն նուէրը որ կրնաս ընել ինծի եւ ընթերցողներուդ՝ վերականգնելդ է այս էջդ: Քու էջդ:
Միշտ յուսով՝
Նշան

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝