Յայտարարութիւն

Wednesday, July 6, 2011

ԸՆԴՎԶԵՑԷ՛Ք -ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

Վրէժ Արմէնի «ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ» սիւնակին մէջ հեղինակը մատը դարձեալ մարդկային թէ ազգային վէրքի մը վրայ կը դնէ եւ վեր կ'առնէ ընդվզումի դրական եւ խիստ կարեւոր յատկութիւնները:Ազգային կեանքի տնօրինման մէջ յաճախ վատ աչքով կը նայինք «ընդվզող»ներուն,գիտնալով հանդերձ որ անոնք արդար ընդվզումներ են:Ինչո՞ւ:Որովհետեւ անձնական եսը կը գերադասենք հաւաքականէն: «Իմս», «Սեփականս»,«Ուրիշը ինծի ինչ» հոգեբանութենէն դուրս բերելու կոչ է Վրէժ Արմէնի յօդուածը: Ականջ տալ «ընդվզողներու» խօսածներուն,առաջարկներուն, առիթ տալ անոնց , ներառել զիրենք ազգային գործունէութեան մէջ՝ կանխած կ'ըլլանք զիրենք նետուելէն անտարբերութեան գիրկը: Յօդուածի աւարտին տեղին է ՎԱի հարցադրումը թէ «ո՞ւր են ընդվզողները...» : Սակայն սխալ է կարծել որ անոնք գոյութիւն չունին : Զանոնք յայտնաբերելը կը սկսի զանոնք մտիկ ընելով , իրենց ըսածին մէջ իրականութիւնները փնտռելով :

Յօդուածը արտատպուած է Մոնթրէալի մէջ լոյս տեսնող «Հորիզոն» թերթէն:
«Նշանակ»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
ԸՆԴՎԶԵՑԷ՛Ք
Սոյն յօդուածը գրելէ առաջ կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել սիրելի Խաչիկ Տէր
Ղուկասեանին, որ անցնող Մայիս 28-ի տօնակատարութեան իր կատարած արժէքաւոր
բանախօսութեան ընթացքին անդրադարձաւ Stephane Hessel-ի "Indignez vous!" գրքոյկին, որ
գէթ ինծի համար կարեւոր նորութիւն մըն էր։
Հրեայ ծագումով՝ Հեսել ծնած է Պերլին 1917-ին, փոխադրուած է Փարիզ 1924-ին.
մասնակցած է նացիներու դէմ պայքարին՝ մաս կազմելով Ֆրանսայի ազգային
դիմադրութեան խորհուրդին, ձերբակալուած է ու տարուած նախ Պուխենուալտի ապա
Տորայի կեդրոնացման ճամբարները, որոնցմէ յաջողած է փախչիլ, վերադառնալ
Ֆրանսա. իր ներդրումը ունենալ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց հռչակագրի
պատրաստութեան մէջ, ապա նաեւ դառնալ ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի դեսպան։
2009-ի մայիս 17-ին, »Դիմադրութեան խօսքեր« (Paroles de resistance) կոչուող
տարեկան հաւաքի մը ընթացքին իր արտասանած ճառն է, որ յետոյ գրքոյկի մը կը
վերածուի ու 2011-ի յունուարին կր հրատարակուի Indigene Editions հրատարակչականին
կողմէ։
Ընդվզումի կարողութիւնը մարդկային ամենէն ազնիւ յատկանիշներէն մէկն է։
Ընդվզումը կ'ենթադրէ համոզում, հաւատք ու մանաւանդ կացութիւն մը կամ երեւոյթ մը
փոխելու կամք։ Յեղափոխութիւնները ընդվզումէ մը կը սկսին։ Ընդվզումին հակառակը
համակերպումն է, ձեռնթափումը, որ ի վերջոյ կ'առաջնորդէ մահուան, բարոյական,
եթէ ոչ նաե՛ւ ֆիզիքական մահուան։
Սթեֆան Հեսել, իր վերոնշեալ խօսքին կամ գրքոյկին մէջ սապէս կ'արտայայտուի.
»Դիմադրութեան շարժառիթը ընդվզո՛ւմն է«։ Ասիկա անմիջապէս երկու զուգահեռ կը
ստեղծէ մտքիս մէջ։ Մէկը Հ.Յ.Դ մանիֆեստն է՝ առաջին գլխաւոր գրաւոր ելոյթը, որ այս
կուսակցութիւնը հրատարակած է իր կազմութենէն ետք, 1890-ին։ Այնտեղ,
անդրադառնալէ ետք օսմանեան լուծին ենթարկուած Հայուն անտանելի վիճակին,
Մանիֆեստը կը դրսեւորէ մեր ընդվզումը սա բառերով. »Հայի պէս համբերող ազգն
անգամ անկարող է շարունակել իր գոյութիւնը այդպիսի երկրում։ Բայց համբերութիւնն
էլ ունի իր սահմանը«։ Եւ անշուշտ անկէ անդին կոչ կ'ընէ հայութեան զէնք վերցնելու ու
ու համախումբ ուժերով եւ քաջութեամբ յառաջ տանելու »հայրենիքի ազատութեան
սուրբ գործը«։ Ի հարկէ այդ կոչը ուղղուած էր առաջին հերթին երիտասարդութեան, բայց
նաեւ ծերունիներուն, հարուստներուն, կիներուն եւ հոգեւորականներուն. »Սպասելու
ժամանակը չէ...«։
Միւսը Յովհաննէս Շիրազի »Ամենայն սրտով« պատգամն է, ուր ողբացեալ
բանաստեղծը, ընդվզելէ ետք սովետական լուծին ենթարկուած ու լռելու դատապարտուած
հայութեան վիճակին անչութեամբ, կոչ կ'ընէ պայքարելու, որովհետեւ չպայքարելու
հետեւանքը մա՛հն է, եւ »պէտք է սոսկա՛լ մահից սեփական«։
Իսկ ի՞նչ կ'ըսէ Հեսել. »Վերցուցէք դրօշը, ընդվզեցէ՛ք։ Հասարակական,
տնտեսական, մտաւորական պատասխանատուներն ու համա՛յն հասարակութիւնը պէտք
չէ հրաժարին [իրենց պատասխանատուութենէն], ոչ ալ թոյլ տան տպաւորուելու
ելեւմտական շուկաներու այժմու միջազգային բռնապետութենէն, որ կը սպառնայ
խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան«։
Այսօր սակայն այնքան պարզ ու այնքան դիւրին չէ ընդվզիլն ու իր ընդվզումը
արտայայտելը, քանի որ կ'ապրինք բարդ աշխարհի մը մէջ, ու արիւնալի
ըմբոստացումներն ու յեղափոխութիւնները ոչ միայն ապարդիւն կը դառնան, այլեւ առիթ
կ'ընծայեն ա՛լ աւելի ամրապնդելու բռնապետութիւնները։
»Բոլորիդ եւ իւրաքանչիւրիդ կը ցանկամ, որ ունենաք ընդվզումի ձեր
շարժառիթը« կը շարունակէ 94-ամեայ յեղափոխականը։ »Այն՝ թանկագի՛ն է։ Երբ բան մը
ձեզ կ'ընդվզեցնէ, ինչպէս ես ընդվզած եղած եմ նացիզմէն, ապա կը դառնաք զինուորեալ,
ուժեղ եւ յանձնառու«։ Կարեւորը այդ շարժառիթը գտնելն է, ու գտնելն է մարզի մը մէջ,
ուր ընդվզումդ ու անոր յաջորդելիք քայլերդ նպատակի մը պիտի ծառայեն, բա՛ն մը
պիտի փոխեն կացութեան մէջ։
Յատկապէս երիտասարդներուն ուղղելով իր խօսքը, Հեսել կ'աւելցնէ. »նայեցէք
ձեր շուրջը, հոն պիտի գտնէք այն նիւթերը որոնք կ'արդարացնեն ձեր ընդվզումը -
ներգաղթողներուն, փախստականներուն, գնչուներուն հանդէպ վերաբերմունքը [օրինակ]։
Պիտի գտնէք շօշափելի իրավիճակներ, որոնք ձեզ պիտի առաջնորդեն ուժեղ
քաղաքացիական արարքի մը։ Փնտռեցէ՛ք ու պիտի գտնէք«։
Հեսել իր այդ ճառին մէջ այդ պահուն նկատի ունի Ֆրանսան։ Իր խօսքը, սակայն
չէ ուղղուած ֆրանսացիներուն միայն։ Ընդվզումի ազդակներ ամեն տեղ կան ու ամեն
տեղ մարդ արարածը ընդվզելու է, եթէ իբր այդպիսին կոչուած է ապրելու։ Ու
եթէ ընդհանրականէն գանք մասնաւորին, հայութեա՛ն, անշուշտ կ'անդրադառնանք, որ
ընդվզելու պատճառներ չեն պակսիր նաեւ մե՛ր պարագային։ Բայց ափսոսալին այն է, որ
ըմբոստացողները չկան կամ հազուագիւտ են, եւ ինչպէս շատ այլ ժողովուրդներ ու
անհատներ, մենք ալ մատնուած ենք թմբիռի մը, ու հաշտուած մեր սեփական մահուան
հետ։
Ո՞ւր են ընդվզողները ի տես մեր հայրենիքի անկասելի պարպումին, արեամբ
նուաճուած մեր հողերուն լքումին։
Ո՞ւր են ընդվզողները մեր լեզուին՝ թէ՛ արեւմտահայերէնի ու թէ՛
արեւելահայերէնի աղճատման ու աստիճանական անհետացման դէմ։
Ո՞ւր են ընդվզողները Երեւան մայրաքաղաքի ազգային դէմքի այլափոխման,
մշակութային իր բնոյթէն՝ արեւելեան կամ արեւմտեան »պազար«ի մը վերածման դէմ
յանդիման։
Ո՞ւր են ընդվզողները ի տես մեր երկրի տնտեսական յարատեւ տկարացման ու
հարստութեան կեդրոնացման փոքրաթիւ սակաւապետութեան մը ձեռքին մէջ։
Ո՞ւր են ընդվզողները ի տես Սփիւռքի հայութեան տակաւին ցրուած մնալուն եւ
ա՛լ աւելի ցրուելուն, իր արմատներէն կտրուած ու իր մշակոյթէն անսնունդ մնալուն։
Ո՞ւր են ընդվզողները երբ մարդիկ սեփական շահը կը գերադասեն հաւաքական
բարիքէն, երբ սեփական հաճոյքն ու բարօրութիւնը կը մոռցնեն ազգային, հաւաքական
կարիքները։
Տակաւին, ո՞վ է որ կը տառապի ու կ'ուզէ կացութիւն փոխել երբ մեր ազգային
կառոյցները կը տկարանան, մեր եկեղեցիները չեն լեցուիր, մեր աշակերտները հայկական
վարժարաններէն դուրս կը մնան, մեր թերթերը չեն կարդացուիր, եւ մեր համայնքները
տակաւին իրարմէ բաժանեալ կը մնան նոյն քաղաքին մէջ, յաճախ նոյն թաղին մէջ, եւ
մասամբ նորին։
Վերադառնա՛նք մեր Մանիֆեստին, ականջ տանք 120 եւ աւելի տարիներ առաջ
արձակուած կոչին.
»Սպասելու ժամանակը չէ... Համախմբուե՛նք, հայեր, եւ քաջութեամբ առաջ
տանենք հայրենիքի ազատութեան [ամրապնդման, հզօրացման, ինչպէ՛ս կ'ուզէք հասկցէք
ազատութիւնը] սուրբ գործը«։
Ու լսենք Շիրազի ազդարարութիւնը՝ »պէտք է սոսկալ մահից սեփական«...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝