Յայտարարութիւն

Tuesday, June 14, 2011

Պատերու մասին - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Պատերու մասին
Պարիսպներ՝ հինէն ի վեր եղած են։
Նոյնիսկ Ադամը եւ Եւան դո՛ւրս դրուեցան դրախտէն, դուրս՝ այսինքն
պարիսպէ մը, պատէ մը, ցանկապատէ մը դուրս, ֆիզիքական եղած ըլլար ան
թէ հոգեկան...
Այս հարցի մերօրեայ երեւոյթներուն էր նուիրուած այն խորհրդաժողովը
(»Արգելքներ, պատեր եւ սահմաններ«), որ տեղի ունեցաւ 2011-ի մայիս 17-18-ին
Մոնթրէալի մէջ, եւ որուն կ՚անդրադառնար Le Devoir օրաթերթը նոյն օրերու իր
թիւերով։
Պատմութենէն ծանօթ է եւ մինչեւ օրս ալ զբօսաշրջիկներու
հետաքրքրութեան առարկան՝ Չինաստանի մեծ պատը, որ Ք.Ա. 3-րդ դարուն սկսեր
է կառուցուիլ երկիրը պաշտպանելու համար շրջակայ քոչուոր ժողովուրդներու
ներթափանցումին դէմ։
Ծանօթ է նաեւ Պերլինի պատը, որ նո՛յն ժողովուրդի հարազատ
զանգուածները իրարմէ բաժնելէ զատ նաեւ երկո՛ւ աշխարհներ՝ »Առաջին
աշխարհ«ը (դրամատիրական Արեւմուտքը) անջատեր էր »Երկրորդ աշխարհ«էն
(»ընկերվարական«, աւելի լաւ կ՚ըլլար ըսել »սոցիալիստակա՜ն« Արեւելքէն), եւ
որուն քանդումը խորհրդանիշն ու նախաքայլը հանդիսացաւ ամբողջ խորհրդային
համակարգի անկումին (եթէ չհաշուենք Հայաստանի երկրաշարժը եւ նախորդող
Արցախեան շարժումը)։
Կան ուրիշ պատեր, որոնք վերջին տարիներուն ուշադրութիւն գրաւեցին,
անոնք ալ հրեաներուն բարձրացուցած պատն է իրենց եւ պաղեստինցիներուն
միջեւ, եւ Արիզոնա նահանգի պատը՝ Մեքսիկայի սահմանին երկայնքին։
Բայց գիտէի՞ք, որ նման պատեր կառուցուած են ա՛յլ երկիրներու միջեւ ալ,
ինչպէս Հնդկաստանի եւ Պանկլատէշի, Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի,
Հնդկաստանի եւ Պիրմանիոյ միջեւ, եւ շուտով պիտի կանգնին Պուլկարիոյ եւ
Թուրքիոյ, Յունաստանի եւ Թուրքիոյ եւ այլ դրացի երկիրներու միջեւ։
Այս բոլորը նշան են քաղաքակրթութեան »յառաջդիմութեա՜ն«՝
մարդակային պատութեան արշալոյսէ՛ն ի վեր...
Դեռ կան ուրի՜շ պատեր, այս անգամ ոչ թէ տարբեր երկիրներու, այլ նոյն
երկրի, եւ նո՛յն քաղաքի տարբեր մասերուն միջեւ. այցելած էք չէ՞
»ցանկապատուած« համայնքներ, որոնց թաղամասին մուտքը պահակակէտի մը
հսկողութեան տակ կը գտնուի, ուր ամեն մարդ չի կրնար մտնել, ուր ներսը
ապրողներէն մէկուն կողմէ հրաւիրուած ըլլալու էք ու այդ կէտին՝ իր
արտօնութիւնը ստանալու էք՝ մուտք գործել կարենալու համար։ Ներսի
»օրինապահ« քաղաքացիները կը պաշտպանուին դուրսի »անօրինապահ«
քաղաքացիներէն՝ այդ պատին շնորհիւ։
Իսկ հապա այն պատերը, որոնք ապարանքներու շուրջ կը բարձրանան,
անոնց բնակիչները հեռու պահելով այլոց ծա՛կ աչքերէն... Ատենօք թագաւորներու
պալատները նման պարիսպներով կը շրջապատուէին, այսօր որքա՜ն արքաներ
կ՚ապրին...Երեւանի մէջ, կամ աշխարհի բոլոր քաղաքներուն։
Այդ բոլոր պատերը քարէ եւ աղիւսէ, երկաթէ եւ պեթոնէ են շինուած, բայց
կան այլ նիւթերով բարձրացած պատեր եւս, անիրական պատեր, որոնք աւելի
անանցանելի կրնան ըլլալ քան այդ իրական պատերը։
Պատեր՝ որոնք կը կանգնեցուին մարդոց միջեւ, մարդկային
խմբակցութիւններու միջեւ։ Հարո՛ւստ է մարդու պատմութիւնը նման
հոգեբանական պատերու առկայութեամբ, եւ դժուար չէ բանալ գիրքերը կամ
երթալ Համացանցի վրայ )որ... նոյնպէս պատերով կը պաշպանուի( եւ տեսնել ի՛նչ
նման պատեր քաշուած են նոյն հողամասին վրայ ապրող հաւաքականութիւններու
միջեւ, ատոնք ըլլան հայեր եւ թուրքեր, յոյներ եւ թուրքեր, քիւրտեր եւ թուրքեր,
պասքեր, գաթալաններ, թամիլներ, գնչուներ, սեւամորթներ, բնիկներ եւ տեղւոյն
մեծամասնութիւնները՝ այսպէս կոչուած յառաջացա՜ծ երկիրներու մէջ, կամ
կիները՝ Արեւելքի եւ Միջին Արեւելքի մէջ, եւայլն...
Ա՛լ աւելի ողբալին ներհամայնքային պատերը եղած են եւ ե՛ն տակաւին, ու
այս պարագային ես կրնամ խօսիլ մեր՝ հայերուս մասին, հայերս, որ ոչ միայն
ներկայիս, այլ մեր պատմութեան ամբողջ ընթացքին ալ Արեւելքի թէ Արեւմուտքի
հանդէպ մեր համակրանքներով թէ հակակրանքներով բաժնուած ենք
հատուածներու, յաճախ իրարու հանդէպ անողոք կերպով դիրքաւորուած
հատուածներու։ 20-րդ դարուն այդ հակադրութիւնները երբեմն հասած են այն
աստիճանի, որ հակառակորդ կողմերը, նոյնիսկ իրարու հարս կամ փեսայ չեն
տուած։ Մոնթեվիտեոյի երկու հայկական կեդրոնները, տարբեր կողմերու
պատկանող, իրարու կից, բայց պատով մը բաժնուած՝ այդ հոգեկան
բաժանուածութեան ֆիզիքական մարմնաւորումը եղած ըլլալու են, մինչ
Լիբանանի մէջ անցեալ դարու յիսունականներու վերջերուն պարզուած
եղբայրասպանութիւնը՝ ամենէն նողկալի, ամենէն տխուր պատկերացումը նոյն
երեւոյթին։
Վերջապէս պատեր կը բարձրանան նաեւ անհատներու միջեւ, եւ յաճախ
իրարու հարազատ անհատներու միջեւ՝ գաղափարակից ընկերներու, ընտանիքի
անդամներու, ծնողքի եւ զաւկի, քոյր-եղբօր միջեւ։ Սխալ խօսք մը, սխալ արարք
մը, եւ ահա արդէն իրարմէ կը գժտուին, իրարու հետ չեն խօսիր, երես-երեսի չեն
կրնար նայիլ։
Նման անհաճոյ յիշատակ մը դրոշմուած կը մնայ մտքիս մէջ. այդ՝
ընկերոջս, Վարուժին հետ պատահած միջադէպ մըն է. առիթով մը
Մխիթարեաններու հայերէնին մասին վերապահութիւն մը յայտնած ըլլալու եմ.
ինք, որ արդարօրէն հպա՛րտ մխիթարեանական մըն էր, վիրաւորուած էր, քանի որ
ուղղակի կամ գուցէ անուղղակի կերպով իր հայերէնի իմացութիւնն ալ իմ այդ
խօսքովս կասկածի տակ առնուած ըլլալու էր։ Գործակիցներ էինք, բայց այդ
օրերուն եթէ ակումբի միջանցքներուն մէջ դէմ-յանդիման գայինք՝ գլուխը անդին
կը դարձնէր արհամարհական ձեւով մը։ Ժամանակը եւ իմ կողմէս բազմաթիւ
փորձեր ի վերջոյ հարթեցին անհանդուրժելի այդ վիճակը, եւ հաւանաբար
ներողութիւն ալ խնդրեցի իրմէ՝ զինք վշտացուցած ըլլալուս համար։ Յետոյ,
մինչեւ իր անժամանակ մահը, շարունակուեցաւ մեր մտերմութիւնը։
Այո, երբեմն մէկ բառ մը բաւական կրնայ ըլլալ նման պատեր
բարձրացնելու կամ քանդելու համար...
Եւ ոչ միայն անհատներու միջեւ...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2011-06-13 )1667(
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝