Յայտարարութիւն

Tuesday, September 6, 2011

Տիկին Մանկասարեան Էլակէօզեանի առածները

Առածները բանաստեղծական ստեղծագործութիւններ չեն , անոնք փորձառութեանց հետեւանքով արտայայտուած ճշմարտութիւններ են , իմաստութեամբ լի խօսքեր, որոնք յաճախ կրնան անկիւնադարձային կարեւորութիւն ներկայացնել շատերուս համար:
Անցեալ երկու ամիսներուն այբբենական կարգով հրապարակեցինք գոյութիւն ունեցող հայկական առածներու մեծամասնութիւնը: Մեր աշխատակից մտաւորականներէն Օշին Էլակէօզ, կարդալէ ետք հրապարակուած առածները յայտնեց խմբագրութեանս , որ իր հանգուցեալ սիրելի մայրիկը՝ Տիրուհի Մանկասարեան - Էլակէօզեանը, Պոլսոյ մէջ ,մօտ վաթսուն տարի առաջ ( 7 Յունուար 1949), հիմնուելով կեանքի իր փորձառութեան վրայ գրի առած է առածներ եւ զանոնք իր զաւկին՝ Օշինին ժառանգ թողած: Օշին ընդառաջեց մեր խնդրանքին եւ ուղարկեց իր մօր իրեն թողած այս գանձը, զոր ստորեւ կը հրապարակենք առանց որեւէ փոփոխութիւն կատարելու:
«Նշանակ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»


- Անցեալը չծերանար ....

-Եթէ' կը վախնաս թշնամի ունենալէ ,զգուշացիր բարեկամներէ...,զի թշնամիները շատ անգամ բարեկամները կը կազմուին:

-Աղջիկ զաւակները գուրգուրանօք կը նային իրենց զաւակները զմահ ,իսկ մանչ զաւակները մինչեւ իրենց ամուսնութիւնը, քիչ բացառութեամբ :

-Արժանիք գնահատողները , արժանիք ունեցողներէ աւելի գնահատելի են:

-Կրթեալ մարդը միշտ կը յարգուի եւ կը սիրուի:

-Մեռնողներէն շատերը ,եթէ դարձեալ կ արենային աշխարհ գալ ,արդեօք պիտի ուզէի՞ն իրենց նախկին տեղերը գալ:

-Ամէն բանի մէջ կեղծիք դնողը ոչ կը յարգուի ,ոչ կը սիրուի:

-Ինչ կ 'ըլլար մարդոց վիճակը' , եթէ մտածումները ձայնաւոր ըլլային:

-Փոքրիկ զաւակները շատ դ ժբախտ կ 'ըլլան երբ մայրիկ չ 'ունենան, իսկ ամուսնացած մանչ տղաք, շատ անգամ դ ժբախտ կ 'ըլլան երբ մայրիկ ունենան:

-Այն տանտիկինը որ մաքրասէր , խնայասէր եւ պարկեշտ է ,ամէն ընտանեկան ձախորդութեանց դէմ կը դնէ,քիչ բացառութեամբ:

-Տան մը աշխատութիւնները գրեթէ կէսի կ 'իչնեն , երբ տանտիկինը կարգապահութեան գիւտը իր տղոց կը սորուեցնէ:

-Նախանձը չարերուն ամենամեծ պատիժն է. վա՜յ չարերուն :

-Աւելի կը նախընտրեմ չքաւոր ապրիլ շրջապատուած սիրուածներով , քան թէ ունեւոր ապրիլ շրջապատուած ատուածներէ :

-Ձնդիլը ծերերուն երջանկութիւն է զի չեն զգար իրենց եւ շուրջիններուն պատճառած նեղութիւնները .ուրախ զուարթ կ 'ապրին:

-Մոլութիւնները իրենց զզուելի արարքներով աւելի կը կրթեն մարդկութիւնը գան թէ առաքինութիւնը:

-Բամբասանքն ալ իւր նպաստաւոր արդիւնքներն ունի մարդոց վրայ որք' շատ անգամ ուղղուելու կը ջանան:

-Եսասիրութիւնը որ մոլութիւն մ'է, առաքինութեան կը փոխուի երբ մարդկութիւնը ընկճող ցաւերէն պահպանելու կը ծառայէ:Իւրաքանչիւր ոք եթէ ինքզինքը ,իւր հանգիստը ,իւր պէտքերը , մտածէ եւ պէտք եղած միջոցները ժամանակին ձեռք առնէ,իւր շուրջիններուն , նոյնիսկ մարդասիրական հաստատութիւններուն բեռ չ'ըլլար:

--Երանելի է այն սգաւորը որ սրտին մէջ բնաւ խղճի խայթ չ 'ունի մեռնողին հանդէպ:

-Այժմեան ծերունիներուն մեծամասնութիւնը գուրգուրանքի մուրացկաններ են:

-Աշխարհիս գիտութիւններուն ամենամեծը, ամենագեղեցիկը եւ ամենասիրելին կրթութիւնն է:

-Հանելուկս.ապագայէս կը վախնամ, ներկան ինձմէ խոյս կուտայ , կը սնանիm անցեալովս:




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝