Յայտարարութիւն

Thursday, June 30, 2011

ԹԻՒՐՆ ՈՒ ԹԵՐԻՆ «Կատարեալ»ը... Բենիամին Թաշեան

1962 Սեպտեմբերին գրուած այս յօդուածին մէջ Բ. Թաշեան իր կարծիքն ու մտահոգութիւնը կը յայտնէ Մեսրոպեան ու Աբեղեան ուղղագրութեանց մասին: «Մեսրոպեան Աբեղեան» վէճը այսօր չէ ստեղծուած մեր երկու հատուածներէն ներս , հին վէճ է եւ 49 արի առաջ գրուած այս յօդուածը այժմէական է եւ պիտի մնայ այժմէական մինչեւ հասարակ յայտարարի մը գիւտը:
Նշանակ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«««»

Օտար մը , ֆրանսացի լեզուաբան Պրոֆ. Անթուան ՄԵյէ, կը գրէր ասկէ շուրջ երեսուն տարի առաջ.
«Յայտնի է, որ հայկական այբուբէնը գլուխ գործոց մըն է եւ պահպանուած է մինչեւ այսօր, առանց փոփոխութիւն մը կրելու, առանց բարելաւման պէտք ունենալու,վասնզի սկիզբէն իսկ ան կատարեալ էր»:
Սակայն հակառակ Մեյէի կարծիքին, այս «կատարեալ»ը անգամ մը «բարելաւուեցաւ» Հայաստանի մէջ, 1922ին (այբուբէնը չէր որ «բարելաւուեցաւ» անշուշտ, այլ «բարելաւուեցաւ» այդ այբուբէնով պայմանաւոր ուղղագրութիւնը):
Այս «բարելաւումին» հետ , անկէ քիչ մը առաջ կամ քիչ մը ետք, բոցաշունչ յեղափոխականներ առաջարկեցին լատինական այբուբէնով փոխանակել մեսրոպեան այբուբէնը:
Աւելի ուշ, խստօրէն պահպանողական ծերունի մը այն կարծիքը յայտնեց, թէ հայ մշակոյթը... միջազգայնականացնելու համար անհրաժեշտ է մեսրոպեան այբուբէնը թանգարան նետել եւ ընդունիլ լատինականը:Ծերունին կը մոռնար անշուշտ , թէ հայ մշակոյթը բան մը կ’արժէ ազգային ըլլալուն համար եւ թէ այլեւս արժէք պիտի չունենար , եթէ դադրէր ազգային ըլլալէ եւ դառնար միջազգային:

Նոյնն է պարագան նաեւ մեր այբուբէնին համար:Իր արժէքը անոր մէջ է մանաւանդ , որ օտարամուտ չէ , ընդօրինակութիւն չէ, փոխառութիւն չէ: Մենք ալ կը հաւատանք Հրաչեայ Աճառեանին պէս թէ «ՄԵՍՐՈՊ ԻՐ ԱՅԲՈՒԲԷՆԸ ԱՄԲՈՂՋՈՎԻՆ ԻՆՔ ՀՆԱՐԵՑ»:

Ինչպէ՞ս կ'ըլլայ , որ փոխառեալ այբուբէն ունեցող ժողովուրդները չեն իսկ մտածեր իրենց փոխ առածը ազգայնացնելու մասին, իսկ մենք կը մտածենք միջազգայնացնել մեր ստեղծագործութիւնը:

Վերջերս առիթ ունեցանք հետեւելու «մտքերի փոխանակութեան կարգով» դիսկուսիայի մը՝հայ լեզուի ուղղագրութեան մասին, «Հայկական ՍՍՌ լուսաւորութեան մինիստրութեան օրգան»ին՝ Սովետական Դպրոց թերթին մէջ:
Մանկավարժական գիտութիւններու թեկնածու Աւ.Ճուղուրեան, մասնակցելով դիսկուսիային , այն կարծիկը կը յայտնէ, թէ սովետահայ ուղղագրութիւնը արդէն կայունացած է ու ամրապնդուած եւ թէ կարելի է մասնակի որոշումներու մա սին խօսիլ միայն: Այս կը նշանակէ՞արդեօք, որ «Աբեղեան» կոչուած ուղղագրութիւնը քաղաքացիութեան իրաւունք ստացած է եւ կը նկատուի «կայունացած ու ամրապնդուած»: Եթէ այո է այս հարցումին պատասխանը , աւելորդ է մտքերու փոխանակութիւնը: Իսկ եթէ ոչ է պատասխանը, այդ պարագային կրնայ օգտակար համարուիլ թեր կամ դէմ յայտնուած որեւէ կարծիք:

Աւ. Ճուղուրեան կը գտնէ, որ եթէ մեր ուղղագրութեան մէջ կատարուելիք ուղղումներն ու լրացումները չեն աղաւաղեր մեր լեզուին ինքնութիւնն ու ինքնատպութիւնը, ապա ուրեմն կարելի է «խօսք բացել մասնակի ճշգրտումների մասին»: Մանկավարժական գիտութիւններու թեկնածուն կը կարծէ թերեւս , որ «Աբեղեան» ուղղագրութիւնը աղաւաղում մը չէ ինքնին եւ բնաւ չի վնասեր մեր լեզուին ինքնութեան:

Պարզ է , որ մեկնակէտը սխալ է, ուստի՝ սխալ պիտի ըլլայ նաեւ ժամկէտը:Երբ կամ եթէ ընդունուի , որ սովետահայ ուղղագրութիւնը կայունացած եւ ամրապնդուած է հաստատուն սկզբունքներու վրայ,նովին բանիւ ընդունուած կ'ըլլայ , որ մեր ուղղագրութեան հիմնադիրը Մեսրոպ Մաշտոցը չէ, այլ « Հայկական ՍՍՌ Լուսաւորութեան մինիստրութիւնն է»: Իսկ մենք կը կարծէինք թէ լեզուական եւ ուղղագրական հարցերու մէջ հարկատու ենք ոչ թէ հայ պետութեան այլ Սուրբ Մեսրոպին:

«Մենք հայրենիքն ենք , դուք սպիւռք էք: դուք պէտք է հետեւիք մեզի եւ ոչ թէ մենք՝ ձեզի», ըսեր է հայրենի գրագէտ մը Արտահայաստանի իր ունկընդիրներուն: Ամէն բանի մէջ մենք կրնանք հետեւիլ հայրենիքին, բայց լեզուի մէջ պիտի հետեւինք միայն եւ բացառաբար Օշականի անմահօրէն մահացեալ Սուրբին:

Որո՞նք են սակայն մասնակի ճշգրտումները , որոնց կ'ակնարկէ Ճուղուրեան, եւ որոնք իբր թէ չեն աղաւաղեր մեր լեզուին ինքնութիւնը:

Կարգ մը ընկերներ կ'առաջարկեն եղեր իբրեւ «կոյր աղիք» ջնջել բառամէջի եւ բառավերջի հօ գիրը եւ գրել նիրել,խորիլ,բա,մա, փոխանակ գրելու նիրհել, խորհիլ, բահ, մահ: ճուղուրեան ինքն իսկ «աղաւաղում» կը կոչէ այս...յօտումները:

Ինչի՞ կրնայ նմանիլ մեր լեզուն , երբ կամ եթէ տեղ մը հոն ջնջենք, տեղ մը յին: Տեղ մը վո գրենք, տեղ մը ո :

Ճուղուրեան կ'առաջարկէ գրել սարնիվեր,պատնիվեր,վերջիվերջոյ,մերթընդմերթ,մէջընդմէջ:Կրնա՞նք մենք ալ առաջարկել մեր կարգին, որ ասկէ ետք սկսինք գրել տեղնիտեղօք, երբեմներբեմն,փոխնիփոխ...

Մենք կը գրենք Եգէական ծով.Ճուղուրեան կ'առաջարկէ գրել Էգէյեան:հազար հինգ հարիւր տարուան Եգէականը մէկ կողմ նետենք եւ Էգէյե՞նը ընդունինք: Ասիկա եղաւ ճշգրտո՞ւմ: Եւ յանուն ինչի՞:Ո՞ր սուրբին ծառայած ըլլալու համար:

դարձեալ Ճուղուրեանն է որ կ'առաջարկէ.«Որպէսզի կասկածի չենթարկուի թանկ, թանկագին, թանկութիւն, թանկարժէք եւ նոյն արմատը ունեցող բառերի դրութիւնը, պէտք է թանգարան բառը նոյնպէս գրել կ ով (թանկարան)»: Բնաւ անպատեհութիւն չկայ: Միօրինակութիւնը պահելու եւ կասկածի տեղի չտալու համար կրնանք նոյնիսկ գիմերը վերցնել բառերուն մէջէն , առջեւէն ու ծայրէն, եւ տեղը կէն դնել: Այս ձեւով մեր ուղղագրութիւնը կը դառնայ իսկական թանապուր:

Նոյն Ճուղուրեանի կարծիքով՝ երկու ձայնաւորներու միջեւ յիի գործածութիւնը պէտք է ընդհանուր դարձնել եւ գրել կոմիտէյի, Հեղինէյի, գրէյի, նստէյի եւայլն: Նմանապէս գրել յա ՝ անձնանուններու մէջը եւ վերջը. Վիկտորյա,Զաքարյա,Եղյա,Սուքյաս,Մարյամ: Դարձեալ գրել ոսկյա,սենյակ,մատյան,ովկյանոս եւայլն:

Վաղը ուրիշ Ճուղուրեան մը, աւելի «բարելաւելու» համար մեր ուղղագրութիւնը, կրնայ թելադրել, որ սկսինք գրել կոմիտէեի,Հեղինէեի, նստէեի, կամ Վիկտորեայ, Զաքարեայ, Եղեայ, սենիակ, ոսկիայ,մատիան, եւայլն:

Նահապետ Ռուսինեանի «ուղղախօսութիւն»ը կամ Մինաս Չերազի «ընտրողական» աշխարաբարը աւելի տանելի էին, քան Ճուղուրեանի «մասնակի ուղղումներն ու ճշգրտումներ»ը:

Աբեղեանի ընդհանուր ուղղումներէն ետք, Ճուղուրեանի մասնակի ուղղումները ի վերջոյ կրնան միջազգայնացնել մեր լեզուն ալ, ուղղագրութիւնն ալ:

Լեզուի մէջ գիր մը փոխելը կեանքի մէջ մարդ մը սպաննելու պէս բան մըն է:
Ձեր ուղղումները ձեզի պահեցէք, ընկերներ,եւ վերադարձէք մեսրոպեան ուղղագրութեան: Երկու լեզու ունինք արդէն, չենք ուզեր երեք ուղղագրութիւն ունենալ...

1962 Սեպտեմբեր
Գահիրէ
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Հայկական Առածներ - 5

Գայլէն վախցողը ոչխար չի պահեր:

Գայլը ամպոտ օրը որսի կ'ելլէ, գողը՝ գիշերը:

Գայլը պղտոր օդը կը սիրէ:

Գայլի անունն է ելեր՝ աղուէսն աշխարհն է քանդեր:

Գայլի գլխուն աւետարան կը կարդան, կ'ըսէ «շուտ ըրէք, հօտը սարէն կ'անցնի»:

Գայլին ինչքան էլ որ կերակրես, նորէն անտառ կը նայի:

Գայլին՝ ոտքերն են կերակրում:

Գետերը չլինեն` ծովը կցամաքի:

Գետը անցաւ՝ առուակը խեղթուեցաւ:

Գետը անցաւ՝ Աստուածը մոռցաւ:

Գետը չհասած՝ մի՛ բոպիկնար:

Գետին թափած եղը, էլ չի լցուի տեղը:

Գինիին հինը յարգի է :

Գինի ա, թան չի՝ ամէն մարդու բան չի:

Գիշերը պարզ, ցերեկն անձրեւ՝ հունձքին աւեր, մեծը կեցած փոքրը խօսի՝ տունին աւեր:

Գիւղացու էշը որ խրտնի, քաղաքացու ձիու պէս կը վազէ:

Գիւղ կանգնի, գերան կը կոտրի:

Գլխէ հանեց:

Գլխուն խաղ խաղցաւ:

Գլխուն մոխիր է մաղուած:

Գլխուս վրայ տեղ ունի:

Գլորեցաւ խփիկը , գտաւ պուտիկը:

Գլուխդ կը կոտրեն, «խադրիդ » ձեռք չեն տայ:

Գլուխը բարձին, աչքը դգալին:

Գլուխս եկածը, եփած հաւուն գլուխը չէ եկած:

Գլուխս տարաւ:

Գնա մեռիր, եկուր սիրեմ:

Գողը գողէն գողացաւ, Աստուած տեսաւ զարմացաւ:

Գողը իրեն համար տուն չի կառուցանէ. տուն ունեցողին՝ տունը կը քանդէ։

Գողը լուսնակը չի սիրեր:

Գող՝ սիրտը դող:

Գողն ի՞նչ կ՛ուզէ - մութ գիշեր:

Գոմշատիրոջ կաշի սիրով փոխ կուտան:

Գործածուած բանալին փայլուն կ'ըլլայ:

Գործ դրին՝ փախաւ, հաց դրին՝ եկաւ:

Գործը կատարելով, ճամբան քալելով:

Գործը քեզի, հացը ինծի:

Գործը՝ օրուայ մը , հոգը՝ տարուայ մը:

Գործն ով ընէ՝ ես ու դուն, հացն ով ուտէ՝ ես ու դուն:

Գութ չունեցող հարուստին , ի՞նչ է տարբերութիւնը աղքատէն:

Գտար սուրբ՝ ուզեցիր մուրազ:

Tuesday, June 28, 2011

«ԻՄ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԾԱՌԸ»

ՈՍՏԱՅՆ
«ԻՄ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԾԱՌԸ»
Վերնագիրը Արինը ի՛նքը դրաւ։
- Մեծ մամա, շաբաթ օրը կրնա՞մ ձեր տունը գալ աշխատիլ...
Հայերէնի դասը պէտք է ընէր։ Գիտէի, որ այդ մասին բանակցած էր արդէն մեծ մօրը
հետ, բայց օրը չէր որոշուած։ Առիթը այս շաբաթ պիտի ըլլար, ուրեմն, եւ արդարօրէ՛ն,
քանի որ քրոջը՝ Դալարին տարեդարձը պիտի տօնուէր, քիչ մը ժամանակէն կանուխ՝ ամրան
արձակուրդը չսկսած, որպէսզի դասընկերները հոս-հոս չցրուած կարենային գալ, ու ինք
այդ իրարանցումին մէջ չէր կրնար դասերը պատրաստել։

Արին կը սիրէ համակարգչիս վրայ աշխատիլ։ Ըսեմ՝ համակարգիչս երկար ատենէ ի վեր
կը սիրէր, քանի որ մեր քով ի՜նչ ինչ թեւածումներ կրնար ընել Համացանցին վրայ, ինչե՜ր
խաղալ կամ դիտել. այն ատեն իրենք տունը արտօնութիւն չունէին համակարգիչով
զուարճանալու։ Աղջիկս բաւական խիստ է թոռնիկներուս ուսման նկատմամբ...
Հիմա տարբեր է, մեծցած են, ունին իրենց պաստառները, ու... սահմանուած ժամերը։
Մեզի գալու միւս պատճառը, կռահեցիք, մեր օժանդակութիւնն էր, որ Արին կ'ակնկալէր,
իր հայերէնի դասը պատրաստելու ատեն։

Երկրորդականի Ա. կարգի այս աւարտական շաբաթներուն, պարոն Մհերը
պարտականութիւն տուած էր իր աշակերտներուն նկարագրել իրենց ընտանեկան ծառը։
- Լաւագոյն ձեւն է,- կը խոստովանէր ան օր մը ինծի,- անդրադառնալ տալու իրենց
ինքնութեան։ Ո՞վ են, ուրկէ՞ եկած են, ի՞նչ արմատներ ունին. թէ՛ լեզու կը սորվին,
թէ՛ հայոց պատմութիւն։ Լաւագոյն նիւթն է, որ կը գրաւէ իրենց ուշադրութիւնը։
Գացէ՛ք, կ'ըսեմ իրենց, հարցուցէք ձեր ծնողներուն, մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն,
աշխատցուցէք զիրենք...

Գործին այդ մասը Արին արդէն ըրած էր. մի քանի շաբաթէ ի վեր հարցափորձած էր
թէ մեզ եւ թէ հօրը ծնողները, բծախնդրօրէն արձանագրած էր անունները, ծննդեան
վայրերն ու թուականները, այլեւ ամուսնութեան ու Գանատա հասնելու թուականները։
Հիներու պարագային՝ նաեւ տարագրութեան մանրամասնութիւնները։ Մեծ թուղթի մը վրայ
գծած էր նաեւ ծառ մը, սկսելով մեծ հայրերու մեծ ծնողներէն, հասնելով մինչեւ իր ու քրոջ
սերունդը։ Այսինքն շուրջ 120-130 տարուան ժամանակաշրջան մը։
Պարի փորձէն ետք, մէկը քիչ անց, Արին եկաւ, առանց ժամանակ կորսնցնելու՝ մեզի հետ
սեղան նստաւ, պատառ մը բան նետեց բերանը ու անմիջապէս բարձրացաւ վեր՝
գրասենեակ ու տեղաւորուեցաւ համակարգիչին առջեւ։ 13 տարեկանին անշուշտ մեզմէ շատ
աւելի լաւ կը տիրապետէ գործիքի բոլոր գաղտնիքներուն։
- Պիտի օգնե՞ս ինծի, մեծ պապա։
- Պիտի օգնեմ, պիտի օգնեմ, մի՛ մտահոգուիր, դուն սկսէ, երբոր յոգնիս քիչ մըն ալ
ես կը շարեմ։
- Մեծ մամա՞ն ալ...
- Ինչո՞ւ ոչ, մեծ մաման ալ, կարեւորը դուն էջդ բանաս, վերնագիրդ որոշես, ոճդ
ճշդես, յետոյ աւելի կը դիւրանայ ամեն ինչ։
Եւ Արին բացաւ էջը, դրաւ վերնագիրը՝ »Իմ ընտանեկան ծառս«, գլխագրեց ու ընդգծեց
ալ։
- Արին, »ս«-ն կրնաս վերցնել եթէ »ի«-ն պահել կ'ուզես։
Առանց այլեւայլի »իմ«-ը պահեց, »ս«-ն վերցուց. կ'երեւի, մտածեցի, այս մասին բան մը
գիտէր արդէն։

Եւ սկսաւ մեծ հօրմէս՝ Գալուստ Արթինեանէն։ Անունը դրաւ իբր ենթախորագիր, ան ալ
գլխագրելով ու ընդգծելով։ Սկիզբը դանդաղ էր. որոշ տառերու տեղերը սորված էր,
մանաւանդ եթէ հայերէն ու լատիներէն համազօրները նոյն ստեղին կը համընկնէին. ուրիշ
տառերու պարագային քիչ մը ժամանակ պիտի առնէր, մինչեւ որ սորվէր։ Հաւանաբար իր
համակարգիչին վրայ մասամբ տարբեր շարուած են հայերէն տառերը. իմս ըստ դասական
տառադարձութեան է, որով »տ«-ը »t«-ին տեղն է, »դ«-ն »d«-ին, եւայլն։ Վարանումները
սակայն երկար չտեւեցին։

Իր բարակ ու փոքրիկ ցուցամատներով, տառ առ տառ շարել սկսաւ բառերը, տողերը։
»...Ծնած է 1890-ին Կիլիկիոյ Հաճըն քաղաքը։ Ան զինուոր եղած է Պէյրութ եւ յաճախած
է Ամերիկեան համալսարանը։ Վկայականը առնելուն պէս ան փախած է Եգիպտոս 1911-ին։
Ան ընտանիքը կորսնցուցած է 1894-1896-ի ջարդերուն«։
Գալուստէն անցաւ մեծ մօրս՝ Շաքէ Հոտլեանին, նոյնպէս գլխագրելով ու ընդգծելով, եւ
Հալէպէն զայն ալ բերաւ Եգիպտոս։ Ապա ամուսնացուց զիրենք ու ծնաւ հայրս՝ Երուանդը,
Աղեքսանդրիա։
Պահ մը կանգ առաւ. Արին նկատեց որ անունները իբրեւ ենթախորագիր գործածելը լաւ
գաղափար չէր։ Ամեն մէկուն մասին քանի մը տող գրելէն ետք, նաեւ ստիպուած էր
երկուքին մասին խօսելու, երբ կարգը ամուսնութեան կու գար, եւ երրորդ անուն մը
կ'աւելնար՝ նոր ծնող երեխան։ Ուստի, անուն մը, որ առաջին անգամ կը յիշուէր, գլխագիր
պահեց, առանց ընդգծումի, բայց նախադասութիւնները շարունակեց։

Ես կողքին նստած, պարզապէս երբեմն »ե«-ը »է«-ի, »է«-ն »ե«-ի վերածել կու տայի,
կամ »հ«-ին տեղը կը յուշէի )»f«-ին ստեղը(, եւայլն։ Բայց իր տեղը նստելու եւ շարելու
հարց չկար։ Հետզհետէ աւելի վարպետութեամբ, արագ սորվելով տառերուն ուր ըլլալը,
Արին կը շարունակէր մեքենագրել։
Հօրս ծնողներէն անցաւ մօրս հօր՝ Մեսրոպ Նորատունկեանին, ծնած Սեբաստիա, մօր՝
Վեհանոյշ Ստեփանեանին, ծնած՝ Կ. Պոլիս, յետոյ անոնց Աղեքսանդրիա ամուսնութեան,
Եղեռնի տարին, ու մօրս՝ Անահիտին ծնելուն։
Նոյն ձեւով Կեսարիայէն Եգիպտոս բերաւ Արշակ Պոհճէլեանն ու Եղիսաբէթ Ապաճեանը,
որոնց երրորդ զաւակը՝ Արշալոյսը ծնաւ Աղեքսանդրիա։ Նոյնպէս կեսարացի Պետրոս
Գուլաքեանի եւ Նազան Աբիկեանի զաւակը՝ Կարպիս պիտի հասնէր Եգիպտոս, յետոյ պիտի
ամուսնանար Արշալոյսին հետ, ու ծնէր Նազիկը՝ Արինին մեծ մայրը։

Այս ընթացքին ես յոգնեցայ, ելայ Արինին քովէն, տեղս կնոջս փոխանցելով, սակայն մեր
թոռնուհին առանց տրտունջի, ըրածէն ալ հաճոյք առնելով, կը շարունակէր մեքենագրել։
Անհամբեր՝ ան կ'ուզէր հասնիլ ի՛ր ծնունդին։ Սակայն ոչինչ պատահականութեան պիտի
ձգէր։ Ինչպէս հասած էր մեր ամուսնութեան ու մօր՝ Լորիին ծնունդին, նոյն ձեւով ալ պիտի
գար հօր՝ Թորոսին ծնունդին, անցնելով սեբաստացի Տիմիթեաններէն ու հաճընցի
Սեւակեաններէն, արձանագրելով անոնց ալ ծնողներուն եւ մեծ ծնողներուն վերապրումի
կամ նահատակութեան պատմութիւնները, Յունաստան ապաստանիլը եւայլն։
Յետոյ վերընթերցած ատեն շփոթի պիտի մատնուիմ.
- Կարծեմ հոս սխալ մը կայ, Արին,- պիտի մատնանշեմ, միեւնոյն Սրբուհի
Գարագաշեան անուան կրկնութիւնը նկատելով։
- Սխալ չէ, մեծ պապա, թէ՛ Անահիտ մեծ մաման, թէ Յակոբ մեծ պապան նոյն
անուն-մականունով մեծ մայրիկ մը ունէին...
Ի վերջոյ նշելով իր եւ քրոջ ալ ծնունդները, Արին պիտի վերջակէտ մը եւս դնէ ու վերջին
տողին վրայ արձանագրէ անունը, մականունը, կարգը եւ թուականը՝ Մայիս 28, 2011։
- Նայէ՛, լա՛ւ եղաւ այսօ՛ր գրեցի, Մայիս քսանո՛ւթն է...
Ասկէ աւելի լաւ նուէր չէր կրնար ընել Արին մեզի, բոլորիս՝ այդ պատմական օրուան
առթիւ։
Ոչ միայն այր ու կին վերյիշեցինք մեր գերդաստանի ամբողջ պատմութիւնը,
վերապրեցանք մեր հանդիպումն ու ամուսնութիւնը, մեր զաւակներուն ծնունդը, այլեւ ի՜նչ
բարդ պայմաններու մէջ մեր դպրոցին գոյառումը, ու անոնց հոն յաճախելն ու
անկէ շրջանաւարտութիւնը։
Եւ հիմա այդ բախտին արժանանալու հերթը ահա քանի մը տարիէն պիտի հասնի մեր
թոռնուհիներուն...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Հայկական Առածներ - 4

Բաժանողին, բաժին չի մնար:

For he who does the apportioning, no portion remains.

Բախտաւորը այն է, որ վայելեց ու գնաց, իսկ դժբախտը այն՝ որ ձգեց ու գնաց:

Բախտը ուզէ, կոյր հաւը ոսկի կ՛ածէ:

Desire luck, the blind chicken lays golden eggs.

Բախտիդ քար մի՛ ձգի:

Բաղնիք մտնողը կը քրտնի:

He who enters a bathhouse sweats.

Բանալիիդ հոգատար եղիր, դրացիդ գող մի հաներ:

Take care of your key, don't turn your neighbor into a thief.

Բաներնին բուրդ է:

Բանը մէկ օրուան, հոգը մէկ տարուան:

Բանը որ չվերցնես տասը մատով, կը մնայ տասը տարով:

Բանուկ ձեռքը չի մուրար:

Բարեկամդ գլխուդ կը նայի, թշնամիդ՝ ոտքիդ։

Բարեկամի հետ կերուխում ըրէ, առուտուր մի ըներ:

Բարեւ տաս՝ բարեկենդանի կու գայ:

Բարի բաց բերանդ:

Բարի գործը չի մեռնիր:

Բարիքները վայելած ատեն, բարերարը մի՛ մոռնար:

Բարկացող անձը միշտ վնասով դուրս կու գայ:

Բարկացկոտը սուր կը նայի, կասկածոտը՝ ծուռ:

Բարկ քացախը իր կարասին կը վնասէ:

Բարկութիւնը կը սկսի խենթութեամբ` կը վերջանայ զղջումով:

Բարտին բարձր է, բայց միրգ չունի:

Բաց թեւերով ընդունիլ:

Բե՞ռը իշուն քով կը տանին, թէ է՞շը բեռան քով:

Բերանդ բանալու տեղ՝ աչքդ բաց:

Բերանդ բանաս, սիրտդ կ'երեւի:

Բերանը բաց մնաց:

Բերանը ոսպ չի թրջիր:

Բերնէ բերան՝ եղաւ գերան:

Բերնին պատառը ուրիշին կու տայ:

Բերնին ջուրերը կը վազէ:

Բերքը հաւաքելուց` թռչունին բաժին թող:

Բոլոր աղբիւրները չեն պղտորի, մէկը կը թողնեն խմելու:

Բոլորը մատին վրայ կը խաղցնէ:

Բոլորին բերանն է ինկեր:

Բոշան, փաշա չի դառնալու:

Բորոտ այծը ակէն կը խմէ ջուրը:

Sunday, June 26, 2011

Հայկական Առածներ -3

Անամօթին երեսը թքեցին, ըսաւ՝ կ՛անձրեւէ:

They spit on the face of the shameless, he said it's raining.

Անբանը հաց ուտելիս առողջ է, աշխատելիս հիւանդ:

Անգործ մնալ՝ ըսել է ողջ ողջ մեռնիլ:

Անէծքները աւազի վրայ գրէ, իսկ բարիքները՝ մարմարի:

Անիմաստ է ականջ չ'ունեցողին օղ նուիրել կամ կոյրին՝ ակնոց:

Անկեղծ թշնամին կեղծաւոր բարեկամէ լաւ է:

Անկիւնաքար է, ուր որ դնես, յայտնի կ'ըլլայ:

Անհոգին հոգը Աստուած կը հոգայ:

Անձնական հաւը աւելի լաւ է, քան ընկերովի կովը:

Անձրեւէն փախաւ կարկուտի բռնուեցաւ:

Անձրեւը հովէն կ՛ազդուի՛ մարդը՝ օտարէն:

Անձրեւոտ օրը հաւը ջուրը ի՞նչ ընէ:

Անճարակ մարդ , կ'ըլլայ խայտառակ:

Անունը աւելի ընտիր է՝ հարստութիւնից, արծաթից ու ոսկիից:

Ան որ ծոյլ է՝ կը խօսի անդուլ, ան որ ժիր է՝ կը ձեւանայ խուլ:

Անուշ լեզուի տակ, թոյն կայ պահուած:

Անուշ հոտը վարդից ուզէ, մարդկութիւնը՝ մարդից ուզէ:

Անուշն ուտողը, գիտէ լեղիին համը:

Անպոչ դգալի պէս մէջ մի ընկնի:

Անշուն գիւղ է մտել, առանց փայտի է ման գալիս:

Անվախը մէկ անգամ կը մեռնի, վախկոտը՝ հազար:

Անցուկը մոռցուկ կ'ըլլայ:

Անփուշ վարդը բուրմունք չունի:

Անօթի մի թողուր գող կը դառնայ, շատ մի խօսիր աներես կը դառնայ:

Անօթի հաւը երազին մէջ կորեկ կը տեսնէ:

Անօթութիւնը չոր հացին համ կու տայ, սաստիկ ծարաւը՝ պղտոր ջրին:

Աշխատանքը կ՛ազնուացնէ մարդու հոգին:

Աշխատանքը մայրն է ամէն բարիքի, ծուլութիւնը՝ չարիքի:

Աշխատասէր մարդը անօթի չի մնար:

Աշխատող գութանը փայլուն կը լինի:

Աշխատող երկաթը չի ժանգոտիր:

Working metal doesn't rust.

Աշխատողը հնարք է փնտռում գործը անելու, չ'աշխատողը պատճառ՝ չանելու:

Աշխարհ տեսած մարդ:

A man who's seen the world.

Աշխարհը արօտ՝ մենք մէջը կարօտ:

Աշխարհը բեմ է, մարդիկ դերակատարներ:

Աշխարհը լայն է, կօշիկս նեղ , ի՞նչ ընեմ:

Աշխարհը ծով՝ մենք ծարաւ:

Աշխարհը հիւրանոց է, մարդիկը հիւր:

Աշխարհի «մալը» աշխարհին կը մնայ:

Աչքերը իրենք իրենց կը հաւատան, ականջները՝ ուրիշներուն:

Աչքերը կը խաղան:

Eyes play.

Աչքերով կ'ուտէ զիս:

He (or she) eats me with his (or her) eyes.

Աչքէ անցուցի:

Աչքը աղջկան վրայ մնաց:

Աչքը բաց:

Աչքը ետեւը մնաց:

Աչքը-երեսը չբացուած:

Աչքը մէջը մնաց::

Աչքը վրան մնաց:

Աչքը տեսածէն կը վախնայ:

Աչքի փուշ դարձաւ:

Աչքին բիբին պէս կը պահէ:

Աչքի տեսածը հաստատ է, քան ականջի լսածը:

Աչքի փուշ դարձաւ:

Աչքովդ տեսնես իսկ՝ փէշովդ գոցէ՛:

Աչքովդ տեսնես՝ չհաւատաս:

Աչքս քոռանար՝ չտեսնէի:

Ապրիլ կայ երկաթ է, ապրիլ կայ՝ արծաթ :

Առանց աքաղաղի ալ կը լուսանայ:

Առանց էշի ջորի չ՛ըլլար:

Առանց ընկեր՝ մարդս փուճ է ։

Առանց կռնակի՝ լեռները թող փլին:

Առանց ճարտարապետ ըլլալու կիները թէ կը շինեն, թէ կը քանդեն։

Առանց մեղուէն խայթուելու, մեղրին չես կրնար տիրանալ:

Առանց սատանայի պատարագ մը ըրինք:

Առաջինը եղիր լսելու, ու վերջինը՝ խօսելու:

Առաջին սէրը կը մնայ անմոռաց ։

Առաջ լացողը՝ յետոյ կը խնդայ:

Առաջ մտածէ, վերջը խօսէ:

Առիւծը առիւծ է, արու լինի թէ էգ:

Առիւծը միայնակ է շրջում, իսկ ագռաւը՝ խումբով:

Առիւծի կաթ անգամ կը գտնուի քովը:

Առիւծին որջէն ոսկորը պակաս չ'ըլլար:

Ասեղին ծակէն կ՛անցնեն:

Ասեղին ծակէն Հինտստան կը դիտէ :

Աստուած ամէն շնորհք մի մարդու չի տայ:

Աստուած կը նայի լերան, կուտայ ձիւնը:

Աստուած կ'ուտայ կաղինը, բայց չի կոտրեր:

Աստուած մէկին ապրուստ է տալիս, միւսին ախորժակ:

Աստուած ոչ թէ լեցուն ձեռքի, այլ՝ մաքուր սրտի կը նայի:

Աստուած որ տայ՝ չի հարցներ թէ որո՞ւ տղան ես:

Աստուած մէկ դուռը գոցէ՝ միւսը կը բանայ:

Աստծու շինածը մարդ չի կրնար քանդել:

Ատաղձագործին դուռը պարանով կապուած կ՛ըլլայ:

Արգիլուած պտուղը համով կ՛ըլլայ:

Արդար իւղը ջուրին տակ չի մնար:

Արեւ եթէ ըլլայ, աշխարհիս չի ծագիր:

Արեւը ամպի տակ չի մնար:

Արջը իրեն ահից կը վախենայ:

Արտաքինով մի դատեր ոեւէ մարդ:

Արտ հերկող եզան վզին լուծ կ՛անցընեն:

Աւելի դիւրին է կաղնիի հունտը չցանելը, քան յետոյ՝ կաղնիի ծառը արմատէն հանելը:

Աւելի լաւ է բուրդը կորսնցնես, քան ոչխարը:

Աւելի լաւ է գիտուն մարդը քեզ լացնէ, քան անգէտը խնդացնէ:

Աւելի լաւ է գործօն ձեռքեր ունենալ, քան խօսուն շրթներ:

Աւելի լաւ է խրճիթի մը տէրը ըլլալ, քան թէ պալատի մէջ սպասաւոր:

Աւելի լաւ է կանգնած մեռնիլ, քան թէ չոքած ապրիլ:

Աւելի լաւ է կիսաւարտ սեփական տունը, քան հասարակաց պալատը

Աւելի լաւ է համր ըլլալ, քան սխալ խօսիլ:

Աւելի լաւ է հիւանդ ըլլալ, քան հիւանդ ունենալ:

Աւելի լաւ է ճանճի գլուխ ըլլալ, քան առիւծի պոչ:

Աւելի լաւ է մէկ անգամ տեսնել, քան հարիւր անգամ լսել:

Աւելի լաւ է պարտական մնալ փորին հացով՝ քան նպարավաճառին՝ արծաթով :

Ափին մէջ կ՛եփէ, եղունգին մէջ կը թափէ:

Աքաղաղը իր գիւղին մէջ կը կանչէ:

Friday, June 24, 2011

Հայկական Առածներ - 2

Աղքատ ապրեց, հարուստ մեռաւ:

Աղքատը եթէ գողութեան ելլէ, լուսնկան կանուխ կը ծագի:

Աղքատը ունի հաց ու պանիր, գիշերը քունը չի տանիր:

Աղքատին խրատ տուող՝ շատ, հաց տուող՝ քիչ :

Աղօթէ՛ որ սրբանաս, աշխատէ՛ որ կշտանաս:

Ամանին թափած եղը չի լեցուիր:

Ամէն բանի մէջ բախտս սեւ է, բայց ձմերուկ կտրելու ըլլան՝ ճերմակ է:

Ամէն բանի պզտիկը կը սիրուի, բացի օձէն:

Ամէն բան կրակ է, ո՞վ կրնայ մօտենալ:

Ամէն բացուած դպրոց, բանտ մը կը գոցէ:

Every opened school, closes a prison.

Ամէն գործի մէջ բարիք մը կայ։

Ամէն ծաղիկ բոյր չ'ունենար:

Ամէն ծառ իր պտուղէն կը ճանչցուի:

Every tree is recognized (known?) by its fruit.

Ամէն կին մածուն մակարդելու ձեւ մը կ՛ունենայ:

Every woman has a way to make yogurt.

Ամէն հատիկ մարգրիտ չէ:

Ամէն մարդ իր խելքին հացը կ'ուտէ:

Ամէն մարդ իր մարտիրոսը կուլայ:

Ամէն մարդ՝ ունի իրեն յատուկ «տարտ»:

Ամէն մարդու սրտին մէջ առիւծ մը կը պառկի։

In every man's heart a lion sleeps.

Ամէն մօրուք սանտր մը ունի:

Every beard has a comb.

Ամէն ոչխար իր ոտքէն կը կախէն:

Every lamb is hung by its foot.

Ամէն պարտութիւն, մի խրատ է:

Ամէնուն ծով՝ լոկ ինծի սո՞վ:

Ամէն չամիչի կոթ մը կայ, ամէն մարդու հոգ մը:

Ամէն չարիքի մէջ, բարիք կայ:

Ամէն պարտութիւն մի խրատ:

Ամէն փայլող ոսկի չէ:

Ամէն փայտ շերեփ չի դառնայ, ամէն սար՝ Մասիս:

Every stick turns to a ladle, every mountain to Ararat (Masis).

Ամէն փոթորիկէ ետք արեւ կը ծագի:

Ամպոտ օդ, մութ, փոթորիկ, գայլը կ՛ընէ հարսանիք:

Ամռան անձրեւն ու կնոջ արցունքները շուտ կը չորնան:

Այդ ուխտավայրին, այդպիտի խունկ:

Այծերի կռիւը կամուրջի վրայ է բռնում:

Այծին պոզեր չեղան, ասաց .- այս տարուայ ուլն եմ:

Այծին կռնակը երբ գաւազան ուզէ, հովիվին փայտին կը քսուըռտի:

Այնքան ագահ է, վրայի ջերմը անգամ մարդու չի տար:

«Այո»ն ալ բան կը լրացնէ, «ոչ»ն ալ:

Այսօր առիր վաղը տուր, ասոր կ՛ըսեն առուտուր, թէ առածդ չտուիր, անոր կ'ըսեն առ ու կուլ :

Այսօրուան թոքը աւելի լաւ է, քան վաղուան դմակը:

Tuesday, June 21, 2011

Բարեկամիս - Վահան Գէորգեան

Հրաչ , հրաշք ի՛մ բարեկամ
Խոսքերդ զառ, հավք իմաստուն
Գեղգեղում են տաղ են դառնում:

Նրանց բերած երգ ու տաղին
Այս հեռավոր խորթ ափերում
Սիրտս` ծարավ, ունկըս` կարոտ :

Քո հրաբորբ սիրտը լեցուն
Ազգի ոգու շտեմարան
Հայրենիքի ճոխ տաղարան:

Մեր աշխարհի կարոտն անծիր
Խաժ աչքերիդ ծփուն ծովում
Ծիրանածին հույսի կամար:

Իմ լավ ընկեր հին բարեկամ
Դու իմ մտքում սրտիս խորքում
Մեր հայ ոգու հրաշք-ակունք :

Շատերի նման ես էլ եմ փոխվել
Աշխարհը արար առել ոտքի տակ
Աստղերի հետ, հաճախ զրուցել
Լուսնթագին եմ իմ սիրտը բացել:

Քանիս են թաքուն միտքս պղտորել
Տաք համբույրներով տիրացել սրտիս
Դարի տագնապով պղտորված հոգիս
Ապրած օրերիս հուշով սփոփել:

Բոլոր սերերս հավքի պես թռան
Սիրտս ալեկոծ ծեքծեքուն մի ծով,
Իմ մենության մեջ կարոտն է ծաղկում
Ափերիս օտար, հավքեր են իջնում,

Ես ինչ իմանամ թե ինչ են ուզում,
Ծովի պես խռով սիրտս էլ չունի
Ավերիչ խանդի եռանդը նախկին
Իմաստուն է նա արևի նման:

Տաք ու գեղաթով հուշերս արթուն
Ծփում , ծավալվում փարվում են իրար
Սիրտս լեցուն է նրանց գույներով
Բազմերանգ անուշ ծիածաններով:

Հիշողության դաշտում, ականներ են պայթում,
Օտար բառը խորթ է, իմ ականջն է խոցում
Երբ հայ մարդու շուրթին օտար բառն Է վայում
Սիրտըս ոնց է ցավում, դու հայերեն խոսի՛ր:

Մանկությունից սերտած քո մայրենի լեզուն
Հավքի նման ազատ ու ճախրանքի սովոր
Գետի նման վարար, թրի նման սուրսայր
Հպարտության լեռ է ու հավերժի ճամբորդ:

Իմ հայերեն խոսքով ես քո օրն եմ օրհնում
Օտար բառը հիշիր գործող ակ ու ական
Նա զարկում է թաքուն մեզ թիկունքից անգամ.
Դու հայերեն խոսիր քո մոր խոսքն է արդար:

Բախտ կոչվածը` քմայքոտ կին,
Ժպիտն անգամ կարճ է տևում:
Ծովի նման միշտ ծփացող
Իմ այս սրտով ի՞նչ եմ անում
Փառք ու պատիվ հարստություն ...
-Իմ ուզածը մի մեծ բան չի.
Երազներիդ եզրագիծը
Տեղավորած կոպերիս տակ:
Բախտիս տված պահն եմ օրհնում
Դու սրտիս մեջ ու իմ մտքում
Բախտով տրված իմ արեգակ
Ծով հույզերիս ակունքի ակ:

Թույլերից թույն է թափվում
Ու հողից-երկինք ճամփին արևի
Խեղճության տխուր խաչն է քծնանքի
Խենթ ուժեղներին անվերջ հալածում:

Բարության շեմը թույլերով լեցուն
Ու նրանք թաքուն ափը բարության
Կասկածի թույնոտ քարեր են լցնում:

Թույլերը թշվառ անտեր ու բոկոտն
Ուժեղի շուրջը մամուռ են , մրուր,
Զեղուն են ,վխտում են վեհության ճամփին:

Թույլերը կույր են , բութ են, անողոք
Աստծո անունով ուժեղին ջարդում
Արև չրտեսած արևին տենչում,
Հզոր արևին անգամ անիծում:

Թույլին չեն զոհում` ինչպես նախկինում
Հանուն թույլերի ամենքից թաքուն
Զոհաբերում են ուժեղին հզոր:

Ծով աչքերով աղջիկ, ծովից ելա՞ր արդյոք,
Թե երկնքի՞ց իջար ծով չըտեսած փերի
Շողքն արևի տե՛ս, ո՞նց է դողում շուրթիդ
Սիրած տղադ մի օր Լուսնի լույսով կըգա:
***
Աշխարհի բոլոր ծագերում
Նայիրյան բարձրաբերձ ոգու
Արևն է մորմոքով մարում:

Հայրենի երկրից հեռու,
Իրարից օտարված նորից
Տարագիր կորչում ենք կրկին:

Օ, վաղո՜ւց, վաղո՜ւց է ոռնում,
Կատաղի գորշ գայլը արթուն:
Իջնող գիշերվա պաղ մեգում
Նայիրյան արևն է գայթում:

Մորթված երեխա ու ծեր,
Արցունքի սգավոր շիթեր,
Րոպեն լուծվում է անդարձ
Մարում է հույսը երազի:

Իրական պատկերին օրվա
Նեռը նայում է խնդուն
Դիերի անթաղ աճյունից
Լուսինը կարոտ է մանում:

Ու մահը թվում է փրկություն
Սրտերին անտեր ու անտուն
Երազի խաչքարն է ծածկում:

Մերը թողած շան բերանում
Կեղծապատիր այս աշխարհում
Արդարության դասն անիմաստ
Ուսուցում ենք ու դժգոհում:

Մովսեսները մեր երազի
Երազանքի դաշտն են հերկում,
Տարված խաղով Օտարների
Ուղղամիտ ենք անվերջ խաղում:

Օձ ու զեղուն թույն են թափում
Արջ ու ագռավ միշտ ծիծաղում
Գայլ ու աղվես ամեն անգամ
Ժանիքներն են ցուցադրում:

****
Մեր հոգսերը հազար ու մի
Երեսն ի վար բարձիթողի
Հավք են անթիվ , ու առանց թև:

Մենք էլ դարեր անտուն -անտեր
Ցրիվ եկած աշխարհով մեկ
Օտարին ենք թիկունք ու թև:

Մեր հոգսերը հազար ու մի
Երեսն ի վար ժայռ են ու քար,
Երազներից միշտ անկատար
Արարում ենք վանք ու խաչքար:

Sunday, June 19, 2011

Հայկական Առածներ

Բարեկամս՝ Միրօ Տօնապետեանը ուղարկած էր այս առածները: Առիթը յարմար նկատեցի անոնցմէ մաս մը հրապարակել : Առածները իմաստութեան առաջնորդներ են, եթէ գիտնանք զանոնք կարդալէ ետք մեր միտքը պահել...

«Նշանակ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱԾՆԵՐ և ԱՍԱՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

Ժողովուրդէն եկած՝ ժողովուրդին համար

Խմբագրութիւն

Ժողովրդային առածներն ու ասացուածքները դարերու խորքէն մեզի հասած իմաստալից եզրահանումներ հաղորդող կարճ ու կտրուկ արտասանութիւններ են,որոնք պահած են իրենց գործածական արժէքը հակառակ հսկայական անընդհատ կենցաղային փոփոխութիւններուն:

Մեր նախնիները մեր ժողովուրդի բազմադարեան հարուստ անցեալէն մեզի հասցուցած են բազմահազար առածներու և ասացուածքներու հարստութիւն մը, զորս արժանի է բազմահատոր ուսումնասիրութուններու: Քիջ չէ թիւը մեր մտաւորականներուն և բանասէրներուն, որոնք լուրջ աշխատանք տարած են այս բնագաւառին ի սպաս:

Ընթերցողը ժողովրդային առածներուն ընդմէջէն պիտի հանդիպի մերթ ծիծաղելի ու զուարճալի պատկերներու, մերթ խիստ եւ քննադատելի կամ հակասական արտայայտութիւններու, սակայն եւ այնպէս անոնց ետին ան անպայմանօրէն պիտի գտնէ թելադրանքներ, որոնցմէ իւրաքանչիւր անհատ կրնայ օգտուիլ:

Հոս տեղադրուած առածներն ու ասացուածքները հայ անհատներու կողմէ ներդրումներ են, որոնք արժանացան մեր հոգատարութեան ու այսօր կը հրամցուին մեր սիրելի ժողովուրդին: Տարուած աշխատանքը կարելի է պարզ ներկայացնել հետեւեալ կերպ՝

-Հաւաքագրում՝
Սեդա Տէմիրճեան Կիւլպէնքեան

-Այբբենական դասաւորում՝
Յասմիկ Թաթուլեան

-Սրբագրութիւն՝
Սեդա Տէմիրճեան Կիւլպէնքեան
Յասմիկ Թաթուլեան

Սիրով կ'ընդունինք ձեր նկատողութիւններն ու առաջադրանքները՝
Սեդա Տէմիրճեան Կիւլպէնքեան և Յասմիկ Թաթուլեան

gourgen.mangassarian@gmail.com

ԱՌԱԾՆԵՐ ԵՒ ԱՍԱՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

Ա

top of page

Ագահին շահը ուրիշին համար է:

Ագռաւի ընկեր եղողը աղբի կը հանդիպի:

Ագռաւին տեսած ցորենը չի ծլիր:

Ադամանդը ցեխին մէջ ալ իր արժէքը չի կորսնցներ:

Ազոխ ուտողին ակռան կ'առնէ:

Ալիւրը մաղեր, մաղը կախեր է:

Ալիւրը մենք մաղեցինք, «փախլաւան» ուրիշը կերաւ:

Ածածդ հաւկիթ մըն է, կտկտալէն գլուխ կերար:

Ածան հաւը կռկռան կ'ըլլայ:

Ականջը սուր է:

Ակ էր, եղաւ օրինակ:

Ակին ջուրը որքան ալ պղտորի, շուտ կը յստականայ:

Ահը վեր է` քան մահը:

Աղայութիւնը ուզելով չէ, տալով է:

Աղբանոցը բուսած է, սակայն վարդ բուսած է:

Աղեմ որ չի հոտիս:

Աղէկ կին, չունի գին:

Աղ ու հաց կերած:

Աղուէսը հաւնոցի պահակ դրած են:

Աղուէսի բերանը խաղողին չհասաւ, ըսաւ՝ խակ է:

Աղուէսն իր պոչը վկայ կը բերէ:

Աղջիկս քեզ ըսեմ, հարս՝ դուն հասկցիր:

Աղջկան գիւղի միջից հանելը դժուար չի, գիւղը աղջկան միջից հանելն է

Մօր կարօտը - Պատմուածք

Տղան հազիւ տասնը մէկ տարեկան էր, երբ հայրը զինք իր դիմացը առաւ եւ հարցուց:

-Տղաս, կ'ուզե՞ս որ քեզի քու այդ շատ ուզած խաղալիքդ առնեմ թէ քեզ արտասահման գիշերօթիկ դպրոց ղրկեմ:

Հայրը իր տղուն այս հարցումը ուղղած ժամանակ վստահ էր թէ տղան խաղալիքը պիտի ուզէր: Ո՞ր երեխան կրնար ուզել հեռանալ իր տունէն,հօրմէն, մօրմէն եւ երթալ արտասահման ու տարիներով ուսանիլ գիշերօթիկ դպրոցի մը մէջ:Հարկաւ թէ տղան խաղալիքը պիտի նախընտրէր եւ հայրն ալ ազգականներուն պիտի ըսէր որ երեխան երթալ չուզեր, ուստի կարելի չէր ստիպել:Այսպէսով հայրն ալ պիտի ազատէր, իր միակ որդին հազարաւոր քիլոմեթր հեռու ղրկելէն ու տարիներով հեռու իյնալէն իր միակ ու հարազատ որդիէն:Բայց հայրը կը սխալէր, տղան առանց պահ մ՜ իսկ մտածելու պատասխանեց:

-Ինծի արտասահման գիշերօթիկ դպրոց ղրկէ’ :

Տղան այլեւս ձանձրացած ընտանեկան վիճաբանութիւններէն , կռիւներէն երթալ ու հեռանալ կ 'ուզէր այս բոլորէն, ձգելով բոլոր դժբախտութիւնները իր ետին:Ի՞նչ էր իր յանցանքը, ինչու՞ ինք ստիպուած ըլլար ընտանեկան խռովութիւններու մէջը մնալու ու մասնակից ըլլալու իրմէ անկախ եղող անհամաձայնութիւններու առթած տառապանքին:Հեռու երկիր կ'ուզէր երթալ:Հեռանալ ու մոռնալ ամէն բան ու ամէն մարդ:Մայր, հայր, ընտանիք, ազգականներ՝ խերն էր անիծեր բոլորին:

Եւ այդպէս ալ եղաւ, տղան գնաց հեռուները:Առաջի շաբաթը տղան իր մօրը հետ գացած էր որպէսզի տեղաւորուէր գիշերօթիկ վարժարան:Վերջին օրը, մօրը մեկնումէն առաջ, միասին սրճարան մը նստած էին:Մայրը գաւաթ մը թէյ, ինքն ալ պտուղի ջուր խմած էր:Առաջին անգամ ըլլալով հոն ծանօթացած էր <<անանաս>> ի ջուրին հետ ու շատ հաւնած զայն:Մայրն ալ մօտակայ նպարավաճառէ մը շիշ մը անանասի ջուր առած էր տղուն:Յետոյ միասին գացած էին դպրոց եւ մուտքի դրան առջեւ բաժնուած էին իրարմէ:

Առաջին անգամն էր որ տղան գիշերօթիկ վարժարանին մեծ ու պատկառազդու դռնէն առանձին ներս կը մտնէր:Ներսը մութ էր ու խոնաւութիւն կը հոտէր:Գետնի հին ու մասամբ կոտրած քարերը, շէնքին բարձր ձեղունը ու խոնաւութենէ ապականած օդը մելամաղձոտ մթնոլորտ մը կը ստեղծէր:Իր առջեւ կը գտնուէին իրարու յաջորդող մութ նրբանցքներ, փակ ու հսկայ դռներ որոնցմէ պէտք էր անցներ որպէսզի երթար ու միանար միւս աշակերտներուն:Տղան սարսափած մնաց այս տեսարանին առջեւ ու առաջին անգամ ըլլալով վախ մը զգաց:Պահ մը մտածեց ետ դառնալ ու մօրը ետեւէն վազել բայց այլեւս շատ ուշ էր:Կար նաեւ արժանապատուութեան խնդիր մըն ալ որ կը զսպէր զինք:Իրեն հարցուցած էին եւ ինք անձամբ ուզած էր ձգել բոլորը ու հեռանալ, իսկ հիմա կարելի՞ էր միթէ զղջացած երեւնալ իր տուած որոշումին համար…:Տղայական արժանապատուութիւնը չէր արտօներ այդպիսի վարուելակերպ :Առաջին անգամ ըլլալով զգաց թէ այլեւս առանձին էր աշխարհիս վրայ ու սարսուռ մը զգաց:Յանկարծ յիշեց իր ձեռքին մէջ գտնուող շիշ մը անանասի ջուրը զօր իր մայրը առած էր իր մեկնելէն առաջ:Լաւ մը կուրծքին սեղմեց շիշը եւ արագ քայլերով անցաւ բոլոր նրբանցքներէն եւ դռներէն:Սանդուխներէն բարձրացաւ ու հասաւ ննջարան ու շիշը իր պահարանին մէջ տեղաւորելով դուռը կղպեց:

Երբ գիշեր եղաւ ու քնանալու գացին, իր մայրը չկար իր քով այլեւս որպէսզի զինք քնացնէր, վերմակը իր վրան գոցէր ու մայրական անոյշ ձայնով մը <<գիշեր բարի բալիկս >> ըսէր ու համբոյր մը դրոշմէր իր ճակտին:Իր սեփական ննջասենեակն ալ չունէր պառկելու համար, այլ կը գտնուէր մեծ ու ընդարձակ ննջարանի մը մէջ ուր կը պառկէին երեսունի մօտ աշակերտներ որոնցմէ ոչ մէկը կը ճանչնար, խօսած լեզունին անգամ լաւ չէր հասկնար:Մայրը իր քովը չէր այլեւս որպէսզի գաւաթ մը ջուր ուզէր իրմէ ինչպէս կ՜ընէր ամէն գիշեր : Բոլորովին առանձին էր այլեւս:

Սկսաւ խուճապի մատնուիլ, ու յիշեց ամիսներ առաջ իր հօրը իրեն ուղղած հարցումը. <<կ 'ուզե՞ս որ քեզի քու այդ շատ ուզած խաղալիքը առնեմ թէ քեզ արտասահման գիշերօթիկ դպրոց ղրկեմ>>:

Որքան պիտի ուզէր ժամանակը ետ կարենաԼ բերել: Տաքութիւն մը պատեց բոլոր մարմինը,կարծես անտեսանելի ձեռք մը իր կոկորդը կը սեղմէր, աչքերը սկսան արցունքոտիլ:Յանկարծ յիշեց շիշ մը անանասի ջուրը որ իր մայրը գնած էր իր մեկնելէն առաջ:Անկողինէն վար իջաւ, գնաց եւ բացաւ պահարանը, շիշը առաւ, կափարիչը բացաւ քանի մը ումպ խմեց:Յետոյ երկար շունչ մը քաշեց: Հիմա քիչ մը հանդարտած էր: Կափարիչը գոցեց, շիշը տեղը դրաւ ու գնաց պառկեցաւ:

Այդ օրուընէ վերջ, ամէն գիշեր երբ մայրը կարօտնար ու աչքերը արցունքով լեցուէին,կ'երթար շիշը կը բանար եւ ումպ մը կ'առնէր ու շիշին մէջի հոտը կը հոտուըտար: Ի վերջոյ շիշին մէջինը հատաւ:Տղան շիշը լաւ մը լուաց ու դարձեալ պահեց իր պահարանին մէջ:Գիշերները երբ իր մայրը կը կարօտնար, կ 'երթար շիշը կը բանար եւ մէջի հոտը կը հոտուըտար:Այն գիշերները որ կարօտը այլեւս անհանդուրժելի կը դառնար , շիշը անկողին կը տանէր ու անոր փաթթուելով կը քնանար:

Տարիները անցան,տղան մեծցաւ, շիշին կարիքը չէր զգար այլեւս, դպրոցը աւարտեց, ստացաւ իր վկայականը: Մեկնումի օրը հասած էր :Գնաց բացաւ պահարանը, հաւաքեց իր ապրանքները ու զանոնք տեղաւորեց ճամպրուկին մէջ:Յանկարծ նշմարեց որ սենեակին միւս ծայրը հազիւ տասնը մէկ տարեկան նորեկ աշակերտ մը, իր հասակէն աւելի մեծ պայուսակ մը իր ձեռքին արցունքոտ աչքերով կեցած էր պատին տակ: Անանասի պարապ շիշը դեռ կը գտնուէր պահարանին մէջ:Տղան առաւ շիշը, գնաց ու ծունկի եկաւ երեխային դիմացը եւ շիշը երեխային նուրբ ու պզտիկ ձեռքին մէջ դրաւ ու ըսաւ:

-Երբոր գիշերները մայրդ կարօտնաս, այս շիշը առ, բաց եւ մէջի հոտը խորունկ մը ներսդ քաշէ:Պիտի տեսնես որ քու մօրդ հոտը այս շիշին մէջը պիտի ըլլայ:

Յետոյ երեխան իր ճակտէն համբուրեց, պայուսակը առաւ ու դռնէն դուրս ելաւ:

Օշին Էլակէօզ

Պոլիս

Wednesday, June 15, 2011

ԹԻՒՐՆ ՈՒ ԹԵՐԻՆ - Բ . ԹԱՇԵԱՆ

ԺՈՂՈՒԵԼ ԵՒ ԺՈՂՎԵԼ

Տարրական սխալներ կան , ըսենք՝ աշակերտական սխալներ , որոնց մասին մարդ կ’ամչնայ խօսիլ:
Այս տեսակ սխալ մըն է ժողուել բառը, ճիշդ այս ձեւով ՝ ժողուել, որուն հանդիպեցայ գիրքի մը մէջ:

Ունինք ժողով բառը , որմէ կազմուած է ժողովել , ել բայակերտ մասնիկով: Հետագային զեղչուած է երկրորդ ո ն ւ մնացած է ժողվել:

Նման զեղչումներ , ինչպէս նաեւ գիրերու տեղաշարժեր , յաճախդէպ են մեր լեզուին մէջ: Օրինակ՝ սովորիլ բայը տարիներու ընթացքին տեղաշարժի ենթարկուած եւ դարձածէ սորվիլ (սովորիլ – սովրիլ - սորվիլ) :Սկզբնական ձեւը պահուածէ արեւելահայերէնի մէջ, -սովորել : Արեւմտահայերէնի մէջ ընդհանրացած է սորվիլ ը:

Ուրիշ օրինակ մը. Շրջափոխութեան եւ բարեշրջումի օրէնքին համաձայն, ելանելը նախ եղած է ելնել, ապա՝ ելլել: Ու~ր ելանելը , ու~ր ելլելը:

Որոշ բառեր երբեմն այնքան կ’այլափոխուին, որ սկզբնական ձեւը գրեթէ կը մոռցուի: Բայց ժողվելը այլափոխուած չէ, պարզ սղում մըն է կատարուածը, գիր մը զեղչուած է միայն:

Աւելորդ է ըսել , թէ ընթացիկ լեզուի մջ ժողվել ՝ կը նշանակէ հաւաքել, խմբել , մէկ տեղ բերել :Սողոմոն Իմաստուն գրած է «Գիրք Ժողովողի»ն: Այստեղ ժողովողը հասարակ ժողվող մը չէ, հաւաքող , իրարու քով բերող մը չէ , այլ «իմաստութեան վարժապետ» մըն է : Եւ տարակոյս չկայ , որ Սողոմոն այս տեսակ... վարժապետ մըն էր , թագաւոր ըլլալով հանդերձ :

Բայց որո՞ւ մտքէն կ’անցնի , որ ժողվել ՝ կը նշանակէ նաեւ հիւրընկալել , ասպնջական լինել : Մատթէոսի աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Օտար էի եւ ժողովեցիք զիս»: Պարզ է, որ այս նախադասութեան մէջ «ժողովեցիք» ը « հաւաքեցիք » չի նշանակեր , այլ կը նշանակէ «հիւրընկալեցիք»:

Ասանկ հարուստ լեզու է մեր լեզուն , իսկ եւ իսկ «վարժապետ իմաստութեան»:

Tuesday, June 14, 2011

Պատերու մասին - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Պատերու մասին
Պարիսպներ՝ հինէն ի վեր եղած են։
Նոյնիսկ Ադամը եւ Եւան դո՛ւրս դրուեցան դրախտէն, դուրս՝ այսինքն
պարիսպէ մը, պատէ մը, ցանկապատէ մը դուրս, ֆիզիքական եղած ըլլար ան
թէ հոգեկան...
Այս հարցի մերօրեայ երեւոյթներուն էր նուիրուած այն խորհրդաժողովը
(»Արգելքներ, պատեր եւ սահմաններ«), որ տեղի ունեցաւ 2011-ի մայիս 17-18-ին
Մոնթրէալի մէջ, եւ որուն կ՚անդրադառնար Le Devoir օրաթերթը նոյն օրերու իր
թիւերով։
Պատմութենէն ծանօթ է եւ մինչեւ օրս ալ զբօսաշրջիկներու
հետաքրքրութեան առարկան՝ Չինաստանի մեծ պատը, որ Ք.Ա. 3-րդ դարուն սկսեր
է կառուցուիլ երկիրը պաշտպանելու համար շրջակայ քոչուոր ժողովուրդներու
ներթափանցումին դէմ։
Ծանօթ է նաեւ Պերլինի պատը, որ նո՛յն ժողովուրդի հարազատ
զանգուածները իրարմէ բաժնելէ զատ նաեւ երկո՛ւ աշխարհներ՝ »Առաջին
աշխարհ«ը (դրամատիրական Արեւմուտքը) անջատեր էր »Երկրորդ աշխարհ«էն
(»ընկերվարական«, աւելի լաւ կ՚ըլլար ըսել »սոցիալիստակա՜ն« Արեւելքէն), եւ
որուն քանդումը խորհրդանիշն ու նախաքայլը հանդիսացաւ ամբողջ խորհրդային
համակարգի անկումին (եթէ չհաշուենք Հայաստանի երկրաշարժը եւ նախորդող
Արցախեան շարժումը)։
Կան ուրիշ պատեր, որոնք վերջին տարիներուն ուշադրութիւն գրաւեցին,
անոնք ալ հրեաներուն բարձրացուցած պատն է իրենց եւ պաղեստինցիներուն
միջեւ, եւ Արիզոնա նահանգի պատը՝ Մեքսիկայի սահմանին երկայնքին։
Բայց գիտէի՞ք, որ նման պատեր կառուցուած են ա՛յլ երկիրներու միջեւ ալ,
ինչպէս Հնդկաստանի եւ Պանկլատէշի, Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի,
Հնդկաստանի եւ Պիրմանիոյ միջեւ, եւ շուտով պիտի կանգնին Պուլկարիոյ եւ
Թուրքիոյ, Յունաստանի եւ Թուրքիոյ եւ այլ դրացի երկիրներու միջեւ։
Այս բոլորը նշան են քաղաքակրթութեան »յառաջդիմութեա՜ն«՝
մարդակային պատութեան արշալոյսէ՛ն ի վեր...
Դեռ կան ուրի՜շ պատեր, այս անգամ ոչ թէ տարբեր երկիրներու, այլ նոյն
երկրի, եւ նո՛յն քաղաքի տարբեր մասերուն միջեւ. այցելած էք չէ՞
»ցանկապատուած« համայնքներ, որոնց թաղամասին մուտքը պահակակէտի մը
հսկողութեան տակ կը գտնուի, ուր ամեն մարդ չի կրնար մտնել, ուր ներսը
ապրողներէն մէկուն կողմէ հրաւիրուած ըլլալու էք ու այդ կէտին՝ իր
արտօնութիւնը ստանալու էք՝ մուտք գործել կարենալու համար։ Ներսի
»օրինապահ« քաղաքացիները կը պաշտպանուին դուրսի »անօրինապահ«
քաղաքացիներէն՝ այդ պատին շնորհիւ։
Իսկ հապա այն պատերը, որոնք ապարանքներու շուրջ կը բարձրանան,
անոնց բնակիչները հեռու պահելով այլոց ծա՛կ աչքերէն... Ատենօք թագաւորներու
պալատները նման պարիսպներով կը շրջապատուէին, այսօր որքա՜ն արքաներ
կ՚ապրին...Երեւանի մէջ, կամ աշխարհի բոլոր քաղաքներուն։
Այդ բոլոր պատերը քարէ եւ աղիւսէ, երկաթէ եւ պեթոնէ են շինուած, բայց
կան այլ նիւթերով բարձրացած պատեր եւս, անիրական պատեր, որոնք աւելի
անանցանելի կրնան ըլլալ քան այդ իրական պատերը։
Պատեր՝ որոնք կը կանգնեցուին մարդոց միջեւ, մարդկային
խմբակցութիւններու միջեւ։ Հարո՛ւստ է մարդու պատմութիւնը նման
հոգեբանական պատերու առկայութեամբ, եւ դժուար չէ բանալ գիրքերը կամ
երթալ Համացանցի վրայ )որ... նոյնպէս պատերով կը պաշպանուի( եւ տեսնել ի՛նչ
նման պատեր քաշուած են նոյն հողամասին վրայ ապրող հաւաքականութիւններու
միջեւ, ատոնք ըլլան հայեր եւ թուրքեր, յոյներ եւ թուրքեր, քիւրտեր եւ թուրքեր,
պասքեր, գաթալաններ, թամիլներ, գնչուներ, սեւամորթներ, բնիկներ եւ տեղւոյն
մեծամասնութիւնները՝ այսպէս կոչուած յառաջացա՜ծ երկիրներու մէջ, կամ
կիները՝ Արեւելքի եւ Միջին Արեւելքի մէջ, եւայլն...
Ա՛լ աւելի ողբալին ներհամայնքային պատերը եղած են եւ ե՛ն տակաւին, ու
այս պարագային ես կրնամ խօսիլ մեր՝ հայերուս մասին, հայերս, որ ոչ միայն
ներկայիս, այլ մեր պատմութեան ամբողջ ընթացքին ալ Արեւելքի թէ Արեւմուտքի
հանդէպ մեր համակրանքներով թէ հակակրանքներով բաժնուած ենք
հատուածներու, յաճախ իրարու հանդէպ անողոք կերպով դիրքաւորուած
հատուածներու։ 20-րդ դարուն այդ հակադրութիւնները երբեմն հասած են այն
աստիճանի, որ հակառակորդ կողմերը, նոյնիսկ իրարու հարս կամ փեսայ չեն
տուած։ Մոնթեվիտեոյի երկու հայկական կեդրոնները, տարբեր կողմերու
պատկանող, իրարու կից, բայց պատով մը բաժնուած՝ այդ հոգեկան
բաժանուածութեան ֆիզիքական մարմնաւորումը եղած ըլլալու են, մինչ
Լիբանանի մէջ անցեալ դարու յիսունականներու վերջերուն պարզուած
եղբայրասպանութիւնը՝ ամենէն նողկալի, ամենէն տխուր պատկերացումը նոյն
երեւոյթին։
Վերջապէս պատեր կը բարձրանան նաեւ անհատներու միջեւ, եւ յաճախ
իրարու հարազատ անհատներու միջեւ՝ գաղափարակից ընկերներու, ընտանիքի
անդամներու, ծնողքի եւ զաւկի, քոյր-եղբօր միջեւ։ Սխալ խօսք մը, սխալ արարք
մը, եւ ահա արդէն իրարմէ կը գժտուին, իրարու հետ չեն խօսիր, երես-երեսի չեն
կրնար նայիլ։
Նման անհաճոյ յիշատակ մը դրոշմուած կը մնայ մտքիս մէջ. այդ՝
ընկերոջս, Վարուժին հետ պատահած միջադէպ մըն է. առիթով մը
Մխիթարեաններու հայերէնին մասին վերապահութիւն մը յայտնած ըլլալու եմ.
ինք, որ արդարօրէն հպա՛րտ մխիթարեանական մըն էր, վիրաւորուած էր, քանի որ
ուղղակի կամ գուցէ անուղղակի կերպով իր հայերէնի իմացութիւնն ալ իմ այդ
խօսքովս կասկածի տակ առնուած ըլլալու էր։ Գործակիցներ էինք, բայց այդ
օրերուն եթէ ակումբի միջանցքներուն մէջ դէմ-յանդիման գայինք՝ գլուխը անդին
կը դարձնէր արհամարհական ձեւով մը։ Ժամանակը եւ իմ կողմէս բազմաթիւ
փորձեր ի վերջոյ հարթեցին անհանդուրժելի այդ վիճակը, եւ հաւանաբար
ներողութիւն ալ խնդրեցի իրմէ՝ զինք վշտացուցած ըլլալուս համար։ Յետոյ,
մինչեւ իր անժամանակ մահը, շարունակուեցաւ մեր մտերմութիւնը։
Այո, երբեմն մէկ բառ մը բաւական կրնայ ըլլալ նման պատեր
բարձրացնելու կամ քանդելու համար...
Եւ ոչ միայն անհատներու միջեւ...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2011-06-13 )1667(

Sunday, June 12, 2011

Հաճոյքն ու տառապանքը - ԽՄԲԱԳԻՐԻ ՅՈՒՇԵՐ

ՈՍՏԱՅՆ
Հաճոյքն ու տառապանքը
Ա.
Հաճոյքն ու տառապանքը խմբագրին. ա՛յդ մասին է խօսքս: Արդարեւ մեծ է հաճոյքը, որ
խմբագիր մը կը ստանայ իր կատարած գործէն, կամ կրնա՛յ ստանալ, փոքր չէ նաեւ այն
տառապանքը, որուն կ՚ենթարկուի ան, կրնա՛յ ենթարկուիլ՝ երբ կը փորձէ խղճմտօրէն կատարել
իր գործը:
Չեմ գիտեր, թէ գրող մը կ՚անդրադառնա՞յ, թէ ի՛նչ կ՚անցնի կը դառնայ, երբ իր գրած
մէկ յօդուածը կամ մէկ գիրքը կը յանձնուի խմբագրի խնամքին: Գտնուելով երկու դիրքերուն
վրայ ալ - մանաւանդ իմ գրածներուս կապակցաբար - կրնամ անձա՛մբ վկայել այս մասին, եւ
իբր խմբագիր խօսելէ առաջ, կ՚ուզեմ իբր գրող փորձառութեանս մասին պատմել:
Չորս տարիէ ի վեր կ՚աշխատակցիմ ճարտարապետական պարբերաթերթի մը՝ անգլերէն
յօդուածներով: Խմբագիրը ճարտարապետ չէ, բայց խմբագի՛ր է, ու գրութեանս մէջ
միջամտութիւններ կ՚ընէ որպէսզի ոճս համահունչ դարձնէ պարբերաթերթի ոճին. նոյն միտքն է,
որ կ՚արտայայտէ, բայց տարբեր շարահիւսութեամբ կամ տարբեր բառեր գործածելով, երբեմն
երկար նախադասութիւն մը երկուքի վերածելով, կամ ալ ի հարկին դարձուածքային
սրբագրութիւն մը կատարելով: Ապա ինծի կը վերադարձնէ սրբագրուած գրութիւնը եւ
ինձմէ կը խնդրէ, որ ստուգեմ, որ ճիշդ մեկնաբանա՞ծ է ըսածս:
Ես ընդհանրապէս համաձայն կ՚ըլլամ իր փոփոխութիւններուն, սակայն կը պատահի
նաեւ, որ համաձայն չըլլամ, կամ վերադառնամ սկզբնական ձեւին, կամ նոր փոփոխութիւն մը
առաջարկեմ: Յօդուածը այսպէս կրնայ քանի մը անգամ երթալ-գալ մեր միջեւ, մինչեւ որ
վերջնական հրատարակելի պատկերը ստանայ: Վերջաւորութեան ես իրեն շնորհակալ կ՚ըլլամ իր
նուրբ ու խղճամիտ խմբագրութեան համար, ինք ինծի՝ յօդուածիս համար: Այսպէս՝ ամեն
անգամ:
Խմբագրելու »փորձառութիւն«ս շատ կանուխէն կու գայ: Կը չակերտեմ, որովհետեւ
յաւակնութիւն պիտի ըլլար իրապէս փորձառութիւն կոչել այն ինչ որ դպրոցը սորվեր եմ՝
աշակերտական թերթին »խմբագրութեան« մաս կազմելով: Բայց եւ այնպէս, Գահիրէի
Գալուստեան ազգային վարժարանի նախակրթարանի աւարտական Ե. կարգէն սկսեալ, մինչեւ
բարձրագոյն նախակրթարանի Ը. կարգէն շրջանաւարտ ըլլալս, մեր պաբերաթերթը՝ »Հունձք«ը
յատուկ տեղ գրաւեց կեանքիս մէջ եւ հոն սորվածս ինծի համար շատ օգտակար եղաւ.
օգտակար՝ մարդկային յարաբերութեանց տեսակէտէն: Ինչպէ՞ս վարուիլ աշխատակիցներուդ
հետ - եւ այդ պարագային՝ դասընկերներուդ ու մի քանի տարի վեր կամ վար դպրոցական միւս
ընկերներուդ հետ - առանց զանոնք վշտացնելու ու անոնց հետ այլապէս ունեցած ընկերական
ջերմ յարաբերութիւններդ նուազ ջերմ դառնալու վտանգին ենթարկելու, մանաւանդ առանց
անոնց նկատմամբ գերադասութեան զգացումներ սնուցելու... Ա՛յդ իմաստով մեծ
առաւելութիւն մը ունեցած եմ ապրելով այդ տարիներու փորձառութիւնը, առանց մտքէս
անցնելու, որ յետոյ »Հորիզոն«ին պիտի առնչուիմ: Ու վայելած եմ հաճոյքը տեսնելու իմ
խմբագրութեամբ, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել իմ ալ, (թեկուզ գլխաւորաբա՛ր իմ)
մասնակցութեամբ խմբագրուած թերթին լոյս տեսնելը ու գնահատուիլը:
Խմբագրական աշխատանքս պիտի շարունակուէր »Յուսաբեր«ի մէջ, երբ քանի մը տարի
երիտասարդութեան էջ մը պիտի յատկացուէր այնտեղ, եւ Լեւոնին ու Անդրանիկին հետ զայն
պիտի խմբագրէինք շաբաթէ շաբաթ:
Այս ասպարէզէն ներս սակայն դասերս պիտի սորվէի առաւելաբար այն ատեն, երբ
թերթին խմբագիրները ի՛մ գրածներս պիտի սրբագրէին, խմբագրէին: Պիտի նկատէի յատկապէս
երկու բան - աւելորդ բառերու ջնջումը ու կէտադրական բարեփոխումները: Գլխաւոր
ուսուցիչս՝ Բենիամին Թաշեանը:
Տարիներ ետք էր, սակայն, որ դէպքերու բերումով »Հորիզոն«ը պիտի յանձնուէր իմ
հոգածութեան՝ շաբաթական ոչ թէ մէկ էջ, այլ սկիզբը ութ, հետզհետէ հասնելով տասնվեցի,
քսանի եւ աւելի էջերու: Հիմնադրութեան օրէն, անկէ ալ առաջ՝ նախապատրաստական շրջանէն
պիտի կապուէի այս թերթին, ու աւելի քան տասնամեակ մը շաբաթաթերթին, իսկ ամբողջ
քառորդ դար անոր գրական յաւելուածին խմբագրութիւնը կատարելու պատիւը պիտի
ունենայի:
Ի հարկէ հայ թերթի մը ու օտար թերթի մը խմբագիրը ըլլալը նոյն բանը չի նշանակեր...
մեր պարագային նոյն անձին կը վստահուին թէ՛ խմբագրապետի, թէ՛ խմբագրի, թէ՛
ձեռագիրներու սրբագրիչի, թէ՛ փորձերու սրբագրիչի, թէ՛ թղթակիցի, թէ՛ քարտուղարի, երբեմն
ալ նաեւ՝ վարչակա՛ն տնօրէնի պաշտօնները, առանց հարցնելու թէ մէկ հոգի ինչպէ՞ս կրնայ
այս բոլորը ընել ու տակաւին (իմ պարագայիս) նաեւ իր բո՛ւն ասպարէզին (դարձեալ իմ
պարագայիս՝ ճարտարապետութեան) ծառայել օրուան գործի ժամերուն:
Բայց ամեն բան կարելի կ՚ըլլայ երբ ըրածդ կը սիրես...
Քիչեր կը պատկերացնեն թէ ճիշդ ի՛նչ կ՚ընէ հայ թերթի խմբագիրը:
Կ՚արժէ խօսիլ այն հաճոյքին ու տառապանքին մասին, որ իմս եղան կեանքիս ամենէն
բեղուն մէկ ժամանակաշրջանին, լեցուցին էութիւնս, յաւելեա՛լ իմաստ տուին ապրած օրերուս:
Բ.
Նոր ճամբայ ելլող թերթի մը համար, որ »Հորիզոն«ն էր, առաջին խնդիրներէն մէկը
օգտագործելի արխիւ ունենալն էր։ Այսինքն՝ գրադարան, ուր կարելի ըլլար գտնել մեզ
հետաքրքրող հարցերու վերաբերեալ անհրաժեշտ նիւթերը. օրինակ՝ ենթադրենք եթէ Մայիս 28-
ի նուիրուելիք թիւ մը պիտի հրապարակէինք (եւ 1979-ի մայիս 28-ին լոյս կը տեսնէր
»Հորիզոն«ի առաջին համարը), ուրկէ՞ պիտի գտնէինք յարմար գրութիւններ, մեր եւ մեր
աշխատակիցներուն կողմէ գրուած յօդուածներու կողքին՝ բովանդակութիւնը ճոխացնելու
համար։ Արդէն երկար ատեն գոյութիւն ունեցող թերթերը կրնային բանալ իրենց գզրոցները,
մէջտեղ բերել հին թերթերը ու քաղել անոնցմէ վկայութիւններ, լուսանկարներ,
բանաստեղծութիւններ, եւայլն, եւայլն։ Մենք նման արխիւ չունէինք մեր խմբագրատան մէջ։
Սակայն այս տողերը գրողը թուղթ ու թերթ հաւաքելու մոլի մըն էր (է՛ մինչեւ հիմա), եւ
թէ՛ Եգիպտոսէն հետը բերած »Յուսաբեր«ի կտրօնները, թէ՛ 1996-էն ի վեր Մոնթրէալ հաւաքած
իր նիւթերը՝ յանկարծ գոյութեան իմաստ մը պիտի ստանային ու փոխադրուելով »Հորիզոն«ի
դասաւորման դարակներու մէջ, մէկ օրէն միւսը թերթը պիտի օժտէին արխիւով մը, որ երկար
տարիներ օգտակար պիտի հանդիսանար։ Յետոյ արդէն »Հորիզոն« ինքն իր արխիւներն ու
գրադարանը պիտի ունենար, իսկ աւելի ետք համացանցը պիտի դառնար գլխաւոր աղբիւրը մեր
տեղեկահաւաքին։
Միւս հարցը աշխատակիցներ ճարելու խնդիրն էր։ Այո՛, Մոնթրէալ ու Թորոնթօ ունէինք
հայերէն գրել գիտցող ազգայիններ, որոնք կրնային թղթակցութիւններ գրել, երբեմն նաեւ
յօդուածներ ստորագրել, սակայն եթէ պիտի չբաւականանայինք արտատպումներով, հարկ էր
թէ՛ մշակել տեղական ուժերը, քաջալերե՛լ որ աւելի վերլուծական գրութիւններ սկսին
պատրաստել, եւ թէ՛ ալ մեր ցանցը բանալ համայն հայութեան առջեւ, թերթին որակով ու
տեսքով հրապուրել Սփիւռքի լաւագոյն մտաւորականները, որ աշխատակցին մեզի։ Այդ ընելու
ձեւերէն մէկը, անձնական կապերէն ու նամակներու հետեւողական տարափէն անդին, կլոր
սեղաններու կազմակերպումը պիտի ըլլար. »անիրական« կլոր սեղաններ, օրուան հրատապ
հարցերուն շուրջ, հրաւիրելով գրողներ, հրապարակագիրներ՝ բոլո՛ր հատուածներէն, գրաւոր
կերպով իրենց լուման բերելու հաւաքական մտածումներու զարգացման մեր այս գանձանակին։
Լուրերու հաւաքումն ալ ուրիշ հարց։ Նիւթական նեղ միջոցներով, տակաւին
համացանցային յարմարութիւններէ զուրկ (տարիներ ետք պիտի ստեղծուէին ատոնք), սկիզբը
կախում պիտի ունենայինք միայն մեր ստացած մամուլէն՝ Սփիւռքի ու Հայրենիքի լուրերը
տալու համար )»Հայրենիք-Սփիւռք« վերտառութիւնը տուեր էինք մեր կարճ լուրերու էջին, որ
յետոյ իր տեղը զիջեցաւ »Երկիր-Արտերկիր« վերտառութեան, որ ինքն ալ տարածուեցաւ նաեւ
լրատուական մեր բոլոր էջերուն վրայ(։ Աւելի ուշ պիտի օգտուէինք »Յառաջ«ի հեռագրական
կապէն Երեւանի հետ, որով լուրեր կը ստանար Փարիզի մեր պաշտօնակիցը, ու պիտի
կարենայինք աւելի արագ արձագանգել հայրենի լուրերուն, մինչեւ որ օգնական խմբագիրս՝
Կիրոն հեռաձայնային կապ պիտի հաստատէր հայաստանեան թերթերու հետ՝ օրը օրին
Արցախեան շարժման հետեւիլ կարենալու համար։ Այսօր արդէն ամեն կողմէ լուրերը
համացանցէն կու գան ողողել մեր թերթերը ու սեփական համակարգիչներն ու ձեռքի
»հեռախօս«ները )»հեռակարգիչնե՞րը« ըսենք, քանի որ ձեռաձայնելէ զատ ամեն տեսակ կապի
միջոց ալ են անոնք(։
Այդ ամենը, սակայն, ինչպէ՞ս պիտի տեղաւորէինք, բաշխէինք սկիզբը ութը վտիտ էջերէ
բաղկացած մեր թերթին մէջ։ Առաջին թիւը լոյս տեսնելէ տարի մը առաջ կազմուած
յանձնախումբը, ի միջի այլոց պիտի զբաղէր այս հարցով, ու ծրագրելու ճարտարապետական
»հմտութիւն«ս օգտակար պիտի ըլլար մեզի։ Կազմուեցաւ թերթին »մաքեթ«ը (»մանրօրինակ«ը
ճիշդ թարգմանութիւնը պիտի չըլլայ այս պարագային, քանի որ էջերու իսկական չափերը կը
գործածէինք, թերեւս պէտք է ըսենք »նախապատկեր«ը...), եւ նիւթերը, ինչպէս օրինակ՝
խմբագրական, առաջնորդող յօդուած, թղթակցութիւն, լուրեր, ազդեր, ծանուցումներ նկատի
առնուեցան այնտեղ՝ էջը վերածելով 24 քառակուսիներու, եւ ամեն ինչ զետեղելով
ամբողջական քառակուսիներէ բաղկացած տարածային միաւորներու մէջ, որպէսզի էջին տեսքն
ալ որոշ միօրինակութիւն ու միաժամանակ համակարգուած այլազանութիւն ունենար։ Որոշած
էինք, որ ծանուցումներն ու ազդերը, առեւտրական թէ միութենական, պիտի չգրաւէին թերթին
աւելի քան 25%-ը, այսպիսով 75%-ը վերապահելով բովանդակութեան։ Եւ մեր էջերը սկսան
աւելնալ՝ երբ հասութաբեր բաժինը սկսաւ ընդլայնիլ ի հեճուկս բովանդակութեան։ Բայց ութէն
տասներկուքի, տասնըվեցի կամ քսանի, քսանչորսի եւ այժմ արդէն յաճախ շատ աւելի էջերու
հասնիլը դիւրին չեղաւ, միշտ »առ եւ տուր« պիտի ըլլար խմբագրութեան եւ պատասխանատու
մարմնին՝ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին միջեւ։
Գ.
Յօդուածներ ստանալը մէկ բան էր, զանոնք հրատարակելի վիճակի մը հասցնելը՝ ուրիշ
բան։ Նոյնիսկ ամենէն անուանի գրողներու ուղղագրութիւնը, քերականութիւնն ու
կէտադրութիւնը պէտք էր սրբագրել, մանաւանդ ուշադիր պէտք էինք ըլլալ, որ թերթին
որդեգրած լեզուական միեւնոյն օրէնքերը պահպանուէին ամենուրեք։ Բայց աւելի մեծ
մարտահրաւէրը՝ լաւ հայերէն չգիտցող մեր թղթակիցներու լեզուն սրբագրել ու երբեմն ալ
տասնեակ էջերէ բաղկացած թղթակցութիւնը ամփոփել, ընդունելի սահմաններու մէջ բերելն էր,
որուն համար ալ կը վայելէինք գրողներու տեւական գանգատները...
Տակաւին կար աբեղեանական գրելաձեւէն դասականի վերածելու հարցը, որ լուծուած էր,
բարեբախտաբար, գրաշար Սօսիին հայերէն ուղղագրութեան քաջածանօթ ըլլալով։ Այսօր արդէն
գործիքը կ՚ընէ այդ փոխակերպումը, թէեւ միշտ ալ հսկող աչքի մը կարիքը կ՚ըլլայ...
Անշուշտ կրճատումները չէին միայն, որ դժգոհութիւն կը ստեղծէին։ Սիրելի
աշխատակիցներէս ոմանք կը յաւակնէին, որ այնքան կատարեալ էր իրենց գրածը, որ բառ մը
իսկ փոխելու կարիք չկար, եւ նման իրաւունք երբեք չէին տար խմբագրին։ Պէտք
է խոստովանիլ որ մեր լաւագոյն գրողներէն ոչ ոք նման յաւականութիւն կը տածէր իր գրածին
նկատմամբ, եւ անոնք շնորհակալութիւն ալ կը յայտնէին կատարուած սրբագրութիւններուն
համար։ Անշուշտ երբեմն ալ բառ մը, դարձուածք մը կամ նախադասութիւն մը հասկնալի չէին
ըլլար, ու պարտաւորուած էի ստուգել. եթէ խնդրոյ առարկայ գրողները Գանատա կամ
Միացեալ Նահանգներ կը բնակէին, հեռաձայնելը դժուար չէր, բայց երբեմն Եւրոպա կամ
Աւստրալիա պէտք է խօսէի, հարցը կը բարդանար։ Կը գտնե՞ս, չե՞ս գտներ դիմացինդ, ի՞նչ
ժամերու պիտի ջանաս բռնել զինք. թերթը յաջորդ օրը տպարան պիտի երթայ, պիտի հասնի՞ս
այդ մէկ բառը յստակացնելու։ Այսօր ել-նամակը, որքա՜ն դիւրացուցած է այս կապը։
Չեմ մոռնար մէկ դրուագ, երբ կուսակցական ընկերոջ մը գրած »ոտանաւոր«ը մերժեր
էի հրատարակել։ Եթէ բոլոր նման մերժուած գրութիւնները պահուէին, այսօր հատորներով լոյս
կրնային ընծայուիլ անոնք՝ որպէս »մարգարիտ«ներ։ Ուրեմն, ընկերական ընդհանուր ժողովի
մը աւարտին այդ ընկերը մօտեցաւ ինծի, գրեթէ յարձակեցաւ վրաս ու պոռաց երեսիս.
-Ասիկա քու թերթդ չէ, բոլորիս թերթն է, ամեն մարդ ուզածը կրնայ գրել...
Օձիքս հազիւ ազատեցի իր ձեռքէն: Բարեբախտաբար մարմինները նման
կեցուածք չունէին խմբագրին իրաւունքներուն նկատմամբ...
Մարմիններու պատճառած դժուարութիւնները տարբեր էին, եւ կը ծագէին հաւանաբար
այլ մտահոգութիւններէ, մանաւանդ հանրային այս կամ այն դէմքը չվիրաւորելու
բծախնդրութենէն, եւ որքան ալ անհաճոյ՝ այսուամենայնիւ տանելի էին ու չէին յաջողեր
կոտրել խմբագրին թափը։
Այդ թափը կը բխէր այն հասկացողութենէն, որ »Հորիզոն«ի նման թերթի մը
պատասխանատուն պիտի ըլլար ամեն տեղ, մասնակից՝ թէ՛ մարմնի ժողովին, թէ՛ իր
կուսակցական եւ միութենական ժողովներուն, թէ՛ թեմական կեանքի առնչուած ժողովներուն,
թէ՛ բոլոր ձեռնարկներուն՝ մեր կեդրոնէն ներս թէ դուրս, յաճախ նաեւ մեր շրջանակէն դո՛ւրս
կատարուող ձեռնարկներուն, անդրադառնար անոնց կամ մէկուն պարտականութիւն տար
անդրադառնալու, այցելէր հայ արուեստագէտներու ցուցահանդէսները, ներկայ ըլլար անոնց
ելոյթներուն եւ հարցազրոյցներ ընէր կամ ընել տար անոնց հետ, հետեւէր Սփիւռքի
թէ Հայաստանի մամուլին, արձագանգէր այնտեղ արծարծուող հարցերուն, հանդիպէր գաղութը
այցելող մտաւորականներուն, արուեստագէտներուն, գործիչներուն՝ իր ընթերցողներուն
ծանօթացնելու համար զիրենք, եւայլն, եւայլն։
Այդ թափը գանգատիլ պիտի տար ոմանց, որ թերթը... շատ Վրէժ-Արմէն կը հոտէր։
Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ գործակիցներս, որոնք ինծի հետ շաբաթական հեւքը
կ՚ապրէին, Կիրոյէն ու Սօսիէն զատ, Անոյշն ու Հայկը՝ որպէս խմբագրման օգնականներ,
նոյնպէս օգնական խմբագիր Վիգէնը՝ նեղ կացութիւններէ դուրս բերելու իր հնարքներով,
Վարուժը, որ թէ՛ գրաշարութիւն կը կատարէր, հին՝ այն առաջին ելեկտրոնիկ տողաշար
գործիքներուն վրայ, ուր նեղ պատուհանի մը մէջ շարած տողդ կ՜երեւէր միայն, եւ թէ՛
էջադրութիւն. իրմէ ետք՝ ողբացեալ Վարդգէսը, որ նոյնպէս ճաշակով ու բծախնդրութեամբ կը
կատարէր էջադրութիւնը, ու էջադրած ատեն վրէպներն ալ կը նկատէր եւ կը սրբագրէր նոյն
պահուն՝ տառ առ տառ կամ տող առ տող կտրել-փակցնելով սրբագրութիւնները։ Բոլորն ալ
իրենց ընտանեկան ու հասարակական պարտականութիւնները ունէին, սակայն ոչ ոք կը
զլանար յաւելեալ ժամեր աշխատելու՝ թերթը օրին տպարան հասցնելու համար։
Այդ տպարան ղրկելն ալ ուրիշ պատմութիւն։ Այն ատեն յատուկ, երկու էջի չափերով
հաստ թուղթերու վրայ կը կազմուէին թերթին էջերը, որոնց վրայ վերջին աչք մը կը նետէինք,
վերջին՝ երրորդ սրբագրութիւնները կը նշէինք բաց կապոյտ կաւճանման մատիտներով, ապա կը
գործադրուէին այդ սրբագրութիւնները. լուսանկարներու գրաւելիք տարածքները յստակ
գծուած կ՜ըլլային, իրենք՝ լուսանկարները կամ գծագրութիւնները կը թուագրուէին, բոլորը
խաւաքարտէ մեծ տուփի մը մէջ կը դրուէին, տուփը կ՜ամրացուէր փակցնելիք երիզով, հուսկ
մեր տղոցմէն մէկը կամ այլ ընկերներ իրենց ինքնաշարժով կը հասցնէին քաղաք՝ հեռագնայ
մարդատարներու կայարանը, ուրկէ մեր մինուճար թերթը կը մեկնէր դէպի հիւսիս՝ Վալ-տոր,
որովհետեւ ամենէն խնայողական տպագրութիւնը այդտեղ ճարած էինք։ Թերթը, տպուած,
կապոցներով կը հասնէր երկու օր ետք՝ տպարանի՞ թէ ճամբորդական ընկերութեան մասնաւոր
բեռնատարով։ Յետոյ պիտի ըլլար հասցէագրումը, որ դարձեալ Վարդգէսին ճիտին պարտքն էր։
Անկէ ետք ալ այդ բոլորը, քաղաքներու, թաղամասերու հասցէագրուած այլ կապոցներով կը
դրուէին նամակատարական մոխրագոյն մեծ տոպրակներուն մէջ ու կը տարուէին նամակատուն։
Եւ այսպէս՝ տարիներով, մինչեւ որ հետզհետէ աւելի արդիական միջոցներ սկսան կիրարկուիլ,
Մոնթրէալի մէջ յարմար տպարան գտնուեցաւ, առաքումը ելեկտրոնիկ դարձաւ, ու մէկ օր
արագ թերթը սկսաւ բաշխուիլ, այդ ալ՝ արդէն նախահասցէագրուած կապոցներով։
Այսօր վերջին վայրկեանին նկատուած սխալ մը կարելի է արագ սրբագրել՝ անգամ մը եւս
առաքելով խնդրոյ առարկայ էջը, մինչ ատենին, թերթը վերստին տպարան պիտի ղրկուէր նման
պարագաներու, ինչպէս եղաւ երբ առաջին էջին վրայ դաւաճան Դաւոյին նկարը լոյս տեսաւ
սխալմամբ՝ զայն ահաբեկած հերոս Տաճատ Թերլեմէզեանի նկարին փոխարէն...
Անմոռանալի օրեր ու տարիներ, որոնք հիմա պատմութեան անցած են՝ հաճոյքը թողած
որպէս յիշատակ, մոռացութեան գիրկը նետելով ամեն տառապանք...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2011-05-23, -30, 06-06 )1664-1666(