Յայտարարութիւն

Saturday, June 4, 2011

ՇԱՐԺԱՅԻ ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ՊՐՆ ՆՇԱՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆԻ ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ԽՕՍՔԸ ԴՊՐՈՑԻՆ ԵՐԵՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԻՆ

27 Մայիս 2011


Սրտի գոհունակութիւն է եւ պատիւ , որ սուրբ հաստատութեան մը ՝ դպրոցի մը , մեր դպրոցին երեսունամեայ յոբելենական հանդիսութեան բացումը կը կատարեմ այս բեմէն: Կը շնորհաւորեմ ձեզ բոլորդ եւ կը մաղթեմ որ անցնող 30 տարիներու յաջողութիւնը խթան հանդիսանայ նորանոր յաջողութեանց ու յառաջընթացի: Թող Աստուած իր իմաստութեամբ լիացնէ մեր յաջորդական ղեկավարները շարունակելու համար այն սրբազան գործը որ սկսաւ երեսուն տարիներ առաջ եւ զայն պահելու՝ մշտական բարելաւման ընթացքին մէջ:

Նախ ՝հակիրճ տեղեկութիւն 2010 2011 տարեշրջանի գործունէութեան մասին.


Աշակերտութեան թիւ՝ արձանագրուած 172 , կանոնաւոր կերպով դպրոց յաճախող՝ 164
Ուսուցչական կազմ ՝ 27 ներառեալ Տնօրէնը, օգնականները եւ օգնական պարուսոյցները: Նոր ուսուցիչներ՝ 4:

Ներկայութեան տոկոս՝
-Աշակերտութիւն՝ 85% - 2009-2010 տարեշրջանին՝ 83% : Տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին նպատակը եղած է միշտ այս տոկոսը տեսնել 90. Կարելի՞ է արդեօք այդ տոկոսին հասնիլ: Այո: Փաստօրէն 90 եւ 91% ներկայութիւն արձանագրած են Դ. Եւ Ե. դասարանները : Շնորհաւորելի արդիւնք:
- Ուսուցչական կազմի ներկայութիւն՝ 88% : Բացակայութեանց
90% ը ՝ ճամբորդութեանց պատճառաւ:
Դասաւանդութեան ժամեր՝ Ուրբաթ օր ժամը 10.15 – 13.30
Դասաւանդուած ՝ 31 Ուրբաթներ
Նիւթեր՝Հայերէն, Հայոց Պատմութիւն,Կրօն, Երգ: Մատենագրութեան դասեր դասաւանդուեցան Թ.Դասարանին, ոչ կանոնաւոր դրութեամբ :

Իրագործումներ

1. Ուղեգիծի Ճշդում

2010-2011 տարեշրջանին Վարժարանի Հոգաբարձութիւնն ու Տնօրէնութիւնը ուղեգիծ որդեգրեցին ՝ Հայեցի Դաստիարակութիւնը, , Կարգապահութիւնը , Ազգային ինքնութեան ամրապնդումը , Ընկերասիրութիւնը , Եկեղեցասիրութիւնը, Արտադասարանային ձեռնարկներու կազմակերպումը:

2. Պաշտօնական Նամակագրութիւն

Ծնողներուն եւ աշակերտութեան ուղարկուած՝ 20 նամակ, ուսուցիչներուն՝ 21 իսկ անհատներու եւ հաստատութիւններու ՝ 22:

3. Թ. Դասարանի Բացում

Ինչպէս որոշուած էր նախօրօք՝ Թ դասարանը բացուեցաւ եօթ աշակերտով , սակայն կանոնաւոր յաճախողներու թիւն էր 6: Դասագիրքեր՝ Անդաստան Ա. , AVCի Հայոց Պատմութիւն Արդի շրջան, Մատենագրութիւն :

4. Հանդիսութիւններ

Դպրոցը յատուկ հանդիսութեամբ նշած է Կաղանդի եւ Եղեռնի նահատակաց տօները:

5. Այլ ձեռնարկներ

- Ա. Տարեկան Պտոյտ , Ֆութպոլի եւ ՊասքէթՊոլի մրցաշարք, Ծնողական ժողով, Երկու շաբթուան ուսուցչական վերապատրաստութիւն Հոգաբարձութեան կողմէ հրաւիրուած Փրոֆ Կիւլամիրեանի կողմէ ,
Երգի ու պարի ուսուցման Արտադասարանային եռամսեայ ծրագիր եւ Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանի աշակերտներու արուեստի երեկոյ, Երեսնամեակի տօնակատարութեանց առիթով մանկական երգերու հանդէս մասնակցութեամբ Մակիի ,Արտասանական մրցում Ա էն Թ դասարաններու աշակերտներու մասնակցութեամբ:

- Բ. Այս տարեշրջանին աշակերտները ներկայ գտնուեցան երկշաբաթեայ պատարագներուն: Շնորհիւ Կիրակնօրեայ վարժարանի շնորհակալ աշխատանքին մեր երեխաները դիւրութեամբ կը հետեւին կարգ մը շարականներու եւ երգեցողութեանց: Տէր Հօր նախաձեռնութեամբ Գ էն Ը դասարանի տղաքը հերթով կարդացին ընթերցուածներ, կատարեցին մոմավարի , խաչ բռնղի, քշոցակիրի պաշտօնները:

- Գ. Անցեալ տարուան նման այս տարի ալ աշակերտութիւնը մասնակցեցաւ Արցախի ի նպաստ կատարուած Թելեթօնին : Հաւաքուեցաւմօտ $1300.

- Դ. Առ ի գնահատանք ուսուցչին՝ ուսուցիչներու տօնին առթիւ Հոգաբարձութիւնը ընթրիքի երեկոյ կազմակերպեց ի պատիւ ուսուցիչներուս: Կազմս բարձր կը գնահատէ հոգաբարձութեան տածած անընդմէջ հոգածութիւնը , զոր կը ցուցաբերէ ուսուցչական կազմին նկատմամբ :

- Ե. Ուսուցչական Հոգաբարձական խառն խմբակ մը կը զբաղի երեսունամեակի տարեգիրքի պտրաստութեամբ, որ մեկենասութեամբ Տէր եւ Տիկին Յարութ եւ Հայկան Օհաննէսեաններու պիտի լոյս տեսնէ Յունիսին եւ ցրուուի Սեպտեմբերին:

- Զ . Ուսուցչական յատուկ խմբակ մը զբաղեցաւ եւ կը շարունակէ զբաղիլ Օհաննէսեան Վարժարանէն երեսուն տարիներու շրջանաւարտ աշակերտները ի մի հաւաքելու դպրոցին շուրջ: Այս աշխատանքին նպատակն է օր մը կազմել վիրթիւալ շրջանաւարտներու միութիւն:

Յանուն տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին Շնորհակալութեան խօսք՝ Հոգաբարձութեան հաւաքաբար եւ անհատաբար ,մանաւանդ իր հոգատար ատենապետին , որ տնօրէնութեան հետ տարաւ ամէնօրեայ հետեւողական աշխատանք եւ կատարեց իր ցուցմունքները:Շնորհակալութիւն Ազգային Վարչութեան , Քահանայ Հօր , գործավարութեան, պահակներուն , Թաղական Խորհուրդին,Պրն Վիգէն Սեդրակեանին , որ չի զլանար ձրիաբար փուչիկներով զարդարել մեր սրահը երբ իրմէ խնդրուի, Տիարք Ճորճ եւ Նժդեհ Ղատիմիներու աշակերտութիւնը իրենց պարտէզներուն մէջ հիւրասիրելու համար, ՀՀ Կրթութեան նախարարութեան, Տիկիններ Ճիւլիէթա Կիւլամիրեանի եւ Ամալիա Քոչարեանի , AVCի տնօրէնութեան, Տէր եւ Տիկին Յարութ Օհաննէսեանի դպրոցին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած հետաքրքրութեան եւ տարեգիրքի մեկենասութեան համար . շնորհակալութիւն բոլոր նուիրատուներուն՝նախաճաշի մը փոխարէն , բոլոր ծնողներուն եւ աշակերտներուն, առանց որոնց գիտակցութեան եւ անվերապահ գործակցութեան՝ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելը դժուարին եւ տաղտկալի գործ կը դառնայ բոլորին:

Տնօրէնութիւնը սակայն յատուկ շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ունի ուսուցչական կազմին՝ իւրաքանչիւրին անհատաբար եւ բոլորին հաւաքաբար: Ընտանեկան մթնոլորտ տիրեց դպրոցին մէջ շնորհիւ մեր ուսուցիչներուն: Զիրենք միշտ միասնակամ տեսնելը, իրարու նկատմամբ ցուցաբերած անկեղծութիւնը, գործին նկատմամբ իրենց ունեցած հաւատքը այս հաստատութեան հիմքերը աւելի կը զօրացնեն եւ զայն կը պատրաստեն նոր նուաճումներու:

Անցնող տարեշրջանին Հոգաբարձութիւն Տնօրէնութիւն Ուսուցչական Կազմ երրեակը ունեցաւ սիրալիր յարաբերութիւն: «Միասին՝ մեր սերունդներուն համար» , այս եղաւ մեզ առաջնորդող լոզունգը:

Շնորհիւ ուսուցչական կազմի աչալուրջ հսկողութեան զգալիօրէն պակսած է , համարեա չքացած,օտար լեզուով իրարու հետ յարաբերող աշակերտներու թիւը:

Եզրակացութիւն.

Գնահատանքի չափանիշ դժուար է գտնել երեսուն տարի անընդհատ ՝կամաւորներու տարած գործունէութեան: Պատիւ, յարգանք եւ երախտագիտութիւն դպրոց բանալու միտքը յղացողներուն, հիմնադիրներուն , պատասխանատուներուն՝ բոլոր մակարդակներու վրայ, որոնք գուրգուրանքի առաջին առարկան դարձուցին դպրոցը իր ծնունդէն մինչեւ օրս . ծնողներուն, աշակերտներուն, որոնք անցան մեր գրասեղաններէն, ուսուցիչներուն, որոնք տրամադրեցին հազարաւոր ժամեր ի խնդիր մեր սերունդներու հայակերտման : Շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան անկեղծ խօսք անցեալի պաշտօնակիցներուս՝ Սաթիկ Գամպուրեանին, Փառէն Յովսէփեանին , Լորիկ Գաթրճեանին, Տաթեւ Սուլեանին բայց յատկապէս Վիգէն Գլընճեանին , որ 23 տարիներ շարունակ անտրտունջ «տէրտ»ը քաշեց բոլորիս...
Այսօր, սիրելի հայեր, երեսուն տարի ետք, գաղութը դարձած է հայահոծ եւ այլեւս չի բաւարարուիր միօրեայով միայն : Կեանքի պայմանները չեն այն ինչ էին այն լաւ օրերուն: Հեռաւորութիւնները չեն այն ինչ էին դեռ տաս տարի առաջ:Օտարամուտ հոսանքներ չորս ուղղութիւններէն կը փչեն , մէկ օրուան հայեցի դաստիարակութիւնը անբաւարար է : Ժամն է հասած մտածելու Միօրեայի կողքին ունենալու ամէնօրեան ՝ փրօֆէսիօնէլ դպրոցը, ուր կը տրուի հայակերտման ամէնօրեայ դաստիարակութիւն:
Այս առաջարկը պէտք է ընդունիլ հայ մօր, հայ ծնողքի սրտի խորքէն եկած անկեղծ աղերսանք:Վճռակամ ըլլանք, ինչպէս եղանք երեսուն տարի առաջ, խօսքը վերածենք գործի, տեսիլքն ալ իրականութեան ՝ ինչպէս ըրինք երեսուն տարի առաջ :
Որովհետեւ՝ գործը կը սկսի խօսքով իսկ իրականութիւնը՝տեսիլքով ու երազով:





«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝