Յայտարարութիւն

Sunday, July 3, 2011

Շարլ Ազնաւուր Անցած Օրեր Le temps des avants 1

Շարլ Ազնաւուր
Անցած Օրեր - Յուշեր
Le temps des avants- Memoirs


Ֆլամմարիոն հրատարակչատունէն 2003 ին լոյս տեսած այս կեանքի էջերը հարազատօրէն Ֆրանսերէնէ արեւելահայերէնի թարգմանուած են Համլէթ Գասպարեանի կողմէ եւ տպագրուած Երեւանի մէջ՝ 2004 թուականին: «Նշանակ» պարբերաբար արեւմտահայերէնով պատառիկներ պիտի հրամցնէ իր ընթերցողներուն՝ մէկ շունչով կարդացուող 357 էջնոց այս գիրքէն:
«Նշանակ»
»«»«»«»«»«»«»««»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»««»«»««»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

Գիրքի ձօնը ՝

Ի յիշատակ ծնողներուս,
ինչպէս նաեւ ըստ բեմ մտնելու կարգի՝
Այտային,Սեդային,Ուլլային,Քաթիային,Միշային,
Նիքոլային,Լիրային,Ժաքոպին եւ Լէյլային :
Շնորհակալութիւններս Սթեֆանի Քլավիէին ինծի նկատմամբ
Իր ունեցած վստահութեան եւ այն օգնութեան համար, որ ան ցուցաբերեց՝
Կարգի դնելով թուղթին յանձնած մտքերս,
ինչպէս նաեւ Ժերար Տաւուստին , որ տարիներ շարունակ անդրդուելի մնաց
ինքնավստահութիւն ներշնչելու ինծի (երբ կասկածներ կ'ունենայի), թէ չափածոյէն բացի այլ բան գրելու ունակ էի. եւ դարձեալ երկուքին միատեղ՝ ուղղագրական սխալներս շտկելու համար:

ՆԱԽԱԲԱՆ
Կեանքդ պատմելը դիւրին բան չէ, ինչպէ՞ս ընես, որ հաւակնոտ չերեւիս,ընթերցողը չյոգնեցնես, կամ ալ չգրգռես անոնք, որոնց անունները յիշած ես կամ մոռցած յիշելու: Յաճախ մեզի կ'ըսեն ՝ պատմեցէք ձեր կեանքի մասին, դժբաղդութիւններու եւ յաջողութեանց , ձեր հանդիպումներուն ու մանաւանդ ձեր սիրային արկածներուն մասին:Իսկ ինչո՞ւ չէ անկողինի մէջ մեր պահուածքի մասին:
Թէեւ բառերէն չեմ վախնար, սակայն քիչ մը ամօթխած եմ:Ինչ որ զսպուածութիւն մը, գաղտնապահութեան պէս բան մը ինծի կ'արգիլէ դիւրութեամբ բանալու զգացումներս, չափէն աւելի ինքզինքս երեւցնել,գործածել բառեր, ըսենք՝ «յաղթանակ» ու նման այլ համեմատականներ, որոնց մարդ կ'առնչուի երբ յաջողած է իր ասպարէզին մէջ:

ԴԱԷՊԻ ԲԵՄ

Մեր օրերուն կենսագրականը մօտա է. ինչ որ կ'ուտես,կը խմես,կ'արտադրես՝ պէտք է գրի առնուի:Իմ հերթիս, ես ալ որոշեցի այս մտայնութեան տուրք տալ՝կենսագրութիւնս յիշողութեանց ձեւով շարադրելով:Չէ, այս միտքը աշնան քամիի նման յանկարծակի չծնաւ գլխուս մէջ , աւելի շատ, քանի որ օդը յագեցած է ատոնցմով,շատ հրատարակիչներ, ընդ որոնց՝հեղինակաւոր, յայտնեցին թէ հետաքրքրուած էին զիս հրատատակելով: 1974ին ես արդէն նման մէկ բան ըրեր էի, սակայն իմ այդ առաջնեկի համար ինծի օգներ էր լրագրող Ժան Նոլին, որ անցեր էր ամբողջ գրածիս վրայէն: Ստացուեր էր, որ այդ իմ կեանքն էր , սակայն ուրիշի ձայնով պատմուած:
Երկար խորհելէ ետք, տասնհինգ տարի, որը ցոյց կուտայ թէ ինչ աստիճանի կը կասկածէի այս քայլին օգտակարութեանը, լծուեցայ այս գործին,յիշելով թէ օր մը ինծի ինչ էր յուշած մեծ տպաքանակով տպագրուող ամերիկացի գրող Հարոլտ Ռոպինզը.«հասարակութիւնը կը սիրէ success stories, յաջողութեան պատմութիւններ,յատկապէս երբ անոնց մէջ ծեծ ու կռիւ կայ,որուն սկիզբն ալ դժուար է եղած»: Ինչ կը վերաբերի դժուար սկիզբներուն, ատոնցմէ ինծի առատ բաժին է ինկած, իսկ կռիւներու հաշուով՝ ոեւէ մէկուն պարտք չեմ մանցած: Ինչ տեսակ բռունցքի հարուած ըսես , մի քանի կապտուկ մնացեր են հոգիիս ու ծնօտիս վրայ, մի քանի հատ ալ արթիսթիք աքացի՝ յետոյքիս:
Էհ, որ կ'ըսէի, արդէն ինկայ յիշողութեանց գիրկը: Տարօրինակ է, չեմ գիտեր, արդեօ՞ք իմ կեանքն ու ուղին, ինձմէ բացի, որեւէ հետաքրքրութիւն կը նեկայացնեն մէկ ուրիշի համար. կ'ապրինք, կը տեսնենք կ'ըսեն. ով ինքզինք չիվտանգեր, չի շահիր: Ես շատ եմ դառն մրուր կերած ու ատկէ որոշ փիլիսոփայութեան հանգած:Եթէ այն որուն կը պատրաստուիմ պատմել, ձեզ հետաքրքրէ եւ դիւր գայ, գոհ կ'ըլլամ: Եթէ ոչ: Տէր Աստուած, քի՞չ բան տեսած եմ, այդ ալ կուլ կուտամ:

Ուզեցի երգել: Ըսին՝ լաւ կ'ըլլայ ձեռքս քաշեմ, այդ ճամբով երթալու ոչ մէկ շանս չունիմ.իմ այդ ձայնով ու տեսքով բեմ բարձրանալու հնարաւորութիւն չունիմ: Ուզեցի գրել ուերգեր յօրինել, ամէն ինչ ըրին, որ թեւերս կոտրեն: Այդտեղ ալ, այդ արհեստի մէջ ալ , տարրականը աւարտածիս համար ապագայ չի կրնար ըլլալ:Անոնք, որոնք կը կարդային երգերս , հակառակին կը համոզուէին, առաջին հերթին հանդիսատեսը, այսօր կենսագրութիւնս կը գրեմ, լաւ իմանալով որ ոչ գրող եմ, ոչ ալ գրականութեան մարդ:Սակայն ես ապրած եմ կեանք մը, որ թերեւս արժէ – կ'ըսեմ թերեւս – որ պատմուի: Ի՞նչ արձագանգներ պէտք է սպասել: Հասած ըլլալով տարիքի մը, երբ քիչ պատրանքներ կ'ունենաս, այնուամենայնիւ ինկզինքիս հարց կուտամ՝ոճը, գրելու ձեւը աւելի՞ կ'արժեն, քան այն ինչ կ'ուզես ըսել: Աւելի լա՞ւ կ'ըլլար, ինչպէս ժամանակին ձայնիս համար խորհուրդ կուտային,գրիչս վար դնել: Է՜հ, բանը բանէն անցեր է, ինչի՞ մասին կը մտածես :

Արդ, կար ու չկար տղայ մը կար, անունը դժուար արտասանուող՝ Շարլ Ազնաւուրեան:

Շար. 1



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝