Յայտարարութիւն

Wednesday, October 5, 2011

ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԵՒ ՀՄԸՄ - 2

Սիրելի Ընթերցող,

Օգտագործելով «Հայ մանուկի տարիի» առիթը, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ կարգ մը գիտելիքներ սկաուտութեան մասին, որ , (առանց շատ վստահ ըլլալու) կը կարծենք թէ շատերու համար նորութիւն պիտի ըլլան: Յօդուածները բառացիօրէն ընդօրինակուած են Հ.Մ.Ը.Մ. ի Կեդրոնական Վարչութեան հրատարակած Արի – Արենոյշ Բ. Կարգ գիրքէն:
«Նշանակ»
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

Բ. ՊԷՅՏԸՆ ՓԱՈՒԸԼԻ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐԸ1. Բոլոր տեսութիւնները հիմնուած էին գործնական փորձառութեան վրայ, առիթը ունենալով ուսումնասիրելու տարբեր երկիրներու եւ վայրերու մէջ հանդիպած մարդոց հետ ստեղծուած կացութիւնները եւ ընդհանրապէս զինուորներու հակազդեցութիւնը նմանօրինակ պարագաներու:

2. Փոխադարձ վստահութիւնը գլխաւոր առանցքն էր իր յարաբերութիւններուն, նոյնիսկ դատուած եւ պատժուած զինուորները իր մօտ գտած էին վստահութեան զգացումը: Հիմնուելով անոնց լաւ յատկութիւններուն վրայ, իրենց կը յանձնէր այնպիսի պարտականութիւններ, որոնց գործադրութեամբ կրկին առիթը կ'ունենային ինքնավստահ եւ ճակատաբաց ներկայանալու ընկերներուն:

3. Տեսական երկար բացատրութիւնները շատ տեղ չունէին իր մօտ, այլ՝ գլխաւորաբար կեդրոնացած էր գործնական կիրարկումներու վրայ, որովհետեւ մարդ միայն գործնական կիրարկումով կրնար իւրացնել արդ գիտելիքները:

4. Զինուորը իրեն համար ամէն բանէ աւելի անհատ մըն էր իր թերութիւններով եւ առաւելութիւններով. բացարձակ հնազանդութիւնը, հրահանգներու մեքենականացած գործադրութիւնը, զայն կը վերածէր անհատականութենէ եւ հնարամտութենէ զուրկ անձի մը, որ պիտի անճրկէր դժուարութիւններու առջեւ: Ան ստեղծած էր յարաբերութիւններու այնպիսի դրութիւն մը, որ առիթը կուտար զինուորին պատասխանատուութիւն վերցնելու եւ յարմար տեսած միջոցներովը իրագործելու իրեն վստահուած պարտականութիւնը: Այսպէսով անոր մօտ կը զարգանար ինքնավստահութիւն եւ հասունութիւն:

5. Խմբակները կը բաղկանային 5-6 անձերէ, որոնք կ'ունենային ղեկավար մը. այս ձեւով մէջտեղ կուգար յարմար միջավայր մը , անհատական զարգացման, հաւաքաբար զանազան աշխատանքներ կիրարկելու, պարտականութիւնները իրարու մէջ բաժնուելու, իրարու օգնելու,մէկզմէկու փորձառութենէն օգտուելու եւ մանաւանդ մրցելու ուրիշ խմբակներու հետ, ինչ որ կը խթանէր զինուորները ՝ լաւապէս սորվելու եւ իւրացնելու տրուած գիտելիքները:

Շար. 2




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝