Յայտարարութիւն

Thursday, June 30, 2011

ԹԻՒՐՆ ՈՒ ԹԵՐԻՆ «Կատարեալ»ը... Բենիամին Թաշեան

1962 Սեպտեմբերին գրուած այս յօդուածին մէջ Բ. Թաշեան իր կարծիքն ու մտահոգութիւնը կը յայտնէ Մեսրոպեան ու Աբեղեան ուղղագրութեանց մասին: «Մեսրոպեան Աբեղեան» վէճը այսօր չէ ստեղծուած մեր երկու հատուածներէն ներս , հին վէճ է եւ 49 արի առաջ գրուած այս յօդուածը այժմէական է եւ պիտի մնայ այժմէական մինչեւ հասարակ յայտարարի մը գիւտը:
Նշանակ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«««»


Օտար մը , ֆրանսացի լեզուաբան Պրոֆ. Անթուան ՄԵյէ, կը գրէր ասկէ շուրջ երեսուն տարի առաջ.
«Յայտնի է, որ հայկական այբուբէնը գլուխ գործոց մըն է եւ պահպանուած է մինչեւ այսօր, առանց փոփոխութիւն մը կրելու, առանց բարելաւման պէտք ունենալու,վասնզի սկիզբէն իսկ ան կատարեալ էր»:
Սակայն հակառակ Մեյէի կարծիքին, այս «կատարեալ»ը անգամ մը «բարելաւուեցաւ» Հայաստանի մէջ, 1922ին (այբուբէնը չէր որ «բարելաւուեցաւ» անշուշտ, այլ «բարելաւուեցաւ» այդ այբուբէնով պայմանաւոր ուղղագրութիւնը):
Այս «բարելաւումին» հետ , անկէ քիչ մը առաջ կամ քիչ մը ետք, բոցաշունչ յեղափոխականներ առաջարկեցին լատինական այբուբէնով փոխանակել մեսրոպեան այբուբէնը:
Աւելի ուշ, խստօրէն պահպանողական ծերունի մը այն կարծիքը յայտնեց, թէ հայ մշակոյթը... միջազգայնականացնելու համար անհրաժեշտ է մեսրոպեան այբուբէնը թանգարան նետել եւ ընդունիլ լատինականը:Ծերունին կը մոռնար անշուշտ , թէ հայ մշակոյթը բան մը կ’արժէ ազգային ըլլալուն համար եւ թէ այլեւս արժէք պիտի չունենար , եթէ դադրէր ազգային ըլլալէ եւ դառնար միջազգային:

Նոյնն է պարագան նաեւ մեր այբուբէնին համար:Իր արժէքը անոր մէջ է մանաւանդ , որ օտարամուտ չէ , ընդօրինակութիւն չէ, փոխառութիւն չէ: Մենք ալ կը հաւատանք Հրաչեայ Աճառեանին պէս թէ «ՄԵՍՐՈՊ ԻՐ ԱՅԲՈՒԲԷՆԸ ԱՄԲՈՂՋՈՎԻՆ ԻՆՔ ՀՆԱՐԵՑ»:

Ինչպէ՞ս կ'ըլլայ , որ փոխառեալ այբուբէն ունեցող ժողովուրդները չեն իսկ մտածեր իրենց փոխ առածը ազգայնացնելու մասին, իսկ մենք կը մտածենք միջազգայնացնել մեր ստեղծագործութիւնը:

Վերջերս առիթ ունեցանք հետեւելու «մտքերի փոխանակութեան կարգով» դիսկուսիայի մը՝հայ լեզուի ուղղագրութեան մասին, «Հայկական ՍՍՌ լուսաւորութեան մինիստրութեան օրգան»ին՝ Սովետական Դպրոց թերթին մէջ:
Մանկավարժական գիտութիւններու թեկնածու Աւ.Ճուղուրեան, մասնակցելով դիսկուսիային , այն կարծիկը կը յայտնէ, թէ սովետահայ ուղղագրութիւնը արդէն կայունացած է ու ամրապնդուած եւ թէ կարելի է մասնակի որոշումներու մա սին խօսիլ միայն: Այս կը նշանակէ՞արդեօք, որ «Աբեղեան» կոչուած ուղղագրութիւնը քաղաքացիութեան իրաւունք ստացած է եւ կը նկատուի «կայունացած ու ամրապնդուած»: Եթէ այո է այս հարցումին պատասխանը , աւելորդ է մտքերու փոխանակութիւնը: Իսկ եթէ ոչ է պատասխանը, այդ պարագային կրնայ օգտակար համարուիլ թեր կամ դէմ յայտնուած որեւէ կարծիք:

Աւ. Ճուղուրեան կը գտնէ, որ եթէ մեր ուղղագրութեան մէջ կատարուելիք ուղղումներն ու լրացումները չեն աղաւաղեր մեր լեզուին ինքնութիւնն ու ինքնատպութիւնը, ապա ուրեմն կարելի է «խօսք բացել մասնակի ճշգրտումների մասին»: Մանկավարժական գիտութիւններու թեկնածուն կը կարծէ թերեւս , որ «Աբեղեան» ուղղագրութիւնը աղաւաղում մը չէ ինքնին եւ բնաւ չի վնասեր մեր լեզուին ինքնութեան:

Պարզ է , որ մեկնակէտը սխալ է, ուստի՝ սխալ պիտի ըլլայ նաեւ ժամկէտը:Երբ կամ եթէ ընդունուի , որ սովետահայ ուղղագրութիւնը կայունացած եւ ամրապնդուած է հաստատուն սկզբունքներու վրայ,նովին բանիւ ընդունուած կ'ըլլայ , որ մեր ուղղագրութեան հիմնադիրը Մեսրոպ Մաշտոցը չէ, այլ « Հայկական ՍՍՌ Լուսաւորութեան մինիստրութիւնն է»: Իսկ մենք կը կարծէինք թէ լեզուական եւ ուղղագրական հարցերու մէջ հարկատու ենք ոչ թէ հայ պետութեան այլ Սուրբ Մեսրոպին:

«Մենք հայրենիքն ենք , դուք սպիւռք էք: դուք պէտք է հետեւիք մեզի եւ ոչ թէ մենք՝ ձեզի», ըսեր է հայրենի գրագէտ մը Արտահայաստանի իր ունկընդիրներուն: Ամէն բանի մէջ մենք կրնանք հետեւիլ հայրենիքին, բայց լեզուի մէջ պիտի հետեւինք միայն եւ բացառաբար Օշականի անմահօրէն մահացեալ Սուրբին:

Որո՞նք են սակայն մասնակի ճշգրտումները , որոնց կ'ակնարկէ Ճուղուրեան, եւ որոնք իբր թէ չեն աղաւաղեր մեր լեզուին ինքնութիւնը:

Կարգ մը ընկերներ կ'առաջարկեն եղեր իբրեւ «կոյր աղիք» ջնջել բառամէջի եւ բառավերջի հօ գիրը եւ գրել նիրել,խորիլ,բա,մա, փոխանակ գրելու նիրհել, խորհիլ, բահ, մահ: ճուղուրեան ինքն իսկ «աղաւաղում» կը կոչէ այս...յօտումները:

Ինչի՞ կրնայ նմանիլ մեր լեզուն , երբ կամ եթէ տեղ մը հոն ջնջենք, տեղ մը յին: Տեղ մը վո գրենք, տեղ մը ո :

Ճուղուրեան կ'առաջարկէ գրել սարնիվեր,պատնիվեր,վերջիվերջոյ,մերթընդմերթ,մէջընդմէջ:Կրնա՞նք մենք ալ առաջարկել մեր կարգին, որ ասկէ ետք սկսինք գրել տեղնիտեղօք, երբեմներբեմն,փոխնիփոխ...

Մենք կը գրենք Եգէական ծով.Ճուղուրեան կ'առաջարկէ գրել Էգէյեան:հազար հինգ հարիւր տարուան Եգէականը մէկ կողմ նետենք եւ Էգէյե՞նը ընդունինք: Ասիկա եղաւ ճշգրտո՞ւմ: Եւ յանուն ինչի՞:Ո՞ր սուրբին ծառայած ըլլալու համար:

դարձեալ Ճուղուրեանն է որ կ'առաջարկէ.«Որպէսզի կասկածի չենթարկուի թանկ, թանկագին, թանկութիւն, թանկարժէք եւ նոյն արմատը ունեցող բառերի դրութիւնը, պէտք է թանգարան բառը նոյնպէս գրել կ ով (թանկարան)»: Բնաւ անպատեհութիւն չկայ: Միօրինակութիւնը պահելու եւ կասկածի տեղի չտալու համար կրնանք նոյնիսկ գիմերը վերցնել բառերուն մէջէն , առջեւէն ու ծայրէն, եւ տեղը կէն դնել: Այս ձեւով մեր ուղղագրութիւնը կը դառնայ իսկական թանապուր:

Նոյն Ճուղուրեանի կարծիքով՝ երկու ձայնաւորներու միջեւ յիի գործածութիւնը պէտք է ընդհանուր դարձնել եւ գրել կոմիտէյի, Հեղինէյի, գրէյի, նստէյի եւայլն: Նմանապէս գրել յա ՝ անձնանուններու մէջը եւ վերջը. Վիկտորյա,Զաքարյա,Եղյա,Սուքյաս,Մարյամ: Դարձեալ գրել ոսկյա,սենյակ,մատյան,ովկյանոս եւայլն:

Վաղը ուրիշ Ճուղուրեան մը, աւելի «բարելաւելու» համար մեր ուղղագրութիւնը, կրնայ թելադրել, որ սկսինք գրել կոմիտէեի,Հեղինէեի, նստէեի, կամ Վիկտորեայ, Զաքարեայ, Եղեայ, սենիակ, ոսկիայ,մատիան, եւայլն:

Նահապետ Ռուսինեանի «ուղղախօսութիւն»ը կամ Մինաս Չերազի «ընտրողական» աշխարաբարը աւելի տանելի էին, քան Ճուղուրեանի «մասնակի ուղղումներն ու ճշգրտումներ»ը:

Աբեղեանի ընդհանուր ուղղումներէն ետք, Ճուղուրեանի մասնակի ուղղումները ի վերջոյ կրնան միջազգայնացնել մեր լեզուն ալ, ուղղագրութիւնն ալ:

Լեզուի մէջ գիր մը փոխելը կեանքի մէջ մարդ մը սպաննելու պէս բան մըն է:
Ձեր ուղղումները ձեզի պահեցէք, ընկերներ,եւ վերադարձէք մեսրոպեան ուղղագրութեան: Երկու լեզու ունինք արդէն, չենք ուզեր երեք ուղղագրութիւն ունենալ...

1962 Սեպտեմբեր
Գահիրէ
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝