Յայտարարութիւն

Sunday, June 19, 2011

Մօր կարօտը - Պատմուածք



Տղան հազիւ տասնը մէկ տարեկան էր, երբ հայրը զինք իր դիմացը առաւ եւ հարցուց:

-Տղաս, կ'ուզե՞ս որ քեզի քու այդ շատ ուզած խաղալիքդ առնեմ թէ քեզ արտասահման գիշերօթիկ դպրոց ղրկեմ:

Հայրը իր տղուն այս հարցումը ուղղած ժամանակ վստահ էր թէ տղան խաղալիքը պիտի ուզէր: Ո՞ր երեխան կրնար ուզել հեռանալ իր տունէն,հօրմէն, մօրմէն եւ երթալ արտասահման ու տարիներով ուսանիլ գիշերօթիկ դպրոցի մը մէջ:Հարկաւ թէ տղան խաղալիքը պիտի նախընտրէր եւ հայրն ալ ազգականներուն պիտի ըսէր որ երեխան երթալ չուզեր, ուստի կարելի չէր ստիպել:Այսպէսով հայրն ալ պիտի ազատէր, իր միակ որդին հազարաւոր քիլոմեթր հեռու ղրկելէն ու տարիներով հեռու իյնալէն իր միակ ու հարազատ որդիէն:Բայց հայրը կը սխալէր, տղան առանց պահ մ՜ իսկ մտածելու պատասխանեց:

-Ինծի արտասահման գիշերօթիկ դպրոց ղրկէ’ :

Տղան այլեւս ձանձրացած ընտանեկան վիճաբանութիւններէն , կռիւներէն երթալ ու հեռանալ կ 'ուզէր այս բոլորէն, ձգելով բոլոր դժբախտութիւնները իր ետին:Ի՞նչ էր իր յանցանքը, ինչու՞ ինք ստիպուած ըլլար ընտանեկան խռովութիւններու մէջը մնալու ու մասնակից ըլլալու իրմէ անկախ եղող անհամաձայնութիւններու առթած տառապանքին:Հեռու երկիր կ'ուզէր երթալ:Հեռանալ ու մոռնալ ամէն բան ու ամէն մարդ:Մայր, հայր, ընտանիք, ազգականներ՝ խերն էր անիծեր բոլորին:

Եւ այդպէս ալ եղաւ, տղան գնաց հեռուները:Առաջի շաբաթը տղան իր մօրը հետ գացած էր որպէսզի տեղաւորուէր գիշերօթիկ վարժարան:Վերջին օրը, մօրը մեկնումէն առաջ, միասին սրճարան մը նստած էին:Մայրը գաւաթ մը թէյ, ինքն ալ պտուղի ջուր խմած էր:Առաջին անգամ ըլլալով հոն ծանօթացած էր <<անանաս>> ի ջուրին հետ ու շատ հաւնած զայն:Մայրն ալ մօտակայ նպարավաճառէ մը շիշ մը անանասի ջուր առած էր տղուն:Յետոյ միասին գացած էին դպրոց եւ մուտքի դրան առջեւ բաժնուած էին իրարմէ:

Առաջին անգամն էր որ տղան գիշերօթիկ վարժարանին մեծ ու պատկառազդու դռնէն առանձին ներս կը մտնէր:Ներսը մութ էր ու խոնաւութիւն կը հոտէր:Գետնի հին ու մասամբ կոտրած քարերը, շէնքին բարձր ձեղունը ու խոնաւութենէ ապականած օդը մելամաղձոտ մթնոլորտ մը կը ստեղծէր:Իր առջեւ կը գտնուէին իրարու յաջորդող մութ նրբանցքներ, փակ ու հսկայ դռներ որոնցմէ պէտք էր անցներ որպէսզի երթար ու միանար միւս աշակերտներուն:Տղան սարսափած մնաց այս տեսարանին առջեւ ու առաջին անգամ ըլլալով վախ մը զգաց:Պահ մը մտածեց ետ դառնալ ու մօրը ետեւէն վազել բայց այլեւս շատ ուշ էր:Կար նաեւ արժանապատուութեան խնդիր մըն ալ որ կը զսպէր զինք:Իրեն հարցուցած էին եւ ինք անձամբ ուզած էր ձգել բոլորը ու հեռանալ, իսկ հիմա կարելի՞ էր միթէ զղջացած երեւնալ իր տուած որոշումին համար…:Տղայական արժանապատուութիւնը չէր արտօներ այդպիսի վարուելակերպ :Առաջին անգամ ըլլալով զգաց թէ այլեւս առանձին էր աշխարհիս վրայ ու սարսուռ մը զգաց:Յանկարծ յիշեց իր ձեռքին մէջ գտնուող շիշ մը անանասի ջուրը զօր իր մայրը առած էր իր մեկնելէն առաջ:Լաւ մը կուրծքին սեղմեց շիշը եւ արագ քայլերով անցաւ բոլոր նրբանցքներէն եւ դռներէն:Սանդուխներէն բարձրացաւ ու հասաւ ննջարան ու շիշը իր պահարանին մէջ տեղաւորելով դուռը կղպեց:

Երբ գիշեր եղաւ ու քնանալու գացին, իր մայրը չկար իր քով այլեւս որպէսզի զինք քնացնէր, վերմակը իր վրան գոցէր ու մայրական անոյշ ձայնով մը <<գիշեր բարի բալիկս >> ըսէր ու համբոյր մը դրոշմէր իր ճակտին:Իր սեփական ննջասենեակն ալ չունէր պառկելու համար, այլ կը գտնուէր մեծ ու ընդարձակ ննջարանի մը մէջ ուր կը պառկէին երեսունի մօտ աշակերտներ որոնցմէ ոչ մէկը կը ճանչնար, խօսած լեզունին անգամ լաւ չէր հասկնար:Մայրը իր քովը չէր այլեւս որպէսզի գաւաթ մը ջուր ուզէր իրմէ ինչպէս կ՜ընէր ամէն գիշեր : Բոլորովին առանձին էր այլեւս:

Սկսաւ խուճապի մատնուիլ, ու յիշեց ամիսներ առաջ իր հօրը իրեն ուղղած հարցումը. <<կ 'ուզե՞ս որ քեզի քու այդ շատ ուզած խաղալիքը առնեմ թէ քեզ արտասահման գիշերօթիկ դպրոց ղրկեմ>>:

Որքան պիտի ուզէր ժամանակը ետ կարենաԼ բերել: Տաքութիւն մը պատեց բոլոր մարմինը,կարծես անտեսանելի ձեռք մը իր կոկորդը կը սեղմէր, աչքերը սկսան արցունքոտիլ:Յանկարծ յիշեց շիշ մը անանասի ջուրը որ իր մայրը գնած էր իր մեկնելէն առաջ:Անկողինէն վար իջաւ, գնաց եւ բացաւ պահարանը, շիշը առաւ, կափարիչը բացաւ քանի մը ումպ խմեց:Յետոյ երկար շունչ մը քաշեց: Հիմա քիչ մը հանդարտած էր: Կափարիչը գոցեց, շիշը տեղը դրաւ ու գնաց պառկեցաւ:

Այդ օրուընէ վերջ, ամէն գիշեր երբ մայրը կարօտնար ու աչքերը արցունքով լեցուէին,կ'երթար շիշը կը բանար եւ ումպ մը կ'առնէր ու շիշին մէջի հոտը կը հոտուըտար: Ի վերջոյ շիշին մէջինը հատաւ:Տղան շիշը լաւ մը լուաց ու դարձեալ պահեց իր պահարանին մէջ:Գիշերները երբ իր մայրը կը կարօտնար, կ 'երթար շիշը կը բանար եւ մէջի հոտը կը հոտուըտար:Այն գիշերները որ կարօտը այլեւս անհանդուրժելի կը դառնար , շիշը անկողին կը տանէր ու անոր փաթթուելով կը քնանար:

Տարիները անցան,տղան մեծցաւ, շիշին կարիքը չէր զգար այլեւս, դպրոցը աւարտեց, ստացաւ իր վկայականը: Մեկնումի օրը հասած էր :Գնաց բացաւ պահարանը, հաւաքեց իր ապրանքները ու զանոնք տեղաւորեց ճամպրուկին մէջ:Յանկարծ նշմարեց որ սենեակին միւս ծայրը հազիւ տասնը մէկ տարեկան նորեկ աշակերտ մը, իր հասակէն աւելի մեծ պայուսակ մը իր ձեռքին արցունքոտ աչքերով կեցած էր պատին տակ: Անանասի պարապ շիշը դեռ կը գտնուէր պահարանին մէջ:Տղան առաւ շիշը, գնաց ու ծունկի եկաւ երեխային դիմացը եւ շիշը երեխային նուրբ ու պզտիկ ձեռքին մէջ դրաւ ու ըսաւ:

-Երբոր գիշերները մայրդ կարօտնաս, այս շիշը առ, բաց եւ մէջի հոտը խորունկ մը ներսդ քաշէ:Պիտի տեսնես որ քու մօրդ հոտը այս շիշին մէջը պիտի ըլլայ:

Յետոյ երեխան իր ճակտէն համբուրեց, պայուսակը առաւ ու դռնէն դուրս ելաւ:


Օշին Էլակէօզ

Պոլիս



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝