Յայտարարութիւն

Tuesday, June 28, 2011

«ԻՄ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԾԱՌԸ»

ՈՍՏԱՅՆ
«ԻՄ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԾԱՌԸ»
Վերնագիրը Արինը ի՛նքը դրաւ։
- Մեծ մամա, շաբաթ օրը կրնա՞մ ձեր տունը գալ աշխատիլ...
Հայերէնի դասը պէտք է ընէր։ Գիտէի, որ այդ մասին բանակցած էր արդէն մեծ մօրը
հետ, բայց օրը չէր որոշուած։ Առիթը այս շաբաթ պիտի ըլլար, ուրեմն, եւ արդարօրէ՛ն,
քանի որ քրոջը՝ Դալարին տարեդարձը պիտի տօնուէր, քիչ մը ժամանակէն կանուխ՝ ամրան
արձակուրդը չսկսած, որպէսզի դասընկերները հոս-հոս չցրուած կարենային գալ, ու ինք
այդ իրարանցումին մէջ չէր կրնար դասերը պատրաստել։

Արին կը սիրէ համակարգչիս վրայ աշխատիլ։ Ըսեմ՝ համակարգիչս երկար ատենէ ի վեր
կը սիրէր, քանի որ մեր քով ի՜նչ ինչ թեւածումներ կրնար ընել Համացանցին վրայ, ինչե՜ր
խաղալ կամ դիտել. այն ատեն իրենք տունը արտօնութիւն չունէին համակարգիչով
զուարճանալու։ Աղջիկս բաւական խիստ է թոռնիկներուս ուսման նկատմամբ...
Հիմա տարբեր է, մեծցած են, ունին իրենց պաստառները, ու... սահմանուած ժամերը։
Մեզի գալու միւս պատճառը, կռահեցիք, մեր օժանդակութիւնն էր, որ Արին կ'ակնկալէր,
իր հայերէնի դասը պատրաստելու ատեն։

Երկրորդականի Ա. կարգի այս աւարտական շաբաթներուն, պարոն Մհերը
պարտականութիւն տուած էր իր աշակերտներուն նկարագրել իրենց ընտանեկան ծառը։
- Լաւագոյն ձեւն է,- կը խոստովանէր ան օր մը ինծի,- անդրադառնալ տալու իրենց
ինքնութեան։ Ո՞վ են, ուրկէ՞ եկած են, ի՞նչ արմատներ ունին. թէ՛ լեզու կը սորվին,
թէ՛ հայոց պատմութիւն։ Լաւագոյն նիւթն է, որ կը գրաւէ իրենց ուշադրութիւնը։
Գացէ՛ք, կ'ըսեմ իրենց, հարցուցէք ձեր ծնողներուն, մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն,
աշխատցուցէք զիրենք...

Գործին այդ մասը Արին արդէն ըրած էր. մի քանի շաբաթէ ի վեր հարցափորձած էր
թէ մեզ եւ թէ հօրը ծնողները, բծախնդրօրէն արձանագրած էր անունները, ծննդեան
վայրերն ու թուականները, այլեւ ամուսնութեան ու Գանատա հասնելու թուականները։
Հիներու պարագային՝ նաեւ տարագրութեան մանրամասնութիւնները։ Մեծ թուղթի մը վրայ
գծած էր նաեւ ծառ մը, սկսելով մեծ հայրերու մեծ ծնողներէն, հասնելով մինչեւ իր ու քրոջ
սերունդը։ Այսինքն շուրջ 120-130 տարուան ժամանակաշրջան մը։
Պարի փորձէն ետք, մէկը քիչ անց, Արին եկաւ, առանց ժամանակ կորսնցնելու՝ մեզի հետ
սեղան նստաւ, պատառ մը բան նետեց բերանը ու անմիջապէս բարձրացաւ վեր՝
գրասենեակ ու տեղաւորուեցաւ համակարգիչին առջեւ։ 13 տարեկանին անշուշտ մեզմէ շատ
աւելի լաւ կը տիրապետէ գործիքի բոլոր գաղտնիքներուն։
- Պիտի օգնե՞ս ինծի, մեծ պապա։
- Պիտի օգնեմ, պիտի օգնեմ, մի՛ մտահոգուիր, դուն սկսէ, երբոր յոգնիս քիչ մըն ալ
ես կը շարեմ։
- Մեծ մամա՞ն ալ...
- Ինչո՞ւ ոչ, մեծ մաման ալ, կարեւորը դուն էջդ բանաս, վերնագիրդ որոշես, ոճդ
ճշդես, յետոյ աւելի կը դիւրանայ ամեն ինչ։
Եւ Արին բացաւ էջը, դրաւ վերնագիրը՝ »Իմ ընտանեկան ծառս«, գլխագրեց ու ընդգծեց
ալ։
- Արին, »ս«-ն կրնաս վերցնել եթէ »ի«-ն պահել կ'ուզես։
Առանց այլեւայլի »իմ«-ը պահեց, »ս«-ն վերցուց. կ'երեւի, մտածեցի, այս մասին բան մը
գիտէր արդէն։

Եւ սկսաւ մեծ հօրմէս՝ Գալուստ Արթինեանէն։ Անունը դրաւ իբր ենթախորագիր, ան ալ
գլխագրելով ու ընդգծելով։ Սկիզբը դանդաղ էր. որոշ տառերու տեղերը սորված էր,
մանաւանդ եթէ հայերէն ու լատիներէն համազօրները նոյն ստեղին կը համընկնէին. ուրիշ
տառերու պարագային քիչ մը ժամանակ պիտի առնէր, մինչեւ որ սորվէր։ Հաւանաբար իր
համակարգիչին վրայ մասամբ տարբեր շարուած են հայերէն տառերը. իմս ըստ դասական
տառադարձութեան է, որով »տ«-ը »t«-ին տեղն է, »դ«-ն »d«-ին, եւայլն։ Վարանումները
սակայն երկար չտեւեցին։

Իր բարակ ու փոքրիկ ցուցամատներով, տառ առ տառ շարել սկսաւ բառերը, տողերը։
»...Ծնած է 1890-ին Կիլիկիոյ Հաճըն քաղաքը։ Ան զինուոր եղած է Պէյրութ եւ յաճախած
է Ամերիկեան համալսարանը։ Վկայականը առնելուն պէս ան փախած է Եգիպտոս 1911-ին։
Ան ընտանիքը կորսնցուցած է 1894-1896-ի ջարդերուն«։
Գալուստէն անցաւ մեծ մօրս՝ Շաքէ Հոտլեանին, նոյնպէս գլխագրելով ու ընդգծելով, եւ
Հալէպէն զայն ալ բերաւ Եգիպտոս։ Ապա ամուսնացուց զիրենք ու ծնաւ հայրս՝ Երուանդը,
Աղեքսանդրիա։
Պահ մը կանգ առաւ. Արին նկատեց որ անունները իբրեւ ենթախորագիր գործածելը լաւ
գաղափար չէր։ Ամեն մէկուն մասին քանի մը տող գրելէն ետք, նաեւ ստիպուած էր
երկուքին մասին խօսելու, երբ կարգը ամուսնութեան կու գար, եւ երրորդ անուն մը
կ'աւելնար՝ նոր ծնող երեխան։ Ուստի, անուն մը, որ առաջին անգամ կը յիշուէր, գլխագիր
պահեց, առանց ընդգծումի, բայց նախադասութիւնները շարունակեց։

Ես կողքին նստած, պարզապէս երբեմն »ե«-ը »է«-ի, »է«-ն »ե«-ի վերածել կու տայի,
կամ »հ«-ին տեղը կը յուշէի )»f«-ին ստեղը(, եւայլն։ Բայց իր տեղը նստելու եւ շարելու
հարց չկար։ Հետզհետէ աւելի վարպետութեամբ, արագ սորվելով տառերուն ուր ըլլալը,
Արին կը շարունակէր մեքենագրել։
Հօրս ծնողներէն անցաւ մօրս հօր՝ Մեսրոպ Նորատունկեանին, ծնած Սեբաստիա, մօր՝
Վեհանոյշ Ստեփանեանին, ծնած՝ Կ. Պոլիս, յետոյ անոնց Աղեքսանդրիա ամուսնութեան,
Եղեռնի տարին, ու մօրս՝ Անահիտին ծնելուն։
Նոյն ձեւով Կեսարիայէն Եգիպտոս բերաւ Արշակ Պոհճէլեանն ու Եղիսաբէթ Ապաճեանը,
որոնց երրորդ զաւակը՝ Արշալոյսը ծնաւ Աղեքսանդրիա։ Նոյնպէս կեսարացի Պետրոս
Գուլաքեանի եւ Նազան Աբիկեանի զաւակը՝ Կարպիս պիտի հասնէր Եգիպտոս, յետոյ պիտի
ամուսնանար Արշալոյսին հետ, ու ծնէր Նազիկը՝ Արինին մեծ մայրը։

Այս ընթացքին ես յոգնեցայ, ելայ Արինին քովէն, տեղս կնոջս փոխանցելով, սակայն մեր
թոռնուհին առանց տրտունջի, ըրածէն ալ հաճոյք առնելով, կը շարունակէր մեքենագրել։
Անհամբեր՝ ան կ'ուզէր հասնիլ ի՛ր ծնունդին։ Սակայն ոչինչ պատահականութեան պիտի
ձգէր։ Ինչպէս հասած էր մեր ամուսնութեան ու մօր՝ Լորիին ծնունդին, նոյն ձեւով ալ պիտի
գար հօր՝ Թորոսին ծնունդին, անցնելով սեբաստացի Տիմիթեաններէն ու հաճընցի
Սեւակեաններէն, արձանագրելով անոնց ալ ծնողներուն եւ մեծ ծնողներուն վերապրումի
կամ նահատակութեան պատմութիւնները, Յունաստան ապաստանիլը եւայլն։
Յետոյ վերընթերցած ատեն շփոթի պիտի մատնուիմ.
- Կարծեմ հոս սխալ մը կայ, Արին,- պիտի մատնանշեմ, միեւնոյն Սրբուհի
Գարագաշեան անուան կրկնութիւնը նկատելով։
- Սխալ չէ, մեծ պապա, թէ՛ Անահիտ մեծ մաման, թէ Յակոբ մեծ պապան նոյն
անուն-մականունով մեծ մայրիկ մը ունէին...
Ի վերջոյ նշելով իր եւ քրոջ ալ ծնունդները, Արին պիտի վերջակէտ մը եւս դնէ ու վերջին
տողին վրայ արձանագրէ անունը, մականունը, կարգը եւ թուականը՝ Մայիս 28, 2011։
- Նայէ՛, լա՛ւ եղաւ այսօ՛ր գրեցի, Մայիս քսանո՛ւթն է...
Ասկէ աւելի լաւ նուէր չէր կրնար ընել Արին մեզի, բոլորիս՝ այդ պատմական օրուան
առթիւ։
Ոչ միայն այր ու կին վերյիշեցինք մեր գերդաստանի ամբողջ պատմութիւնը,
վերապրեցանք մեր հանդիպումն ու ամուսնութիւնը, մեր զաւակներուն ծնունդը, այլեւ ի՜նչ
բարդ պայմաններու մէջ մեր դպրոցին գոյառումը, ու անոնց հոն յաճախելն ու
անկէ շրջանաւարտութիւնը։
Եւ հիմա այդ բախտին արժանանալու հերթը ահա քանի մը տարիէն պիտի հասնի մեր
թոռնուհիներուն...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝