Յայտարարութիւն

Tuesday, August 30, 2011

Բանաստեղծ Արամ Քէթէնճեան



«Նշանակ» կայքէջի աշխատակից բանաստեղծ Արամ Քէթէնճեանի բանաստեղծական առաջին հատորը, «Նշոյլ Հրճուանքի» , լոյս տեսաւ Յուլիս 2011 ին Հալէպի «Արեւելք» Տպարանէն: 120 էջերէ բաղկացած բանաստեղծութեանց այս հաւաքածոն նշոյլ մըն է Քէթէնճեանի հրճուանքին , ինչպէս ինք կը յայտնէ իր Երկու Խօսքին մէջ.«Խորապէս զգացուած եմ, յուզումս եւ ուրախութիւնս իրարու շաղախուած են:Վերջապէս երկար տարիներու երազս այսօր կ'իրականանայ , որովհետեւ սոյն գրքոյկով կեանքի կը կոչուին իմ համեստ բանաստեղծութիւնները: Տողեր, որոնք գրուած են ամենայն անկեղծութեամբ...գովերգած են ազգ ու հայրենիք,եկեղեցի եւ ընտանիք,բնութիւն, սէր եւայլն:»



Այո, Քէթէնճեանի բանաստեղծութեանց մէջ կը տեսնենք իրօք հայրենիքի սիրահար Արամը, հաւատացեալ բարեշնորհԱրամ Սարկաւագը, ընտանիքի հայրը, բնութապաշտը, երաժիշտն ու երգիչը, սիրոյ փոթորիկին դէմ պայքարողը, միեւնոյն ատեն սիրոյ փոթորիկի ալիքներուն մէջ կորսուող սիրահար , երբեմն վրէժխնդիր տղան: Քէթէնճեան չունի Վարուժանի մը կամ Մուշեղ Իշխանի մը բանաստեղծական հմտութիւնն ու նրբութիւնը սակայն իր բանաստեղծութեանց մէջ կը տիրէ անկեղծութիւն :Կեղծին ու կեղծիքին ատելութիւնը կ'արտացոլայ իւրաքանչիւր բառի մէջ:Ինքն իր հետ անկեղծ մարդու, անկեղծ գրագէտի յատկութիւնն է, որ Արամին պիտի տայ թեւեր սլանալու համար վեր ու հասնելու նոր բարձունքներու:

«Նշանակ»


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»««»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

Ստորեւ կը ներկայացնենք նմուշներ «Նշոյլ Հրճուանքի» հատորէն.



ՄԱՂԹԱՆՔ



Կանգուն եղիր Մասիսի պէս,

Համեստ նման Ս. Մարիամի.

Ազնիւ եղիր, ճշմարտախօս,

Փայլուն նման աստղ հայրենի:



Եղիր զուլալ, պայծառ ու ջինջ

Ինչպէս ջուրը մեր Սեւանի.

Եղիր պարծանք ընտանիքիդ

Նաեւ ազգիդ , ՈՎ ՍԻՐԵԼԻ...



ՀՈՎԻ ՆՄԱՆ



Հովի է նման մօտեցումը քո.

Մերթ հանդարտ ու մեղմ

Մերթ փոթորկալի, ուժգին շառաչող...

Հեզութեամբ լեցուն երբ կը մօտենաս,

Անշշուկ ու լուռ երբ կը հպիս ինձ՝

Դու ինձ կը բաշխես հրապոյր գարնան.

Քո բոյրը անուշ կ'անցնի ռունգերէս,

Կը հասնի կուրծքիս, այրերն թոքերուս,

Հոն կը նորոգուի սիրտըս յոգնաբեկ

Ու տրոփիւնը, ոհ կը մեղմանայ.

Երազանքի մէջ կ'ընկղմի հոգիս,

Ու նոր կեանք կ'ապրի հանդարտ ու անուշ

Երազի մը պէս անբիծ ու քնքուշ...



Մերթ կը մօտենաս փոթորկի նման.

Կը դպչիս դու ինձ մտրակելու պէս,

Ու կը պարուրես, կը կաշկանդես զիս,

Ճնշումէդ ահեղ կ'ըլլամ շնչահեղձ.

Բայց գիրկդ կ'առնես ու կը շոյես զիս

Եւ կը շաղախուիս էութեանս հետ,

Կ'ըլլանք մէկ էակ, մէկ սիրտ, մէկ հոգի

Ու սէր կ'ըմբոշխնենք ակէն դրախտի...



Մեղմութիւնը քո մրրիկ ահաւոր

Իսկ փոթորկումըդ՝ քնքշութեան աղբիւր...



ԽՈՐՔԵՐՍ



Չորս մասերուն մէջ սրտիս, չորս տեսակ սէր է պահուած,

Իսկ սրտիս ողջ տարածքին՝անսահման սէր կուտակուած:



Առաջին սէրը սրտիս, վառ ու անմար կը մնայ,

Այդ՝իմ սէրն է մայր հողիս, Հայաստանիս դրախտեայ:



Իսկ երկրորդ սէրն անսահման, Մասիսի պէս է աննման.

Այդ ալ սէրն է մայրական, եկեղեցւոյ սուրբ խորան...



Երրորդ սէրըս գահ ունի, ուր հայը կուգայ ծունկի,

Այդ՝ լեզուն է Մեսրոպեան,մեզ կտակուած սուրբ մատեան:



Չորրորդ մասին մէջ սրտիս, սիրոյ աղբիւր կայ կենաց.

Այնտեղ է սէրը անուշ, հայուհիս իմ սիրած:



Ամբողջ սրտիս սէրն ալ կայ, այդ ալ սէրն է Աստուծոյ:

Իմ մանկութեան, ծերութեան՝ Փրկարարն , Անմահ Արքան:







«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝