Յայտարարութիւն

Wednesday, September 28, 2011

ՎԱՐՔ Ս. ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐԻ - 2 -

Անցեալ Շաբաթ օր Ս. Գէորգ Զօրավարի նահատակութեան տօնն էր. Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը տօնէ այս մեծ սուրբին տօնը եւ հոգեհանգիստ կը մատուցուի այդ առթիւ: Շատ բան չէի գիտեր Ս. Գէորգի մասին, եւ ահա, Պէյրութէն հոգեւոր քոյր Տիկին Էօժէնի Պաղտասարեանը ինծի նուիրեց Վարք Սրբոց մեծածաւալ հատորի Դ. Տպագրութիւնը: Այնտեղ կարդացի սուրբին մասին եւ որոշեցի իր մասին գրուածը սեփականութիւն դարձնել նաեւ Նշանակի ընթերցողներուն:
Նշան Պասմաճեան

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
Կատարեցին հրամանը, եւ երբ երեք օր ետք մարդ ղրկեց որ զայն գուբէն հանեն եւ դիակը գազաններուն ցրուեն, զայն ողջ առողջ հանեցին կիրին մէջէն: Աղեքսանդրիա թագուհին այս լսելով՝ աւելի եւս ամրապնդուեցաւ իր հաւատքին մէջ եւ իր պատճառով հաւատքի եկան նաեւ միւս զօրականները:
Ասոր վրայ թագաւորը իր մօտ կանչել տուաւ Ս. Գէորգը եւ ըսաւ անոր. – Ըսէ նայիմ ո՞վ կենդանացուց քեզ:
-Եթէ լսէք դարձեալ չէք հաւատար: Բայց գիտցիր, տէր արքայ,որ զիս քու տանջանքներէդ պահողը՝ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ որդին է: Իսկ դուք ի՞նչ յոյս ունիք ձեր պիղծ կուռքերէն, որոնց ընդունայն տեղ պաշտամունք կ'ընէք. զանոնք պաշտողներն ալ պիտի տանջուին յաւիտենական անշէջ հուրով:
Թագաւորը հարուածել տուաւ սուրբին բերանը եւ առջարաջիլով(կաշիէ մտրակով) ամբողջ մարմինը:
Ապա Մագնենտիոսի խորհուրդով թագաւորը կանչել տուաւ անուանի կախարդԱթանասիոսը եւ անոր պատրաստել տուաւ երկու բաժակ դեղ.առաջինը խմելու պարագային՝ անոր միտքը պիտի փոխուէր եւ թագաւորին պիտի հնազանդէր: Իսկ երկրորդը խմելու պարագային՝ պիտի մեռնէր: Ս. Գէորգ երկուքն ալ խմեց եւ ոչ միտքը փոխուեցաւ եւ ոչ ալ վնասուեցաւ: Այն ատեն կախարդը հաւանեցաւ քրիստոնեայ ըլլալ՝ եթէ Գէորգ մեռած մը կենդանացնէր: Նոյն պայմանը դրաւ նաեւ Մագնենտիոս: Այն ատեն Ս.Գէորգ աղօթքով յարութիւն առնել տուաւ մեռելի մը եւ Աթանասիոսը քրիստոնեայ դարձաւ:Իսկ թագաւորը առաջքը առնելու համար տարածումին՝ սակրով սպաննել տուաւ կախարդը եւ յարութիւն առնողը, իսկ Գէորգը բանտ դնել տուաւ:
Այն ատեն Մագնենտիոս ըսաւ թագաւորին, թէ քրիստոնեաները հաստատամիտ մարդիկ են եւ զանոնք կարելի է շահիլ միայն ողոքելով:
Թաագաւորը դարձեալ իր մօտ կանչեց Ս.Գէորգը եւ ողոքելով ըսաւ անոր. – Գէորգ, եթէ իմ խօսքերուս հնազանդիս եւ անմահ աստուածներուս զոհ մատուցանես ՝ մեծ անուն կը շահիս եւ պատիւ կը ստանաս:
Ս. Գէորգ ըսաւ թագաւորին.- լաւ. Այս անգամ պիտի հաճեմ քու միտքդ: Ո՞ւր են աստուածները, տար զիս անոնց մօտ:
Ժողովուրդը երբ տեսաւ որ Գէորգ աստուածներուն զոհելու կ'երթայ, անպատում ուրախութեամբ լեցուած՝ աղաղակեց. – Կեցցէ անմահ ինքնակալը, որ ամենախստապարանոց աստուածները նուաճել գիտէ:
Երբ կռատուն մտան, կայսրը տարաւ Գէորգը՝ որպէսզի ան զոհէ աստուածներուն: Այն ատեն Ս. Գէորգ կուռքին ըսաւ. – Կ'երդուընցնեմ ձեզ, որ ինծի ըսէք թէ դուք իրական աստուա՞ծ էք:
Այն ատեն դեւի ոգին որ կուռքին մէջ պահուըտած էր ըսաւ. – Ոչ մենք աստուածներ չենք: Աստուած մէկ է, որ երկինքը եւ երկիրը ստեղծեց:Մենք ապստամբ հրեշտակներ ենք՝ սատանաներու վերածուած:
Եւ սուրբը ըսաւ. – քանի որ դուք աստուած չէք, ուրեմն ինչպէ՞ս կը համարձակիք հոս մնալ՝Աստուծոյ ծառային ներկայութեան:
Եւ ահա դեւերը մեծ վայնասունով եւ ողբով խոյս տուին տաճարէն, եւ կուռքերը մեծադղորդ գետին ինկան եւ խորտակուեցան:
Քուրմերը այս տեսնելով՝ յարձակեցան Ս. Գէորգի վրայ եւ ըսին.-Թագաւոր, վերցուր մէջտեղէն այս կախարդը, որ բոլորը մոլորեցուց եւ կուռքերը խորտակեց:
- Դուն ինծի խոստացար Ապողոնի զոհ մատուցել,ինչո՞ւ այս արարքը գործեցիր:
Աղեքսանդրիա թագուհին լսելով բոլոր կատարուածները, եկաւ թագաւորին քով եւ ըսաւ. – Ճշմարիտ է Գէորգի Աստուածը, որ այսպիսի հրաշքներ կը գործէ:
Թագաւորը վերջին աստիճան զայրացած ըսաւ Գէորգին . – քանի որ դուն ոչ միայն չուղղուեցար այլ եւ թագուհին եւս մոլորեցուցիր, երկուքդ ալ մահուամբ պիտի պատժուիք:
Երկուքն ալ քաղաքէն դուրս տարին՝ կատարման վայրը: Հոն թագուհին Աստուծոյ աղօթելով իր հոգին աւանդեց: իսկ Ս. Գէորգ զօրականներէն հրաման առնելով՝ աստուծոյ աղօթեց որպէսզի հեթանոսները ճանչնան ճշմարիտ լոյսը եւ Աստուծոյ դառնան:Ապա վիզը երկարելով ըսաւ զինուորներուն. – կատարեցէք ձեր թագաւորին հրամանը: Եւ իսկոյն կտրեցին գլուխը 3Օ3 թուականին:
Ս. Գէորգի մասին կը պատմուի աւանդութիւն մը, թէ վիշապ մը սպաննելով՝ ազատած է կոյս մը, որ իբր կերակուր դրուած էր վիշապին առջեւ: Այս աւանդութիւնը ծագում առած է նկարիչներէն, որոնք Ս. Գէորգը կը ներկայացնեն որպէս վիշապասպան: բայց եթէ այս բանը հասկնանք սատանայի համար, որ քանիցս ոտնակոխ ըրած է Ս.Գէորգ՝ ճիշտ կարելի է համարել: Նոյնպէս , պատմութեան մէջ Դիոկղետիանոսը կոչուած է անդնդային վիշապ, ինչպէս շարականի մէջ յիշուած է նաեւ Յազկերտի համար:
Ս. Գէորգի մարմինը տարին Պաղեստինի Դիոպոլիս քաղաքը կամ Ռամլէ աւանը: Հոն ասորիներու եկեղեցիին մէջ անոր նշխարները կը ցուցադրուէին մինչեւ ԺԳ դար: Այնտեղ կայ նաեւ հայկական եկեղեցի մը Ս. Գէորգ անունով:
Ս. Գէորգի սպանութենէն ետք բազմաթիւ հրաշքներ գործուեցան եւ բազմաթիւ եկեղեցիներ կանգնեցան անոր անունով:


ՇԱՐ 2 ԵՒ ՎԵՐՋ



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝