Յայտարարութիւն

Monday, August 29, 2011

ԶԷՔԻ -2- ՕՇԻՆ ԷԼԱԿԷՕԶ

«Նշանակ» երկու անգամով կը հրապարակէ պոլսահայ մտաւորական Օշին Էլակէօզի «ԶԷՔԻ» խորագրով կարճ պատմութիւնը: Էլակէօզ ունի քաղաքական հմտութիւն :Ան կրցած է հարազատութեամբ բնորոշել ծայրայեղութեանց պատճառած վնասը, արժէքներու ոտնակոխման պատճառով գոյացած անսրտութիւնը, անգթութիւնը , որոնք մարդս կ'առաջնորդեն անճարակութեան եւ հասարակութեան կողմէ՝ անարգանքի: Էլակէօզ ճարտարօրէն կարողացած է մայրական բարի զգացումով հաւասարակշռել չարութիւնը: Էլակէօզի այս վիպակի առանձնայատկութիւնը կը կայանայ աւելի իր նիւթիւն մէջ քան գրական իր արժէքին: Գնահատելի աշխատանք:

«Նշանակ»




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«



Օրերը կ'անցնէին բայց Զէքիին ոտքին առղջական վիճակը կը վատթարանար:Ձախ ոտքը մինչեւ դաստակը սեւցած էր այլեւս եւ գարշահոտ հեղուկ մը կը վազէր վէրքէն սաստիկ ցաւ պատճառելով:Ի վերջոյ ստիպուեցաւ հիւանդանոց երթալ:Բժիշկները եկար քննութենէ վերջ ըսին թէ ոտքի վէրքը փտախտի վերածուած էր եւ ընելիք ոչինչ կար ոտքը փրկելու համար , ստիպուած էին ոտքը անջատել:Զէքի չէր կրնար եղածներուն հաւատալ :Մղձաւանջ մը ի՞նչպէս ասանկ բանի մը կրնար պատճառ ըլլալ:Անըմբռնելի էր այս կացութիւնը իրեն համար բայց ընելիք բան չկար այլեւս , ոտքը փտած էր եւ պէտք էր զայն անջատել :



Գործողութիւնը յաջող անցաւ : Զէքիի ծունկէն վարի մասը վիրահատութեամբ անջատուած էր...



Ամիսներ անցան, Զէքի այլեւս վարժուած էր իր նոր կեանքին:Հանրաշարժի հաստատութեան պաշտօնեայ եղած էր ու նստած տեղը տոմսակ կը ծախէր եւ այդպիսով իր ապրուստը կ'ապահովէր:Քալելու համար անթացուպ կը գործածէր:Զէքիի հին կռուազանութենէն նշոյլ մ'իսկ չէր մնացած:Հիմա մտածկոտ ու մելամաղձոտ վիճակ մը ունէր ու թաղուած էր խոր մտածումներու մէջ: Ինքզինքը տուած էր կրօնքի ու կրօնական գիրքերու եւ քանի իր մէջ կը խորանային կրօնական զգացումները եւ կրօնական դաստիարակութիւնը ալ աւելի կը հաւատար թէ իր գլուխը եկածը սովորական արկած մը չէր այլ Աստուածային պատիժ մը :



Հոճային ըսած նախադասութիւնը իր ականջներուն մէջ կ'արձագանէր տեւական <<քու մտայնութիւնդ քու ինքնութեանդ հետ կը պայքարի, եթէ մտայնութիւնդ չի փոխես քու վերջդ վատ պիտի ըլլայ>>Ի՞նչ ըսել ուզած էր հոճան,ի՞նչ կը նշանակէր ասիկա:



<< Ախ՜ , երանի թէ հոճան ողջ ըլլար, ու երթայի անգամ մը եւս զինք այցելէի >> մտածեց:Իր վերջին այցելութեան վրայէն երկու տարիներ անցած էին. Հոճան , որ բաւական տարիքոտ էր , արդէն տարի մը առաջ մահացած էր:Զէքի յիշեց իր այցելութեան ժամանակ, երբ ինք զայրացած դռնէն դուրս կ 'ելլէր հոճային իր ետեւէն պոռալով տուած խրատը :



<<Պէտք է զղջաս գործած մեղքերուդ համար ու սիրաշահիս անոնք , որոնց վնաս պատճառած ես>>:



Զէքի գործէն վերադարձին, մտածեց Իսթիքլալ պողոտայի վրայ գտնուող յոյն Եօրկոյին խանութը այցելել :Այն օրէն վերջ բնաւ զինք չէր տեսած: Տիմիթրին ալ չէր եկած տան վարձք պահանջելու համար : Երկու տարիէ ի վեր ձրի կը մնային անոր տան մէջ:Զէքի վճռած էր տեսնուիլ Տիմիթրիի հետ եւ իրենց պարտքը վճարելու համար միասին ծրագիր մը պատրաստել եւ պարտքը բոլորովին գոցել : Մտածած էր նաեւ հատուցում վճարել իրեն երկու տարի առաջ 6 - 7 Սեպտեմբերի դէպքերուն իր խանութը քանդած ըլլալուն համար:Կը յուսար որ Տիմիթրի այս ձեւով պիտի ներէր իրեն իսկ հոճային իրեն տուած խրատը կատաած պիտի ըլլարլ:



Զէքի գործէն վերադարձին շիտակ գնաց Թաքսիմի Իսթիքլալ պողոտան գտնուող Տիմիթրիի խանութը:Այդ դաժան օրէն ի վեր քաջութիւնը չէր ունեցած այդ պողոտայէն անցնելու:Դիւրաւ գտաւ խանութը բայց Տիմիթրի չկար այլեւս ու խանութն ալ բոլորովին փոխուած էր: Տիմիթրիի խանութը այդ տարիներուն յայտնի ծաղարան մըն էր, իսկ հիմա հագուստեղէն ծախող խանութի մը վերածուած էր ու տէրն ալ փոխուած էր:Զինք տեղեկացուցին թէ Տիմիթրի շուրջ երկու տարի առաջ, այսինքն 6 - 7 Սեպտեմբերի դէպքերէն քիչ վերջ, խանութը ծախած եւ իր բոլոր ընտանիքով Յունաստան գաղթած էր: Զէքի գիտէր որ Տիմիթրի ունէր եղբայր մը որ կը բնակէր Վոսփորի Թէրափիա թաղին մէջ ու քոյր մը , որ կը բնակէր Քատըգիւղ :Հակառակ որ այս երկուքն ալ իրարմէ շատ հեռու թաղէր էին ու Զէքիի ոտքը անջատուած ըլլալուն պատճառաւ քալելու մեծ դժուարութիւն կը քաշէր, գնաց ու գտաւ իրենց տուները որպէսզի տեղեկութիւն ստանայ Տիմիթրիի մասին:Սակայն երբ անոնց ապրած թաղերէն ներս մտաւ յուսախաբ եղաւ.թաղին բնակչութիւնը մեծամասնութեամբ փոխուած էր:Թէրափիա թաղին գեղեցիկ յոյն աղջիկներն ու տիկինները, որոնք իրենց ուրախ զուարթ պոռչտուքով կը լեցնէին թաղին փողոցները, չկային այլեւս:Զէքի, օր մը Թէրափիա օր մըն ալ Քատըգիւղ երթալով գտաւ Տիմիթրիի քրոջը եւ եղբօրը տուները, բայց երբ դուռերը բախեց երկուքն ալ բացուեցան օտարներու կողմէ, որոնք ըսին որ հին տանտէրերը տունը իրենց ծախած ու գաղթած էին Յունաստան:



Զէքի յուսահատ տուն վերադարձաւ: Կը գիտակցէր, որ ներողամտութիւն հայցելու բոլոր առիթները կորսուած էին այլեւս:Հագուստները հանեց ու անջատուած ձախ ոտքը պաղ ջուրին տակը բռնեց որպէսզի քիչ մը զովանայ:Շաբաթ մըն էր որ ոտքը դարձեալ վէրքոտիլ սկսած էր, անընդհատ կը կոտտար ու կ'արիւնէր:



Զէքիի ապրելաոճը փոխուած էր :Երկու ամիսէ ի վեր գործէն դադրած էր ու տունէն գրեթէ դուրս չէր ելլեր:Հայրը կը ստիպէր որ դարձել բժիշկի երթար: Զէքի սկսած էր բեռ ըլլալ իր հօրը ուսերուն:Զէքի, սակայն կը մերժէր բժիշկի երթալ:Գիտէր թէ այլեւս ամէն ինչ պարապ էր ու իր անհանգստութիւնը ֆիզիքական չէր այլ երկնային արդարութեան իրեն տրուած պատիժին գործադրութիւնն էր, զոր ստիպուած է կրել: Անկողնին դիմացի պատին վրայ գտնուող գորշ գայլի հին նկարն ալ չկար ալեւս...յ:



Ամիսներ անցան, Զէքիի ոտքի փտախտը տարածուած էր մարմնին մէջ :Հայրը զինք փոխադրած էր մօտակայ պետական հիւանդանոցը:



Զէքի հիմա կը գտնուէր հոգեվարքի մէջ:Ջերմութիւնը շատ բարձր էր ու մարմինը պատող թարախը ամեն վայրկեան քիչ մը աւելի կը թունաւորէր երակներուն մէջ պտտող արիւնը եւ զինք կը տանէր դէպի մահ: Մարմնի որոշ գործարանները դադրած էին գործելէ:Կը զառանցէր ու կ'երազէր իր մահամերձ վիճակին մէջ : Կը գտնուէր Յունաց եկեղեցիի մը մէջ որ քար ու քանդ եղած էր:Խորանը, վրայի բոլոր սրբութիւնները պղծուած ու գետինները նետուած էին:Աթոռներուն մեծ մասը տապալած էին ու տապալած աթոռներուն ու խորանին վրայ գայլեր իրենց բերնի լորձունքը վազեցնելով կը պտտէին:



Զէքի բոլոր այս խառնակութեան մէջ հեռուն եկեղեցիին մէկ անկիւնը սեւազգեստ կին մը նշմարեց:Կինը առաջին ակնարկին կը նմանէր մահմետական կնոջ մը բայց իր ձեռքը կը կրէր Վարդարան մը:Կինը ծնրադրած Վարդարանը ձեռքին կ'աղօթէր ու իր երկու աչքերէն արցունք կը հոսէին: Զէքի մօտեցաւ կնոջ բայց կինը կը շարունակէր աղօթել:Ով էր այս կինը որ բոլոր այս խառնակութեան մէջ այսքան զօրաւոր հաւատքով մը կը շարունակէր աղօթել առանց խանգարուելու, ու այս վայրի գազաններէն ոչ մէկը կը համարձակէր իրէն դպչիլ: Զէքի քիչ մըն ալ մօտեցաւ կնոջ, այդպէս որ եթէ իր ձեռքը երկարէր կրնար անոր դպչիլ:



Կինը այդ պահուն սթափեցաւ. Զէքիի հետ աչք աչքի եկան:Տղան գամուած մնացած էր իր տեղը:Կուզէր խօսիլ բայց չէր կրնար, կարծես անտեսանելի ձեռք մը իր կոկորդը կը սեղմէր ու չէր թողուր որ խօսի:



Զէքի մեծ ջանք կը թափէր կարենալ խօսելու համար բայց չէր յաջողէր:Վերջապէս երկու բառ կրցաւ արտասանել:Եթէ այդ պահուն հիւանդանոցի սենեակին մէջ Զէքիի քովը մէկը ըլլար իր բերնէն մեղմ ձայնով մը արտասանուած սա երկու բառերը պիտի լսէր . <<մա՜յր իմ >>:



* * *



Շատ պարզ յուղարկաւորութիւն մը եղաւ Զէքիի յուղարկաւորութիւնը, ութը կամ տասը հոգիով միայն:Ու՜ր էին իր ժամանակուայ ընկերները, անոնք որոնք կործանումի,թալանի ժամանակին իր ամենամտերիմ ընկերները եղած էին ու սխալ ճամբայ առաջնորդած էին զինք:Ան ալ որ այդ տարիներուն տակաւին միամիտ ու ճահել տղայ մը ըլլալով խաբուած էր անոնց ծայրայեղ մտայնութեան:Անոնցմէ ոչ ոք կը քալէր իր դագաղին ետեւէն: Միայն իր հայրը, խորդ մայրն ու քոյրը եւ քանի մը մօտիկ ազգական:



Թաղման արարողութիւնը տեւած էր հազիւ կէս ժամ, որմէ ետք ներկաները գացած էին իրենց ամէնօրեայ զբաղումին:Օդը պայծառ էր. երկինքին վրայ ամպ չկար:Գերեզմանատան մէջ ծառերուն վրայէն կը լսուէր թռչուններու գեղգեղանքը.ամայութիւն էր.զեփիւռն էր միայն, որ կը շոյէր ծառերու տերեւները:



Ծառերուն ետեւը բան մը կը շարժէր:Կարծէք մէկը պահուըտած էր ու կը վախնար մէջտեղ ելլալու:Քիչ ետք, բոյսերուն ետեւէն ,վերէն վար սեւեր հագուած կին մը երեւցաւ եւստուգելէ ետք որ զինք տեսնող չկար եկաւ ու ծնրադրեց գերեզմանին առջեւ:Նոյն կինն էր , որ Զէքի , հոգին աւանդելէ առաջ տեսած էր իր երազին մէջ : Կինը ծունկի եկած Զէքիի գլխուն վերեւ անձայն ու անդադար կուլար ու կ'աղօթէր:



Զէքին լացող մը ունէր վերջապէս: Այդ խեղճ կինը : Սկիզբը զուսպ ապա բարձրաձայն սկսաւ արտասուիլ :Վիշտը հասած էր իր գագաթնակէտին:Ամբողջ մարմնով ինկաւ Զէքին ծածկող թարմ հողի թումբին վրայ ու երեսը հողին մէջ մխրճելով շարունակեց բարձրաձայն լալ ու իր արտասուքով ջրել իր խեղճ <<զաւկին>> վրայի հողը:Այն զաւակին, որուն ծննդաբերութենէն ետք իրէն երբեք չէր արտօնուած որ զայն սիրէր ու գուրգուրար անոր վրայ:Հիմա այլեւս ոչ ոք կրնար արգելք հանդիսանալ :Հիմա իր զաւակը բոլորովին իրն էր :



Գերեզմանատան դրան առջեւ նստող պաշտօնեաները հեռուն լացող կնոջ մը հեկեկանքը կը լսէին:





Օշին Էլակէօզ



Շար. 2 եւ Վերջ







«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝