Յայտարարութիւն

Sunday, June 12, 2011

Հաճոյքն ու տառապանքը - ԽՄԲԱԳԻՐԻ ՅՈՒՇԵՐ

ՈՍՏԱՅՆ
Հաճոյքն ու տառապանքը
Ա.
Հաճոյքն ու տառապանքը խմբագրին. ա՛յդ մասին է խօսքս: Արդարեւ մեծ է հաճոյքը, որ
խմբագիր մը կը ստանայ իր կատարած գործէն, կամ կրնա՛յ ստանալ, փոքր չէ նաեւ այն
տառապանքը, որուն կ՚ենթարկուի ան, կրնա՛յ ենթարկուիլ՝ երբ կը փորձէ խղճմտօրէն կատարել
իր գործը:
Չեմ գիտեր, թէ գրող մը կ՚անդրադառնա՞յ, թէ ի՛նչ կ՚անցնի կը դառնայ, երբ իր գրած
մէկ յօդուածը կամ մէկ գիրքը կը յանձնուի խմբագրի խնամքին: Գտնուելով երկու դիրքերուն
վրայ ալ - մանաւանդ իմ գրածներուս կապակցաբար - կրնամ անձա՛մբ վկայել այս մասին, եւ
իբր խմբագիր խօսելէ առաջ, կ՚ուզեմ իբր գրող փորձառութեանս մասին պատմել:
Չորս տարիէ ի վեր կ՚աշխատակցիմ ճարտարապետական պարբերաթերթի մը՝ անգլերէն
յօդուածներով: Խմբագիրը ճարտարապետ չէ, բայց խմբագի՛ր է, ու գրութեանս մէջ
միջամտութիւններ կ՚ընէ որպէսզի ոճս համահունչ դարձնէ պարբերաթերթի ոճին. նոյն միտքն է,
որ կ՚արտայայտէ, բայց տարբեր շարահիւսութեամբ կամ տարբեր բառեր գործածելով, երբեմն
երկար նախադասութիւն մը երկուքի վերածելով, կամ ալ ի հարկին դարձուածքային
սրբագրութիւն մը կատարելով: Ապա ինծի կը վերադարձնէ սրբագրուած գրութիւնը եւ
ինձմէ կը խնդրէ, որ ստուգեմ, որ ճիշդ մեկնաբանա՞ծ է ըսածս:
Ես ընդհանրապէս համաձայն կ՚ըլլամ իր փոփոխութիւններուն, սակայն կը պատահի
նաեւ, որ համաձայն չըլլամ, կամ վերադառնամ սկզբնական ձեւին, կամ նոր փոփոխութիւն մը
առաջարկեմ: Յօդուածը այսպէս կրնայ քանի մը անգամ երթալ-գալ մեր միջեւ, մինչեւ որ
վերջնական հրատարակելի պատկերը ստանայ: Վերջաւորութեան ես իրեն շնորհակալ կ՚ըլլամ իր
նուրբ ու խղճամիտ խմբագրութեան համար, ինք ինծի՝ յօդուածիս համար: Այսպէս՝ ամեն
անգամ:
Խմբագրելու »փորձառութիւն«ս շատ կանուխէն կու գայ: Կը չակերտեմ, որովհետեւ
յաւակնութիւն պիտի ըլլար իրապէս փորձառութիւն կոչել այն ինչ որ դպրոցը սորվեր եմ՝
աշակերտական թերթին »խմբագրութեան« մաս կազմելով: Բայց եւ այնպէս, Գահիրէի
Գալուստեան ազգային վարժարանի նախակրթարանի աւարտական Ե. կարգէն սկսեալ, մինչեւ
բարձրագոյն նախակրթարանի Ը. կարգէն շրջանաւարտ ըլլալս, մեր պաբերաթերթը՝ »Հունձք«ը
յատուկ տեղ գրաւեց կեանքիս մէջ եւ հոն սորվածս ինծի համար շատ օգտակար եղաւ.
օգտակար՝ մարդկային յարաբերութեանց տեսակէտէն: Ինչպէ՞ս վարուիլ աշխատակիցներուդ
հետ - եւ այդ պարագային՝ դասընկերներուդ ու մի քանի տարի վեր կամ վար դպրոցական միւս
ընկերներուդ հետ - առանց զանոնք վշտացնելու ու անոնց հետ այլապէս ունեցած ընկերական
ջերմ յարաբերութիւններդ նուազ ջերմ դառնալու վտանգին ենթարկելու, մանաւանդ առանց
անոնց նկատմամբ գերադասութեան զգացումներ սնուցելու... Ա՛յդ իմաստով մեծ
առաւելութիւն մը ունեցած եմ ապրելով այդ տարիներու փորձառութիւնը, առանց մտքէս
անցնելու, որ յետոյ »Հորիզոն«ին պիտի առնչուիմ: Ու վայելած եմ հաճոյքը տեսնելու իմ
խմբագրութեամբ, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել իմ ալ, (թեկուզ գլխաւորաբա՛ր իմ)
մասնակցութեամբ խմբագրուած թերթին լոյս տեսնելը ու գնահատուիլը:
Խմբագրական աշխատանքս պիտի շարունակուէր »Յուսաբեր«ի մէջ, երբ քանի մը տարի
երիտասարդութեան էջ մը պիտի յատկացուէր այնտեղ, եւ Լեւոնին ու Անդրանիկին հետ զայն
պիտի խմբագրէինք շաբաթէ շաբաթ:
Այս ասպարէզէն ներս սակայն դասերս պիտի սորվէի առաւելաբար այն ատեն, երբ
թերթին խմբագիրները ի՛մ գրածներս պիտի սրբագրէին, խմբագրէին: Պիտի նկատէի յատկապէս
երկու բան - աւելորդ բառերու ջնջումը ու կէտադրական բարեփոխումները: Գլխաւոր
ուսուցիչս՝ Բենիամին Թաշեանը:
Տարիներ ետք էր, սակայն, որ դէպքերու բերումով »Հորիզոն«ը պիտի յանձնուէր իմ
հոգածութեան՝ շաբաթական ոչ թէ մէկ էջ, այլ սկիզբը ութ, հետզհետէ հասնելով տասնվեցի,
քսանի եւ աւելի էջերու: Հիմնադրութեան օրէն, անկէ ալ առաջ՝ նախապատրաստական շրջանէն
պիտի կապուէի այս թերթին, ու աւելի քան տասնամեակ մը շաբաթաթերթին, իսկ ամբողջ
քառորդ դար անոր գրական յաւելուածին խմբագրութիւնը կատարելու պատիւը պիտի
ունենայի:
Ի հարկէ հայ թերթի մը ու օտար թերթի մը խմբագիրը ըլլալը նոյն բանը չի նշանակեր...
մեր պարագային նոյն անձին կը վստահուին թէ՛ խմբագրապետի, թէ՛ խմբագրի, թէ՛
ձեռագիրներու սրբագրիչի, թէ՛ փորձերու սրբագրիչի, թէ՛ թղթակիցի, թէ՛ քարտուղարի, երբեմն
ալ նաեւ՝ վարչակա՛ն տնօրէնի պաշտօնները, առանց հարցնելու թէ մէկ հոգի ինչպէ՞ս կրնայ
այս բոլորը ընել ու տակաւին (իմ պարագայիս) նաեւ իր բո՛ւն ասպարէզին (դարձեալ իմ
պարագայիս՝ ճարտարապետութեան) ծառայել օրուան գործի ժամերուն:
Բայց ամեն բան կարելի կ՚ըլլայ երբ ըրածդ կը սիրես...
Քիչեր կը պատկերացնեն թէ ճիշդ ի՛նչ կ՚ընէ հայ թերթի խմբագիրը:
Կ՚արժէ խօսիլ այն հաճոյքին ու տառապանքին մասին, որ իմս եղան կեանքիս ամենէն
բեղուն մէկ ժամանակաշրջանին, լեցուցին էութիւնս, յաւելեա՛լ իմաստ տուին ապրած օրերուս:
Բ.
Նոր ճամբայ ելլող թերթի մը համար, որ »Հորիզոն«ն էր, առաջին խնդիրներէն մէկը
օգտագործելի արխիւ ունենալն էր։ Այսինքն՝ գրադարան, ուր կարելի ըլլար գտնել մեզ
հետաքրքրող հարցերու վերաբերեալ անհրաժեշտ նիւթերը. օրինակ՝ ենթադրենք եթէ Մայիս 28-
ի նուիրուելիք թիւ մը պիտի հրապարակէինք (եւ 1979-ի մայիս 28-ին լոյս կը տեսնէր
»Հորիզոն«ի առաջին համարը), ուրկէ՞ պիտի գտնէինք յարմար գրութիւններ, մեր եւ մեր
աշխատակիցներուն կողմէ գրուած յօդուածներու կողքին՝ բովանդակութիւնը ճոխացնելու
համար։ Արդէն երկար ատեն գոյութիւն ունեցող թերթերը կրնային բանալ իրենց գզրոցները,
մէջտեղ բերել հին թերթերը ու քաղել անոնցմէ վկայութիւններ, լուսանկարներ,
բանաստեղծութիւններ, եւայլն, եւայլն։ Մենք նման արխիւ չունէինք մեր խմբագրատան մէջ։
Սակայն այս տողերը գրողը թուղթ ու թերթ հաւաքելու մոլի մըն էր (է՛ մինչեւ հիմա), եւ
թէ՛ Եգիպտոսէն հետը բերած »Յուսաբեր«ի կտրօնները, թէ՛ 1996-էն ի վեր Մոնթրէալ հաւաքած
իր նիւթերը՝ յանկարծ գոյութեան իմաստ մը պիտի ստանային ու փոխադրուելով »Հորիզոն«ի
դասաւորման դարակներու մէջ, մէկ օրէն միւսը թերթը պիտի օժտէին արխիւով մը, որ երկար
տարիներ օգտակար պիտի հանդիսանար։ Յետոյ արդէն »Հորիզոն« ինքն իր արխիւներն ու
գրադարանը պիտի ունենար, իսկ աւելի ետք համացանցը պիտի դառնար գլխաւոր աղբիւրը մեր
տեղեկահաւաքին։
Միւս հարցը աշխատակիցներ ճարելու խնդիրն էր։ Այո՛, Մոնթրէալ ու Թորոնթօ ունէինք
հայերէն գրել գիտցող ազգայիններ, որոնք կրնային թղթակցութիւններ գրել, երբեմն նաեւ
յօդուածներ ստորագրել, սակայն եթէ պիտի չբաւականանայինք արտատպումներով, հարկ էր
թէ՛ մշակել տեղական ուժերը, քաջալերե՛լ որ աւելի վերլուծական գրութիւններ սկսին
պատրաստել, եւ թէ՛ ալ մեր ցանցը բանալ համայն հայութեան առջեւ, թերթին որակով ու
տեսքով հրապուրել Սփիւռքի լաւագոյն մտաւորականները, որ աշխատակցին մեզի։ Այդ ընելու
ձեւերէն մէկը, անձնական կապերէն ու նամակներու հետեւողական տարափէն անդին, կլոր
սեղաններու կազմակերպումը պիտի ըլլար. »անիրական« կլոր սեղաններ, օրուան հրատապ
հարցերուն շուրջ, հրաւիրելով գրողներ, հրապարակագիրներ՝ բոլո՛ր հատուածներէն, գրաւոր
կերպով իրենց լուման բերելու հաւաքական մտածումներու զարգացման մեր այս գանձանակին։
Լուրերու հաւաքումն ալ ուրիշ հարց։ Նիւթական նեղ միջոցներով, տակաւին
համացանցային յարմարութիւններէ զուրկ (տարիներ ետք պիտի ստեղծուէին ատոնք), սկիզբը
կախում պիտի ունենայինք միայն մեր ստացած մամուլէն՝ Սփիւռքի ու Հայրենիքի լուրերը
տալու համար )»Հայրենիք-Սփիւռք« վերտառութիւնը տուեր էինք մեր կարճ լուրերու էջին, որ
յետոյ իր տեղը զիջեցաւ »Երկիր-Արտերկիր« վերտառութեան, որ ինքն ալ տարածուեցաւ նաեւ
լրատուական մեր բոլոր էջերուն վրայ(։ Աւելի ուշ պիտի օգտուէինք »Յառաջ«ի հեռագրական
կապէն Երեւանի հետ, որով լուրեր կը ստանար Փարիզի մեր պաշտօնակիցը, ու պիտի
կարենայինք աւելի արագ արձագանգել հայրենի լուրերուն, մինչեւ որ օգնական խմբագիրս՝
Կիրոն հեռաձայնային կապ պիտի հաստատէր հայաստանեան թերթերու հետ՝ օրը օրին
Արցախեան շարժման հետեւիլ կարենալու համար։ Այսօր արդէն ամեն կողմէ լուրերը
համացանցէն կու գան ողողել մեր թերթերը ու սեփական համակարգիչներն ու ձեռքի
»հեռախօս«ները )»հեռակարգիչնե՞րը« ըսենք, քանի որ ձեռաձայնելէ զատ ամեն տեսակ կապի
միջոց ալ են անոնք(։
Այդ ամենը, սակայն, ինչպէ՞ս պիտի տեղաւորէինք, բաշխէինք սկիզբը ութը վտիտ էջերէ
բաղկացած մեր թերթին մէջ։ Առաջին թիւը լոյս տեսնելէ տարի մը առաջ կազմուած
յանձնախումբը, ի միջի այլոց պիտի զբաղէր այս հարցով, ու ծրագրելու ճարտարապետական
»հմտութիւն«ս օգտակար պիտի ըլլար մեզի։ Կազմուեցաւ թերթին »մաքեթ«ը (»մանրօրինակ«ը
ճիշդ թարգմանութիւնը պիտի չըլլայ այս պարագային, քանի որ էջերու իսկական չափերը կը
գործածէինք, թերեւս պէտք է ըսենք »նախապատկեր«ը...), եւ նիւթերը, ինչպէս օրինակ՝
խմբագրական, առաջնորդող յօդուած, թղթակցութիւն, լուրեր, ազդեր, ծանուցումներ նկատի
առնուեցան այնտեղ՝ էջը վերածելով 24 քառակուսիներու, եւ ամեն ինչ զետեղելով
ամբողջական քառակուսիներէ բաղկացած տարածային միաւորներու մէջ, որպէսզի էջին տեսքն
ալ որոշ միօրինակութիւն ու միաժամանակ համակարգուած այլազանութիւն ունենար։ Որոշած
էինք, որ ծանուցումներն ու ազդերը, առեւտրական թէ միութենական, պիտի չգրաւէին թերթին
աւելի քան 25%-ը, այսպիսով 75%-ը վերապահելով բովանդակութեան։ Եւ մեր էջերը սկսան
աւելնալ՝ երբ հասութաբեր բաժինը սկսաւ ընդլայնիլ ի հեճուկս բովանդակութեան։ Բայց ութէն
տասներկուքի, տասնըվեցի կամ քսանի, քսանչորսի եւ այժմ արդէն յաճախ շատ աւելի էջերու
հասնիլը դիւրին չեղաւ, միշտ »առ եւ տուր« պիտի ըլլար խմբագրութեան եւ պատասխանատու
մարմնին՝ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին միջեւ։
Գ.
Յօդուածներ ստանալը մէկ բան էր, զանոնք հրատարակելի վիճակի մը հասցնելը՝ ուրիշ
բան։ Նոյնիսկ ամենէն անուանի գրողներու ուղղագրութիւնը, քերականութիւնն ու
կէտադրութիւնը պէտք էր սրբագրել, մանաւանդ ուշադիր պէտք էինք ըլլալ, որ թերթին
որդեգրած լեզուական միեւնոյն օրէնքերը պահպանուէին ամենուրեք։ Բայց աւելի մեծ
մարտահրաւէրը՝ լաւ հայերէն չգիտցող մեր թղթակիցներու լեզուն սրբագրել ու երբեմն ալ
տասնեակ էջերէ բաղկացած թղթակցութիւնը ամփոփել, ընդունելի սահմաններու մէջ բերելն էր,
որուն համար ալ կը վայելէինք գրողներու տեւական գանգատները...
Տակաւին կար աբեղեանական գրելաձեւէն դասականի վերածելու հարցը, որ լուծուած էր,
բարեբախտաբար, գրաշար Սօսիին հայերէն ուղղագրութեան քաջածանօթ ըլլալով։ Այսօր արդէն
գործիքը կ՚ընէ այդ փոխակերպումը, թէեւ միշտ ալ հսկող աչքի մը կարիքը կ՚ըլլայ...
Անշուշտ կրճատումները չէին միայն, որ դժգոհութիւն կը ստեղծէին։ Սիրելի
աշխատակիցներէս ոմանք կը յաւակնէին, որ այնքան կատարեալ էր իրենց գրածը, որ բառ մը
իսկ փոխելու կարիք չկար, եւ նման իրաւունք երբեք չէին տար խմբագրին։ Պէտք
է խոստովանիլ որ մեր լաւագոյն գրողներէն ոչ ոք նման յաւականութիւն կը տածէր իր գրածին
նկատմամբ, եւ անոնք շնորհակալութիւն ալ կը յայտնէին կատարուած սրբագրութիւններուն
համար։ Անշուշտ երբեմն ալ բառ մը, դարձուածք մը կամ նախադասութիւն մը հասկնալի չէին
ըլլար, ու պարտաւորուած էի ստուգել. եթէ խնդրոյ առարկայ գրողները Գանատա կամ
Միացեալ Նահանգներ կը բնակէին, հեռաձայնելը դժուար չէր, բայց երբեմն Եւրոպա կամ
Աւստրալիա պէտք է խօսէի, հարցը կը բարդանար։ Կը գտնե՞ս, չե՞ս գտներ դիմացինդ, ի՞նչ
ժամերու պիտի ջանաս բռնել զինք. թերթը յաջորդ օրը տպարան պիտի երթայ, պիտի հասնի՞ս
այդ մէկ բառը յստակացնելու։ Այսօր ել-նամակը, որքա՜ն դիւրացուցած է այս կապը։
Չեմ մոռնար մէկ դրուագ, երբ կուսակցական ընկերոջ մը գրած »ոտանաւոր«ը մերժեր
էի հրատարակել։ Եթէ բոլոր նման մերժուած գրութիւնները պահուէին, այսօր հատորներով լոյս
կրնային ընծայուիլ անոնք՝ որպէս »մարգարիտ«ներ։ Ուրեմն, ընկերական ընդհանուր ժողովի
մը աւարտին այդ ընկերը մօտեցաւ ինծի, գրեթէ յարձակեցաւ վրաս ու պոռաց երեսիս.
-Ասիկա քու թերթդ չէ, բոլորիս թերթն է, ամեն մարդ ուզածը կրնայ գրել...
Օձիքս հազիւ ազատեցի իր ձեռքէն: Բարեբախտաբար մարմինները նման
կեցուածք չունէին խմբագրին իրաւունքներուն նկատմամբ...
Մարմիններու պատճառած դժուարութիւնները տարբեր էին, եւ կը ծագէին հաւանաբար
այլ մտահոգութիւններէ, մանաւանդ հանրային այս կամ այն դէմքը չվիրաւորելու
բծախնդրութենէն, եւ որքան ալ անհաճոյ՝ այսուամենայնիւ տանելի էին ու չէին յաջողեր
կոտրել խմբագրին թափը։
Այդ թափը կը բխէր այն հասկացողութենէն, որ »Հորիզոն«ի նման թերթի մը
պատասխանատուն պիտի ըլլար ամեն տեղ, մասնակից՝ թէ՛ մարմնի ժողովին, թէ՛ իր
կուսակցական եւ միութենական ժողովներուն, թէ՛ թեմական կեանքի առնչուած ժողովներուն,
թէ՛ բոլոր ձեռնարկներուն՝ մեր կեդրոնէն ներս թէ դուրս, յաճախ նաեւ մեր շրջանակէն դո՛ւրս
կատարուող ձեռնարկներուն, անդրադառնար անոնց կամ մէկուն պարտականութիւն տար
անդրադառնալու, այցելէր հայ արուեստագէտներու ցուցահանդէսները, ներկայ ըլլար անոնց
ելոյթներուն եւ հարցազրոյցներ ընէր կամ ընել տար անոնց հետ, հետեւէր Սփիւռքի
թէ Հայաստանի մամուլին, արձագանգէր այնտեղ արծարծուող հարցերուն, հանդիպէր գաղութը
այցելող մտաւորականներուն, արուեստագէտներուն, գործիչներուն՝ իր ընթերցողներուն
ծանօթացնելու համար զիրենք, եւայլն, եւայլն։
Այդ թափը գանգատիլ պիտի տար ոմանց, որ թերթը... շատ Վրէժ-Արմէն կը հոտէր։
Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ գործակիցներս, որոնք ինծի հետ շաբաթական հեւքը
կ՚ապրէին, Կիրոյէն ու Սօսիէն զատ, Անոյշն ու Հայկը՝ որպէս խմբագրման օգնականներ,
նոյնպէս օգնական խմբագիր Վիգէնը՝ նեղ կացութիւններէ դուրս բերելու իր հնարքներով,
Վարուժը, որ թէ՛ գրաշարութիւն կը կատարէր, հին՝ այն առաջին ելեկտրոնիկ տողաշար
գործիքներուն վրայ, ուր նեղ պատուհանի մը մէջ շարած տողդ կ՜երեւէր միայն, եւ թէ՛
էջադրութիւն. իրմէ ետք՝ ողբացեալ Վարդգէսը, որ նոյնպէս ճաշակով ու բծախնդրութեամբ կը
կատարէր էջադրութիւնը, ու էջադրած ատեն վրէպներն ալ կը նկատէր եւ կը սրբագրէր նոյն
պահուն՝ տառ առ տառ կամ տող առ տող կտրել-փակցնելով սրբագրութիւնները։ Բոլորն ալ
իրենց ընտանեկան ու հասարակական պարտականութիւնները ունէին, սակայն ոչ ոք կը
զլանար յաւելեալ ժամեր աշխատելու՝ թերթը օրին տպարան հասցնելու համար։
Այդ տպարան ղրկելն ալ ուրիշ պատմութիւն։ Այն ատեն յատուկ, երկու էջի չափերով
հաստ թուղթերու վրայ կը կազմուէին թերթին էջերը, որոնց վրայ վերջին աչք մը կը նետէինք,
վերջին՝ երրորդ սրբագրութիւնները կը նշէինք բաց կապոյտ կաւճանման մատիտներով, ապա կը
գործադրուէին այդ սրբագրութիւնները. լուսանկարներու գրաւելիք տարածքները յստակ
գծուած կ՜ըլլային, իրենք՝ լուսանկարները կամ գծագրութիւնները կը թուագրուէին, բոլորը
խաւաքարտէ մեծ տուփի մը մէջ կը դրուէին, տուփը կ՜ամրացուէր փակցնելիք երիզով, հուսկ
մեր տղոցմէն մէկը կամ այլ ընկերներ իրենց ինքնաշարժով կը հասցնէին քաղաք՝ հեռագնայ
մարդատարներու կայարանը, ուրկէ մեր մինուճար թերթը կը մեկնէր դէպի հիւսիս՝ Վալ-տոր,
որովհետեւ ամենէն խնայողական տպագրութիւնը այդտեղ ճարած էինք։ Թերթը, տպուած,
կապոցներով կը հասնէր երկու օր ետք՝ տպարանի՞ թէ ճամբորդական ընկերութեան մասնաւոր
բեռնատարով։ Յետոյ պիտի ըլլար հասցէագրումը, որ դարձեալ Վարդգէսին ճիտին պարտքն էր։
Անկէ ետք ալ այդ բոլորը, քաղաքներու, թաղամասերու հասցէագրուած այլ կապոցներով կը
դրուէին նամակատարական մոխրագոյն մեծ տոպրակներուն մէջ ու կը տարուէին նամակատուն։
Եւ այսպէս՝ տարիներով, մինչեւ որ հետզհետէ աւելի արդիական միջոցներ սկսան կիրարկուիլ,
Մոնթրէալի մէջ յարմար տպարան գտնուեցաւ, առաքումը ելեկտրոնիկ դարձաւ, ու մէկ օր
արագ թերթը սկսաւ բաշխուիլ, այդ ալ՝ արդէն նախահասցէագրուած կապոցներով։
Այսօր վերջին վայրկեանին նկատուած սխալ մը կարելի է արագ սրբագրել՝ անգամ մը եւս
առաքելով խնդրոյ առարկայ էջը, մինչ ատենին, թերթը վերստին տպարան պիտի ղրկուէր նման
պարագաներու, ինչպէս եղաւ երբ առաջին էջին վրայ դաւաճան Դաւոյին նկարը լոյս տեսաւ
սխալմամբ՝ զայն ահաբեկած հերոս Տաճատ Թերլեմէզեանի նկարին փոխարէն...
Անմոռանալի օրեր ու տարիներ, որոնք հիմա պատմութեան անցած են՝ հաճոյքը թողած
որպէս յիշատակ, մոռացութեան գիրկը նետելով ամեն տառապանք...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2011-05-23, -30, 06-06 )1664-1666(

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝