Յայտարարութիւն

Tuesday, September 20, 2011

Յաջորդ քայլերը ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ՍԻՐԵԼԻ ԸՆԹԵՐՑՈՂ,

ՄԻ ԾՈՒԼԱՆԱՐ ԿԱՐԴԱԼՈՒ ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆԻ ԱՅՍ ՅՕԴՈՒԱԾԸ , ՈՐՈՒՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱԲԵՐԻ ՆԱԵՒ ՔԵԶԻ ԱՆՁՆԱՊԷՍ ԵՒ ՔՈՒ ՊԱՏԿԱՆԱԾ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱՒՈՐԱՊԷՍ:


ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆԻ ԱՌԱՋԱՐԿԱԾ ԿԱՐԳ ՄԸ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆՔ:ՍԱԿԱՅՆ ՄԵԾ ԿԸ ԳՏՆԵՆՔ ԻՐ ԱՅՍ ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ՇԱՀԵԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ : ՍՏՈՐԵՒ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆՔ «ՄՈՏԷԼ» ՄԸ ՄԵՐ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՉԱԿԱՆ, ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ, ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԻՆ: ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ ՃԻՇԴ Է ՈՐ ԿԸ ԽՕՍԻ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԳԱՂՈՒԹԻ ՄԱՍԻՆ ՍԱԿԱՅՆ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԿՐՆԱՅ ԶԱՅՆ ՈՐՊԷՍ ՕՐԻՆԱԿ ԾԱՌԱՅԵՑՆԵԼ ԻՐ ԳԱՂՈՒԹԻՆ: «ՁԵԶ ՏԱՆՋՈՂ ՑԱՒԸ ՄԵԶ ԲՈԼՈՐՍ Է ՊԱՏԵԼ» ՊԻՏԻ ԸՍԷՐ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ ՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ՊԻՏԻ ՊԱՏԳԱՄԷՐ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ ԻՐ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՈՒ ԽՈՐԻՄԱՍՏ «ԱՊՐԷՔ ԵՐԵԽԷՔ ԲԱՅՑ ՄԵԶ ՊԷՍ ՉԱՊՐԷՔ» Ը:ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՄԵԶ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ ԿԸ ԴՆԷ , ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՄԱՏԸ ՃԻՇԴ ՎԷՐՔԻՆ ԴՆԵԼՈՎ:
«ՆՇԱՆԱԿ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Յաջորդ քայլերը
Ա.
Հաւաքականութեան մը կենսունակութեան երաշխիքը ոչ միայն իր անցեալն է,
անցեալի իրագործումը, այլ իր գալիքը՝ գալիքի իրագործելիքը, տեսլակա՛նը։ Գիտնալ ոչ
միայն ուրկէ՛ կու գանք, այլ մանաւանդ՝ ո՛ւր կ'երթանք։

Մոնթրէալի հայ գաղութը )նկատի առնել Մեծն Մոնթրէալը, Լաւալը ներառեալ(,
արդէն աւելի քան կէս-դարեայ իր կազմակերպ գոյութեամբ կարեւոր, պատուաբեր տեղ մը կը
գրաւէ Սփիւռքի տարեգրութեան մէջ, եթէ ոչ հայոց պատմութեան մէջ։ Արտասահմանէն
եկած ոեւէ այցելուի արդար հպարտութեամբ ցոյց կու տանք մեր համայնքային կեդրոնները,
եկեղեցիները, դպրոցները, զիրար հրմշտկող ձեռնարկներու գովազդները, կը թուենք
անհամար մեր միութիւնները, ու մասամբ նորին։ Սակայն, եթէ այդ այցելուներէն մէկն ու մէկը
համարձակի հարց տալ մեզի, թէ ի՞նչ ծրագիրներ ունինք մեր օրակարգին վրայ, գրեթէ կը
պապանձինք, որովհետեւ բացի շինարարական մէկ դանդաղագնաց ծրագրէ, ոչինչ կայ մեր
սեղաններուն վրայ, ոչ միայն ֆիզիքական առումով, այլեւ բարոյական՝ կազմակերպական
առումով։
Իսկ ամենէն կարեւորը՝ առաջին կազմակերպութիւններու գոյառումէն ի վեր, ահա
արդէն յիսուն ու աւելի տարիներ անց, տակաւին չէ կազմաւորուած ամբողջական համայնք մը,
իր բոլոր բաղկացուցիչ տարրերու համադրուած մասնակցութիւնը ընդգրկելով։

Ճիշդ ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնենք այսօր։

Հայաստանեայց եկեղեցւոյ զոյգ թեմեր ունինք, Էջմիածնական ու Կիլիկեան, երկու
առաջնորդարաններով ու չորս ծուխերով, իրարու նկատմամբ որոշ վերապահ կեցուածքներով
)գոնէ պաշտօնապէս զերծ այլեւս անցեալի շատ բացասական դիրքաւորումներէն, որոնք թէեւ
հօտերուն մէջ տակաւին կը յամենան(, մէկ Հայ կաթողիկէ ու երկու Հայ աւետարանական
յարանուանութիւններով, ու դեռ հայութենէն դուրս քաշող օտարոտի աղանդներով, որոնց
ճշգրիտ թիւն ու տարողութիւնն ալ հաւանաբար անյայտ են։ Այս կրօնական
հաստատութիւնները մէկ կամ այլ ձեւով առնչուած են նաեւ համայնքային կեդրոններու,
որոնց շուրջ կը կազմակերպուի գաղութիս հայ կեանքը։ Բարեբախտաբար հայութեան ստուար
մեծամասնութիւնը համախմբուած կը մնայ այդ կեդրոններուն ու եկեղեցիներուն շուրջ,
սակայն կայ նաեւ մեծ թիւ մը հայերու որոնք կը հեռանան անոնցմէ, կը հաստատուին
հեռաւոր արուարձաններու մէջ, բոլորովին զուրկ հայկական առնչութիւններէ։
Ունինք դպրոցներ - երեք ամենօրեայ )երկուքը՝ երկրորդական( վարժարաններ, որոնց
աշակերտութիւնը չաճիր այն թափով, որ նոր սերունդը կ'աճի։ Երեք հաստատութիւններն ալ
կը դիմագրաւեն պետական նոր օրէնքներուն պատշաճելու, բայց նոյն ատեն ազգային
վարժարանի հայեցի կրթութեան առաքելութիւնը արժանաւոր կերպով կատարելու, հայերէն
դասաւանդող կարող տարրեր գտնելու, խառն ամուսնութիւններէ եկած այլախօս
աշակերտները համարկելու, դուրսը մնացած մեծ թիւով հայորդիները ներգրաւելու, ու
մանաւանդ ամավարկերը հաւասարակշռելու խնդիրներ ու այլ մարտահրաւէրներ, որոնք
հասարակաց են, բայց որոնց շուրջ անգամ չկայ տակաւին մերձեցում, խորհրդակցութիւն ու
հարցերը միասնաբար լուծելու պատրաստակամութիւն։
Ունինք ծաղկոցներ )առնչուած ամենօրեայ վարժարաններուն( ու մէկ մանկամսուր, որ
իր ընդլայնման ներկայ ընթացքով հանդերձ տակաւին հեռու է բաւարարելէ գաղութին
կարիքը
։
Ունինք մէկ շաբաթօրեայ վարժարան, որ իր գոյութեան իմաստը որոնելու մէջ է -
միւսը տարիներ առաջ փակուած է արդէն։ Ունինք ամառնային երկու կամ երեք ճամբար, ուր
յաճախող պատանիներու թիւն ալ այնքան մեծ չէ։

Եկեղեցիներուն ու կեդրոններուն նման, վարժարաններն ալ, հեռաւորութեան
տեսակէտէն, անմատչելի կը մնան հեռաբնակ հայերուն, որոնցմէ ամենէն հաւատաւորները
իրե՛նք ամեն օր կը տանին ու կը բերեն իրենց զաւակները։ Որոշ հայաշատ նման շրջաններու
մէջ արդէն տարիներէ ի վեր կայ կարիքը ծաղկոց-մանկամսուր-մանկապարտէզ, նոյնիսկ
նախակրթարան ստեղծելու, սակայն այդ մասին մտածող կա՞յ։ Կամ այդ հեռաբնակ հայերուն
մօտ քարոզչական աշխատանք տանող՝ որ մեր հաստատութիւններու հասողութեան
սահմաններուն մէջ գան վերաբնակին...

Ունինք բազում կազմակերպութիւններ - բարեսիրական, մշակութային,
երիտասարդական, ուսանողական, մարզական, ընկերային, եւայլն, մեծ մասամբ տարիներու
ընթացքին ստեղծուած՝ եկեղեցիներուն կամ ազգային աւանդական կուսակցութիւններուն
ծիրին մէջ, ուրիշներ՝ հայրենակցական առնչութիւններով, արհեստակցական
կազմակերպութիւններ, տակաւին ուրիշներ զուտ անհատական կամ խմբակային
նախաձեռնութեամբ։ Բոլորն ալ կ'աշխատին արդարացնել իրենց գոյութիւնը, բոլորն ալ
առաւել կամ պակաս աշխուժութեամբ կը ջանան ձեռնարկներ կամ միջոցառումներ
կազմակերպել, մանաւանդ՝ մշակութային...։ Բոլորն ալ գրեթէ նոյն յաճախորդութեան
համար... Օրացոյցներուն վրայ օր ու ժամ կը պակսի անոնց բոլորին նախաձեռնութիւններուն
համար։ Չեմ խօսիր ատոնցմէ շատերուն որակին մասին։ Բայց հանրութեան մօտ ալ ի վերջոյ
կը պակսին այդ օրերն ու ժամերը, մանաւանդ... նիւթական միջոցները։ Շատ գրուեցաւ ու
խօսուեցաւ գոնէ թուականներու շուրջ համախոհութեան գալու, համադրութիւն մը ընելու
մասին, սակայն այդ գաղափարն անգամ հասուննալու պէտք ունի, ոչ միայն
համահամայնքային առումով, այլեւ նոյն համայնքին ալ սահմաններուն մէջ...
Ունինք թերթեր ու պարբերականներ, տպագիր ու համացանցային - երկու
շաբաթաթերթ, եկեղեցական կամ կազմակերպական լրատուներ, նոյնիսկ անձնական
կայքէջներ։ Որակի ու բովանդակութեան մեծ տարբերութիւններով։ Ընթերցողներու թիւին
մասին առանց յստակ պատկերացումներու, սակայն գէթ տպագիր թերթերու պարագային՝
տպաքանակներու գրեթէ կայունութեամբ, եթէ ոչ անկումով։
Բայց արդար ըլլալու համար, աւելցնենք, որ կա՛ն նաեւ գաղութի միասնական ճիգերով
իրականացուող կարգ մը աշխատանքներ, ինչպէս Հայաստան համահայկական հիմնադրամի
տարեկան հանգանակային ձեռնարկը, Հայաստանի ներկայ հանրապետութեան տարեդարձի
կամ յոբելենական տարեդարձի նշման ձեռնարկները, ու երբեմն ալ մշակութային ելոյթներ,
մանաւանդ Հայաստանէն կամ արտասահմանէն եկած արուեստագէտներու կամ խումբերու
պարագային։

Այս բոլորին մէջ բոլորին կողմէ նկատուող ու բոլորին կողմէ դժգոհութեան
արժանացող երեւոյթը նոր սերունդի զանգուածային բացակայութիւնն է վերոնշեալ
ձեռնարկներուն. երեւոյթ, որուն սրբագրութիւնն ալ կը կարօտի միասնական ճիգերու։
Ուրեմն, ինչե՞ր կան ըլլալիք մեր առջեւ։ Ի՞նչ հրատապ խնդիրներ ունինք լուծելիք՝
հաւաքաբա՛ր։ Որո՞նք են յաջորդ քայլերը։


Բ.
Այո, որո՞նք են յաջորդ քայլերը՝ մեր համայնքի բարւոք զարգացման ի խնդիր։ Ինչե՞ր
կան ըլլալիք, ի՞նչ պակասներ՝ լրացուելիք, ի՞նչ խնդիրներ լուծելիք։
Սկսինք մեր կրթական կեանքէն, որմէ ալ կախում ունի գաղութին վերապրումը
ընդհանրապէս։ Համոզուած եմ, որ մեր ազգային վարժարաններու նպատակը պիտի ըլլայ
հասնիլ որակական այնպիսի բարձրութեան, որ ծնողները հե՛րթ բռնեն, աղաչեն-պաղատին
պատասխանատու մարմիններուն, որ իրենց զաւակները ընդունուին մեր դպրոցներէն ներս։
Երկրորդ՝ մեր վարժարանները պէտք է ըլլան անվճար, նիւթականի պատճառաւ
ոեւէ աշակերտ դուրս չմնայ, ընդհակառակն, ունենանք յարմարութիւնները՝ գիշերօթիկ
աշակերտներ ալ ընդունելու համար հեռաբնակ ընտանիքներէն։
Ապա կայ մեր կրթական յայտագիրները այլազան դարձնելու կարիքը՝ գիտական ու
գրական զոյգ ճիւղերով, քանի որ ոչ բոլոր աշակերտները կրնան կամ կը ցանկան հետեւիլ
առաջինին )գիտականին(։ Նաեւ՝ որոշ դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներուն ալ յատուկ
ուշադրութիւն դարձնելու յարմարութիւնները ունենալու անհրաժեշտութիւնը։ Գաղութին
ուսուցչական ատակ մարդոյժը )խօսքը հայերէնով դասաւանդուող նիւթերուն կը վերաբերի(
լաւագոյնս օգտագործելու կարելիութիւնը, այլեւ անոնց սերնդափոխութեան ապահովումը։
Դասագրքերը տեւաբար այժմէական ու կրթական ընդհանուր ծրագրին ալ համընթաց
պահելու կարեւորութիւնը։
Ասոնց առընթեր կան այլ դժուարութիւններ՝ որոնք պէտք է հարթուին։ Անոնց մէջ՝
խառն ամուսնութիւններէ եկող ոչ-հայախօս կամ քիչ հայախօս աշակերտներուն պարագան,
ու ծնողներուն կողմէ իրենց զաւակներուն գէթ հայերէնի դասերուն հետեւելու
անկարելիութիւնը։ Կը նշանակէ, թերեւս՝ սերտողութեան պահերու յաւելումը, դպրոցի
ժամերէն դուրս։ Եւ այսպէս այլ ու այլ խնդիրներ։
Դեռ կան շաբաթօրեայ վարժարանն ու ամառնային ճամբարները, որոնք հայեցի
դաստիարակութեան տեսակէտէն կարեւոր կռուաններ են, սակայն յատկապէս շաբաթօրեայի
պարագային յստակացնելուէ առաքելութիւնը, ու մէկդի դնելու այլեւս այն սին ակնկալիքը, որ
ամենօրեայ յաճախելու դժուարութիւն ունեցողներուն համար է շաբաթօրեան։ Հաւանաբար
շաբաթօրեան ալ, ճամբարներն ալ ժամանցի ու զբօսի ճամբով, յատկապէս մշակութային
գործունէութեամբ հաստատութիւններու պիտի վերածուին, մինչեւ 16 տարեկան
պատանիներուն համար։
Այս բոլորը լուծելու հնարաւորութիւնը վեր է մէկ դպրոցի կամ մէկ համայնքի ուժերէն։
Ուստի առաջին հերթին այս մարզին մէջ է, որ հարցերուն համահամայնքային կերպով նայելու
ու միասնական ուժերով անոնց լուծումները որոնելու անհրաժեշտութիւնը կը ծագի։ Այս
իրողութեան հետեւողութեամբ ալ՝ բոլորին ծառայող ու բոլորին պատկանող կառոյցներ կամ
սպասարկութիւններ հաստատելու խնդիրը։ Եւ ոչ միայն կրթական մարզէն ներս։
Ի՞նչ կառոյցներու կ'ակնարկեմ. հայագիտական հիմնարկ, թանգարան , պատկերասրահ, տարեցներու տուն ու հիւանդանոց-ծերանոց, Հայ դատի գրասենեակ,համերգա-թատերասրահ, ընդունելութիւններու-պարահանդէսներու սրահ, երիտասարդական կեդրոն։ Մարզական դաշտեր։ Ու մանաւանդ՝ հասութաբեր կալուածներ...
Այս չի նշանակեր, որ մեր ներկայ բոլոր կալուածները՝ եկեղեցի, կեդրոն, եւայլն
անգործածելի կը դառնան։ Ընդհակառակն, անոնք կը զգենուն զիրար լրացնող հանգամանք,
մէկ յարմարութիւնը մէկ տեղ կ'ըլլայ, մէկ ուրիշը՝ այլ տեղ, սակայն բոլորն ալ
կ'օգտագործուին բոլորին կողմէ, կը պահպանուին բոլորին կողմէ, մանաւանդ կը նորոգուին ու
աւելի հրապուրիչ վայրերու կը վերածուին բոլորին կողմէ։
Իսկ սպասարկութիւննե՞րը. քարոզչական գրասենեակ, տոմսավաճառման յարմարութիւններով, տեղեկատու կեդրոն՝ մարդուժի ցանկերով ու գաղութի բոլոր սպասարկութիւններու եւ ձեռնարկներու տեղեկատուութեամբ, նաեւ՝ առեւտրական տեղեկատուութեամբ ու աշխատանքի գրասենեակով, ձեռնարկներու, յատկապէս դուրսէն
գաղութս այցելող արուեստագէտներու ու խումբերու ելոյթները Գանատայի մէջ, իսկ մեր
տեղական ուժերու ելոյթները այլուր շրջագայեցնելու առաքելութեամբ կազմակերպութիւն։
Լրատու կայքէջ՝ գաղութի բոլոր լուրերը հաղորդող, ձեռնարկները ծանուցող։
Եւ վերջապէս այս բոլորը ծրագրող ու համադրող համահամայնքային մարմին մը, որ
բոլորին մասնակցութեամբ ու գործակցութեամբ կը գործէ։
Ասոնք իրականացնելը չէ դժուարը, այլ այս գաղափարները ընդունիլն ու մարսելը, ու
մեր մտայնութիւնները փոխելը։ Միակողմանի ու հատուածական կերպով
մտածելէ հրաժարիլը։ Կաղապարուած մօտեցումներէ հեռանալը։ »Ես« ըլլալու փոխարէն
»մենք« ըլլալը։ Զանազան կողմերու, թեմերու, կուսակցութիւններու կամ խմբակցութիւններու
գոյութիւնը խոչընդոտ նկատելու փոխարէն առաւելութիւն, հարստութի՛ւն նկատելը։
Կը մնայ երիտասարդութեան հարցը։ Եթէ ա՛յս աշխարհահայեացքով դիտենք մենք
մեզի ու ա՛յս տեսակ զարգացման մը ճամբան բռնենք, չէ՞ք կարծեր որ յանկարծ
երիտասարդութիւնը կը գտնենք մեր շուրջ բոլորուած...


ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2011-09-12, -19 )1680-1681(

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝