Յայտարարութիւն

Saturday, July 30, 2011

Հայկական Առածներ - 20

Չարին չարիք հատուցանել՝ փոքրահոգի մարդու գործ է.

չարին բարիք հատուցանել՝ մեծահոգի մարդու գործ է:

Չարերը երգ չունին:

Չարը ածուխի պէս է, եթէ չ՛այրէ` կը սեւցնէ:

Չարին վերջը վատ է:

Չգիտնալը ամօթ չէ, չսորվիլը ամօթ է:

Չէր տեսել պատից կախ, տեսաւ ճակտից կախ:

Չ'ըսպաննուած արջին մորթը չեն կիսում:

Չկայ ամենալաւը՝ կայ աւելի լաւը:

Չկայ չարիք` առանց բարիք:

Չհաւնած քարդ գլուխ կը պատռէ:

Չորերուն հետ՝ թացերն ալ կը վառին:

Չուանին վրայ ալիւր կը փռէ:

Չունես փող, մտի՛ր հող:

Չուտողաց «մալը» ուտողաց հալալ:

Չցանած՝ հնձել ուզողին մէկը:

Պ

top of page

Պահուող կերպասին արժէքը կ՛աւելնայ:

Պառաւ ձին, ակօսը չի քանդի:

Պարզութեան մէջ գեղեցիկ:

Պարտքի գինի խմողը՝ երկու անգամ կը գինովնայ:

Պարտքի ուտողը՝ իր գրպանէն կ՛ուտէ:

Պզտիկ հարուածները մեծ կաղնիներ կը տապալեն:

Պիտի ծամեմ, բերա՞նդ դնեմ:

Պլպուլը իր տարտը կու լայ, ագռաւն «ղաղա» կ'անէ:

Պղտոր ջուրի մէջ ձուկ կ'որսայ:

Պտղատու ծառին քար չեն նետեր:

Պտուղին հասունը անուշ է, մարդուն՝ խակը:

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Friday, July 29, 2011

Երբ մեր ձայնը չե՛նք արժեւորեր

Մասնակցութեան պակասը,մասնակցելով պահանջելու իրաւունքի ձեռքբերման ըմբռնումը կը պակսի հայ հասարակութեան մօտ: Վրէժ Արմէնի յօդուածը, զուգահեռներ քաշելով, սեղմ բառերու մէջ շատ բան կ'ըսէ այդ մասին:
«Նշանակ»
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»««»«»«»«»«»«»«»«

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Երբ մեր ձայնը չե՛նք արժեւորեր...
Քաղաքական կեանքը մեզ այնքան ալ չի հետաքրքրեր, ատիկա
քաղաքագէտներուն գործն է, կ'ըսենք, ու կը դառնանք մեր գործին, մեր ընտանիքին, մեր
անմիջական մտմտուքներուն։
Այս հարցին է, որ կ'անդրադառնայ Le Devoir-ի 11-12 յունիս 2011-ի թիւին մէջ
Caroline L. Mineau՝ իր La vague orange expliquռe par Tocqueville յօդուածով։ Օրաթերթը ամիսը
անգամ մը կը դիմէ իմաստասիրութեան եւ պատմութեան դասախօսներու եւ այլ
մտաւորականներու, որպէսզի յետադարձ հայեացքով փորձեն բացատրել մեր ներկան,
այնտեղ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, անհասկանալի թուացող երեւոյթները, ու
մեզի մատուցեն այն չափորոշիչները որոնցմով կրնանք մեկնաբանել ու ընկալել մեր
այսօրը։

Մինօ, որ իմաստասիրութիւն կը դասաւանդէ Cռgep de Sainte-Foy մէջ, կը դիմէ ԺԹ.
դարու առաջին կիսուն ապրած ֆրանսացի գրող ու քաղաքական գործիչ Alexis de
Tocqueville-ի, որպէսզի մեկնաբանէ Գանատայի դաշնակցային վերջին ընտրութիւնները,
որոնք երրորդական դիրքէ մը պաշտօնական ընդդիմադիր կուսակցութեան վերածեցին
Jack Layton-ի ղեկավարած Նոր ժողովրդավար կուսակցութիւնը (New Democratic Party /
Nouveau parti dռmocratique).
Տը Թոքըվիլ այս մարզին մէջ հեղինակութիւն մը կրնայ նկատուիլ, քանի որ իր
կոթողական գործը կը հանդիսանայ »Ժողովրդավարութիւնը Ամերիկայի մէջ«՝
քաղաքական-ընկերաբանական վերլուծական երկը, որ գրի առած է Միացեալ Նահանգներ
այցելութենէ մը ետք։
Աւանդական կուսակցութիւններէն օձիք թօթուելով, քուէարկողները Քեպէգ
նահանգին մէջ իրենց քուէները կեդրոնացուցին Նոր ժողովրդավարներուն վրայ,
առինքնուելով ղեկավարին համակրելի անձնաւորութենէն, յաճախ անտեսելով նոյնիսկ,
թէ որո՛նք էին Գանատայի խորհրդարանին մէջ զիրենք ներկայացնելու յաւակնող
թեկնածուները, այդպիսով զգալի կերպով աւելցնելով այդ կուսակցութեան ընտրեալներու
թիւը ու անոր ապահովելով իր ներկայ դիրքը։ Այս հաստատումը անշուշտ արդար չէ այն
գաղափարախօսութեան հանդէպ, որ Նոր ժողովրդավարներունն է, եւ որ հիմնուած
է ընկերային արդարութեան )ընկերվարութեան( վրայ։ Արդար չէ նաեւ այն մեծ ճիգին
նկատմամբ, որ անոնք ի գործ դրին իրենց պատգամը ժողովրդային լայն զանգուածներուն
հասցնելու համար։ Վերջապէս արդար չէ նոյն այդ զանգուածներուն դատողութեան
նկատմամբ։
Կայ սակայն ճշմարտութեան բաժին մը Մինոյի արտայայտած մտահոգութեան ու
Տը Թոքըվիլի բանաձեւած մտքին մէջ։ Ի՞նչն է այդ ճշմարտութիւնը։ »Ժողովուրդը երբեք
ոչ ժամանակը ոչ ալ միջոցը կը գտնէ« ուսումնասիրելու համար, թէ ո՞վ է իր
ընտրաշրջանի թեկնածուն, ներկայ չի գտնուիր նախընտրական հաւաքներուն, չի
մասնակցիր թեկնածուներու ընտրութեան կամ նշանակման գործընթացին, որովհետեւ
սեփական գործերով տարուած է, հասարակական կեանքով չի հետաքրքրուիր, միայն
ընտրութենէ րնտրութիւն մէջտեղ կÿելլէ, այն ալ յաճախ բացակայութեան մեծ տոկոսով։
Մինօ դիտել կու տայ, որ Տը Թոքըվիլ այս երեւոյթը պիտի բացատրէր ընտրողներու
քաղաքական դաստիարակութեան պակասով։ Արդի ժողովրդավարութեան ամենէն
վտանգաւոր ազդեցութիւններէն մէկը այն է, կÿըսէ ան, որ իրենց սեփական կեանքը
վայելելու ցանկութեամբ գերուած, անոնք կեդրոնացած կառավարութեան մը կը վստահին
ամեն ինչով զբաղելու պարտականութիւնը, ու միայն պարբերաբար զայն տարբեր
անձերով փոխարինելու ազատութիւնը կը վերապահեն իրենք իրենց։ Սակայն, կÿաւելցնէ,
Տը Թոքըվիլ, այդ ազատութիւնը երեւութական է միայն, որովհետեւ մտաւորական այլ
կարողութիւններու նման, լաւ դատելու ընդունակութիւնն ալ պէտք է ի գործ դնել՝ զայն
կարենալ զարգացնելու համար, ինչ որ չÿիրականանար առանց հասարակական կեանքին
կանոնաւոր մասնակցութեան։ Քաշուելով այդ կեանքէն ու սեփական կեանքին վրայ
կեդրոնանալով, անոնք կը նեղցնեն իրենց հայեցադաշտը ու կÿօտարուին հաւաքական
մտահոգութիւններէն։ Սակայն, կը նշէ ան, »զգացումներն ու գաղափարները չեն
նորոգուիր, սիրտը չի մեծնար ու մարդկային միտքը չի զարգանար առանց մարդոց
փոխադարձ ազդեցութեան«, իսկ այդ ազդեցութիւնները կը կատարուին երբ մարդիկ
այլազան կազմակերպութիւններու մէջ - ատոնք ըլլան քաղաքական, համայնքային,
բարեսիրական թէ այլ խմբաւորումներ - քով քովի կու գան, տեսակէտներ կը
փոխանակեն, կը հակադրուին իրարու, իրենց եսասիրական ու անմիջական շահերէն ու
նպատակներէն անդին՝ հաւաքական ու հեռաւոր շահեր ու նպատակներ հետապնդելով։
Այդպիսով միայն մարդիկ կրնան իրենց քաղաքական դաստիարակութիւնը մշակել,
ու աւելի լաւ հասկնալ հասարակական խնդիրները։
Նոր ժողովրդավար կուսակցութեան անունով ընտրուած նորընծայ
երեսփոխաններու առկայութիւնը այսօր կրնայ սքանչելի առիթ մը հանդիսանալ, որ
քաղաքացիները մօտէն հետեւին անոնց գործունէութեան, հաշիւ պահանջեն, ու զգացնեն
իրենց ամենօրեայ ներկայութիւնը քաղաքական կեանքին մէջ, կ'աւելցնէ Մինօ։

Այս երեւոյթները ի հարկէ յատուկ չեն միայն Գանատայի։ Ինքզինք ժողովրդավար
դաւանող որեւէ ժամանակակից հասարակութիւն, այստեղ թէ այլուր, ներառեալ
Հայաստանի մէջ, նոյն դժուարութիւնները կը դիմագրաւէ, ու բացակայութիւնը չէ՛
լուծումը։
Երկրի մակարդակէն եթէ իջնենք մեր համայնքի մակարդակին, կացութիւնը
տարբեր չէ, ու չի կրնար ըլլալ։ Ըլլա՛յ մեր կուսակցական կեանքին մէջ, ըլլա՛յ թեմական
ու միութենական, մենք վարժուած ենք մեր ընտրութեամբ )նոյնիսկ առանց այդ
ընտրութեան իսկ մեր մասնակցած ըլլալուն( կազմուած վարչութիւններուն վստահելու
մեր բոլոր պահանջքներուն գործադրութիւնը, առանց մտածելու, որ մեր ամենօրեայ
ներկայութեամբ ու որոշումներ տուող ժողովներո՛ւն ներկայութեամբ է, որ կրնանք
ապահովել ժողովրդավարութիւնը մեր ալ առօրեային մէջ, այլեւ այդ որոշումներու
գործադրութեան աշխատանքներուն մասնակցելով է, որ կրնանք նաեւ կշռել անոնց
նպատակայարմարութիւնն ու գործադրելիութիւնը, ու ըստ այնմ ալ դատել գործող
մարմինները, եւ յաջորդիւ տալ աւելի ճիշդ որոշումներ։ Հաւաքական կեանքը
փոքրամասնութեան մը ոչ մենաշնորհն է, ոչ ալ միայն ի՛ր ճիտին պարտքը։
Դասը, որ քաղելու ենք մայիս երկուքի պետական ընտրութիւններէն՝ մեր ձայնը
արժեցնել գիտնալն է, ո՛ւր ալ որ ըլլայ, ի՛նչ մակարդակի վրայ ալ որ ըլլայ ատիկա։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2011-07-11 )1671(

Thursday, July 28, 2011

Հայկական Առածներ - 19

Ո՛չ շամփուրը այրի՝ ո՛չ ալ խորովածը:

Ո՛չ դաւ կը պակսի, ո՛չ ալ ինկող:

Ո՛չ կը մտնեմ կը լողամ, ո՛չ ալ կ'ելլեմ կը դողամ:

Ո՛չ հատիկ, ո՛չ զատիկ, խեւն է հագեր երկու շապիկ:

Ո՛չ շամփուրը այրի, ո՛չ ալ խորովածը:

Ո՛չ որոտում տեսած է, ո՛չ կայծակ:

Ո՛չ սատանին կը տեսնիմ, ո՛չ երեսը կը թքնիմ:

Ոսկէ սարին վրայ խոտ չի՛ բուսներ:

Ոսկին ցեխին մէջ ալ նետես՝ կը փայլի:

Ով ալարի, ո՛չ դալարի:

Ո՛վ էշ՝ ե՛ս փալան:

Ով մարդու մէջ չէ մտեր՝ խակ պտուղ է մի՛ ուտեր:

Ով որ կու տայ՝ ոսկի՛ քուռակ, ով որ չի տայ՝ բորոտ՛ քուռակ:

Ով որ ցանկայ ամէն ինչ շահիլ, ամէն ինչ կը կորսնցնէ:

Ոտքդ թող սահի , բայց լեզուդ՝ ո՛չ :

Ոտքը ծուռ է:

Ոտքերս կ'երթան, գլուխս չ'երթար:

Ոտքերը ծալ կ'երթայ:

Ոտքը ծուռ է:

Ոտքիդ տակը հաւկի՞թ կայ:

Որբը գողութեան գնաց, լուսինը առջի իրիկուընէ ելաւ:

Որդը ծառէն կ'ելլէ, ծառը կ'ուտէ :

Ուզածը ըսողը՝ չուզածը կը լսէ:

Ուզէ սակաւը բայց սակաւին լաւը:

Ուզողի մի երեսն ա սեւ, չտուողի` երկուսը:

Ուխտի երթալիք է:

Ուղիղ գծաքաշէն ծուռ գիծ չ՛ելլեր:

Ուղիղ պատը չի՛ փլիր:

Ուղտը իր կուզը չի տեսներ:

Ուղտը եթէ վիզը տեսնէ, դռնէն դուրս չ'ելլեր:

Ուղտին ըսեր են.- վիզդ ինչո՞ւ ծուռ է.- ո՞ր տեղս շիտակ է, որ վիզս ծուռ չըլլայ:

Ուղտը ձեր դուռին ալ ծունկի կ'ուգայ:

Ուղտի ականջին մէջ քնացած է:

Ուղտի նման ոխ պահել:

Ում բախտը ծռուեց, նրան ձին ախոռում էշ կը դառնայ:

Ուշ եկաւ Սասուն՝ շուտ եղաւ հասուն:

Ո՜ւշ եկուր , նուշ եկուր :

Ուտողը չի գիտեր՝ մանրողը գիտէ:

Ուրախ սիրտը՝ դեղի պէս օգտակար է:

Ուրիշին աչքը քեզի լոյս չի տար:

Ուրիշի ձեռքով կրակից շագանակ կը հանէ:

Ուրիշի ձին նստողը շուտ վար կ՛իջնէ:

Ուրիշին կը քարոզէ, ինքզինք կը լոլոզէ:

Ուրիղին հացին կարագ չեն քսի:

Ուրիշին ձախողածը դուն մի՛ փորձեր:

Ուրիշին ճրագ լոյս՝ մեզի կրակ:

Ուրիշին չուանով հոր չեն իջներ:

Ուրիշներին քո աչքով մի՛ չափիր:

Ուր կամք կայ, հոն ճանապարհ կայ:

Ուր հաց՝ հոն կաց:

Tuesday, July 26, 2011

Հայկական Առածներ - 18

Շատ աքլոր ունեցող գիւղին՝ առաւօտը շուտ կ'ըլլայ:

Շատ մի՛ սիրեր՝ ատել կայ. շատ մի՛ ատեր՝ սիրել կայ:

Շատ քայլողը աւելի բան գիտի, քան շատ ապրողը:

Շարունակ հաջող շունը, կը բերէ գայլն իր տունը:

Շահու աղբիւր կը դարձնէ:

Շան բախտը` ոտքերի տակ է:

Շան պէս կը խածնէ:

Շան պէս կը հաչէ:

Շան պոչը կտրելով՝ անմեղ գառնուկ չի դառնայ:

Շան պոչը քառասուն տարի մամուլի տակ դնես՝ նորէն չի շտկուիր:

Շատ ապրողը, շատ բան կը տեսնէ:

Շատ աքլոր ունեցող գիւղին՝ առաւօտը շուտ կ՛ըլլայ:

Շատ բան իմանաս՝ շուտ կը ծերանաս:

Շատին ետեւէն ինկողը, քիչն ալ կը կորսնցնէ:

Շատ խնդուքը արցունք է:

Շատ մի բարձրանար կը կախուիս, շատ մի խոնարհիր կը կոխուիս:

Շատ մի' գովեր, քիչ պարսաւէ':

Շատ մի խօսիր` գլխիդ կը գայ:

Շէն բնաւորութիւնը ազդու դեղ է:

Շիտակ խօսքը խենթէն ու պզտիկէն առ։

Շիտակ խօսքը` հանաքով կասեն:

Շիտակ պատը չի փլիր:

Շնորհք բանեցնել:

Շնորհքի տէր մարդ:

Շուն, գել՝ մերն են:

Շունը կաղալով չի սատկի:

Շունը կը հաչէ, կարաւանը կը քալէ:

Շունը շան միս չ'ուտեր:

Շունը՝ շան ոտը չի կոխի:

Շունը ոչխար չի ծնիր:

Շունը չեն ծեծեր, տէրը յարգելով:

Շունը տիրոջը չի ճանաչում:

Շունն է հաջեր, հովն է տարեր։

Շրջող աղուէսը, նիրհող առիւծէն լաւ է:

Sunday, July 24, 2011

Հայկական Առածներ - 17

Յանցանքը՝ եթէ սամոյրէ մուշտակ ըլլայ, մարդ վրան չ'առներ:

Յաջողութիւն մը որ ելք չ'ունի՝ ոչինչ է:

Յարգէ՛ որ յարգուի՛ս:

Յարգս հարկաւորաց, պատիւս արժանաւորաց:

Յարդը եթէ ուրիշին է, յարդանո՞ցն ալ ուրիշին է:

Յիմարին լեզուն իր վիզը կտրելու չափ երկար կ'ըլլայ:

Յիմարի սխալը, խելօքին` դա՛ս է:

Յիմար շրթունք ունեցողը կը կործանի:

Յիշէ շունը՝ պատրա՛ստ ըրէ գաւազանը:

Յոգնութեան անունը պտոյտ են դրեր:

Յոռացած ծառը անպտուղ կը լինի:

Յօնք շինած տեղը, աչք չեն հաներ:

Նախ քննէ անձը, յետոյ տուր գանձը:

Նախ քո այգին ջրի, յետոյ ուրիշինը:

Նապաստակը լեռնէն է քէնցեր, լեռը լուր չէ ունեցեր:

Նապաստակին՝ փախի՛ր, բարակին՝ բռնէ՛, կ'ըսէ:

Նիզակը պարկին մէջ չի ծածկուիր:

Նոյն ծաղիկէն օձը թոյն կը շինէ, մեղուն՝ մեղր:

Նոր աւելը լաւ կ՛աւլէ:

Նոր ծնանած կովը, շիտակ տուն կու գայ:

Նստած թախտին, կ'ըսպասէ բախտին:

Friday, July 22, 2011

Հայկական Առածներ - 16

Մեծ էշը դեռ ախոռն է:

Մեծի ասած, փոքրի լսած:

Մեծ կեր՝ մեծ մի խօսիր։

Մեծ մի խօսիր:

Մեծ չ'եղած տեղը՝ մեծ քար մը դիր:

Մեծցաւ՝ մեծ ցաւ:

Մեղրը շաքարէն անուշ է, քունն ալ մեղրէն ու շաքարէն:

Մեղրին հետ խաղցողը, մատը կը լզէ:

Մեղրի պէս քաղցր լեզու ունի:

Մեղքը լալով, պարտքը տալով:

Մէկ ականջով լսում է, միւսով ՝ դուրս է հանում:

Մէկ աղբիւրէ ջուր կը խմէ:

Մէկ աչք դառնալ:

Մէկ աչքը միւսին օգուտ չի տար:

Մէկ բարձի վրայ ծերանալ:

Մէկ եզով արօր չ'ըլլար:

Մէկը ամէնքին համար, ամէնքը՝ մէկին:

Մէկը լաւ ճանչնալու համար, անոր արմատները փնտռէ:

Մէկ ծաղիկով գարուն չի գար:

Մէկ կայ հազար կ'արժէ, հազար կայ մէկ կ'արժէ:

Մէկ ձեռքը միւսը կը լուայ, իսկ երկուսը՝ երես:

Մէկ ձեռքով ծափ չի զարնուիր:

Մէկ մարդ երկու տիրոջ չի կրնար ծառայել:

Մէկուն ծով, միւսին սով:

Մէկուն կերակուրը, երկուքն ալ անօթի թողուցեր է:

Մէկուն ձին եթէ չի սատկի, միւսին շունը չի կշտանար:

Մէկուն մօրուքը կը վառի, միւսը.-կեցիր տաքնամ կ՛ըսէ:

Մէկուն շեմը մաշեցնել:

Մէկ տանից չենք, մէկ հալից ենք:

Մէջերնին սեւ կատու անցաւ:

Միայն օձը օտարի ձեռքով կը բռնեն:

Մի ըլլար լոկ հացի ընկեր , եղիր նաեւ լացի ընկեր :

Մի' ըլլար ուրագի պէս մի'շտ դէպի քեզ - մի'շտ դէպի քեզ, այլ եղիր սղոցի պէս՝ մէ'յ մը դէպի քեզ, մէ'յ մը դէպի մեզ:

Մի ըսեր ամէն ինչ որ կ՛ընես, բայց ըրէ ամէն ինչ որ կ' ըսես:

Մի լումայ տուին որ խօսա, տաս լումայով չեն կարողանում ձայնը կտրել:

Մի՛ հաւատար այն լացին , որ օր չունի ժամ չունի :

Մի ձեռքով, երկու ձմերուկ չեն բռնի:

Մի մտներ այն բեռան տակ, որ չես կարող կրել:

Մի նենգելով լարեր ծուղակ, վերջը կ՛ըլլաս ծաղր ու ծանակ:

Մինչեւ առուն ջուր գայ, գորտին աչքը դուրս կ'ուգայ:

Մինչեւ խելօքը մտածէ, խենթը գործը տեսած է:

Մինչև կաշուիդ վրայ չ՛ըզգաս` չես հասկանայ:

Մինչեւ հաստը բարակնայ, բարակին հոգին կ'ելլէ:

Մինչեւ Շուշանը զարդարուի՝ ժամը կ՛արձակուի:

Մինչեւ ջուրը չպղտորուի, ձուկ չի բռնուի:

Մի' նստիր շուքն աղուէսին. թո'ղ առիւծը ուտէ քեզ:

Միսը ոսկորէն չի զատուիր:

Միսը քեզի, ոսկորը ինծի:

Միտքը ծուռ է:

Միրգն անուշ է ուտողին, գիրքը՝ ընթերցողին:

Մոյկին ջուր անցած չէ:

Մութ տեղը քար մի նետեր:

Մուկը ծակը չէր մտներ, ցախաւելն ալ պոչին կապեցին:

Մուկն իր դրանն առիւծ է:

Մուկ չեղած՝ չուան կը կտրէ:

Մտի՛կ ըրէ մեծի խրատ, որ չհասնի փորձանք վրադ:

Մրջիւնի հետ մրցումի մի՛ ելլեր:

Մօտիկ դրացիդ եղբօրմէդ մօտ է:

Մօրուց խենթ ըլլողին՝ սուրբ Սարգիսն ի'նչ անի:

Մօրուք չունիմ որ խօսքս լսուի:

Wednesday, July 20, 2011

Հայկական Առածներ - 15

Ճակատագրից չես փախչի:

Ճահճի յատակում, ասեղ է փնտռում:

Ճաղատ գլուխին ոսկիէ սանտր:

Ճամբան քալելով կը վերջանայ, պարտքը տալով:

Ճամբորդը՝ ճամբուն, որսորդը՝ որսին:

Ճամբորդութեան մէջ, լաւ բարեկամը երկար ճամբան կը կարճեցնէ:

Ճանապարհին հացը բեռ չէ , կեղծաւորին լացը սէր չէ :

Ճանճը բան չէ, բայց կերակուրը կը հարամէ:

Ճաշակովդ կեր, ուրիշին ճաշակով հագիր:

Ճաշ եփողը, ճաշին հետ էլ պիտի եփուի:

Ճառերով չեն վարագուրուիր իրականութիւնները:

Ճար կայ՝ ճար անող չկայ:

Ճարտարապետը իր սխալը կանաչապատում է, իսկ բժիշկը՝ թաղում:

Ճերմակ լումադ պահէ սեւ օրուան համար:

Ճնճղուկը չի հարցնում թէ ո՞ւր նստի:

Ճշմարտութիւնը գիտութիւններու արեւն է:

Մազը երկար, խելքը կարճ:

Մածուն ծախողը, իրա ապրանքին թթու չի ասի:

Մահը ահ կ'ուտայ, ահն ալ մահ:

Մահը մերն է, մենք մահինը, մարդու գործը միշդ անմահ:

Մաղը ծակ է:

Մաղովս անցուցի:

Մայր մը տասը զաւակ կերակրեր է, տասը զաւակ մէկ մայր չեն կրցեր կերակրել:

Մանուկը կը ձգէ քարը, մեծը չի կրնար վերցնել:

Մ'անցնիր ագահին կամուրջէն. թո'ղ հեղեղը տանի քեզ:

Մարգարէն իր գաւառին մէջ արժէք չունի:

Մարդը մարդէն չի վախնար, այլ իր արժանապատւութենէն:

Մարդ՝ մարդու խօսքին մտիկ կը տայ, Աստուած՝ սրտին:

Մարդը՝ մարդով է մարդ:

Մարդ իր աչքին գերանը չի տեսներ, ուրիշին աչքին փուշը կը տեսնէ:

Մարդ կայ՝ աշխարհն է շալակած տանում, մարդ կայ՝ ելեր է շալակն աշխարհի:

Մարդ կայ վարդ է, մարդ կայ յարդ է:

Մարդկութիւնը մարդից կ'ուզեն:

Մարդ հազար ուտող ունենայ՝ մէկ խօսող չունենայ:

Մարդ մարդու երեսը կը նայի, Աստուած մարդու սիրտը:

Մարդ՝ ուրիշին աչքին փուշը կը տեսնէ, իսկ ինքն իր աչքին գերանը չի տեսներ:

Մարդոցմէ աւելի գիշատիչ գազան չկայ:

Մարդու դէմքը` հոգու հայելին է:

Մարդու կուռծքին զարկեր են, «ա՜յ կռնակս» պոռացեր է:

Մարդու ո՛ր տեղը ցաւ է՝ հոգին ա՛յն տեղն է:

Մարդուս աչքը ափ մը հողը կը կշտացնէ:

Մարդուս աչքը ելլէ՝ քան անունը:

Մարդս իր տան ե՛ւ աղան է ե՛ւ ծառան:

Tuesday, July 19, 2011

Ճերմակը, Սեւը եւ Մոխրագոյնը ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

Կաշառակերութիւն եւ այլ ախտավարակ երեւոյթներ ընթացիկ են երկրագունտի որ անկիւնն ալ որ ըլլանք, բոլոր մակարդակներու վրայ: Վրէժ Արմէն անգամ մը եւս մատը վէրքին վրայ կը դնէ եւ Օ զարմանք,ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնէ թէ քաղաքակիրթ Գանատան ալ ինքզինք ինքնասրբագրումի պէտք է ենթարկէ: Զուգահեռ քաշելէ ետք Հայաստանի մէջ զարգացած եւ զարգացող յոռի բարքերուն հետ Վրէժ Արմէն կը զգուշացնէ մեզ որ կռնակ չդարձնենք Հայաստանին այս յոռի բարքերուն համար որոնք ձեւով մը անգիր օրէնք կը նկատուին մեր երկրին մէջ:
«Նշանակ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, երկու լուրեր լոյս տեսան Մոնթրէալի
մեծազդեցիկ օրաթերթին՝ Le Devoir-ի 25 մայիսի թիւին մէջ. երկու լուրեր՝ ցոյց տալով
նոյն երկրի երկու տարբեր երեսները, մէկը լուսաւոր, միւսը՝ մութ։ Եթէ երկուքը նոյն
ատեն հրատարակուած չըլլային, թերեւս այնքան աչքի պիտի չզարնէին, պիտի
կարդայինք ու անցնէինք։ Սակայն ընթերցողին ուշադրութեան միաժամանակ դրուիլը
անոնց յաւելեալ կարեւորութիւն մը ընծայեց ու առիթ տուաւ այս մտորումներուն։
Երկիրը, որուն կ'ակնարկուի՝ Գանատան է, կռահեցիք, իսկ լուրերէն մէկը կը
վերաբերի անոր գրաւած դիրքին՝ կեանքի որակի մակարդակի տեսակէտէն, եւ միւսը՝
փտածութեան, կաշառակերութեան դէմ պայքարին, որուն մէջ Գանատա շատ ետ մնացած
է։
Սկսինք առաջինէն։ Ըստ Տնտեսական համագործակցութեան ու զարգացման
կազմակերպութեան (ՏՀԶԿ - OCDE), նկատի առնելով 11 ազդակներ, որոնց կարգին՝
եկամուտը, առողջութիւնը, զբաղուածութիւնը )աշխատանքը(, բնակարանը, աշխատանքի
ու անձնական կեանքի հաշտեցումը, շրջակայ միջավայրը, կրթութիւնը, համայնքը,
ապահովութիւնը, կառավարումը, նոյնիսկ բարօր ըլլալու զգացումը, կազմակերպութեան
անդամ՝ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն 34 երկիրներուն մէջ Գանատա կը
գրաւէ երկրորդ տեղը, առաջին տեղը զիջելով Աւստրալիոյ։ Իրենց կը հետեւին, կարգով՝
Շուէտը, Նոր-Զելանտան, Նորվեկիան, Դանիան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները,
Զուիցերիան, Ֆինլանտան ու Հոլանտան։
Գանատան առաջնակարգ կամ միջինէն բարձր տեղ կը գրաւէ ընտանեկան
հարստութեան )27 000 ամ. տ.(՝ 2008-ի տուեալներով, երկրորդական ուսման վկայական
ունեցողներու համեմատութեան )չափահասներու 87%), ընթերցանութեան
չափօրինականացած քննութեանց արդիւնքներու )524՝ 600-ի վրայ(, զբաղուածութեան
)72%(, բնակարանային չափերու, ինքզինք առողջ զգացողներու թիւին եւ ի հարկին
կարիքի պարագային օգնութեան հասնող մէկը ունեցողներու թիւին տեսակէտէն։ Երկրի
տկար կէտերուն մաս կը կազմեն աշխատանքի յատկացուած աւելի շատ ժամերը եւ
դաշնակցային ընտրութիւններուն )2008-ի( մասնակցողներու ցած համեմատութիւնը։
Վերջին հաշուով, 2010-ին գանատացիներու 78%-ը գոհ եղած է իր կեանքէն, մինչ ՏՀԶԿ
-ը միջինը 59% կը հանդիսանայ։
Որքան ալ որ այս տարի իր հիմնադրութեան 50-ամեակը նշող ՏՀԶԿ-ը կը ջանայ
տարուէ տարի բաղդատութեան աւելի արդար չափանիշներ գործածել, ատով հանդերձ
իրականութիւններ կան որոնք վիճակագրութիւններուն մէջ չեն երեւիր։ Օրինակի համար,
Գանատայի, ինչպէս եւ Ֆինլանտայի ու Աւստրիոյ պարագային 90-ական թուականներու
կէսերէն ի վեր խրամատը կը լայննայ ունեւորներուն եւ չունեւորներուն միջեւ, ինչ որ
բարենիշ մը չէ այլապէս ինքզինք յառաջացած նկատող երկրի մը համար։
Կազմակերպութիւնը կը խոստանայ աւելի մանրամասն կերպով ուսումնասիրել նման
հարցերը։
Իսկ երկրի մը բարօրութեան առնչուած շատ այլ հարցեր տակաւին չեն ցոլանար
նման ուսումնասիրութիւններու մէջ, ու ամեն ինչ աւելի ճերմակ կը թուի )այս
պարագային(, իսկ աւելի սեւ՝ ուրիշներու պարագային, մինչդեռ իրականութիւնները
հաւանական են որ կը կրեն մոխրագոյնի բազմաթիւ երանգներ...
Իսկ ի՞նչ կը հաղորդէ երկրորդ լուրը։
Ըստ Միջազգային թափանցիկութիւն )ՄԹ, IT( կազմակերպութեան, Գանատա
տեղքայլ կ'ընէ փտածութեան կամ կաշառակերութեան դէմ պայքարին մէջ։ Ասիկա
համաշխարհային ախտ մը կը հանդիսանայ, որուն ընդհանուր ծախսը կը հասնի մէկ եռիլիոն ամ.
տոլարի։ Եօթներորդ տարին ըլլալով, ՄԹ Գանատան կը դասէ յետին կարգի վրայ, որ ոչինչ կամ
գրեթէ ոչինչ կ'ընէ յարգելու համար կաշառակերութեան դէմ օրէնքները՝ միջազգային առումով։
Գանատա միակ երկիրն է ծանօթ եօթնեակին )G7( որ այս աննախանձելի վիճակին մէջ կը
գտնուի։ ՏՀԶԿ-ի փտածութեան դէմ պայքարի համաձայնագիրը ստորագրած 37
երկիրներու մեծամասնութիւնը լրջութեան պակաս կը ցուցաբերէ այս ուղղութեամբ,
անոնց ղեկավարները յանձնառութիւն ցոյց չեն տար։ Կաշառակերութեան պատճառաւ
հանրային ոլորտի գործերու առնչուած պայմանագիրները 20-25% աւելի սուղի կը
նստին։ Միայն զարգացման ընթացքի մէջ գտնուող )տարբեր ձեւ մը ըսելու՝ յետամնա՛ց(
երկիրներու կառավարութեան անդամներու սեփական գրպանը մտնող կաշառքները 20-40
երկիլիոն ամ. տ.-ի կը հասնին։
Գանատայի թերացումը յատկապէս օտար երկիրներու ներկայացուցիչներուն կամ
միջնորդներուն տրուող կաշառքներն են՝ շահաբեր պայմանագիրներ ստորագրելու
համար։ Այս ողղութեամբ շատ քիչ թիւով դատական հետապնդումներ կը կատարուին, եւ
պատճառը, կ'ըսուի, տեղւոյն արդարադատութեան գործընթացներու բարդութիւններն են,
որոնք կը դժուարացնեն ապացոյցները բացայայտելու եւ դոյզն կասկածէ զերծ
ամբաստանութիւններ կատարելու գործը՝ »սպիտակ օձիք« պաշտօնէութեան նման
ոճիրներու պարագային։ Միւս դժուարութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ Գանատայի
արքայական ոստիկանութեան յատկացուող ամավարկերը հետզհետէ այնքան նուազեցան,
որ միայն 14 քննիչներ տրամադրելի են ամբողջ երկրի տարածքին՝ նման հետապնդումներ
կատարելու համար...
ՄԹ-ի կատարած այս բացայայտումները անշուշտ գանատական կառավարութեան
պատիւ չեն բերեր։
Այս բոլորը սակայն կարիք ունի՞ն միջազգային մարմիններու հաստատումներուն։
Արդեօք մարդիկ չե՞ն նկատեր ի՛նչ կ'անցնի կը դառնայ իրենց շուրջ։ Չե՞ն տեսներ այն
օրինախախտումները որ կը կատարուին բոլոր մակարդակներու վրայ, ու գրեթէ միշտ
ամենէն վարի յանցագործներէն կ'ըլլան բռնուողներն ու պատժուողները, մինչ
բարձրագոյն մակարդակի յանցագործները անարգել կը »վայելեն« իրենց գողութեան,
յափշտակութեան պտուղները, եւ իրենց ձեռքը պահելով իշխանութեան լծակները, իրենց
պատշաճող ամենէն նպաստաւոր պայմանները կը ստեղծեն ու կը շարունակեն »անձրեւ
ու արեւ« ընել ըստ իրենց կամքին։ Արդի դրամատիրական ընկերութեան գոյավիճակն
է այս, որուն դէմ պայքարելու անզօր կը մնայ կամ անզօր է տակաւին հասարակ
քաղաքացին։ Բայց արդէն կը մտնենք տարբեր ոլորտի մը մէջ, որ այս յօդուածի
սահմաններէն դուրս է։
Այստեղ միայն կ'ուզեմ յիշեցում մը ընել, որ եթէ այդ ախտը - կաշառակերութեան
մասին է խօսքը - տակաւին նաե՛ւ Հայաստան երկրին մէջ կարելի չըլլար արմատախիլ
ընել, մաքրել-սրբել, պատճառը չվերագրենք անպայման կամ միայն մարդկային
տկարութիւններուն, որոնցմէ բնականաբար զերծ չենք նաեւ մենք՝ հայերս, այլ նաեւ այն
համակարգին, կամ համակարգերուն՝ իրարու հակադիր, սակայն իրարու որքա՛ն նման,
որոնց մէջ ակամայ ներքաշուեցանք ամբողջ 70 տարի՝ վերանկախացումէն առաջ, եւ հիմա
արդէն ահա 20 տարիէ ի վեր՝ վերանկախացումէն ե՛տք։ Ու երես չդարձնենք մեր երկրէն,
ոչ ֆիզիքապէս, ոչ ալ մանաւանդ հոգեպէս...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2011-07-18 )1672(

Monday, July 18, 2011

Հայկական Առածներ - 14

Հզօր նաւը խորունկ ջուրեր կը փնտռէ:

Հին բարեկամը թշնամի չ'ըլլար:

Հինգ մատներդ միեւնոյնը չեն:

Հին չ'ունեցողը, նոր չ'ունենար:

Հիւրը սպասածը չ՛ուտեր, այլ՝ գտածը:

Հիւրին գալը իր ձեռքն է, երթալը իր ձեռքը չէ:

Հնարաւորին հասնում է նա՝ ով ձգտում է անհնարին:

Հոգին կ'ուտայ, գաղտնիք չի տար:

Հոգ չունեցող մէկը գտնուէր է, ան ալ շապիկ չէ ունեցեր:

Հոսող ջրից մի վախեցի՛ր, խաղաղ ջրից զգո՛յշ եղիր:

Հունէն դուրս գալ:

Հունի մէջ իյնալ:

Հպարտը մի օր կը մտնի պարկը:

Հօրը խոզանը կ'արածի:

Ձայն բազմաց ձայն Աստուծոյ:

Ձայն բառբառոյ յանապատի:

ձեռք անցնել:

Ձեռք առնել:

Ձեռք բարձրացնել:

Ձեռքդ մեկնիր բարեկամներիդ ` բաց մատներով:

Ձեռքերը լուանալ:

Ձեռքերը ծալլել:

Ձեռքերը հինայ թող դնէ:

Ձեռքերն արնոտ:

Ձեռքէ ձեռք անցնիլ:

Ձեռքը բերանը հասցնել:

Ձեռքը գործին, խելքը հովին:

Ձեռքը դէմ անել:

Ձեռքը զոր չես կարող կտրել, պագնէ՛ եւ ճակտիդ դիր:

Ձեռքը ձեռք կը լուայ, ձեռքն ալ՝ երես կը լուայ:

Ձեռքը շիտակ է:

Ձեռքին ոսկէ ապարանջայ ունի:

Ձեռքի վրայ գործեր ընել:

Ձեռքի վրայ խաղցնել:

Ձեռքով թափուող ջուրով՝ ջաղացք չի դառնար:

Ձեռքով ոտքով խօսիլ:

Ձեռքով ոտքով մէջը իյնալ:

Ձիէն ինկողը չէ մեռած, էշէն ինկողը մեռեր է:

Ձի՝ լաւ նետուիլ գիտցողը, աջ ու ձախ չ՛ունենար:

Ձին ու ջորին կը կռուին, էշը մէջտեղ կը մնայ:

Ձին չեղած տեղը, էշն ալ գին ունի:

Ձի չունի, մսուր կը պատրաստէ:

Ձիւնին վրայ քալէ՝ հետքդ յայտնի մի՛ ըներ:

Ձիու պէս կը վազէ:

Ձուին գողը, ձի ալ կը գողնայ:

Ձուկը գլխէն կը հոտի:

Ձուկը եւ հիւրը երեք օրէն կը հոտին:

Ձուկը ծովում՝ առուտուր են անում:

Ձուկ ուտողը, փուշը աչքը առնելու է:

Saturday, July 16, 2011

Հայկական Առածներ - 13

Հազար առուէն ջուր կը բերէ:

Հազար չափէ՛ մէկ կտրէ:

Հազարը կ'անէ պազարը:

Համբերանքով՝ թութին տերեւը մետաքս, ազոխը՝ հրուշակ կ՛ըլլայ:

Համբերութիւնը կեանք է:

Համ գառները ողջ, համ գայլերը կուշտ:

Համը բերանը մնաց:

Համը տեսանք, համը տեսանք` ամանի տակը տեսանք:

Համ «նալին» ա խփում՝ համ մեխին:

Հայացքների տարբերութիւնը օտարացման սկիզբն է:

Հա՛յ- հա՛յն ա գնացել, վա՛յ- վա՛յն ա մնացել:

Հանաքը՝ դանակ դառաւ:

Հաչող շունը չի՛ խածնէր:

Հասակը երկար՝ խելքը ցանցառ:

Հասակը կարճ՝ Աստուծոյ փորձանք:

Հասկացողին մէկ ասա, չհասկացողին՝ հազար ու մէկ:

Հասկացողին շատ բան:

Հասոյթը վազուն ջուր է, իսկ ծախսը՝ ջրաղաց :

Հաստ ու բարակ մէկ գին է, վա՜յ բարակը մանողին:

Հարևանի հացը` համով ա:

Հարիւր ճակատամարտ, հարիւր պարտութիւն:

Հարկաւոր էր՝ առիւծ դարձրին, տեղը եկաւ՝ ձուկ դարձրին:

Հարուստի կովն է յղիանում, աղքատի՝ կինը:

Հարուստը կ'ուտէ երբ ուզէ, աղքատը՝ երբ գտնէ:

Հարուստը նոր շոր հագնի, կասեն` «շնորհաւոր», աղքատը նոր շոր հագնի, կասեն` «որտեղի՞ ց»:

Հարուստին դրամը, աղքատին կզակը:

Հարսը լեզու չունի, կէսուրը՝ խիղճ ու հաւատք:

Հարսը պարել չի կարող, ասում է՝ գետինը ծուռ է:

Հարս ըսածդ լեզու կ'ունենայ, խօսիլ չ՛ունենար:

Հարսի բերածը դռնից կախած է:

Հարստացար՝ աղքատութեան մասին մի՛ մոռացիր:

Հարստութիւնը՝ զարդարում է տուն, առաքինութիւնը՝ մարդուն:

Հարցնելն ամօթ չէ, տգէտ մնալն է ամօթ:

Հարցնողը լեռն է անցեր՝ չհարցնողը՝ ճամբան շուարեր:

Հացագործին հացը նախշուած կ'ըլլայ:

Հացը հացարարին տուր, մէկ ալ աւելի:

Հացը քարէն կը հանէ:

Հաց ու պանիր, կեր ու բանիր:

Հաւատ որ լինի, «աստուածներ» կը ճարուեն:

Հաւատք ունի՛ս, շատ կ'ապրի՛ս:

Հաւի բունի կարօտ:

Հաւկիթը յարգի է Զատկին:

Հաւկիթին մէջ մազ կը փնտռէ:

Հեղեղը կ՛երթայ՝ աւազը կը մնայ:

Հեռուէն եկող թմբուկին ձայնը անուշ կ'ըլլայ:

Thursday, July 14, 2011

Հայկական Առածներ - 12

Կաթէն այրողը, թանը փչելով կը խմէ:

Կաթիլներ քիչ-քիչ, կը դառնան մեծ լիճ:

Կաթի հետ մտած, հոգիի հետ ելած:

Կախաղանին դուռը հասցուց:

Կամ աղը պակաս է, կամ մաղը:

Կամաց-կամաց աչքս մտաւ:

Կամաց կամաց բամպակը կ՛ըլլայ մանած:

Կամենալը՝ կարենալ է:

Կան շահեր՝ որոնք վնաս են, կան ալ վնասներ՝ որոնք շահ են:

Կ՛անցնի, բայց կը ծակէ կ՛անցնի:

Կաշեգործը սիրած կաշին շատ կը ծեծէ:

Կաշին նօսր տեղէն կը ծակի:

Կատակին կէսը կռիւ է:

Կատակին կէսը շիտակ է:

Կատուին խաղը մուկին մահ է:

Կարկանդակը եթէ բերես, ո՞վ կը նայի հացին երես:

Կարճ օրը եօթն անգամ թագաւորութիւն կ'ուգայ իրեն:

Կարմիր կովը կաշին չի փոխի:

Կաւը՝ թրծելուց յետոյ քարանում է:

Կ'ելլէ ոտքով ինկողը, չ'ելլեր լեզուով ինկողը:

Կեղծաւորութիւնն ալ տեսակ մը քաղաքավարութիւն է:

Կեսուրը մեռաւ, հարսին տեղը լայնացաւ:

Կեցաւ, կեցաւ՝ կաքաւը աչքէն զարկաւ:

Կ՛ընես բարիք, կը գտնես չարիք:

Կին չ'ունիս, տուն չ'ունիս:

Կշիռքով հաց կերած է:

Կողովը ցանցառ է:

Կոճղը կացնից չի վախենում:

Կոյրերու թագաւորութեան մէջ, միականին թագաւոր է:

Կոյրի աչքէն արցունք չի հոսիր:

Կոյրին ի՜նչ փոյթ թէ մոմը սուղ է:

Կոյրին ուզածը մէկ աչք, Աստուած տուաւ երկու աչք:

Կովու համեմատ հորթ կ'ըլլայ:

Կուզես` գլուխդ քարին տուր, կուզես` քարը գլխիդ տուր, բայց գործը գլուխ բեր:

Կ՛ուզես երկար յիշուել՝ ծառ տնկի, կ՛ուզես անմահանալ՝ որդի մեծացրու:

Կ'ուզես կնոջ բարիքը, մի հարցներ տարիքը:

Կուժը ջրի ճամբան կը կոտրի:

Կուշտը ի՞նչ գիտէ անօթիին վիճակէն։

Կուշտը սովածին մանր կը բրդէ:

Կուռծքիդ վրայ օձ տաքացնես, կը խայթի:

Կուտ կ՛ուտէ երկինք կ'ելլէ:

Կռնակը կը քերուի:

Կտրած ձուն ու կտրած հացը՝ չեն սաղանայ:

Կտրած պարանը երկար կ'ըլլայ:

Կտրիճի որդին, նժոյքից կը վախնայ:

Կրակը եւ բամպակը մէկ տեղ չեն ըլլար:

Կրակը ինկած տեղը կ՛այրէ:

Կրակ ըլլայ չ՛այրեր, սուր ըլլայ չի կտրեր:

Կրակը կ'անցնի, մուրը կը մնայ:

Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը:

Կրօնքէն կը դառնայ, իր խօսքէն ետ չի դառնար:

Կօշկակարը՝ իր սիրած կաշին շատ կը ծեծէ:

Tuesday, July 12, 2011

Հայկական Առածներ - 11

Ծակը մեծ, կարկտանը պզտիկ:

Ծաղիկը ծաղիկին նայելով կը բացուի:

Ծաղիկը քիթին՝ ցեխը փորին:

Ծաղկալից ճամբաները միշտ փառքի չեն տանիր:

Ծանր քարը իր տեղը կը մնայ:

Ծառը արմատով է ծառ, տունը հիմքով է տուն:

Ծառը ինչքան բերք տայ ու փարի, գլուխն էնքան խոնարհ կը պահի:

Ծառ ըլլայ, ծուռ ըլլայ:

Ծառի հաստութիւնը կտրելուց յետոյ կ'երեւայ:

Ծառն ամուր է արմատներով, իսկ մարդը՝ բարեկամներով:

Ծառն իր ճիւղերովը ծառ է:

Ծերանաս՝ ծերին վիճակն իմանաս:

Ծեր շունը անտեղի չի հաջում:

Ծնկաչոք կեանքը մահէն ալ գէշ է:

Ծոծրակդ կը տեսնես՝ էդ բանը չես տեսնի:

Ծոյլին համար ամէն օր Կիրակի է:

Ծովը ինկողը ճիւղ կը փնտռէ:

Ծորան ջուրը մաքուր կ'ըլլայ:

Ծոցը լաւ տաքցուած է:

Ծուռ աչքով նայիլ:

Ծուռ նստիր, շիտակ խօսիր:

Ծուռ փայտին մի՛ յենիր, դուն եւս կը ծռիս:

Ծուռ քանակէն շիտակ գիծ չ'ելլեր :

Sunday, July 10, 2011

Հայկական Առածներ - 10

Լացը՝ լաց կը բերէ, խնդուքը՝ խնդուք:

Լացն ու ծիծաղը եղբայր են:

Լաւագոյն է անօթի պառկիլը, քան պարտքով արթննալը:

Լաւ աչքով նայիլ:

լա՛ւ, բա՛ւ, ցա՛ւ:

Լաւ գործը՝ լաւ խօսքէն շատ աւելի լաւ է:

Լաւ եզը, գութանում է երևում:

Լաւ է այսօրուան հաւու ձագը , քան վաղուան գիրուկ բադը :

Լաւ է աչքդ դուրս գայ, քան անունդ:

Լաւ է աչքով կոյր լինել, քան մտքով:

Լաւ է բարի անունը, քան թէ աշխարհի գանձը ։

Լաւ է ինձ ուտի փորձուած գառը, քան անփորձ գայլը:

Լաւ է լինել հովիւ մեծ ազգի՝ քան փաշա փոքր ազգի:

Լաւ է լինել նամուսով դամքաշ, քան աննամուս զուռնաչի:

Լաւ է որ աչքդ կոյր ըլլայ, քան սիրտդ:

Լաւ է ուշ, քան երբեք:

Լաւ է օրինակը քան քարոզը:

Լաւին լաւ կասեն, վատին՝ վատ:

Լաւութիւն առա ու ծովը գցիր:

Լաւ սիրողը լաւ ալ կը պատժէ:

Լաւ սկիզբը յաղթանակի կէսն է:

Լեզուդ չլիներ՝ ագռաւները աչքերդ հանել էին:

Լեզուին մէջ թոյն ունեցողը , մեղր չի կրնար թքել:

Լեզուին տակ բան մը կայ:

Լեզուի վարպետ, ձեռքի՝ հիւանդ:

Լեզուն այն է ասում, ինչից՝ որ սիրտն է ցաւում:

Լեզուն անուշ՝ ձեռքը փուշ:

Լեզուն առանց ոսկորի է, բայց մարդուն մէջքը կը կոտրէ:

Լեզուն լագ-լագ, գլուխը ծակ-ծակ:

Լեզու ունենար` խօսար:

Լեզուս զուսպ՛ գլուխս հանգիստ:

Լեռը լերան չի հանդիպիր, մարդ մարդու կը հանդիպի:

Լեռ լերան վրայ կ'ըլլայ, տուն տունի վրայ չ'ըլլար:

Լեցունը կ'ուտէ, պարապին կից կը զարնէ:

Լոյս կամեցողը ձէթ չի խնայեր:

Լուի մը համար վերմակը կը վառէ:

Լուն՝ ուղտ կ'ընէ:

Խ

top of page

Խալին խփելով կը մաքրուի, երեխան` խրատով:

Խածան շունը ակռան չի ցուցներ:

Խաղի վերջը կռիւ է, ծիծաղինը՝ լաց:

Խաղողը խաղողին նայելով կը սեւնայ:

Խելքդ- գլուխդ ժողվէ՛:

Խելք ունես` քեզ պահի:

Խելքս գլխէս թռաւ:

Խելօք գառը` երկու մօր կաթ կ՛ուտի:

խելօք մարդը` իրեն սխալների վրայ է սովորում, իմաստունը` ուրիշի:

Խենթը չի ամաչում, խենթի տէրն է ամաչում:

Խենթին ամէն օր հարսնիք ու տօն է:

Խենթին ջաղացքը հովը կը դարձնէ:

Խենթն ասաց, խելոքն հաւտաց:

Խնդալ կայ լաց է, լաց կայ խնդալ է:

Խնձոր եթէ ըլլայ, հոտոտէ, ծոցդ մի դներ:

Խնձորը ծառից հեռու չի ընկնում:

Խոզը դրին մէջը մահիճին , ան ցատկեց ինկաւ մէջը ճահիճին:

Խոզին կաշին, շան ակռան:

Խորամանկ աղուէսը երկու ոտովն է թակարդն ընկնում:

Խօսած ժամանակ բերնէն թոյն կը հոսի:

Խօսքեր կան վարդեր կը բանան, խօսքեր ալ կան՝ վէրքեր:

Խօսքը առանց գործի մեռե՜ալ է :

Խօսքը կը թռչի, գիրը կը մնայ:

Խօսք ըսածդ կլոր է, խորհէ՝ ետքը գլորէ:

Խօսքը տիրոջմէն կը շատնայ:

Խօսքով փիլաւ չ'եփուիր:

Friday, July 8, 2011

Հայկական Առածներ - 9

Թաղիքը ջուրը տուած է:

Թափած թանը, ետ չեն լեցնի ամանը:

Թեւերը բարտել - պտըտիլ:

Թեւերուն տակ ձմերուկ չի սեղմուիր:

Թեւ թիկունք կանգնիլ:

Թէ Աստուած չ'օգնէ, վիզ ծռելը «պո՛շ» բան է:

Թէ մայրը աղջկան գովաց` թող ու փախի, թէ հարևանը գովաց`առ ու փախի:

Թէ որ միշտ տաս ապառիկ, հաց չես գտներ պատառիկ:

Թէ ուղտին փուշ հարկաւոր է, ճիտը ծռել պարտաւոր է:

Թէ չես տար ինը, չես առներ տասը:

Թիզ ու կէս՝ գետնի բզէզ:

Թմբուկին ձայնը հեռուէն անոյշ կը հնչէ:

Թող չ'ըսեն էշ է, թող ըսեն գէշ է:

Թուղթ չեմ որ թրջուիմ:

Թուրը աջ ու ձախ չի գիտեր:

Թուրին վէրքը կը բուժուի, լեզուին վէրքը չի բուժուիր:

Թռչունէն վախցողը, կորեկ չի ցաներ:

Թքելը մի ամօթ, լզելը երկու:

Ժ

Ժողովուրդը քնած առիւծ է, որ արթնցաւ այլեւս չի քնի

Ժամանակը ցաւը կը թեթեւցնէ, բայց չի մոռցներ:

Ժամ քանդելը մէկ արիւն է, սիրտ քանդելը՝ երկու:

Ժողովրդի ապագան, երիտասարդներից է երևում:

Ի

top of page

Իմաստունը ջահ է, որքան մութն աւելնայ, այդքան աւելի կը փայլի:

Իմաստունին հետ քար կտրէ, անխելքին հետ հաց մի ուտեր:

Իմաստուն կինը տուն կը շինէ, յիմար կինը՝ կը քանդէ:

Իննիսունը ինը տուողը, մէկն ալ կ'ուտայ:

Ինչ աղբիւրից մարդ ջուր խմի, էն աղբիւրը քար չի գցի:

Ի՞նչ իմանաս- մինչև հաստատ չիմանաս:

Ինչ որ այսօր կարող ես՝ մի թողուր վաղուան:

Ինչ որ անձամբ կարող ես , մի յանձներ զայն օտարին:

Ինչ որ կ՛ընես՝ ըրէ սրտանց:

Ինչպէս կոյրն է Աստուծուն նայում, այնպէս էլ Աստուած՝ կոյրին:

Ինչ ցանես՝ այն կը քաղես:

Ինքզինքը կ'ուտէ:

Ինքը լու է, շինածը տուն է:

Ինք իր շուքին կը հայելուի:

Ինքն իր շուքէն կը վախնայ:

Իշուն հարսանիքի են հրաւիրում, ասում ա «Կայ չկայ, ջուր եմ կռելու»:

Ի սէր Աստուծոյ:

Իրաւունք կայ, օրէնք չկայ։

Իր ծագումը ուրացողը մա՛րդ չէ:

Իր հացը առանձին ուտողը, իր բեռն ալ առանձին կը կռէ:

Իր ջուրին փիլաւ չի ձգուիր:

Wednesday, July 6, 2011

ԸՆԴՎԶԵՑԷ՛Ք -ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

Վրէժ Արմէնի «ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ» սիւնակին մէջ հեղինակը մատը դարձեալ մարդկային թէ ազգային վէրքի մը վրայ կը դնէ եւ վեր կ'առնէ ընդվզումի դրական եւ խիստ կարեւոր յատկութիւնները:Ազգային կեանքի տնօրինման մէջ յաճախ վատ աչքով կը նայինք «ընդվզող»ներուն,գիտնալով հանդերձ որ անոնք արդար ընդվզումներ են:Ինչո՞ւ:Որովհետեւ անձնական եսը կը գերադասենք հաւաքականէն: «Իմս», «Սեփականս»,«Ուրիշը ինծի ինչ» հոգեբանութենէն դուրս բերելու կոչ է Վրէժ Արմէնի յօդուածը: Ականջ տալ «ընդվզողներու» խօսածներուն,առաջարկներուն, առիթ տալ անոնց , ներառել զիրենք ազգային գործունէութեան մէջ՝ կանխած կ'ըլլանք զիրենք նետուելէն անտարբերութեան գիրկը: Յօդուածի աւարտին տեղին է ՎԱի հարցադրումը թէ «ո՞ւր են ընդվզողները...» : Սակայն սխալ է կարծել որ անոնք գոյութիւն չունին : Զանոնք յայտնաբերելը կը սկսի զանոնք մտիկ ընելով , իրենց ըսածին մէջ իրականութիւնները փնտռելով :

Յօդուածը արտատպուած է Մոնթրէալի մէջ լոյս տեսնող «Հորիզոն» թերթէն:
«Նշանակ»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
ԸՆԴՎԶԵՑԷ՛Ք
Սոյն յօդուածը գրելէ առաջ կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել սիրելի Խաչիկ Տէր
Ղուկասեանին, որ անցնող Մայիս 28-ի տօնակատարութեան իր կատարած արժէքաւոր
բանախօսութեան ընթացքին անդրադարձաւ Stephane Hessel-ի "Indignez vous!" գրքոյկին, որ
գէթ ինծի համար կարեւոր նորութիւն մըն էր։
Հրեայ ծագումով՝ Հեսել ծնած է Պերլին 1917-ին, փոխադրուած է Փարիզ 1924-ին.
մասնակցած է նացիներու դէմ պայքարին՝ մաս կազմելով Ֆրանսայի ազգային
դիմադրութեան խորհուրդին, ձերբակալուած է ու տարուած նախ Պուխենուալտի ապա
Տորայի կեդրոնացման ճամբարները, որոնցմէ յաջողած է փախչիլ, վերադառնալ
Ֆրանսա. իր ներդրումը ունենալ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց հռչակագրի
պատրաստութեան մէջ, ապա նաեւ դառնալ ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի դեսպան։
2009-ի մայիս 17-ին, »Դիմադրութեան խօսքեր« (Paroles de resistance) կոչուող
տարեկան հաւաքի մը ընթացքին իր արտասանած ճառն է, որ յետոյ գրքոյկի մը կը
վերածուի ու 2011-ի յունուարին կր հրատարակուի Indigene Editions հրատարակչականին
կողմէ։
Ընդվզումի կարողութիւնը մարդկային ամենէն ազնիւ յատկանիշներէն մէկն է։
Ընդվզումը կ'ենթադրէ համոզում, հաւատք ու մանաւանդ կացութիւն մը կամ երեւոյթ մը
փոխելու կամք։ Յեղափոխութիւնները ընդվզումէ մը կը սկսին։ Ընդվզումին հակառակը
համակերպումն է, ձեռնթափումը, որ ի վերջոյ կ'առաջնորդէ մահուան, բարոյական,
եթէ ոչ նաե՛ւ ֆիզիքական մահուան։
Սթեֆան Հեսել, իր վերոնշեալ խօսքին կամ գրքոյկին մէջ սապէս կ'արտայայտուի.
»Դիմադրութեան շարժառիթը ընդվզո՛ւմն է«։ Ասիկա անմիջապէս երկու զուգահեռ կը
ստեղծէ մտքիս մէջ։ Մէկը Հ.Յ.Դ մանիֆեստն է՝ առաջին գլխաւոր գրաւոր ելոյթը, որ այս
կուսակցութիւնը հրատարակած է իր կազմութենէն ետք, 1890-ին։ Այնտեղ,
անդրադառնալէ ետք օսմանեան լուծին ենթարկուած Հայուն անտանելի վիճակին,
Մանիֆեստը կը դրսեւորէ մեր ընդվզումը սա բառերով. »Հայի պէս համբերող ազգն
անգամ անկարող է շարունակել իր գոյութիւնը այդպիսի երկրում։ Բայց համբերութիւնն
էլ ունի իր սահմանը«։ Եւ անշուշտ անկէ անդին կոչ կ'ընէ հայութեան զէնք վերցնելու ու
ու համախումբ ուժերով եւ քաջութեամբ յառաջ տանելու »հայրենիքի ազատութեան
սուրբ գործը«։ Ի հարկէ այդ կոչը ուղղուած էր առաջին հերթին երիտասարդութեան, բայց
նաեւ ծերունիներուն, հարուստներուն, կիներուն եւ հոգեւորականներուն. »Սպասելու
ժամանակը չէ...«։
Միւսը Յովհաննէս Շիրազի »Ամենայն սրտով« պատգամն է, ուր ողբացեալ
բանաստեղծը, ընդվզելէ ետք սովետական լուծին ենթարկուած ու լռելու դատապարտուած
հայութեան վիճակին անչութեամբ, կոչ կ'ընէ պայքարելու, որովհետեւ չպայքարելու
հետեւանքը մա՛հն է, եւ »պէտք է սոսկա՛լ մահից սեփական«։
Իսկ ի՞նչ կ'ըսէ Հեսել. »Վերցուցէք դրօշը, ընդվզեցէ՛ք։ Հասարակական,
տնտեսական, մտաւորական պատասխանատուներն ու համա՛յն հասարակութիւնը պէտք
չէ հրաժարին [իրենց պատասխանատուութենէն], ոչ ալ թոյլ տան տպաւորուելու
ելեւմտական շուկաներու այժմու միջազգային բռնապետութենէն, որ կը սպառնայ
խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան«։
Այսօր սակայն այնքան պարզ ու այնքան դիւրին չէ ընդվզիլն ու իր ընդվզումը
արտայայտելը, քանի որ կ'ապրինք բարդ աշխարհի մը մէջ, ու արիւնալի
ըմբոստացումներն ու յեղափոխութիւնները ոչ միայն ապարդիւն կը դառնան, այլեւ առիթ
կ'ընծայեն ա՛լ աւելի ամրապնդելու բռնապետութիւնները։
»Բոլորիդ եւ իւրաքանչիւրիդ կը ցանկամ, որ ունենաք ընդվզումի ձեր
շարժառիթը« կը շարունակէ 94-ամեայ յեղափոխականը։ »Այն՝ թանկագի՛ն է։ Երբ բան մը
ձեզ կ'ընդվզեցնէ, ինչպէս ես ընդվզած եղած եմ նացիզմէն, ապա կը դառնաք զինուորեալ,
ուժեղ եւ յանձնառու«։ Կարեւորը այդ շարժառիթը գտնելն է, ու գտնելն է մարզի մը մէջ,
ուր ընդվզումդ ու անոր յաջորդելիք քայլերդ նպատակի մը պիտի ծառայեն, բա՛ն մը
պիտի փոխեն կացութեան մէջ։
Յատկապէս երիտասարդներուն ուղղելով իր խօսքը, Հեսել կ'աւելցնէ. »նայեցէք
ձեր շուրջը, հոն պիտի գտնէք այն նիւթերը որոնք կ'արդարացնեն ձեր ընդվզումը -
ներգաղթողներուն, փախստականներուն, գնչուներուն հանդէպ վերաբերմունքը [օրինակ]։
Պիտի գտնէք շօշափելի իրավիճակներ, որոնք ձեզ պիտի առաջնորդեն ուժեղ
քաղաքացիական արարքի մը։ Փնտռեցէ՛ք ու պիտի գտնէք«։
Հեսել իր այդ ճառին մէջ այդ պահուն նկատի ունի Ֆրանսան։ Իր խօսքը, սակայն
չէ ուղղուած ֆրանսացիներուն միայն։ Ընդվզումի ազդակներ ամեն տեղ կան ու ամեն
տեղ մարդ արարածը ընդվզելու է, եթէ իբր այդպիսին կոչուած է ապրելու։ Ու
եթէ ընդհանրականէն գանք մասնաւորին, հայութեա՛ն, անշուշտ կ'անդրադառնանք, որ
ընդվզելու պատճառներ չեն պակսիր նաեւ մե՛ր պարագային։ Բայց ափսոսալին այն է, որ
ըմբոստացողները չկան կամ հազուագիւտ են, եւ ինչպէս շատ այլ ժողովուրդներ ու
անհատներ, մենք ալ մատնուած ենք թմբիռի մը, ու հաշտուած մեր սեփական մահուան
հետ։
Ո՞ւր են ընդվզողները ի տես մեր հայրենիքի անկասելի պարպումին, արեամբ
նուաճուած մեր հողերուն լքումին։
Ո՞ւր են ընդվզողները մեր լեզուին՝ թէ՛ արեւմտահայերէնի ու թէ՛
արեւելահայերէնի աղճատման ու աստիճանական անհետացման դէմ։
Ո՞ւր են ընդվզողները Երեւան մայրաքաղաքի ազգային դէմքի այլափոխման,
մշակութային իր բնոյթէն՝ արեւելեան կամ արեւմտեան »պազար«ի մը վերածման դէմ
յանդիման։
Ո՞ւր են ընդվզողները ի տես մեր երկրի տնտեսական յարատեւ տկարացման ու
հարստութեան կեդրոնացման փոքրաթիւ սակաւապետութեան մը ձեռքին մէջ։
Ո՞ւր են ընդվզողները ի տես Սփիւռքի հայութեան տակաւին ցրուած մնալուն եւ
ա՛լ աւելի ցրուելուն, իր արմատներէն կտրուած ու իր մշակոյթէն անսնունդ մնալուն։
Ո՞ւր են ընդվզողները երբ մարդիկ սեփական շահը կը գերադասեն հաւաքական
բարիքէն, երբ սեփական հաճոյքն ու բարօրութիւնը կը մոռցնեն ազգային, հաւաքական
կարիքները։
Տակաւին, ո՞վ է որ կը տառապի ու կ'ուզէ կացութիւն փոխել երբ մեր ազգային
կառոյցները կը տկարանան, մեր եկեղեցիները չեն լեցուիր, մեր աշակերտները հայկական
վարժարաններէն դուրս կը մնան, մեր թերթերը չեն կարդացուիր, եւ մեր համայնքները
տակաւին իրարմէ բաժանեալ կը մնան նոյն քաղաքին մէջ, յաճախ նոյն թաղին մէջ, եւ
մասամբ նորին։
Վերադառնա՛նք մեր Մանիֆեստին, ականջ տանք 120 եւ աւելի տարիներ առաջ
արձակուած կոչին.
»Սպասելու ժամանակը չէ... Համախմբուե՛նք, հայեր, եւ քաջութեամբ առաջ
տանենք հայրենիքի ազատութեան [ամրապնդման, հզօրացման, ինչպէ՛ս կ'ուզէք հասկցէք
ազատութիւնը] սուրբ գործը«։
Ու լսենք Շիրազի ազդարարութիւնը՝ »պէտք է սոսկալ մահից սեփական«...

Հայկական Առածներ - 8

Զաւակը կամ փորին մէջն է, կամ ձիուն վրայ:

Զաւակը չի ծեծողը ծունկը կը ծեծէ:

Զուարճասէր մարդուն մազերը կ'երկննան, տխուր մարդուն՝ եղունքը:

Զուռնա փչողը մօրուքը չի պահեր:

Զրպարտութիւնը կ’ապրի բերնէ բերան, ուր որ բոյն դնէ, տէր է յաւիտեան:

Զրպարտութիւնը կը նմանի այն բոցին, որ կը սեւցնէ ինչ՝ որ չի կրնար այրել:

Է

top of page

Էն գեղում, ուր սաղը քոռ է, դուն ալ աչքդ կապէ:

Էշէն առաջ ախոռ մի մտներ:

Էշը գիտէ որու երեսին կը զռայ:

Էշը ինքն է, խոտը ուրիշին առջեւ կը դնէ:

Էշը իր տիրոջ ուզած տեղը կը կապէ:

Էշը ծախեր եմ որ «ջու» չ'ըսեմ:

Էշը ծեծել չկրցողը, համետը կը ծեծէ:

Էշը միայն բեռան տակ կը մնայ:

Էշը որ էշ է, ինկած տեղը անգամ մըն ալ չ'իյնար:

Էշը ցեխը ինկեր է, տիրոջմէն կտրիճը չէ գտնուեր:

Էշին խոնարհ տեսան, երկու հոգիով նստեցան:

Էշ հեծնելը մէկ ամօթ, իջնելը՝ ուրիշ ամօթ:

Էշ մի սատկիր գարուն կը գայ, շուկան կերաս կը գայ:

Էշն է բեռը տանողը, ձին է որ գարին կ'ուտէ:

Էշն ի՞նչ գիտէ նուշը, կ՛երթայ կ՛ուտէ փուշը:

Էշու պէս աշխատիր, ձիու պէս հպարտացիր:

Էշու պոչ է, ոչ կ'երկննայ, ոչ կը կարճնայ:

Ընողը՝ կը գտնէ, հեւացողը՝ կը մեռնի:

Ընողը կը պրծի, ըսողը չի պրծիր:

Ընկոյզ չ'եղած ծառին քար չի նետեր:

Ընտիր գինիին ընտիր կարաս:

Ըսածները, ընկոյզի կճեպի մը կէսը չեն լեցներ:

Ըսէ ընկերդ ով է, ըսեմ քեզի թէ դուն ո՞վ ես:

Monday, July 4, 2011

Հայկական Առածներ - 7

Եղունքը միսէն չի զատուիր:

Եղունքով հոր կը փորէ:

Եղունք ունիս՝ գլուխդ քերէ:

Ես ագռաւին հաւանեցի, ագռաւն ինձ չհաւանեց:

Ես գանձ կ՛ըսեմ, ան՝ տանձ:

Ես մէկ ըսեմ, դուն երկու հասկցիր։

Երբեք, մի ասա` երբեք :

Երբ կատուն չկայ, մուկերուն հարսնիք է:

Երբ կրիան ծառը ելլէ:

Երբ ջուր կը խմես, մի՛ մոռնար աղբիւր հասնողը:

Երբ սիրածդ չի գտնես, սիրէ՛ գտածդ:

Երդումը ստախօսին վկան է:

Երեխան մինչև լաց չըլլի` կաթ չեն տայ:

Երեկուան գայլը՝ այսօրուան գառը:

Երեսդ վարդի ջուր:

Երեսէն ինկած ճանճը, քառասուն կտոր կ'ըլլայ:

Երեսը միւռոն չէ մնացած:

Երեսը պատռուած:

Երեսը սրտին հայելին է:

Երեսս չի բռներ:

Երես տուինք, աստառ ալ կ՛ուզէ:

Երեւցած գիւղը առաջնորդ չ'ուզէր:

Երկաթը տաք-տաք կը ծեծեն:

Երկինքէն կրակ կը թափի:

Երկու աղուէս, մէկ առիւծէն զօրաւոր են :

Երկու «երնեկ» մէկ տեղ չ՛ըլլար:

Երկու ոտք մի կօշիկի մէջ չի տեղաւորուի:

Երջանկութեան լեզուէն միայն համրերը կրնան հասկնալ:

Եփած կերակուրին մէջ ջուր չեն խառներ:

Եօթը անգամ չափիր, մէկ անգամ կտրիր:

Եօթը ծովէն, մէկ կովէն:

Sunday, July 3, 2011

Շարլ Ազնաւուր Անցած Օրեր Le temps des avants 1

Շարլ Ազնաւուր
Անցած Օրեր - Յուշեր
Le temps des avants- Memoirs

Ֆլամմարիոն հրատարակչատունէն 2003 ին լոյս տեսած այս կեանքի էջերը հարազատօրէն Ֆրանսերէնէ արեւելահայերէնի թարգմանուած են Համլէթ Գասպարեանի կողմէ եւ տպագրուած Երեւանի մէջ՝ 2004 թուականին: «Նշանակ» պարբերաբար արեւմտահայերէնով պատառիկներ պիտի հրամցնէ իր ընթերցողներուն՝ մէկ շունչով կարդացուող 357 էջնոց այս գիրքէն:
«Նշանակ»
»«»«»«»«»«»«»««»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»««»«»««»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

Գիրքի ձօնը ՝

Ի յիշատակ ծնողներուս,
ինչպէս նաեւ ըստ բեմ մտնելու կարգի՝
Այտային,Սեդային,Ուլլային,Քաթիային,Միշային,
Նիքոլային,Լիրային,Ժաքոպին եւ Լէյլային :
Շնորհակալութիւններս Սթեֆանի Քլավիէին ինծի նկատմամբ
Իր ունեցած վստահութեան եւ այն օգնութեան համար, որ ան ցուցաբերեց՝
Կարգի դնելով թուղթին յանձնած մտքերս,
ինչպէս նաեւ Ժերար Տաւուստին , որ տարիներ շարունակ անդրդուելի մնաց
ինքնավստահութիւն ներշնչելու ինծի (երբ կասկածներ կ'ունենայի), թէ չափածոյէն բացի այլ բան գրելու ունակ էի. եւ դարձեալ երկուքին միատեղ՝ ուղղագրական սխալներս շտկելու համար:

ՆԱԽԱԲԱՆ
Կեանքդ պատմելը դիւրին բան չէ, ինչպէ՞ս ընես, որ հաւակնոտ չերեւիս,ընթերցողը չյոգնեցնես, կամ ալ չգրգռես անոնք, որոնց անունները յիշած ես կամ մոռցած յիշելու: Յաճախ մեզի կ'ըսեն ՝ պատմեցէք ձեր կեանքի մասին, դժբաղդութիւններու եւ յաջողութեանց , ձեր հանդիպումներուն ու մանաւանդ ձեր սիրային արկածներուն մասին:Իսկ ինչո՞ւ չէ անկողինի մէջ մեր պահուածքի մասին:
Թէեւ բառերէն չեմ վախնար, սակայն քիչ մը ամօթխած եմ:Ինչ որ զսպուածութիւն մը, գաղտնապահութեան պէս բան մը ինծի կ'արգիլէ դիւրութեամբ բանալու զգացումներս, չափէն աւելի ինքզինքս երեւցնել,գործածել բառեր, ըսենք՝ «յաղթանակ» ու նման այլ համեմատականներ, որոնց մարդ կ'առնչուի երբ յաջողած է իր ասպարէզին մէջ:

ԴԱԷՊԻ ԲԵՄ

Մեր օրերուն կենսագրականը մօտա է. ինչ որ կ'ուտես,կը խմես,կ'արտադրես՝ պէտք է գրի առնուի:Իմ հերթիս, ես ալ որոշեցի այս մտայնութեան տուրք տալ՝կենսագրութիւնս յիշողութեանց ձեւով շարադրելով:Չէ, այս միտքը աշնան քամիի նման յանկարծակի չծնաւ գլխուս մէջ , աւելի շատ, քանի որ օդը յագեցած է ատոնցմով,շատ հրատարակիչներ, ընդ որոնց՝հեղինակաւոր, յայտնեցին թէ հետաքրքրուած էին զիս հրատատակելով: 1974ին ես արդէն նման մէկ բան ըրեր էի, սակայն իմ այդ առաջնեկի համար ինծի օգներ էր լրագրող Ժան Նոլին, որ անցեր էր ամբողջ գրածիս վրայէն: Ստացուեր էր, որ այդ իմ կեանքն էր , սակայն ուրիշի ձայնով պատմուած:
Երկար խորհելէ ետք, տասնհինգ տարի, որը ցոյց կուտայ թէ ինչ աստիճանի կը կասկածէի այս քայլին օգտակարութեանը, լծուեցայ այս գործին,յիշելով թէ օր մը ինծի ինչ էր յուշած մեծ տպաքանակով տպագրուող ամերիկացի գրող Հարոլտ Ռոպինզը.«հասարակութիւնը կը սիրէ success stories, յաջողութեան պատմութիւններ,յատկապէս երբ անոնց մէջ ծեծ ու կռիւ կայ,որուն սկիզբն ալ դժուար է եղած»: Ինչ կը վերաբերի դժուար սկիզբներուն, ատոնցմէ ինծի առատ բաժին է ինկած, իսկ կռիւներու հաշուով՝ ոեւէ մէկուն պարտք չեմ մանցած: Ինչ տեսակ բռունցքի հարուած ըսես , մի քանի կապտուկ մնացեր են հոգիիս ու ծնօտիս վրայ, մի քանի հատ ալ արթիսթիք աքացի՝ յետոյքիս:
Էհ, որ կ'ըսէի, արդէն ինկայ յիշողութեանց գիրկը: Տարօրինակ է, չեմ գիտեր, արդեօ՞ք իմ կեանքն ու ուղին, ինձմէ բացի, որեւէ հետաքրքրութիւն կը նեկայացնեն մէկ ուրիշի համար. կ'ապրինք, կը տեսնենք կ'ըսեն. ով ինքզինք չիվտանգեր, չի շահիր: Ես շատ եմ դառն մրուր կերած ու ատկէ որոշ փիլիսոփայութեան հանգած:Եթէ այն որուն կը պատրաստուիմ պատմել, ձեզ հետաքրքրէ եւ դիւր գայ, գոհ կ'ըլլամ: Եթէ ոչ: Տէր Աստուած, քի՞չ բան տեսած եմ, այդ ալ կուլ կուտամ:

Ուզեցի երգել: Ըսին՝ լաւ կ'ըլլայ ձեռքս քաշեմ, այդ ճամբով երթալու ոչ մէկ շանս չունիմ.իմ այդ ձայնով ու տեսքով բեմ բարձրանալու հնարաւորութիւն չունիմ: Ուզեցի գրել ուերգեր յօրինել, ամէն ինչ ըրին, որ թեւերս կոտրեն: Այդտեղ ալ, այդ արհեստի մէջ ալ , տարրականը աւարտածիս համար ապագայ չի կրնար ըլլալ:Անոնք, որոնք կը կարդային երգերս , հակառակին կը համոզուէին, առաջին հերթին հանդիսատեսը, այսօր կենսագրութիւնս կը գրեմ, լաւ իմանալով որ ոչ գրող եմ, ոչ ալ գրականութեան մարդ:Սակայն ես ապրած եմ կեանք մը, որ թերեւս արժէ – կ'ըսեմ թերեւս – որ պատմուի: Ի՞նչ արձագանգներ պէտք է սպասել: Հասած ըլլալով տարիքի մը, երբ քիչ պատրանքներ կ'ունենաս, այնուամենայնիւ ինկզինքիս հարց կուտամ՝ոճը, գրելու ձեւը աւելի՞ կ'արժեն, քան այն ինչ կ'ուզես ըսել: Աւելի լա՞ւ կ'ըլլար, ինչպէս ժամանակին ձայնիս համար խորհուրդ կուտային,գրիչս վար դնել: Է՜հ, բանը բանէն անցեր է, ինչի՞ մասին կը մտածես :

Արդ, կար ու չկար տղայ մը կար, անունը դժուար արտասանուող՝ Շարլ Ազնաւուրեան:

Շար. 1