Յայտարարութիւն

Tuesday, October 4, 2011

ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԵՒ ՀՄԸՄ - 1 -

Սիրելի Ընթերցող,
Օգտագործելով «Հայ մանուկի տարիի» առիթը, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ կարգ մը գիտելիքներ սկաուտութեան մասին, որ , (առանց շատ վստահ ըլլալու) կը կարծենք թէ շատերու համար նորութիւն պիտի ըլլան: Յօդուածները բառացիօրէն ընդօրինակուած են Հ.Մ.Ը.Մ. ի Կեդրոնական Վարչութեան հրատարակած Արի – Արենոյշ Բ. Կարգ գիրքէն:
«Նշանակ»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«
Ա. Սկաուտութեան Գաղափարին Ծագումը
Սկաուտութեան գաղափարը յղացաւ Սըր Ռոպէրթ Սթիվնսըն Սմիթ Պէյտըն Փաուըլ Օֆ Ճիլուել 1900 ական թուականներուն, անգլիական բանակին մէջ, Աֆղանիստանի, Հնդկաստանի եւ մասնաւորաբար Ափրիկէի մէջ երկար արկածախնդրութիւններէ եւ փորձառութիւններէ ետք:
Սկզբնական շրջանին իր տեսութիւնները, որոնք անձնական փորձառութեան արդիւնք էին, մասնաւորաբար կեդրոնացած էին զինուորական հարցերու վրայ, զինուորներու առօրեային պահանջին, ինչպէս՝ կռիւներու եւ զօրանոցներէ ներս մարզումներու շուրջ:
Այս ուղղութեամբ զինուորներու համար գրած էր քանի մը գիրքեր՝ գործնական եւ օգտակար գիտելիքներու մասին, որոնց գլխաւորներէն էր ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԵԱՆ գիրքը, որ կը խօսէր հետախուզութեան հետքեր մեկնաբանելու առանց թշնամիէն նշմարուելու ,կարենալ տեղափոխելու,զայն լրտեսելու եւ տեղեկութիւններ քաղելու մասին:
1885ին՝ՈՒՂԵՑՈՅՑ ՁԻԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԳԻՐՔՈՎ Պէյտըն Փաուըլ կը կեդրոնանար յատկապէս խումբի մը կազմակերպչական կառոյցին վրայ, աւելի յստակացնելով բանակելու, հետախուզելու, նշմարելու, պատկերներ գծելու եւ տեղեկագիր պատրաստելու ձեւերը:
1899ին Պէյտըն Փաուըլի գաղափարները սկսան տարածուիլ, երբ գրեց ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ գիրքը, որ ատենին մեծ աղմուկ հանեց թէ զինուորական թէ կրթական մարզերէ ներս:
Այս գիրքով Պէյտըն Փաուըլ ոչ միայն կը խօսէր հետախոյզ զինուորի մը յատկանիշներուն մասին, այ նաեւ՝ կը բացատրէր այն միջոցները, որոնցմով կարելի էր զարգացնել այդ յատկանիշները: Ան գլխաւորաբար կը կեդրոնանար քաջութեան, ինքնահաստատման,ինքնավստահութեան,զգուշութեան եւ ապահովութեան յատկանիշներու զարգացման գործնական միջոցներուն վրայ:
ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ գիրքին մէջ ան կ'ըսէր. « կան մարդիկ , որոնց չի պակսիր քաջութիւնը, նոյնիսկ մահուան գնով արգելքներ եւ դժուարութիւններ դիմակալելու, սակայն մեզի պէտք են հետախոյզներ, որոնք ոչ միայն քաջաբար դիմակալեն իրենց պարտականութիւնը, երթալով ուր որ պէտք է, այլ՝ գիտնան ինչպէս ողջ առողջ վերադառնալ, կարենալ փոխանցելու համար քաղուած տեղեկութիւնները»:
Այս գիրքին արժէքը կը կայանար ոչ միայն տրուած գործնական գիտելիքներուն մէջ, ինչպէս՝ ճամբայ գտնել,հետքերու հետեւիլ եւ զանոնք մեկնաբանել,գծել, պահուըտիլ,տեղեկագրել եւ լրտեսել,այլ՝ բոլոր կարողութիւնները զինուորին մօտ զարգացնելու համար ընդլայնուած բացատրութեան մէջ: Այս գործունէութիւնը պայմանաւորուած էր կազմութեամբը 5-6 անձերէ բաղկացած խմբակներու,որոնք իրարու միջեւ կը մրցին յիշեալ մարզերու մէջ, ինչպէս՝ գծագրութեամբ, ուշադիր դիտելու, նշմարելու, հետախուզութեամբ եւ խաղերով:Այսպէսով Պէյտըն Փաուըլ կը կիրարկէր ԽԱՂԸ զինուորի դաստիարակութեան համար:
Այս վերջին գաղափարներն էին, որոնք տարածուեցան բանակէն դուրս եւ յատկապէս լայն տեղ գտան կրթական եւ դաստիարակչական մարզերու, մէջ:
1900 ին, Պոէրներու քաղաքացիական պատերազմի նախօրեակին, Պէյտըն Փաուըլ առիթը ունեցաւ իր տեսութիւնները իրագործելու եւ անոնց արժէքը փաստելու: Արդարեւ , երկու ամսուան կարճ ժամանակամիջոցին,ան կարողացաւ պատրաստել հետեւակազօրքի երկու զօրագունդեր , բոլորն ալ բաղկացած կամաւորներէ , որոնք պատերազմին մեծ դեր խաղացին Մաֆքինկի մէջ, անգլիական բանակի երկար դիմադրութեան եւ վերջնական յաղթանակը տանելուն մէջ:
Ապա, 1901 ին կազմակերպեց ԱՓՐԻԿԷԻ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐՈՒ 9000 զինուորներու խումբերը,որոնց պարտականութիւնը պիտի ըլլար պառակտուած երկրին մէջ կիրքերը հանդարտեցնել,դիմադրութեան վերջին բոյները չէզոքացնել եւ խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը վերահաստատել: Այս ոստիկանները թէքնիք մարզումի կողքին դաստիարակուած էին նաեւ ընկերային գետնի վրայ, ծառայութիւն մատուցանելու ժողովուրդին:
Այլեւս փաստուած էր որ Պէյտըն Փաուըլի դաստիարակչական եւ մարզումի տեսութիւններուն արժէքն ու կարեւորութիւնը:
1907ին կիսուն նոր պարտականութեան մը կոչուեցաւ ան՝ հսկելու Բրիտանիոյ ազգային պաշտպանութեան բանակի մարզումի աշխատանքներուն: Այդ օրերուն տուաւ իր ամենայատկանշական գաղափարները, որոնք բիւրեղացած էին նորանոր փորձառութիւններով:Հրատարակեց նոր գիրք մը ՝ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐ անուան տակ, որ տարածուեցաւ նոյնիսկ բանակէն դուրս եւ կիրարկուեցաւ երիտասարդական շարժումներու կողմէ:
Այդ օրերուն, տակաւին զինուորական ծառայութեան մէջ, Պէյտըն Փաուըլ չէր մտածեր իսկ սկաուտութեան մասին, իբրեւ պատանեկան շարժում:Սակայն իր գաղափարները, որոնք մարզումի մեթոտներ էին,սկսած էին կիրարկուիլ երիտասարդական շարժումներու կողմէ, նոյնիսկ թաղերու մէջ տղաք իրար մօտ գալով կը կազմէին խմբակներ, որոնք կը մրցէին այլ թաղերու տղոց հետ՝յիշեալ մարզերուն մէջ:

Շար. 1






«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝