Յայտարարութիւն

Saturday, September 17, 2011

Երախտագիտութեան Արցունքները



Օշին Էլակէօզի քանի մը օր առաջ գրուած կարճ պատմութիւնը կը հրապարակենք խնդրելով մեր ընթերցողներէն պէտք եղած քաջալերանքն ու առաջարկները «Նշանակ»ի միջոցաւ ներկայացնել յարգարժան հեղինակին : Շնորհակալութիւն



«Նշանակ»

«»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Ցուրտ ձմեռուայ օր մըն էր:Ձիւնի փաթիլները սկսած էին կամաց կամաց ծածկել Պոլսոյ Պալատ թաղի նեղ ու աղքատ փողոցները:



Մարդը իր տան պատուհանէն դուրս կը նայէր ու կը մտահոգուէր որովհետեւ այս տարի շատ փայտ չէր կրցած ծախու առնել:Կնոջը դարձաւ մտահոգ ու ըսաւ .



-Անյպէս կը թուի թէ այս տարի ձմեռը անցեալ տարուանէ աւելի սաստիկ պիտի անցնի . փայտերնիս ալ քիչ է. ողբերգութիւն կ 'ըլլայ ձմեռուայ կէսին առանց փայտի մնալը:



Կինը ոչ մտահոգ ձեւացնելով պատասխանեց իր ամուսինին:



-Հոգ չէ, հոգ մի ըներ, երկու հոգի ենք, ոչ զաւակ կայ ոչ պառաւ մայր հայր, մենք ալ ձեւով մը կ 'անցնենք ձմեռը :Արդէն ի՞նչ է որ Պոլսոյ ձմեռը , կը տեսնես քանի մը օրէն օդը դարձեալ կը մեղմանայ:



Մարդը չպատասխանեց:Գիտէր թէ կինը զինք քաջալերելու համար էր որ այդպէս կը խօսէր:Կը ճանչնար անոր բնաւորութիւնը:Միշտ այսպէս կ 'ըլլար. երբ ինք յուսահատ ու անտրամադիր վիճակի մէջ ըլլար կինը անմիջապէս քաջալերական խօսքով մը ամուսնոյն տրամադրութիւնը շտկել կը ջանար :Երեսուն երկու տարի է որ ամուսնացած էին: Սկիզբը երջանիկ ամուսնութիւն մըն էր : Պոլսոյ Եշիլգիւղ թաղի բնակիչն էին երկուքն ալ ու զիրար թաղէն ճանչցած ու սիրահարուելով ամուսնացած էին: Ամուսինը շատ վարպետ ոսկերիչ էր.բնաւորութեամբ պարկեշտ ըլլալուն՝ ան շատ յարգուած էր շուկային մէջ :



Տարի մը վերջ իրենց երջանկութիւնը կրկնապատկուած էր, երբ անոնք բախտաւորուած էին մանչ զաւակով մը :Բարեկեցիկ ու երջանիկ ընտանիք մը կազմած էին ու շատ բան չէին սպասեր կեանքէն.աստուածավախ էին ու միշտ փառք կու տային Աստուծոյ, իրենց պարգեւած կեանքին համար: Բայց իրենց այս երջանկութիւնը երկար չէր տեւած:Իրենց զաւակը օր մը յանկարծ անհանգստացած էր:Անմիջապէս զինք տարած էին հիւանդանոց ու բժիշկները իրենց քննութիւնը աւարտելէ վերջ, ըսած էին որ իրենց զաւակը ի ծնէ սրտի անբաւարարութիւն ունէր:Ամէն ինչ ըրած էին կարենալ բուժելու համար իրենց զաւակը:Քաղաքին ամենալաւ ու համբաւաւոր բժիշկներուն տարած էին , բայց խեղճ տղուն սիրտը հազիւ մէկ տարի եւս կրցած էր դիմանալ հիւանդութեան: Երջանիկ ու քիչով գոհացող ընտանիք մըն էին, բայց այս քիչն ալ շատ տեսնուած էր իրենց ու իրենց մէկ հատիկ զաւակը մահացած էր իր ինը տարեկան հասակին մէջ:



Այդ օրուընէ վերջ իրենց կեանքն ալ փոխուեցած էր :Ծանր յուզումը պատճառ եղած էր որ մարդը շաքարախտէ վարակուէր, որուն պատճառով տեսողութիւնը տկարացած էր ու այլեւս չէր կարենար ոսկերիչի ասպարէզը շարունակել : Շուկայէն զինք ճանչցող իր հին բարեկամները, որոնք շատ կը սիրէին ու կը յարգէին զինք առաջարկած էին գործ տալ իրենց խանութներուն մէջ իբրեւ վաճառող: Ճիշտ էր որ իր աչքերը ոսկերչութիւն ընելու համար պէտք եղածին չափ սուր չէին այլեւս, բայց փորձառու ու շատ վստահելի ոսկերիչ մը ըլլալով կրնար ոսկերիչի խանութի մը մէջ աշխատիլ իբրեւ վաճառող:Բայց ինք մերժած էր իր բարեկամներուն առաջարկը որովհետեւ սիրտ չունէր այլեւս մարդոց հետ խօսելու, սակարկութիւն ընելու ու ինչ ինչ խորամանկութիւններ ընելով իր ձեռքի գոհարեղէնը յաճախորդներուն ծախել աշխատելու: Կօշիկ ներկելու տուփերէն հատ մը առած , անկիւն մը քաշուած ու առանց մարդոց հետ խօսելու , լռութեան մէջ իր վիշտը ապրելով ու արցունքները իր մէջ վազեցնելով անցորդներուն կօշիկները կը ներկէր :



Մարդը մտածումներու մէջ թաղուած պատուհանէն դուրս կը դիտէր երբ կինը ձայնեց իմացնելով որ ընթրիքը պատրաստ էր:

Հազիւ թէ այր եւ կին նստած էին սեղանին շուրջ, մէջը հաց փշրուած աման մը ապուր խմելու համար երբ փողոցի դուռը զարնուեցաւ :Մարդը իր կնոջը նայեցաւ զարմանքով եւ ըսաւ:



-Խեր է , ո՞վ կրնայ ըլլալ այս ժամուն:



Ելաւ աթոռէն ու աստիճաններէն վար իջնելով դուռը բանալու գնաց :Երբ բացաւ դուռը, տեսաւ որ դուրսը տեղացող ձիւնին տակ ցնցոտիներու մէջ հազիւ ինը, տասը տարեկան փոքրիկ տղայ մը կեցած լալագին արտայայտութիւն մը իր դէմքին իրեն կը նայէր:Տղեկը , ցնցոտիներու մէջ , պատռտած կօշիկներ ոտքերուն յայտնի էր որ կը մսէր. դողդողուն ձայնով մը ան ըսաւ:



-Հօբար , անօթի եմ մեռածներուդ հոգւոյն սիրուն պատառ մը հաց տուր:



Մարդը շշմած մնացած էր բայց իր կինը որ սանդուխին վերի ծայրը կանգնած ներկայ գտնուած էր եղածին անմիջապէս ձայնեց վերէն:



-Եկուր տղաս, վեր եկուր աման մը ապուր խմէ որ տաքնաս:



Տղան մարդուն քովէն սահելով, կայծակի արագութեամբ սանդուխներէն վեր վազեց ու կնոջ իրեն ցոյց տուած աթոռին վրայ նստելով, մեծ ախորժակով սկսաւ լափել մէջը հաց փշրուած տաք ապուրը: Օրերէ ի վեր բերանը կտոր մը չոր հացէ զատ բան մը չէր դրած ու անօթի էր: Երկուքին ալ բնաւ հոգը չէր որ տղեկը բոլոր ապուրը խմած էր ու իրենց համար ոչինչ ձգած : Երկուքն ալ մեծ հաճոյքով կը դիտէին շնչասպառ վիճակի մէջ իրենց ապուրը խմող տղան: Տղեկը երբեմն գաղղտնի նայուածք մը կը նետէր սեղանին վրայ որպէսզի տեսնէր թէ ուրիշ ուտելիք բան մը կա՞ր թէ ոչ :Կինը բազում անգամ հարցուցած էր տղուն անունը եւ ուրկէ գալը բայց ի զուր :Խեղճ տղան բերանը բացի ուտելէն ուրիշ բանով չէր ուզեր ժամավաճառ ըլլալ :

Տղան երբ տեսաւ թէ ապուրը վերջացած էր ու այլեւս բան մը չկար ուտելու, ձեռքին հակառակովը բերանը սրբեց ու ոտքի ելլելով ըսաւ.



-Շնորհակալութիւն մօրքուր, Աստուած տեղը լեցնէ:



Ու դէպի դուռ ուղղուեցաւ որպէսզի մեկնի:Կինը ճամբան կտրելով պաղատագին ձայնով մը ըսաւ:



-Տղաս, ու՞ր կերթաս այս ժամուն, այս ցուրտին :Տուն, տեղ ունի՞ս մնալու:



Տղան գլուխը ծռեց ու չպատասխանեց: Յայտնի էր որ մնալիք ոչ տուն ունէր ոչ ալ պատսպարան :



-Տղաս, այս ցուրտին դուրս մի ելլեր, գիշերը հոս մնացիր, վաղն ալ Աստուած ճամբայ մը կը ցուցնէ: Ըսաւ կինը ու շարունակեց.



-Դուն հիմա հոս նստէ, ես ջուր տաքցնեմ եւ քեզի սանկ լաւ մը լուամ, յետոյ գետինը անկողին մը կը բանամ, մաքուր սաւաններ կը փռեմ ու գիշերը լաւ քուն մը կը քաշես:



Կինը եւ իր ամուսինը ներս գացին որպէսզի փայտ վառեն ու ջուրը տաքցնեն:Գործերնին վերջացնելէ վերջ երբ սենեակ մտան, տեսան որ տղան կօշիկները հանած,բազկաթոռին վրայ լաւ մը պլլուած կը քնանար:Օրուան յոգնութեան, ձմեռուան ցուրտին եւ անօթութեան վարժ եղող տղան, տաքը տեսնելէ, փորը կշտացնելէ, ու քնանալու համար ապահով վայր մը գտած ըլլալէ վերջ, թուլցած էր ու չէր կրցած դիմադրել քունին իր աչքերուն կոպերուն վրայ գործած ճնշումին ու յանձնուած էր: Այր եւ կին իրար նայեցան ու ժպտեցան յուզումնալից :Կինը ներսէն վերմակ մը բերաւ ու տղուն վրայ ծածկեց, մարդն ալ քանի մը հատ փայտ նետեց վառարանին մէջ որպէսզի սենեակը աւելի տաքնայ:



Երբ այր եւ կին պառկելու գացին, պահ մը աչք աչքի եկան:Առանց իրարու բան մը ըսելու գիտէին որ երկուքն ալ նոյն բանը կը մտածէին այդ պահուն: Ներսի տղեկը ո՞րքան ալ կը նմանէր իրենց Վարդանիկին: Ուրախ զգացում մը կար իրենց մէջ:Յոյս մը դեռ եւս:Այդ խեղճ տղեկը, հակառակ որ օտար մըն էր, մեծ պարապ մը լեցուցած էր...



Յաջորդ առաւօտ այր եւ կին աւելի կանուխ ու շատ աւելի եռանդուն արթնցան: Իրենց մէջ տարօրինակ յուզում մը, կեանքի հանդէպ սէր մը կար այդ օր: Կինը նախաճաշի համար բաներ մը պիտի պատրաստէր ու մարդն ալ վառարան փայտ պիտի նետէր, որպէսզի սենեակը տաքնար:Ընդհանրապէս այդ ժամուն չէին վառեր վառանը փայտ խնայելու համար,բայց այդ օր յատուկ օր մըն էր իրենց համար:Այր եւ կին կամաց մը մտան սենեակ որպէսզի տղեկը չարթնցնեն բայց սենեակը պարապ գտան.տղեկը մեկնած էր:Մարդը տունէն դուրս ելլելով մինչեւ փողոցի անկիւնը վազեց յուսալով որ տղան կրնար նոր մեկնած ըլլալ ու փողոցէն կրնար զինք ետ կանչել որ փորը կշտացնէր . բայց տղան շատոնց մեկնած էր ու մարդը գլխիկոր տուն վերադարձաւ:



-Հոգ մի ըներ,գիշերը երբ փորը անօթենայ ու պառկելու համար տաք տեղի մը կարօտը զգայ նորէն կը վերադառնայ.ըսաւ կինը :Բայց տղան չվերադարձաւ ոչ այդ օր, ոչ ալ ուրիշ օր մը ...



Տարիներ անցան այդ դէպքին վրայէն:Մարդը մահացաւ ու կինը առանձին մնաց իր տառապանքին ու ճակատագրին հետ:Կինը այլեւս ոչ մէկ հասոյթ ունէր ու կարօտ էր իր դրացիներուն օգնութեան:Տան օճախը բոլորովին մարած էր այլեւս:Ոչ հաց ունէր ուտելիք ոչ ալ փայտ ունէր վառելիք:Դրացիները ամէն օր իրենց համար եփած ճաշէն կը տանէին իրեն,իսկ եթէ պատահէր որ օր մը չտանէին` այդ օր ոչինչ կուտէր կինը:Յաճախ ախորժակ ալ չէր ունենար ուտելու:Նիհարցած ու ծերացած էր եւ կը նստէր միշտ պատուհանին առջեւ դիտելով հեռուները կարծէք թէ մէկը կը սպասէր:Երբ դրացիները իրէն կը հարցնէին թէ ինչու համար միշտ հոն նստած պատուհանէն դուրս կը նայէր, անոնց կը պատասխանէր ըսելով<< կը սպասեմ>> :Ամէնքն ալ գիտէին թէ խեղճ կինը կեանքին մէջ ոչ ոք ունէր սպասելիք :



Ցուրտ ձմեռուայ օր մըն էր դարձեալ . ձիւնի փաթիլները սկսած էին կամաց կամաց ծածկել Պոլսոյ Պալատ թաղի նեղ ու աղքատ փողոցները:



Արեւը քանի մը ժամ առաջ մայր մտած էր. օդը աւելի պաղած էր,փողոցները մարդ չէր մնացած:Ժողովուրդը իրենց տուներն էին քաշուած ու իրենց ընտանիքներով տաք վառարաններու շուրջ հաւաքուած : Կինը պատուհանին առջեւ նստած դուրս կը դիտէր:



Հեռուէն,մութին մէջէն արդիական ու շքեղ կառք մը երեւցաւ որուն անիւները գետինը ծածկած ձիւնին վրայ սեւ ու երկար հետք մը ձգելով դանդաղօրէն եկան ու կեցան տան դրան առջեւ:Կառքէն բարձրահասակ ու վայելուչ երիտասարդ այր մարդ մը իջաւ եւ տարիքոտ կնոջ տան դրան դիմացը կենալով դուռը զարկաւ :Տարիքոտ կինը դանդաղօրէն սկսաւ սանդուխներէն վար իջնել բայց այցելուն բնաւ չէր աճապարեր:Կնոջ դրացիները, որոնք այդ պահուն իրենց տան պատուհաններէն մեծ հետաքրքրութեամբ կը դիտէին դէպքը առաջին անգամն էր որ կը տեսնէին այդ մարդը, բայց կարծէք թէ մարդը շատ ալ օտար չէր այդ տան ու մէջ բնակողներուն քանի որ միայն մէկ անգամ զարկաւ տան դուռը ու երկար սպասեց առանց երկրորդ անգամ մը զարնելու:Կերեւի թէ մարդը գիտէր որ տան մէջ տարիքոտ կին մը կայ ու չի կրնար աճապարել:



Ի վերջոյ կինը դուռը բացաւ ու արցունքոտ աչքերով նայեցաւ մարդուն երեսն ի վեր:Ծեր կնոջ շրթները կը դողդղային , բան մը ըսել կ'ուզէր բայց այդչափ յուզուած էր որ չէր կրնար խօսիլ:Մարդը եղաւ առաջին խօսողը ու ըսաւ:



- Քեզ իմ տունս տանելու եկայ մայրիկ,ասկէ վերջ ինծի հետ միասին իմ տանս մէջ պիտի ապրիս:



Կինը, առանց պատասխանելու հնազանդեցաւ իրեն ու միասին սկսան դանդաղօրէն սանդուխներէն վեր ելլել:Երբ հասան վերջի սանդուխը պառաւ կինը շնչասպառ նստեցաւ բազկաթոռին վրայ:Մինչ այդ, մարդը կնոջ ունեցած հազիւ քանի մը կտոր անձնական ապրանքը սկսաւ հաւաքել: Երբ վերադարձաւ սենեակ տեսաւ որ խեղճ կինը յոգնութենէն քնացեր էր բազկաթոռին վրայ,նոյն տեղը, ուր տարիներ առաջ, երբ ինք հազիւ ինը տարեկան տղեկ մըն էր, ձմեռուան ցուրտ օր մը եկած էր այդ տունը եւ փորը կշտացնելէ վերջ յոգնութենէ ինկած ու քնացած էր: Մարդը չուզեց կինը արթնցնել ու ներսէն վերմակ մը բերելով դրաւ կնոջ վրայ: Ինքն ալ ուրիշ վերմակ մը իր վրան առնելով երկնցաւ ուրիշ բազկաթոռի մը վրայ:



Տարիներ առաջ երբ ձմեռուան ցուրտ օր մը, մսած ու անօթի այդ տունը այցելած էր բնաւ չէր մտածած թէ այդ տան մէջ իրեն ցոյց տրուած գուրգուրանքը իր ճակատագրին փոխուելուն պատճառ պիտի ըլլար:Մինչեւ այդ օր իր կեանքին մէջ իր քով երբեք չէր զգացած մօր մը կամ հօր մը գոյութիւնը ու ապրած էր փողոցները,փլատակներու մէջ , ստորադասուած բոլորէն:Ապրած էր անասունի մը նման փողոցները թափառելով, իր մէջ ունենալով միայն իր առօրեայ հացը ապահովելու բնազդային զգացումը:Ընդհանրապէս մուրալով կամ աղբամանները խառնելով,երբեմն ալ գողնալով հետեւաբար հալածուելով ժողովուրդի կողմէ:Այդ օր, այդ տան մէջ իրեն ցոյց տրուած ընտանեկան գուրգուրանքը առաջին անգամ ըլլալով իրեն զգացուցած էր որ ինքն ալ մարդու զաւակ էր ու առաջին անգամ ըլլալով ունեցած էր ամօթի զգացում:Այդ օր, այդ տաք տան մէջ,փորը կուշտ ու ապահով տանիքի մը տակ մինչեւ առաւօտ առիթը ունեցած էր մտածելու ինքն իր մասին, իր կեանքի ու իր ապագայի մասին եւ առաջին անգամ ըլլալով զգացած էր իր մէջ իր բոլոր կեանքը այսպէս փողոցները թափառելով անցնելու դատապարտուած մնալու վախը ու առաջին անգամ ըլլալով ինքն իրեն ուղղած էր սա հարցումը . <<ի՞նչ պիտի ըլլայ իմ վերջս >>:



Այդ եղած էր պատճառը որ յաջորդ առաւօտ կանուխէն ան փախէր ու հեռանար տունէն , որովհետեւ ամչցած էր այդ ցնցոտիներու մէջ օր մը առաջուան պէս ներկայանալու ու գուրգուրանք մուրալու . որովհետեւ մտովի՝ ան օր մը առաջուան թշուառ էակը չէր այլեւս:



Բնականօրէն իր այդ վիճակին մէջ շատ դժուար եղած էր գործ մը գտնելը:Սկիզբը ոչ ոք վստահած էր ցնցոտիներու մէջ գտնուող այդ փողոցային տղուն, բայց հաստատակամ՝ ան վճռած էր յերբազատուիլ կեանքը ապրելու իր ոճէն: Ի վերջոյ գործ մը գտած էր ու կառչած էր անոր:Յետոյ աւելի լաւ գործեր ըրած էր, հետզհետէ աւելի ծանր պատասխանատուութիւններ իրեն վստահուած էին . ի վերջոյ հիմնած էր իր սեփական գործը ու հիմա եկած էր իր խղճի պարտքը վճարելու անոր, որ տարիներ առաջ պատճառ եղած էր որ իր կեանքը փոխուէր:



Յաջորդ առաւօտ մարդը կանուխէն արթնցաւ, ծեր կինը դեռ կը քնանար : Կնոջ քով գնաց ու ձայնեց :



-Մայրիկ արթնցիր, քեզ իմ տունս պիտի տանիմ:Ասկէ վերջ դուն միշտ հանգիստ պիտի ընես :Քեզ իմ մօրս պէս պիտի խնամեմ :



Կինը խոր քունի մէջ էր ու չէր լսած տղուն խօսքերը:Տղան անգամ մը եւս ձայնեց կնոջ ու ուսէն թեթեւ մը շարժեց բայց կինը չէր արթննար:Մարդը այս անգամ կնոջ ձեռքը բռնեց ու զայն վերցնելով արթնցնել փորձեց:Երբ կնոջ ձեռքը իր ձեռքին մէջ առաւ անդրադարձաւ որ ձեռքը տարօրինակօրէն պաղ էր:Մարդը նայեցաւ կնոջ ճերմակ դէմքին,կիսաբաց աչքերուն եւ գունատ շրթներուն:Կնոջ պաղ ձեռքը շրթներուն տարաւ ու համբուրեց:



Երախտապարտութեան քանի մը կաթիլ արցունք տղուն աչքերէն սահելով ինկան ու թրջեցին կնոջ անկենդան ձեռքը :





Օշին Էլակէօզ



Պոլիս - 12 Սեպտեմբեր 2011

















«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝