Յայտարարութիւն

Saturday, August 27, 2011

ԶԷՔԻ -1- ՕՇԻՆ ԷԼԱԿԷՕԶ



«Նշանակ» երկու անգամով կը հրապարակէ պոլսահայ մտաւորական Օշին Էլակէօզի «ԶԷՔԻ» խորագրով կարճ պատմութիւնը: Էլակէօզ ունի քաղաքական հմտութիւն :Ան կրցած է հարազատութեամբ բնորոշել ծայրայեղութեանց պատճառած վնասը, արժէքներու ոտնակոխման պատճառով գոյացած անսրտութիւնը, անգթութիւնը , որոնք մարդս կ'առաջնորդեն անճարակութեան եւ հասարակութեան կողմէ՝ անարգանքի: Էլակէօզ ճարտարօրէն կարողացած է մայրական բարի զգացումով հաւասարակշռել չարութիւնը: Էլակէօզի այս վիպակի առանձնայատկութիւնը կը կայանայ աւելի իր նիւթիւն մէջ քան գրական իր արժէքին: Գնահատելի աշխատանք:

«Նշանակ»




»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

Զ է Ք Ի

Վերջին քանի մը օրերուն Պոլիսը անհանգիստ մթնոլորտի մէջ էր:Ժողովուրդը կը գուշակէր թէ բան մը պիտի պատահէր բայց չէր գիտէր թէ ինչ էր պատահելիքը ու որքան մեծ ազդեցութիւն մը պիտի ունենար կեանքի ընթացքին վրայ:Ամէն մարդ փուշի վրայ էր կարծէք:Փոքրամասնութիւնները եւ մանաւանդ Յոյները, կը զգային թէ իրենց դէմ ժողովուրդը ամէն օր աւելի լարուած ու թշնամական կեցուածք կը ցուցաբերէր:Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ Կիպրոս կղզիի յոյն-թուրք հակամարտութեանց պատճառաւ ստեղծուած լարուած վիճակը, հասած էր իր գագաթնակէտին:

Թուրքիոյ ամենաբարձր ընթերցողներու թիւը ունեցող Հիւրրիյէթ օրաթերթը վերջին օրերուն լուր մը հրապարակել սկսած էր:Ըստ այդ լուրին Պոլսոյ Յոյն փոքրամասնութիւնը դրամ հաւաքելով ղրկած էր Կիպրոսի մէջ գործունէութիւն ունեցող <<էնօսիս>> կազմակերպութեան հրոսախումբերուն:



Ժամը 13:00 ին ձայնասփիւռէն սփռուող լուրերէն յայտարարուեցաւ,թէ Յոյները Թեսաղոնիկէ գտնուող Աթաթիւրքի տան առջեւ ռումբ դրած եւ մեծ վնաս պատճառած են: Տարիներ վերջ պիտի մէջտեղ պիտի ելլեր թէ այդ ռումբը դնողը Օքթայ էնկին անունով Թեսաղոնիկէ ի համալսարանի ուսանող թուրք մըն էր:Այսինքն այս բոլորը ժողովուրդը Յոյներու դէմ գրգռելու համար կազմակերպուած բեմադրութիւն մըն էր, բայց այդ օրերուն ոչ ոք չէր ուզեր իմանալ իրականութիւնը:Եղածը եղած էր ու ռումբը Պոլսոյ Յոյն հայրենակիցներուն բնակած թաղերուն մէջ շատ աւելի մեծ աւեր կատարած էր քան թէ իր պայթած վայրին մէջ: Օքթայ Էնկին անուն թուրք ուսանողը, տարիներ վերջ ,1992 ին, Թուրքիոյ Նեւշեհիր կոչուած քաղաքին կուսակալը պիտի նշանակուէր...



Իրիկուան դէմ շոգենաւով Քատիգիւղէն Գարագիւղ անցնող ժողովուրդը, խուժած էր շոգենաւին պատուհաններուն առջեւ ու հեռուէն կը դիտէր քաղաքին կարգ մը թաղերէն բարձրացող ծուխն ու կրակի բոցը: Որքան շոգենաւը կը մօտենար նաւամատոյցին, այնքան լսելի կը դառնար քաղաքէն բարձրացող խժժոցը:Իրարանցում մը կար քաղաքին մէջ:Ժողովուրդը որ վարժուած էր իր ամէն օրուայ ճամբորդութեան ընթացքին, օդին մէջ թռչող ծովային ճայերուն հացի կտոր նետել ու զանոնք կերակրելով ժամանակ անցնել ու թռչուններուն հացի պատառը օդին մէջ յափշտակելը դիտելով զուարճանալ, այդ օր զարմանքով կ 'անդրադառնար թէ օդին մէջ մէկ թռչուն իսկ չէր մնացած:Անոնք անգամ փախած ու պահուըտած էին իրենց բոյներուն մէջ նախընտրելով այդ օր անօթի մնալ բայց չի մօտենալ <<մարդ>> կոչուած բնութեան ամենավայրենի էակին:



* * *



Պոլսոյ, Թաքսիմ թաղի վրայ գտնուող Իսթիքլալ պողոտան, ծայրէ ի ծայր ծածկուած էր մետաքսէ կերպասներով, հագուստներով , գորգերով եւ կահ կարասիով որոնք պատուհաններէն դուրս նետուած էին զանոնք ատելութեամբ դուրս նետող բազմութեան կողմէ: Պողոտային վրայ քալողին կօշիկին տակը հողին չէր դպչեր: Կարասիներուն մէկ մասը ջախջախուած, պատուհաններուն կառչած մնացած էին հագուստեղէններ եւ կերպասներ: Յաճախ ութը, տասը հոգինոց խումբեր կարգախօսեր արձակելով կը պտտէին փողոցներուն մէջ <<Կիպրոս Թուրք է,Թուրք պիտի մնայ>> լոզունգը արտասանելով :



Զէքի, իր շապիկին կոճակները մինչեւ փորը բաց, քրտնած,տաբատը եւ կօշիկները փոշոտ,աջ ձեռքին հաստ ու տոկուն գաւազան մը ,լանջքը դուրս ձգած ըմբշամարտիկի կերպարանքով կը քալէր աւերակ դարձած պողոտային վրայ:Ձեռքի փայտը, հաստ ու տոկուն փայտ մը ըլլալով հանդերձ, մասամբ ճաթած էր ու կոտրած : Զէքի, երբ կանցնէր Տիմիթրիի խանութին առջեւէն ատելութեամբ նայեցաւ խանութին ջախջախուած դրան,պատուհաններուն եւ դարակներուն:Այս խանութէն սկսած էր իր պարտականութիւնը կատարելու իր խումբին հետ: Տիմիթրի, իրենց Յոյն տանտէրն էր որ յաճախ կը վիճաբանէր իր հետ, որովհետեւ Զէքիի ընտանիքը , որ իր վարձակալն էր, վեց ամիսէ ի վեր տան վարձք չէր վճարած իսկ Տիմիթրի կը սպառնար զիրենք տունէն դուրս նետել: Զէքի ազգայնամոլ էր. Ըստ իր մտայնութեան,իր երկրին ընձեռած առիթներու շնորհիւ էր որ Տիմիթրի հարստացած ու տան տէր եղած էր: Իրեն համար ան ամբարտաւան յոյն մըն էր որ այս երկրին մէջ միայն ծառայ ըլլալու իրաւունք ունէր ոչ թէ տանտէր: Զէքի նայեցաւ խանութէն ներս ու տեսաւ Տիմիթրին որ նստած էր քանդուած խանութին մէկ անկիւնը, իր աչքերը դէպի գետին խոնարհած , խոր մտածումներու մէջ: <<Վարնոց մարդ, հիմա հասկցա՞ր թէ այս երկրին մէջ ով է տանտէր եւ ով վարձակալ... >> Զէքի մրմրաց քթին տակէն:



6 Սեպտեմբերի գիշերը սկսող թալանը 9 ժամ տեւած ու 7 Սեպտեմբերին առաւօտեան դէմ վերջացած : Այս կարճ ժամանակամիջոցին մէջ սպաննոած էին 15 Յոյն ու 1 Հայ հայրենակիցներ: Ծանր կերպով վիրաւորած էին երեսուներկու Յոյն հայրենակիցներ: Կիներ ու աղջիկներ բռնաբարուած, չորս հազարէ աւելի տուն, շուրջ հազար գործատեղի, եօթանասուն երեք եկեղեցիներ, երկու վանք, քսան երեք դպրոց եւ հինգ հազարի մօտ այլ շէնքեր քանդուած կամ վնասուած էին:



Զէքի իրեն տրուած պարտականութիւնը նուիրումով եւ յաջողութեամբ կատարած էր: Ան նախ գնաց իրենց միութեան հաւաքատեղին, ուր հաւաքուած էին իր միւս ընկերները, որոնք հերոսներն էին այս աւերին:Հոն իրենց մեծաւորը ոգեորիչ քարոզ մը տուաւ իրենց ու գովեց զիրենք իրենց վստահուած << սուրբ պարտականութիւնը>> լի ու լի կատարած ըլլալնուն համար :Իրիկուան Զէքի տուն գնաց :Հոն իր հայրը անհամբեր զինք կը սպասէր:Երբ դռնէն ներս մտաւ հօր աչքերը փայլեցան:Մօտեցաւ տղուն եւ հպարտօրէն զայն գրկեց :Զէքի առաւօտէն բան չէր դրած իր բերանը սակայն անօթութիւն չէր զգար:Պատճառած աւերին հաճոյքը զինք կուշտ կը պահէր:Միայն գաւաթ մը թէյ խմեց ու իր սենեակը քաշուեցաւ:Զէքիի հայրը պտղավաճառ էր իրենց թաղին մէջ, իսկ մայրը իր հարազատ մայրը չէր:Հայրը երկրորդ անգամ ամուսնացած էր : Երբ Զէքի հարցուցած էր իր հարազատ մօրը մասին հայրը յայտնած էր, որ մայրը զինք ծննդաբերելու ատեն մահացած էր:Ունէր նաեւ իրմէ տասը տարի փոքր խորդ քոյր մը: Զէքի, յոգնած վերջին երկու օրուան իրարանցումէն կանուխէն անկողին մտաւ:







Բաց վարագոյրին արանքէն լուսնին շողերը ինկած էին իր սենեակի պատին վրայ զետեղուած նկարին,ուր լերան մը վրայ կիսամահիկի մը տակ կը տեսնուէր ոռնացող գորշ գայլ մը:



Զէքի շատ յոգնած ըլլալուն ամիջապէս քնացաւ բայց հանգիստ քուն մը չէր ունեցածը:Ան կ'երազէր որ կը գտնուէր դաշտի մը վրայ ու կը հալածուէր գայլերու կողմէ:Ինք կը ջանար վազել ու փախչիլ զինք հետապնդող գայլերէն բայց չէր կրնար յառաջանալ, մինչ այդ զինք հետապնդող գայլերը իրենց բերնի լորձունքները վազեցնելով կը մօտենային իրեն: Զէքի վազել կը ջանար սակայն անտեսանելի ձեռք մը զինք իր օձիքէն դէպի ետ կը քաշէր:Ի վերջոյ գայլերէն մէկը եկաւ եւ իր սուր ակռաները անցուց Զէքիի ձախ ոտքի դաստակին:Զէքի ցաւով ու պոռալով վեր ցատկեց պառկած տեղէն ու արթնցաւ քրտինքի մէջ :Անդրադարձաւ որ ապրածը միայն մղձաւանջ մըն էր: Մտածեց թէ վերջին երկու օրուան մէջ ապրածները իր հոգեկան վիճակը խանգարած պէտք է որ ըլլային:Քանի մը վայրկեան անկողնին մէջ նստեցաւ գլուխը ափերուն մէջ բռնած :Առաւօտ էր արդէն: Վերմակը մէկդի շպրտեց ու անկողնէն վար սահեցաւ:Սակայն երբ ոտքերը գետին դպան ձախ ոտքի դաստակին զօրաւոր ցաւ մը զգաց ու անկողնին վրայ ետ ինկաւ:Տարօրինակ բան. դաստակին վրայ վերք մը կար .կարծէք ոտքը անասունի մը կողմէ խածուած էր...:Ոտքը արիւն լուայ վիճակի մէջ էր: Բացաւ վերմակը ու տեսաւ որ սաւանն ալ արիւնի մէջ էր:Զէքի պահ մը վարանեցաւ:Երազն ու իրականութիւնը իրար էին խառնուած ...



<<Ինչպէ՞ս կարելի է այսպէս բան մը>> մտածեց ինքն իրեն:Յետոյ ելաւ անկողնէն, սաւանը ժողուեց ու կաղալով գնաց լուացարան:Արիւնոտ սաւանը անմիջապէս լուաց որպէսզի տնեցիք չանդրադառնան որովհետեւ պիտի չի կարենար իրենց որեւէ բացատրութիւն տալ: Զէքի ոտքն ալ լուաց ու թաշկինակով մը կապեց:Իր սենեակը վերադարձաւ շուտ մը հագուեցաւ ու իրենց տան դիմացի դեղարանը շտապեց դարման մը ճարելու յոյսով: Դեղագործը երբ տեսաւ վէրքը ըսաւ որ կը նմանէր շունի նման անասունի մը խածուածքին եւ զինք ազդարարեց ըսելով թէ պէտք էր ամիջապէս դիմէր հիւանդանոց որպէսզի կատաղութեան հիւանդութեան դէմ պատուաստուի, որովհետեւ զինք խածնող շունը կրնար կատղած ըլլալ:Այդ օրերուն այսպէս դէպքեր շատ կը պատահէին: Զէքի ոչ մէկ պատասխան տուաւ դեղագործին:Ինչպէ՞ս կրնար ըսել որ զինքը խածնողը գայլ մըն էր եւ դէպքը պատահած էր իր երազին մէջ:Եթէ այդպէս բան մը ըսէր դեղագործը զինքը խենդ պիտի համարէր:

Վէրքին դարմանումէն վերջ Զէքի գնաց իր գործատեղին ու իր առօրեայ աշխատանքը տարաւ, կարծէք թէ ոչինչ չէր պատահած բայց իր միտքը անհանգիստ էր:



<< Ինչպէս կարելի է այսպէս բան մը >> , կը հարցնէր ինքն իրէն բայց պատասխան մը չէր կրնար գտնել:





Օրերը կ'անցնէին բայց Զէքիի ոտքը փոխանակ բուժուելու աւելի կը վատանար: Զէքի վերջապէս որոշեց բժիշկի մը երթալ:Ընկերոջ մը միջոցաւ դիմեց ծանօթ բժիշկի մը եւ ըսաւ թէ զինք իր մէկ ընկերոջը շունը խածած էր :Բժիշկը անձամբ ըրաւ վէրքին դարմանումը եւ բաւական զօրաւոր մանրէասպան դեղ մը տուաւ որպէսզի վէրքը չորնայ :



Շաբաթներ այսպէս անցան բայց ոտքը երթալէն աւելի կը վատանար:Այլեւս վրան չէր կրնար կոխել ու անթացուպով կը քալէր:Զէքի այս անգամ որոշեց իրենց թաղի հոճային դիմել : Ներկայացաւ անոր ու իր գլխէն անցածները եղածին պէս պատմեց հոճային: Հոճան տարեց եւ իմաստուն անձ մըն էր , յարգուած իրենց թաղին մէջ ու շատ լաւ կը ճանչնար թաղի բոլոր ընտանիքները:Շատեր իր ձեռքին մէջ մեծցած էին : Ան լսած էր նաեւ Զէքիի ծայրայեղութեանց եւ քանի մը ամիս առաջ պատահած դէպքերուն իր գործօն մասնակցութեան մասին:Լաւ մը զինք մտիկ ընելէ վերջ պատասխանեց:



<<Տղաս, քու բռնած ճամբադ ուղիղ ճամբայ մը չէ այս պատճառաւ է որ քու մէջդ պատերազմ մը կայ , քու ինքնութեանդ եւ մտայնութեանդ միջեւ:Եկուր դուն ինծի մտիկ ըրէ եւ բոլոր քաղաքական շարժումներէ հեռու կեցիր ապա թէ ոչ շատ պիտի տուժես >> :



Զէքի, քիչ մը շուարած եւ քիչ մըն ալ զայրացած պատասխանեց հոճային:



<<Ի՞նչ ըսել կ 'ուզես հոճա էֆենտի, իմ ոտքիս վէրքին հետ իմ քաղաքական գործունէութիւնս ի՞նչ կապ ունի:Մենք մեր հայրենիքին ծառայելու համար ապրող մարդիկ ենք >>:



<<Տղաս, հայրենիքն ծառայելու համար շատ աւելի արդար ու պատուաւոր միջոցներ կան:Անմեղ եւ քեզի ոչ մէկ վնաս պատճառող հայրենակիցները հալածել, անոնց տուները, խանութները քանդել հայրենիքին ծառայել չի կրնար նկատուիլ ոչ այս աշխարիս ոչ ալ յաւիտենական աշխարհին մէջ:Ես քեզ այս խրատը կ 'ուտամ իբր կրօնաւոր, իբր Աստծոյ պաշտօնեայ :Այս ձեր վարմունքը խորթ է նաեւ մեր սուրբ գիրքին >>:



Զէքիի երեսը յանկարծ կաս կարմիր կտրեց:Կը զգար որ իր արիւնը գլուխը կը խուժէր այդ պահուն:Բայց դիմացինը տարիքոտ, շատ իմաստուն եւ իրենց թաղին մէջ սիրուած ու յարգուած հոճա մըն էր, ուստի կրցածին չափ ինզինք զսպելով ոտքի ելաւ եւ սկսաւ պոռալ հոճային երեսն ի վեր:



<< Հոճա, հոճա դուն աղօթէ որ հոճա մըն ես եւ իմ մեծ հօրս տարիքը ունիս ապա թէ ոչ ես շատ լաւ գիտեմ քեզի պէս մարդոց հետ ինչպէս վարուիլ:Գիտցիր , որ երբ խօսքը հայրենիքին կը վերբերի՝ մնացածը անիմաստ շատախօսութիւն է:Մենք մեր այս սուրբ դատին համար , եթէ անհրաժեշտ է կրնանք նոյնիսկ մեռնիլ կամ մեռցնել >>:



Հոճան պահ մը մտածեց ու յետոյ պատասխանեց:

<< Տղաս, դուն ինծի եկար եւ քու անհանգիտութեանդ համար ինձմէ դարման խնդրեցիր:Ես բժիշկ չեմ , հոգեւորական մըն եմ, ուստի քեզ բժշկական դարմանում մը չեմ կրնաք առաջարկել:Կը տեսնեմ նաեւ թէ քու անհանգստութիւնդ հոգեկան է: Քու - անիմաստ շատախօսութիւն - նկատած արժէքները իմ կեանքիս աղբիւրը եղած է ,ես իմ բոլոր կեանքս այդ արժէքներով ապրած եմ եւ պիտի շարունակեմ ապրիլ >>:



Զէքի այլեւս չէր ուզեր մտիկ ընել: Զայրացած՝ կռնակը դարձուց եւ դէպի դուռ ուղղուեցաւ:Հոճան իր ետեւէն բարձրաձայն կանչեց որպէսզի իր վերջին խրատը տայ:



<<Տղաս, գիտցիր որ եթէ այսպէս շարունակես քու ինքնութիւնդ մտայնութեանդ զոհը պիտի ըլլայ: Պէտք է զղջաս գործած մեղքերուդ համար ու սիրաշահիս անոնք, որոնց վնաս պատճառած ես >> :



Զէքի լսեց հոճային վերջի նախադասութիւնը բայց ոչ մէկ իմաստ կրցաւ տալ այդ խօսքերուն:<<Ցնդեր է այլեւս:Յանցաւորը ես եմ որ այս ցնդած մարդուն եկայ կարծելով թէ կրնայ զիս բուժել կամ գաղափար մը տալ >> մտածեց ու փողոց ելաւ: Ջղայնացած, արագ արագ կը քալէր բայց ամէն մէկ քայլին իր ձախ ոտքին դաստակին վրայ ահռելի ցաւ մը կը զգար , որ պատճառ կ'ըլլար իր կաղելուն:



Շար.1





«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝