Յայտարարութիւն

Friday, July 29, 2011

Երբ մեր ձայնը չե՛նք արժեւորեր

Մասնակցութեան պակասը,մասնակցելով պահանջելու իրաւունքի ձեռքբերման ըմբռնումը կը պակսի հայ հասարակութեան մօտ: Վրէժ Արմէնի յօդուածը, զուգահեռներ քաշելով, սեղմ բառերու մէջ շատ բան կ'ըսէ այդ մասին:
«Նշանակ»
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»««»«»«»«»«»«»«»«

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Երբ մեր ձայնը չե՛նք արժեւորեր...
Քաղաքական կեանքը մեզ այնքան ալ չի հետաքրքրեր, ատիկա
քաղաքագէտներուն գործն է, կ'ըսենք, ու կը դառնանք մեր գործին, մեր ընտանիքին, մեր
անմիջական մտմտուքներուն։
Այս հարցին է, որ կ'անդրադառնայ Le Devoir-ի 11-12 յունիս 2011-ի թիւին մէջ
Caroline L. Mineau՝ իր La vague orange expliquռe par Tocqueville յօդուածով։ Օրաթերթը ամիսը
անգամ մը կը դիմէ իմաստասիրութեան եւ պատմութեան դասախօսներու եւ այլ
մտաւորականներու, որպէսզի յետադարձ հայեացքով փորձեն բացատրել մեր ներկան,
այնտեղ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, անհասկանալի թուացող երեւոյթները, ու
մեզի մատուցեն այն չափորոշիչները որոնցմով կրնանք մեկնաբանել ու ընկալել մեր
այսօրը։

Մինօ, որ իմաստասիրութիւն կը դասաւանդէ Cռgep de Sainte-Foy մէջ, կը դիմէ ԺԹ.
դարու առաջին կիսուն ապրած ֆրանսացի գրող ու քաղաքական գործիչ Alexis de
Tocqueville-ի, որպէսզի մեկնաբանէ Գանատայի դաշնակցային վերջին ընտրութիւնները,
որոնք երրորդական դիրքէ մը պաշտօնական ընդդիմադիր կուսակցութեան վերածեցին
Jack Layton-ի ղեկավարած Նոր ժողովրդավար կուսակցութիւնը (New Democratic Party /
Nouveau parti dռmocratique).
Տը Թոքըվիլ այս մարզին մէջ հեղինակութիւն մը կրնայ նկատուիլ, քանի որ իր
կոթողական գործը կը հանդիսանայ »Ժողովրդավարութիւնը Ամերիկայի մէջ«՝
քաղաքական-ընկերաբանական վերլուծական երկը, որ գրի առած է Միացեալ Նահանգներ
այցելութենէ մը ետք։
Աւանդական կուսակցութիւններէն օձիք թօթուելով, քուէարկողները Քեպէգ
նահանգին մէջ իրենց քուէները կեդրոնացուցին Նոր ժողովրդավարներուն վրայ,
առինքնուելով ղեկավարին համակրելի անձնաւորութենէն, յաճախ անտեսելով նոյնիսկ,
թէ որո՛նք էին Գանատայի խորհրդարանին մէջ զիրենք ներկայացնելու յաւակնող
թեկնածուները, այդպիսով զգալի կերպով աւելցնելով այդ կուսակցութեան ընտրեալներու
թիւը ու անոր ապահովելով իր ներկայ դիրքը։ Այս հաստատումը անշուշտ արդար չէ այն
գաղափարախօսութեան հանդէպ, որ Նոր ժողովրդավարներունն է, եւ որ հիմնուած
է ընկերային արդարութեան )ընկերվարութեան( վրայ։ Արդար չէ նաեւ այն մեծ ճիգին
նկատմամբ, որ անոնք ի գործ դրին իրենց պատգամը ժողովրդային լայն զանգուածներուն
հասցնելու համար։ Վերջապէս արդար չէ նոյն այդ զանգուածներուն դատողութեան
նկատմամբ։
Կայ սակայն ճշմարտութեան բաժին մը Մինոյի արտայայտած մտահոգութեան ու
Տը Թոքըվիլի բանաձեւած մտքին մէջ։ Ի՞նչն է այդ ճշմարտութիւնը։ »Ժողովուրդը երբեք
ոչ ժամանակը ոչ ալ միջոցը կը գտնէ« ուսումնասիրելու համար, թէ ո՞վ է իր
ընտրաշրջանի թեկնածուն, ներկայ չի գտնուիր նախընտրական հաւաքներուն, չի
մասնակցիր թեկնածուներու ընտրութեան կամ նշանակման գործընթացին, որովհետեւ
սեփական գործերով տարուած է, հասարակական կեանքով չի հետաքրքրուիր, միայն
ընտրութենէ րնտրութիւն մէջտեղ կÿելլէ, այն ալ յաճախ բացակայութեան մեծ տոկոսով։
Մինօ դիտել կու տայ, որ Տը Թոքըվիլ այս երեւոյթը պիտի բացատրէր ընտրողներու
քաղաքական դաստիարակութեան պակասով։ Արդի ժողովրդավարութեան ամենէն
վտանգաւոր ազդեցութիւններէն մէկը այն է, կÿըսէ ան, որ իրենց սեփական կեանքը
վայելելու ցանկութեամբ գերուած, անոնք կեդրոնացած կառավարութեան մը կը վստահին
ամեն ինչով զբաղելու պարտականութիւնը, ու միայն պարբերաբար զայն տարբեր
անձերով փոխարինելու ազատութիւնը կը վերապահեն իրենք իրենց։ Սակայն, կÿաւելցնէ,
Տը Թոքըվիլ, այդ ազատութիւնը երեւութական է միայն, որովհետեւ մտաւորական այլ
կարողութիւններու նման, լաւ դատելու ընդունակութիւնն ալ պէտք է ի գործ դնել՝ զայն
կարենալ զարգացնելու համար, ինչ որ չÿիրականանար առանց հասարակական կեանքին
կանոնաւոր մասնակցութեան։ Քաշուելով այդ կեանքէն ու սեփական կեանքին վրայ
կեդրոնանալով, անոնք կը նեղցնեն իրենց հայեցադաշտը ու կÿօտարուին հաւաքական
մտահոգութիւններէն։ Սակայն, կը նշէ ան, »զգացումներն ու գաղափարները չեն
նորոգուիր, սիրտը չի մեծնար ու մարդկային միտքը չի զարգանար առանց մարդոց
փոխադարձ ազդեցութեան«, իսկ այդ ազդեցութիւնները կը կատարուին երբ մարդիկ
այլազան կազմակերպութիւններու մէջ - ատոնք ըլլան քաղաքական, համայնքային,
բարեսիրական թէ այլ խմբաւորումներ - քով քովի կու գան, տեսակէտներ կը
փոխանակեն, կը հակադրուին իրարու, իրենց եսասիրական ու անմիջական շահերէն ու
նպատակներէն անդին՝ հաւաքական ու հեռաւոր շահեր ու նպատակներ հետապնդելով։
Այդպիսով միայն մարդիկ կրնան իրենց քաղաքական դաստիարակութիւնը մշակել,
ու աւելի լաւ հասկնալ հասարակական խնդիրները։
Նոր ժողովրդավար կուսակցութեան անունով ընտրուած նորընծայ
երեսփոխաններու առկայութիւնը այսօր կրնայ սքանչելի առիթ մը հանդիսանալ, որ
քաղաքացիները մօտէն հետեւին անոնց գործունէութեան, հաշիւ պահանջեն, ու զգացնեն
իրենց ամենօրեայ ներկայութիւնը քաղաքական կեանքին մէջ, կ'աւելցնէ Մինօ։

Այս երեւոյթները ի հարկէ յատուկ չեն միայն Գանատայի։ Ինքզինք ժողովրդավար
դաւանող որեւէ ժամանակակից հասարակութիւն, այստեղ թէ այլուր, ներառեալ
Հայաստանի մէջ, նոյն դժուարութիւնները կը դիմագրաւէ, ու բացակայութիւնը չէ՛
լուծումը։
Երկրի մակարդակէն եթէ իջնենք մեր համայնքի մակարդակին, կացութիւնը
տարբեր չէ, ու չի կրնար ըլլալ։ Ըլլա՛յ մեր կուսակցական կեանքին մէջ, ըլլա՛յ թեմական
ու միութենական, մենք վարժուած ենք մեր ընտրութեամբ )նոյնիսկ առանց այդ
ընտրութեան իսկ մեր մասնակցած ըլլալուն( կազմուած վարչութիւններուն վստահելու
մեր բոլոր պահանջքներուն գործադրութիւնը, առանց մտածելու, որ մեր ամենօրեայ
ներկայութեամբ ու որոշումներ տուող ժողովներո՛ւն ներկայութեամբ է, որ կրնանք
ապահովել ժողովրդավարութիւնը մեր ալ առօրեային մէջ, այլեւ այդ որոշումներու
գործադրութեան աշխատանքներուն մասնակցելով է, որ կրնանք նաեւ կշռել անոնց
նպատակայարմարութիւնն ու գործադրելիութիւնը, ու ըստ այնմ ալ դատել գործող
մարմինները, եւ յաջորդիւ տալ աւելի ճիշդ որոշումներ։ Հաւաքական կեանքը
փոքրամասնութեան մը ոչ մենաշնորհն է, ոչ ալ միայն ի՛ր ճիտին պարտքը։
Դասը, որ քաղելու ենք մայիս երկուքի պետական ընտրութիւններէն՝ մեր ձայնը
արժեցնել գիտնալն է, ո՛ւր ալ որ ըլլայ, ի՛նչ մակարդակի վրայ ալ որ ըլլայ ատիկա։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2011-07-11 )1671(
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝