Յայտարարութիւն

Tuesday, July 19, 2011

Ճերմակը, Սեւը եւ Մոխրագոյնը ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

Կաշառակերութիւն եւ այլ ախտավարակ երեւոյթներ ընթացիկ են երկրագունտի որ անկիւնն ալ որ ըլլանք, բոլոր մակարդակներու վրայ: Վրէժ Արմէն անգամ մը եւս մատը վէրքին վրայ կը դնէ եւ Օ զարմանք,ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնէ թէ քաղաքակիրթ Գանատան ալ ինքզինք ինքնասրբագրումի պէտք է ենթարկէ: Զուգահեռ քաշելէ ետք Հայաստանի մէջ զարգացած եւ զարգացող յոռի բարքերուն հետ Վրէժ Արմէն կը զգուշացնէ մեզ որ կռնակ չդարձնենք Հայաստանին այս յոռի բարքերուն համար որոնք ձեւով մը անգիր օրէնք կը նկատուին մեր երկրին մէջ:
«Նշանակ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, երկու լուրեր լոյս տեսան Մոնթրէալի
մեծազդեցիկ օրաթերթին՝ Le Devoir-ի 25 մայիսի թիւին մէջ. երկու լուրեր՝ ցոյց տալով
նոյն երկրի երկու տարբեր երեսները, մէկը լուսաւոր, միւսը՝ մութ։ Եթէ երկուքը նոյն
ատեն հրատարակուած չըլլային, թերեւս այնքան աչքի պիտի չզարնէին, պիտի
կարդայինք ու անցնէինք։ Սակայն ընթերցողին ուշադրութեան միաժամանակ դրուիլը
անոնց յաւելեալ կարեւորութիւն մը ընծայեց ու առիթ տուաւ այս մտորումներուն։
Երկիրը, որուն կ'ակնարկուի՝ Գանատան է, կռահեցիք, իսկ լուրերէն մէկը կը
վերաբերի անոր գրաւած դիրքին՝ կեանքի որակի մակարդակի տեսակէտէն, եւ միւսը՝
փտածութեան, կաշառակերութեան դէմ պայքարին, որուն մէջ Գանատա շատ ետ մնացած
է։
Սկսինք առաջինէն։ Ըստ Տնտեսական համագործակցութեան ու զարգացման
կազմակերպութեան (ՏՀԶԿ - OCDE), նկատի առնելով 11 ազդակներ, որոնց կարգին՝
եկամուտը, առողջութիւնը, զբաղուածութիւնը )աշխատանքը(, բնակարանը, աշխատանքի
ու անձնական կեանքի հաշտեցումը, շրջակայ միջավայրը, կրթութիւնը, համայնքը,
ապահովութիւնը, կառավարումը, նոյնիսկ բարօր ըլլալու զգացումը, կազմակերպութեան
անդամ՝ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն 34 երկիրներուն մէջ Գանատա կը
գրաւէ երկրորդ տեղը, առաջին տեղը զիջելով Աւստրալիոյ։ Իրենց կը հետեւին, կարգով՝
Շուէտը, Նոր-Զելանտան, Նորվեկիան, Դանիան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները,
Զուիցերիան, Ֆինլանտան ու Հոլանտան։
Գանատան առաջնակարգ կամ միջինէն բարձր տեղ կը գրաւէ ընտանեկան
հարստութեան )27 000 ամ. տ.(՝ 2008-ի տուեալներով, երկրորդական ուսման վկայական
ունեցողներու համեմատութեան )չափահասներու 87%), ընթերցանութեան
չափօրինականացած քննութեանց արդիւնքներու )524՝ 600-ի վրայ(, զբաղուածութեան
)72%(, բնակարանային չափերու, ինքզինք առողջ զգացողներու թիւին եւ ի հարկին
կարիքի պարագային օգնութեան հասնող մէկը ունեցողներու թիւին տեսակէտէն։ Երկրի
տկար կէտերուն մաս կը կազմեն աշխատանքի յատկացուած աւելի շատ ժամերը եւ
դաշնակցային ընտրութիւններուն )2008-ի( մասնակցողներու ցած համեմատութիւնը։
Վերջին հաշուով, 2010-ին գանատացիներու 78%-ը գոհ եղած է իր կեանքէն, մինչ ՏՀԶԿ
-ը միջինը 59% կը հանդիսանայ։
Որքան ալ որ այս տարի իր հիմնադրութեան 50-ամեակը նշող ՏՀԶԿ-ը կը ջանայ
տարուէ տարի բաղդատութեան աւելի արդար չափանիշներ գործածել, ատով հանդերձ
իրականութիւններ կան որոնք վիճակագրութիւններուն մէջ չեն երեւիր։ Օրինակի համար,
Գանատայի, ինչպէս եւ Ֆինլանտայի ու Աւստրիոյ պարագային 90-ական թուականներու
կէսերէն ի վեր խրամատը կը լայննայ ունեւորներուն եւ չունեւորներուն միջեւ, ինչ որ
բարենիշ մը չէ այլապէս ինքզինք յառաջացած նկատող երկրի մը համար։
Կազմակերպութիւնը կը խոստանայ աւելի մանրամասն կերպով ուսումնասիրել նման
հարցերը։
Իսկ երկրի մը բարօրութեան առնչուած շատ այլ հարցեր տակաւին չեն ցոլանար
նման ուսումնասիրութիւններու մէջ, ու ամեն ինչ աւելի ճերմակ կը թուի )այս
պարագային(, իսկ աւելի սեւ՝ ուրիշներու պարագային, մինչդեռ իրականութիւնները
հաւանական են որ կը կրեն մոխրագոյնի բազմաթիւ երանգներ...
Իսկ ի՞նչ կը հաղորդէ երկրորդ լուրը։
Ըստ Միջազգային թափանցիկութիւն )ՄԹ, IT( կազմակերպութեան, Գանատա
տեղքայլ կ'ընէ փտածութեան կամ կաշառակերութեան դէմ պայքարին մէջ։ Ասիկա
համաշխարհային ախտ մը կը հանդիսանայ, որուն ընդհանուր ծախսը կը հասնի մէկ եռիլիոն ամ.
տոլարի։ Եօթներորդ տարին ըլլալով, ՄԹ Գանատան կը դասէ յետին կարգի վրայ, որ ոչինչ կամ
գրեթէ ոչինչ կ'ընէ յարգելու համար կաշառակերութեան դէմ օրէնքները՝ միջազգային առումով։
Գանատա միակ երկիրն է ծանօթ եօթնեակին )G7( որ այս աննախանձելի վիճակին մէջ կը
գտնուի։ ՏՀԶԿ-ի փտածութեան դէմ պայքարի համաձայնագիրը ստորագրած 37
երկիրներու մեծամասնութիւնը լրջութեան պակաս կը ցուցաբերէ այս ուղղութեամբ,
անոնց ղեկավարները յանձնառութիւն ցոյց չեն տար։ Կաշառակերութեան պատճառաւ
հանրային ոլորտի գործերու առնչուած պայմանագիրները 20-25% աւելի սուղի կը
նստին։ Միայն զարգացման ընթացքի մէջ գտնուող )տարբեր ձեւ մը ըսելու՝ յետամնա՛ց(
երկիրներու կառավարութեան անդամներու սեփական գրպանը մտնող կաշառքները 20-40
երկիլիոն ամ. տ.-ի կը հասնին։
Գանատայի թերացումը յատկապէս օտար երկիրներու ներկայացուցիչներուն կամ
միջնորդներուն տրուող կաշառքներն են՝ շահաբեր պայմանագիրներ ստորագրելու
համար։ Այս ողղութեամբ շատ քիչ թիւով դատական հետապնդումներ կը կատարուին, եւ
պատճառը, կ'ըսուի, տեղւոյն արդարադատութեան գործընթացներու բարդութիւններն են,
որոնք կը դժուարացնեն ապացոյցները բացայայտելու եւ դոյզն կասկածէ զերծ
ամբաստանութիւններ կատարելու գործը՝ »սպիտակ օձիք« պաշտօնէութեան նման
ոճիրներու պարագային։ Միւս դժուարութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ Գանատայի
արքայական ոստիկանութեան յատկացուող ամավարկերը հետզհետէ այնքան նուազեցան,
որ միայն 14 քննիչներ տրամադրելի են ամբողջ երկրի տարածքին՝ նման հետապնդումներ
կատարելու համար...
ՄԹ-ի կատարած այս բացայայտումները անշուշտ գանատական կառավարութեան
պատիւ չեն բերեր։
Այս բոլորը սակայն կարիք ունի՞ն միջազգային մարմիններու հաստատումներուն։
Արդեօք մարդիկ չե՞ն նկատեր ի՛նչ կ'անցնի կը դառնայ իրենց շուրջ։ Չե՞ն տեսներ այն
օրինախախտումները որ կը կատարուին բոլոր մակարդակներու վրայ, ու գրեթէ միշտ
ամենէն վարի յանցագործներէն կ'ըլլան բռնուողներն ու պատժուողները, մինչ
բարձրագոյն մակարդակի յանցագործները անարգել կը »վայելեն« իրենց գողութեան,
յափշտակութեան պտուղները, եւ իրենց ձեռքը պահելով իշխանութեան լծակները, իրենց
պատշաճող ամենէն նպաստաւոր պայմանները կը ստեղծեն ու կը շարունակեն »անձրեւ
ու արեւ« ընել ըստ իրենց կամքին։ Արդի դրամատիրական ընկերութեան գոյավիճակն
է այս, որուն դէմ պայքարելու անզօր կը մնայ կամ անզօր է տակաւին հասարակ
քաղաքացին։ Բայց արդէն կը մտնենք տարբեր ոլորտի մը մէջ, որ այս յօդուածի
սահմաններէն դուրս է։
Այստեղ միայն կ'ուզեմ յիշեցում մը ընել, որ եթէ այդ ախտը - կաշառակերութեան
մասին է խօսքը - տակաւին նաե՛ւ Հայաստան երկրին մէջ կարելի չըլլար արմատախիլ
ընել, մաքրել-սրբել, պատճառը չվերագրենք անպայման կամ միայն մարդկային
տկարութիւններուն, որոնցմէ բնականաբար զերծ չենք նաեւ մենք՝ հայերս, այլ նաեւ այն
համակարգին, կամ համակարգերուն՝ իրարու հակադիր, սակայն իրարու որքա՛ն նման,
որոնց մէջ ակամայ ներքաշուեցանք ամբողջ 70 տարի՝ վերանկախացումէն առաջ, եւ հիմա
արդէն ահա 20 տարիէ ի վեր՝ վերանկախացումէն ե՛տք։ Ու երես չդարձնենք մեր երկրէն,
ոչ ֆիզիքապէս, ոչ ալ մանաւանդ հոգեպէս...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2011-07-18 )1672(
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝