Զաւակը կամ փորին մէջն է, կամ ձիուն վրայ:
Զաւակը չի ծեծողը ծունկը կը ծեծէ:
Զուարճասէր մարդուն մազերը կ'երկննան, տխուր մարդուն՝ եղունքը:
Զուռնա փչողը մօրուքը չի պահեր:
Զրպարտութիւնը կ’ապրի բերնէ բերան, ուր որ բոյն դնէ, տէր է յաւիտեան:
Զրպարտութիւնը կը նմանի այն բոցին, որ կը սեւցնէ ինչ՝ որ չի կրնար այրել:
Է
top of page
Էն գեղում, ուր սաղը քոռ է, դուն ալ աչքդ կապէ:
Էշէն առաջ ախոռ մի մտներ:
Էշը գիտէ որու երեսին կը զռայ:
Էշը ինքն է, խոտը ուրիշին առջեւ կը դնէ:
Էշը իր տիրոջ ուզած տեղը կը կապէ:
Էշը ծախեր եմ որ «ջու» չ'ըսեմ:
Էշը ծեծել չկրցողը, համետը կը ծեծէ:
Էշը միայն բեռան տակ կը մնայ:
Էշը որ էշ է, ինկած տեղը անգամ մըն ալ չ'իյնար:
Էշը ցեխը ինկեր է, տիրոջմէն կտրիճը չէ գտնուեր:
Էշին խոնարհ տեսան, երկու հոգիով նստեցան:
Էշ հեծնելը մէկ ամօթ, իջնելը՝ ուրիշ ամօթ:
Էշ մի սատկիր գարուն կը գայ, շուկան կերաս կը գայ:
Էշն է բեռը տանողը, ձին է որ գարին կ'ուտէ:
Էշն ի՞նչ գիտէ նուշը, կ՛երթայ կ՛ուտէ փուշը:
Էշու պէս աշխատիր, ձիու պէս հպարտացիր:
Էշու պոչ է, ոչ կ'երկննայ, ոչ կը կարճնայ:
Ընողը՝ կը գտնէ, հեւացողը՝ կը մեռնի:
Ընողը կը պրծի, ըսողը չի պրծիր:
Ընկոյզ չ'եղած ծառին քար չի նետեր:
Ընտիր գինիին ընտիր կարաս:
Ըսածները, ընկոյզի կճեպի մը կէսը չեն լեցներ:
Ըսէ ընկերդ ով է, ըսեմ քեզի թէ դուն ո՞վ ես:
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
0 comments:
Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝