Յայտարարութիւն

Tuesday, September 27, 2011

Վարք Ս. Գէորգ Զօրավարի

Անցեալ Շաբաթ օր Ս. Գէորգ Զօրավարի նահատակութեան տօնն էր. Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը տօնէ այս մեծ սուրբին տօնը եւ հոգեհանգիստ կը մատուցուի այդ առթիւ: Շատ բան չէի գիտեր Ս. Գէորգի մասին, եւ ահա, Պէյրութէն հոգեւոր քոյր Տիկին Էօժէնի Պաղտասարեանը ինծի նուիրեց Վարք Սրբոց մեծածաւալ հատորի Դ. Տպագրութիւնը: Այնտեղ կարդացի սուրբին մասին եւ որոշեցի իր մասին գրուածը սեփականութիւն դարձնել նաեւ Նշանակի ընթերցողներուն:
Նշան Պասմաճեան
«»«»«»«»«»«»«»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
Տիեզերահռչակ մեծ զօրավարը եւ Քրիստոսի վկան Ս.Գէորգ – որ երկրագործ կը նշանակէ- ծնաւ Գ. Դարուն, Կապատովկիոյ, Մաժակ քաղաքին մօտ (այժմ Կեսարիա) եւ ապրեցաւ Դիոկղետիանոս եւ Մաքսիմիանոս կայսրերուն օրով:
Մանկութիւնը անցուց Պաղեստինի մէջ, ուր ծնողքը ունէին բազմաթիւ կալուածներ: Ընդգրկեց զինուորական ասպարէզը, եւ իր ցուցաբերած քաջութեան եւ հաւատարմութեան համար շ ուտով ընդունեցաւ հազարապետութեան պատիւ, երբ տակաւին երեսուն տարեկան չկար:
Նոյն ժամանակ Տիոկղէտիանոս չարաբարոյ կայսրը, խորհրդակցութեամբ իր տեղակալին Մագնենտիոսի, խիստ հրովարտակ մը հանեց ընդդէմ քրիստոնեաներուն, որուն մէջ յստակօրէն կ'ըսուէր թէ այն քրիստոնեաները որոնք յանձն չէին առներ զոհելու աստուածներուն, չարաչար մահով պիտի մեռնէին:
Եւսեբիոս Կեսարացին ակնարկելով այս հրովարտակին կը գրէ. « Երբ Նիկոմիդիայի մէջ հրովարտակը ելաւ ընդդէմ քրիստոնեաներուն, մէկը (Ս.Գէորգ) աստուածային նախանձով վառուած, քաղաքին հրապարակին վրայ կախուած սոյն հրովարտակը պատէն կորզեց եւ ձեռքովը պատռեց, մինչ երկու ինքնակալները քաղաքին մէջ կը դեգերէին::Արդ, մէկը, որ անկէ առաջ այնքան մեծ անուն հանած էր եւ սխրագործութիւններով փայլած, կը սպասուէր որ այս համարձակութեան համար չարաչար տանջանքներու արժանանար:
Բայց Ս. Գէորգ ամենեւին փոյթ չըրաւ. Ան կը քաջալերէր նաեւ միւս քրիստոնեաները ըսելով. «մի վախնաք անոնցմէ, որոնք կրնան մարմինը մեռցնել, բայց ոչ հոգին: յիշեցէք տէրունական անսուտ աւետիսը թէ՝ ով որ զիս ուրանայ մարդոց առջեւ, ես ալ զայն պիտի ուրանամ Աստուծոյ առջեւ»:
Արդ, արքունի հրովարտակը պատռելէն յետոյ, անձամբ ներկայացաւ թագաւորական ատեանը, եւ ամբողջ աւագանիի ներկայութեան աղաղակեց եւ ըսաւ. « Ահաւասիկ ես քրիստոնեայ եմ , ով թագաւոր, եւ կեցած եմ ձեր առջեւը: Ըսէք, իրենց ո՞ր յանցանքներուն համար կ'ուզէք ի կորուստ մատնել արդար քրիստոնեաները:Մի՞թէ յանցանք է պաշտել կենդանի Աստուածը, եւ անոր հրամանով մարմնաւոր տէրերուն հնազանդ ըլլալը:Արդ, ով թագաւոր, եւ դուք՝ աթոռակիցներ, մի մոլորիք դեւերու պատրանքներէն: Վասնզի, այն աստուածները, որոնք երկինքն ու երկիրը չստեղծեցին, պիտի կորսուին:Իսկ մենք կըխոստովանինք ամենասուրբ Երրորդութիւնը՝ Հայր, Որդին եւ Հոգին Սուրբը, որ ամէն ինչ ստեղծեց, եւ մահէն յետոյ յոյս ունինք յաւիտենական կեանքին: Իսկ դուք՝ հեթանոսներդ՝ միաստուածութիւնը բազմաստուածութեան կը վերածէք՝ տեսակ տեսակ առասպելներով: Եւ այդ ամէնը գործ է սատանայի, որ իր հետեւորդները դէպի կորուստ կը տանի:
Մագնենտիոս, որ զարմացած կը դիտէր Ս. Գէորգը, հարցուց անոր.
- Ո՞վ ես դուն, եւ ի՞նչ է քու անունդ, որ այդքան յանդգնութեամբ կը խօսիս:
Քաջը պատասխանեց. – Իմ առաջին անունս քրիստոնեայ է, բայց մարդոց կողմէ Գէորգ կը կոչուիմ, որովհետեւ Աստուած կ'ուզէ որ պտղաբերեմ իր այգիին մէջ:
Դիոկղէտիանոս կայսրը, որ լաւ կը ճանչնար առաքինի զօրավարը, ըսաւ անոր. – Գէորգ, մենք լսած ենք որ դուն իմաստութեան եւ քաջութեան մէջ մեծ անուն հանած ես: Բայց գիտցիր որ քու այդ համարձակախօսութիւնդ երբեք օգուտ չի բերեր քեզի,այլ կորուստ: Ուստի, եթէ կ'ուզես աւելի բարձրանալ, եւ մեծ պատիւներու արժանանալ, եկուր զոհէ աստուածներուն:
Գէորգ պատասխանեց. – Քու խոստումներդ եւ ողոքումդ չեն կրնար զիս իմ բարեպաշտութենէս խախտել: Երանի թէ դուն ճանչնայիր ճշմարիտ աստուածը եւ երկնքի թագաւորութեան արժանի ըլլայիր. Որովհետեւ քու իշխանութիւնդ ժամանակաւոր է:
Այն ատեն թագաւորը հրամայեց որ զայն հրապարակի վրայ փայտէն կախեն եւ գեղարդով անոր աղիքները թափեն:
Երբ կատարեցին թագաւորին հրամանը, արիւնը ցայտեց սուրբին մարմնին շուրջը, բայց գեղարդը կապարի պէս ծալլուեցաւ:
Դիոկղետիանոս այս տեսնելով հրամայեց որ Գէորգը փայտէն վար առնեն եւ բանտ դնեն:
Մինչ բանտին մէջն էր, սատանայի խորհուրդով թագաւորը եւ իր խորհրդակիցները շինել տուին մեծ անիւ մը՝ ամէն կողմ սուրերով պատած: Երբ դրին զինք մեքենային տակ՝ մարմինը չարաչար յօշոտուեցաւ: Թագաւորը հրամայեց , որ այս չարչարանքներուն մէջ պահուի իսկ ինք գնաց ճաշելու:
Եւ ահա երկինքէն ահագին որոտում եւ ձայն մը որ կ'ըսէր. «Քաջալերուէ Գէորգ, որովհետեւ քու փրկիչդ պիտի զօրացնէ քեզ: Եւ աստուծոյ հրեշտակը իջնելով՝ ազատեց զինք տանջարանէն: Հոն եղողները սարսափած կ'ըսէին. – Մեծ է քրիստոնեաներուն Աստուածը:
Մինչ Դիոկղէտիանոս եւ Մագնենտիոս տաճարին մէջ աստուածներուն զոհ կը մատուցէին, Ս. Գէորգ գտաւ զանոնք ու ըսաւ. – Ահաւասիկ ես հոս եմ, դուք որ զիս անիւներուն տակ դրիք եւ մեռած կը կարծէիք: Գիտցէք որ կենդանի է իմ Աստուածս, եւ գիտէ օգնութեան հասնիլ:
Թագաւորը ըսաւ. – Միթէ՞ դուն Գէորգն ես , թէ անոր պատրողական ստուերը:
Մագնենտիոս ըսաւ. « Գէորգին կը նմանի»:
Ս. Գէորգ ըսաւ.
- Այո, ես եմ, ծառայ Յիսուսի Քրիստոսի Գէորգ:Եկէք, ետ դարձէք ձեր մոլութենէն եւ ճանչցէք ճշմարիտ Աստուածը:
Մի քանի զօրականեեր, որոնք քովն էին, լսելով անոր խօսքերը, դարձի եկան եւ ըսին.
- Մեծ է քրիստոնեաներուն Աստուածը: Ան է միայն ճշմարիտ Աստուած եւ անկէ դուրս չկայ Աստուած:
Թագաւորը երբ այս լսեց հրաման տուաւ որ տանին բոլորը ամայի տեղ մը եւ սուրով կոտորեն:Իսկ անոնք երբ կ'երթային կառափնարան, կ'ըսէին միաբերան.
- Տէր Յիսուս ընդունէ մեզ քու խոստովանողներուդ խումբին մէջ եւ արժանացուր մեզ երկնից արքայութեան պսակին:
Եւ այսպէս նահատակուեցան սուրբերը:
Աղեքսանդրիա թագուհին լսելով Ս. Գէորգի մասին ինք եւս հաւատաց Քրիստոսի եւ ամէնուն առջեւ խոստովանեցաւ. «Ես ալ քրիստոնեայ եմ»:
Թագաւորը այս իմանալով՝ շատ զայրացաւ եւ հրամայեց որ Գէորգը թաղեն կիրի անշէջ գուբի մը մէջ, երեք օր եւ երեք գիշեր, մինչեւ որ մարմինը խաշի եւ այրի:

Շար . 1




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝