Յայտարարութիւն

Thursday, October 6, 2011

ՆՇԱՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ ՀՀ ԵԱՆ 20 ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՔԵՍԱՊԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պատուարժան Պատուելի
Հոգեշնորհ եւ Արժանապատիւ Հայրեր
Յարգարժան Հոգաբարձութիւն Հայ Աւետ. Ս.Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ
Յարգարժան գործող անձեր ազգային եւ եկեղեցական հաստատութեանց մէջ,
Սիրելի անդամներ ընտանիքիս, որ կը կոչուի Քեսապահայութիւն

Նախ կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Բարձրեալին, զիս վերստին Սուրիական հայրենիք ու ծննդավայրս վերադարձնելուն համար:Շննորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք Աւետ. Եկեղեցւոյ Վարչութեան ու սիրելի պատուելիին, որոնք ինծի պատիւը ընծայեցին բանախօսելու այս աննախընթաց ձեռնարկին՝ ՀՀեան վերանկախացման քսանամեակի տօնակատարութեան: Յուսով եմ , Աստուծոյ օգնութեամբ գլուխ հանել ինծի տրուած այս պարտականութիւնը եւ կազմակերպիչներուն ու իմ երեսները ճերմակ հանել, ինչպէս սովոր ենք ըսել:

Ամեակներու նշումը , լոկ ուրախութեան, հրավառութեանց եւ կենացներ բաշխելու առիթներ չեն. անոնք առիթներ են հաշուետուութեան, այսինքն ջուրի երես հանելու լաւ ու վատ, առաւելութիւն ու անպատեհութիւն:Այսօր, այս սուրբ յարկին տակ, պիտի փորձենք լուսարձակի տակ առնել մեր շատ սիրելի հանրապետութեան քսան անկախ տարիներուն ընթացքին ձեռք բերուած հիմնական նուաճումները , ինչպէս նաեւ բացթողումները , եւ խօսիլ ապագայ հեռանկարի մասին: Ներկայացուած մտքերը կը վերաբերին իմ անձիս, որոնք արդիւնք են մտածումներու, վիճաբանութիւններու եւ ընթերցումներու: Մտքերը կրնան ընդունելի եւ կամ վիճելի ըլլալ: Դասախօսութեան աւարտին կազմակերպիչները նկատի առած են բաց զրոյց , որոնց պիտի փափաքէի որ մասնակցէիք , քանզի մասնակցութիւն կը նշանակէ հետաքրքրութիւն, կը նշանակէ «ՈՉ» ըսել անտարբերութեան:

Նախ քան նիւթի մանրամասնութեանց անցնիլս , պիտի ուզէի սահմանումը տալ երկու կարեւոր բառերու ,որոնք տեղ գտած են ձեռնարկի յայտարարութեան մէջ. Ատոնք են՝ Հանրապետութիւն եւ անկախութիւն բառերը:
Հանրապետութիւն մը , երկիր մըն է , կառավարման յատուկ ձեւով , ուր ժողովուրդը գերագոյն հակակշիռը ունի կառավարութեան վրայ եւ ուր պետական պաշտօնները չեն տրուած անձերու՝ հիմնուելով անոնց ընտանեկան , զինուորական կամ պիզնըսի կապերուն վրայ: Այսօրուան հասկացողութեամբ , հանրապետութիւն մը այն երկիրն է , որուն գլխաւոր ղեկավար անձը մենատէր չէ:

Անկախութիւնը վիճակն է երկրի մը կամ շրջանի մը , որուն վրայ ապրող ժողովուրդը կամ բնակիչները ինքնավար են եւ գերիշխան:

Այս բացատրութիւնը դիտմամբ կուտամ որ երբ իւրաքանչիւրս տուն երթանք եւ երբ լաւ ու վատ երեւոյթները տեսնենք Հայաստանի՝ բաղդատութեան եզր մը ունենանք ու համարձակ կարենանք ըսել որ այս կամ այն երեւոյթը վայել է կամ վայել չէ՝ անկախ հանրապետութեան մը:

Յետադարձ ակնարկ

Վերանկախացման մանրամասն պատմականը պէտք չկայ ընելու:Պիտի փորձեմ վեր առնել անկախացած հանրապետութեան ստեղծած այն դրական հանգամանքները, որոնք անկախութեան հռչակումէն ետք որպէս նորութիւն պիտի ներկայանային հայ ազգին ընդհանրապէս եւ Հայաստան բնակող հայ ժողովուրդին մասնաւորապէս.

1. Անկախ պետականութեան ստեղծում: Ոչ ոք պէտք է թեր գնահատէ այն ճիգն ու ջանքը որ հայրենի պետական վարչամեքենան ի գործ դրաւ եւ կը դնէ 1991 էն մինչեւ օրս Պետականութեան ստեղծումին եւ մանաւանդ անոր պահպանման համար: Ո՜չ մէկ անկախ երկիր պետականութիւն կրնայ հաստատել մէկ օրէն միւսը: Այդ գործընթացը ժամանակ, ճիգ, փորձառութիւն ու քրտինք կ'ենթադրէ: Իսկ մեր անկախութիւնը, բոլորդ ալ գիտէք թէ ինչպէս տրուեցաւ մեզի: Պէտք էր «այո կ'ուզենք անկախ ըլլալ» ըսել. Ըսինք՝ եւ դարձանք անկախ երկիր: Մեր անկախութիւնը կը նմանի այն անձին, որուն ձեռքին մէջ օր ցերեկով , փողոցին մէջ , յանկարծ,կը դնեն յիսուն քիլօ ոսկի եւ կ'ըսեն՝ « այս քուկդ է , ինչ կ'ուզես ըրէ»: Կրնաք պատկերացնել այդ հարստացած մարդուն վախը՝ գողերէն, նախանձողներէն, թշնամիներէն, բարեկամ թուացող շողոքորթներէն: Այս բոլորը դիմագրաւեց հայրենի մեր մանուկ պետութիւնը : Անդին կար նաեւ Արցախի ազատագրութեան հարցը:

2. Արցախի ազատագրում : Այս տարի Արցախի ազատագրման ալ քսանամեակն է : Որքան որ Ղարաբաղցին կռուեցաւ յանուն եւ ի սէր Արցախի, նոյնքան եւ աւելի էր Հայրենի պետութեան ներդրումը այդ պատերազմին: Սփիւռքն ալ բերաւ իր մասնակցութիւնը: Այսպէս, շնորհիւ միասնական ճիգերու, արդիւնքը եղաւ այն ինչ որ բոլորդ գիտէք: Արցախի ազատագրումը մեծ եւ կարեւոր հանգրուան մը կը հանդիսանայ մեր բոլորին համար, որովհետեւ անիկա յաւելեալ մարտունակութիւն տուաւ մեզի բոլորիս. ան առնուած առաջին գործնական քայլն էր մեր բռնագրաւուած հողերու վերադարձման: Պատիւ հայրենի այդ օրուան մանաւանդ ռազմական ղեկավարութեան :

3. Քսան տարիներու ընթացքին , բացի անկէ , որ երկիրը բարգաւաճեցաւ, դարձաւ ՄԱԿի լիիրաւ անդամ , դարձաւ Արեւմուտքի, Ռուսաստանի եւ Միջին Արեւելեան , Ասիական ու Ափրիկեան Երկիրներու հետ գործակցող երկիր, ան կրցաւ ապահովել մէկ այնպիսի հզօր բանակ , որ մինչեւ օրս կեցած է ամուր Ազերիին դիմաց ու չի թողուր որ արիւնարբու Ալիեւներու ծրագիրները յաջողին: Կազմել ազգային բանակ եւ քսան երկար տարիներ պահել Արցախը, հետեւաբար Հայաստանը ապահով՝ սա դիւանագիտական թէ ռազմական նուաճում է , որմով կարելի է միայն հպարտանալ: Կ'ուզէ՞ք նորօրեայ փաստ մեր բանակի հզօրութեան եւ անոր մարտականութեան ու թէքնոլոժիին, տակաւին երկու շաբաթ կ'ընէ ազերի առանց օդանաւորդի հետազօտական (ամերիկեան սարքաւորումներով Իսրայէլ շինուած ) օդանաւի վար բերուիլը՝ Հայաստանի՜ մէջ շինուած հակալրտեսական օդանաւներու դէմ թնդանօթներով: Դժուար չէ պատկերացնել որ այդպիսի սարքաւորումներ պատրաստելու ծրագիր մը ինչքան կ'արժէ: Միլիոններ: Տակաւին չենք խօսիր սարքաւորման մասին: Հզօր բանակ պահելը հսկայ գումարներու կը նայի:Հետեւաբար ,մեր քննադատութեանց մէջ արդարօրէն նկատի պէտք է ունենալ բանակի պահպանման , արտաքին քաղաքականութեան ճիշտ կիրարկման եւ այլ խիստ կարեւոր իրականութիւններ, որովհետեւ անպարկեշտութիւն պիտի ըլլայ բացասականին կողքին չտեսնել դրականը եւ առարկայական մօտեցում չցուցաբերել բացասական երեւոյթներու վերլուծման ընթացքին:

4. Դիւանագիտական նուաճումներ. Հայաստանը , անկախացման օրէն մինչեւ օրս հաստատեց 34 Դեսպանատուներ եւ տասնեակ մը դիւանագիտական մշտական առաքելութիւններ զանազան միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ: Ունի քաղաքական յստակ մօտեցում եւ կեցուածք միջազգային քաղաքական, տնտեսական ու մարդասիրական հարցերու նկատմամբ:

5. Նուաճումներ՝Տնտեսական, շինարարական, մշակութային, կրթական,ընկերային, կրօնական դաշտերու մէջ. Օրինակները շատ են . թուենք մի քանին.

Ա) դրամատնային համակարգը, որ ոչ մէկ բանով կը զիջի եւրոպական համակարգերու:Ի դէպ՝ 23 զանազան դրամատուներ կը գործեն Հայաստանի մէջ իրենց հարիւրաւոր մասնաճիւղերով :
Բ) Չենք կրնար հարեւանցիօրէն անցնիլ «դրամ» դրամանիշի կայունութեան վրայէն,երբ լաւ գիտենք երկրին տնտեսական ոչ նախանձելի վիճակը :
Գ) Չենք կրնար հարեւանցի անցնիլ Երեւանի շինարարական զարգացման վրայէն,ընդ որում բազմաթիւ պանդոկներու, ճաշարաններու, քազինօներու, գրասենեակներու եւ բնակութեան յատուկ արդի շէնքերու կառուցում,
Դ) վեց արբանեակային հեռատեսիլի ընկերութիւններ ,որոնցմէ մէկը միայն պետական . ի դէպ ՝ 49 հեռատեսիլի ընկերութիւններ գոյութիւն ունին Հայաստանի մէջ: Շարունակենք թուել նուաճումները . մշակութային ու մարզական մեր որակաւոր բազում խումբերը, հազարաւոր գիրքերու ու CD ներու տպագրական արդիւնաբերութիւնը , որոնց մէջ մեծ թիւով դասագիրքեր ու մանկապատանեկան գեղեցիկ հրատարակութիւններ. մօտ 50 համալսարաններ ու գոլէճներ զանազան կրթական ծրագիրներով ու թեքումներով , զբօսաշրջիկութեան այսինքն թուրիզմի զարգացում,հեռաձայնի երեք ընկերութիւններ , նոր եկեղեցիներու կառուցում ընդ որոնց զանազան յարանուանութեանց պատկանող եկեղեցիներ (ոչ միայն առաքելական) եւայլն:

6. Սփիւռքի հետ համագործակցութիւն ըլլայ պիզնէսի մէջ , ըլլայ մշակութային, բարեսիրական , կրթական եւ ինչու չէ քաղաքական դաշտերու մէջ: Ցեղասպանութեան հարցին հետ առնչուած ե՜ւ պետական կեցուածքի դրսեւորում ե՜ւ սփիւռքեան կազմակերպութեանց հետ գործակցութիւն : Երկքաղաքացիւութեան օրէնք ընդունիլը մեծ քայլ էր առնուած ազգը մէկտեղելու , միացնելու համար: Աւաղ,որ Սփիւռքը ընդհանրապէս այդ գիտակցութեամբ չէ որ կը նայի այս հանգամանքին: Սփիւռքի նախարարութեան հիմնումը դարձեալ մեծ եւ կարեւոր քայլ էր նուաճումներու ծիրէն ներս:

Սակայն, այս բոլոր նուաճումներով հանդերձ Հայաստանը չկրցաւ ներշնչել այն վստահութիւնը ,որ կ'ակնկալուէր իրմէ՝ ո՜չ հայրենաբնակ զանգուածին, ոչ ալ Սփիւռքին: Այսպէս.

1. Հայաստանը եղաւ փտածութեան ախոյեաններէն մին համաշխարհային իմաստով: Տեսէք ցուցադրուած Փտածութեան ցուցանիշը (Corruption Index)ը պատրաստուած Կէօթինկընի համալսարանին կողմէ, որ կը նկատուի որպէս ցուցանիշներու ցուցանիշ:( Դժբաղդաբար ,թէքնիք պատճառներով , չկարողացանք հրապարակել այս ցուցանիշ-տախտակը , սակայն յայտնենք որ այնտեղ բացայայտ է որ փտածութեան մեր նիշերն են 10ի վրայ, 2008ին՝ 2.9 ,2009ին՝ 2.7 եւ 2010ին՝ 2.6 . իսկ 180 երկրի վրայ մենք 2008ին կը գրաւենք 109րդ տեղը, 2009ին՝120րդ եւ 2010ին՝ 123րդ տեղերը: Ինչ որ կը նշանակէ թէ Սերժ սարգիսեանի իշխանութեան օրով փտածութիւնը կամ կորուպցիան աւելցած է «Նշանակ») : Ինչպէս կը նկատէք մեր ցուցանիշը դէպի զէրօ ուղղուած է , Ազրպէյճանը բարձրացում կ'արձանագրէ, Ռուսաստանը մեզ նման է, Իրանը դէպի յառաջ կ'ընթանայ, իսկ Թուրքիան ու Վրաստանը մեզմէ շատ աւելի լաւ են: Այս երեւոյթը ընդունելի չէ սիրելիներ , հայու վայել չէ այս: Մենք մեզի, հայս հայուն անարդարութիւն ընելու իրաւունք չունինք: Ընդվզեցուցիչ է այս եւ երբ կարգ մը կուսակցութիւններ կը պահանջեն լրիւ իշխանափոխութիւն՝ վերէն մինչեւ վար՝ հաւանաբար իրաւունք ունին, որովհետեւ մենատիրութիւնը , օրէնքի առջեւ անհաւասարութիւնը, հարստութեան անարդար բաժանումը , որոշ ընտանիքներու վայելած մենաշնորհը բնակա՜նաբար հարցեր կը ստեղծեն եւ անոնց լուծում գտնելը դիւրին պիտի չըլլայ երբ ժամանակը անցնի:Հայաստանի համար փտածութիւնը հիմքն է բոլոր տեսակի յոռի երեւոյթներուն:

2. Արտագաղթ . Փտածութիւնը անմիջական եւ ուղիղ պատճառներէն մէկն է արտագաղթին: Երբ ամէն ինչ կեդրոնացած է մէկ կամ մի քանի մարդոց ձեռք այն ատեն կամաց կամաց կը վերցուի ժողովուրդի մը միջին խաւը եւ կը մնան աղքատներ ու հարուստներ: Ի՞նչ միջոցի պիտի դիմէ անտէր մնացած մարդը: Պիտի դիմէ դուրս: Նորութիւն պիտի չըլլայ ոեւէ մէկուս համար եթէ ըսեմ՝ աշխարհի մէջ ինչ որ ուզես ընել՝ անոր գինը պիտի վճարես , ուստի գաղթելն ալ իր գինը ունի եւ այդ գինը կը վճարէ գաղթողը անձնապէս եւ ազգը՝ հաւաքաբար:Մէկ միլիոնէ աւելի հայեր արտագաղթած են ԱՆՎԵՐԱԴԱՐՁ : Իսկ վիճակագրութիւն մը կատարուած վերջերսԿալլափ ընկերութեան կողմէ ցոյց կուտայ որ 39% հայերուն կ'ուզեն վերջնականապէս հեռանալ Հայաստանէն ու հաստատուիլ ՈՐԵՒԷ երկիր: Պատճա՞ռ , աղքատութիւն, անգործութիւն, ընկերային անապահովութիւն, քրէական սանձարձակութիւն: Սա արդէն վախցնող երեւոյթ է: Արտագաղթը մէկ ահռելի իրականութիւն է երկրի մը համար:Տուեալ երկիրը կը կորսնցնէ իր երիտասարդ , ուսեալ, ճարպիկ ու ձեռներեց տարրը , անոնց զաւակները կը ծնին այլ երկրի մէջ , կը դառնան այդ երկրին քաղաքացին , անոնց թիւը de facto կը պակսի հայրենիքի բնակչութեան թիւէն, անոնց զաւակները կը ծնին տեղ մը եւ արդէն երկիրը կը կորսնցնէ ոչ միայն այդ օրուան հայը այլ գալիք սերունդները: Իսկ այսօրուան պայմաններով կրնայ արտագաղթել ան, որ դրամի տէր է կամ՝ ուսման ու գիտելիքի: Ուստի, ձեզի՜ կը թողում կատարել գնահատանքը արտագաղթի պատճառած աւերին...

3. Բեւեռացած է մեր հայրենի հասարակութիւնը: Ըլլայ քաղաքականօրէն , ըլլայ ընկերային մարզի մէջ: Կան հայրենիքը «սիրողներ»ը չակերտուած, որոնց համար հայրենիքը կթան կով է եւ այդչափ:Դժբաղդաբար, Իշխանութիւն, օրէնք , դրամ այս չակերտեալ հայրենասէրներուն կը պատկանին: Կան իսկական հայրենասէրները, որոնք կը կազմեն երկրի մեծամասնութիւնը, որոնց համար հողը, ազգային արժէքները, սիսթեմը, օրէնքը, դպրոցն ու եկեղեցին , տնտեսութիւնը , բայց մանաւանդ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ կարեւոր են : Այս մեծամասնութիւնն ալ մինչեւ ե՞րբ կրնայ սիրել իր հայրենիքը: Մեր կեանքի օրինակով փորձենք զուգահեռ մը գտնել: Մինչեւ ե՞րբ կարելի է սիրել մայր մը որ իր չորս զաւակներէն երեքը անօթի կը պահէ, սնունդ չի տար, ուսում չի տար , իսկ մէկ զաւակը կը ղրկէ լաւագոյն համալսարանը, կը գնէ լաւագոյն ինքնաշարժը եւայլն: Միթէ մարդկային չէ՞ ատել այդ մայրը : Արդար չէ՞ հարց տալ «ինչո՞ւ բերիր միւս երեք զաւակներդ»: Հայրենի պետութիւնը իր ստեղծուած օրէն այսպէս վարուեցաւ ու այսպէս ալ կը շարունակէ վարուիլ իր զաւակներուն հետ: Դժբաղդ իրականութիւն... Այստեղ հաւաքուածներս ծնողներ ենք եւ զաւակներ , հետեւաբար լաւ պիտի հասկցուիմ երբ ըսեմ՝ Վայ այն ծնողքին որ կ'արհամարհէ իր զաւակները, այդ տունը կ'աւերուի. Եւ վայ այն ղեկավարութեան որ կ'անտեսէ իր երիտասարդութիւնը. այդ հաստատութիւնը փուլ կուգայ: Հայրենի ղեկավարութիւն , կոչ կ'ընենք որ տակաւին ուշ չէ ներհայեցողութիւն ընել եւ քննական աչքով նայիլ եւ անդրադառնալ թէ ՅՕ՞ ԵՐԹԱՍ:

4. Ընտրական ու խորհրդարանային դաշտերու մէջ մենատիրութիւն կը տիրէ: Խորհրդարանը լեցուն է օրէնքէ չհասկցող անձերով: Մեծ է թիւը երեսփոխաններու որոնք անարդար , անօրէն միջոցներով խորհրդարան հասած են . Մեծամասնական սիսթեմով ընտրուած այս երեսփոխաններն են , որոնք կը վաւերացնեն մեր օրէնքները:Վայ այն երկրին որու ժողովուրդը հաւատք չունի ընտրութեանց եւ իր , այսպէս ասած ընտրած երեսփոխաններուն վրայ :Այսինքն օրէնքը պահողին վրայ:Վայ մեզի...

5. Տնտեսական մարզին մէջ կան երկար եւ կարճ ժամկէտով ծրագիրներ , սակայն դրական լուրջ արդիւնքները չենք տեսներ : Թէ ինչո՞ւ չենք տեսներ, որովհետեւ մեր արդիւնաբերութիւնը այնքան քիչ է, որ ստիպուած ենք աւելի ներածել քան արտածել: Երկրի ունեցած առաւելութիւնները մենք քսան տարուան ընթացքին ոչ օգտագործած ենք ոչ կատարելագործած: Այստեղ գովելի երեւոյթ է զբօսաշրջութեան մարզի զարգացումը , որուն համար բացի ստեղծուած լաւ պայմաններէն բնութիւնն ու հայրենասիրութիւնը մեծ դերակատարութիւն ունին: Ինչ կը վերաբերի հարկային համակարգին, այդ մարզը մինչեւ օրս կը մնայ խոցելի, որովհետեւ հարկային ստոգումները աւելցած են եւ չեն պակսած, նեղելով պարզ ժողովուրդը: Ի դէպ ՝ 2011 ի առաջին վեց ամիսներու ընթացքին աւելի քան 3ՕՕ պիզնըսներ փակուած են Հայաստանի մէջ:

Լաւ, այս բոլորը լսելէն ետք ի՞նչ ընել: Ի՞նչ պէտք է ընէ հայրենի իշխանութիւնը եւ ի՞նչ պէտք է ընենք մենք՝ սփիւռքը: Առաջարկներս հետեւեալներն են , որոնք յաճախ կրկնութիւն են այլոց առաջարկներուն.

1. Վստահութիւն ներշնչել հայուն եւ ոչ հայուն՝ վերջ տալով փտածութեան եւ կազմակերպելով ազատ ընտրութիւններ:
2. Կեցնել զանգուածային արտագաղթը:
3. Հայաստանը դարձնել ազատ գօտի , քաջալերել ներդրումները՝ այնտեղ բանալով արդիւնաբերական ձեռնարկներ: Քաջալերել յատկապէս Սփիւռքահայութիւնը ներդրումներ կատարելու եւ օգտուելու այդ ներդրումներէն: Հարկային ու մաքսային համակարգերը վերատեսութեան ենթարկել :Գործադրել հաւասարակշռուած անուղղակի տուրքերու դրութիւն:
4. Օգտագործել երկրին բնական տուեալները , ինչպէս ջուրը, բնական գեղեցկութիւնը եւ թուրիզմը դարձնել եկամուտի կարեւոր աղբիւր:
5. Քաջալերել ծննդաբերութիւնը: 2011ի վիճակագրութիւններով Հայաստանի մէջ 12 հոգի կը ծնին իւրաքանչիւր 1000 մարդու վրայ, որ կը համապատասխանէ 1 զաւակ ընտանիք գլուխ: Դուք ըսէք թէ ինչ տեսակ անդունդի առջեւ կեցած ենք որպէս ազգ:
6. Համաձայնութեան գալ Սփիւռքահայ կազմակերպութեանց հետ քաջալերելու վերաբնակեցման գործընթացը , դիւրութիւններ ընծայելով բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին վերադառնալ հայրենիք գործ հաստատելու եւ այնտեղ ապրելու համար:
7. Օգտագործել Հայաստանի սթրաթէժիք առանձնայատկութիւնը զայն վերածելով օդային ճանապարհային խաչմերուկի (hub) Տուպայի, Սինկափուրի օրինակով: Այսօր Տուպայն ու Սինկափուրը շատ սուղ են, Երեւանը դարձնել մրցունակ:
8. Քաջալերել փոքր եւ միջակ պիզնըսները, ոչ Երեւանի քաղաքապետի օրինակով որ ծաղկավաճառներէն զատ ոչ մէկ գործ թողուց որ շարունակուի Երեւանի փողոցներուն մէջ ստեղծելով խուճապ ու դժգոհութիւն այդ գործերէն օրապահիկ մը ապահովողներուն մօտ:
9. Օգտագործել 8 Միլիոն հայութիւնը որպէս վաճառող (salesman) եւ յաճախորդ հայկական մրցունակ եւ որակաւոր արդիւնաբերութեան: Օգտագործել հայ մտքի աստուածատուր կարողութիւնները որ յատուկ են միայն հայուն: Լիիրաւ օգտագործել եւ դրամի վերածել ողջ հայութեան ունեցած միջազգային ծանօթութիւնները , ճարտարարուեստի, ծառայութեանց եւ վաճառականական զանազան դաշտերու մէջ:
10. Սփիւռքի մէջ ըլլալ միակամ , իրար հանդուրժող եւ սրտցաւ , որ կը նպաստէ մեր հայրենիքի բարգաւաճման:«Բոլորս հայրենիքի համար» պիտի ըլլայ մեր լոզունգը: Առանց հզօր հայրենիքի չկայ հզօր սփիւռք եւ առանց հզօր սփիւռքի չկայ հզօր հայրենիք: Ի դէպ ես ուրախ եմ տեսնելու այն սրտբաց յարաբերութիւնը որ ունին Քեսապի երեք յարանուանութեանց երիտասարդ կղերականները : Ա՜յս պէտք է ըլլայ ոճը մեր յարաբերութեանց, որուն մէջ պէտք է կարմիր թելի նման երեւի անկեղծութիւնը:
11. Արտաքին ճակատի վրայ պէտք է շարունակել միակամ աշխատանքը սփիւռքեան կազմակերպութեանց հետ լուծելու համար Թուրքիոյ եւ Ղարաբաղի հարցերը: Պիտի տնտեսապէս այնքան զօրանալ , որ մեզի հետ հաշիւի պիտի նստին թուրքն ու ազերին: Փտածութիւնը եթէ շարունակութիւն գտնէ ,տմենք՝ հայերս պատրաստ պիտի չըլլանք հաշիւի նստելու իրարու հետ, ինչո՞ւ թշնամին պիտի նստի, ընդհակառակը, ան առիթը պիտի օգտագործէ մեզ տկարացնելու:
12. Քաջալերել մտաւորականութիւնը ՝գրող, ասմունքող, նկարիչ ու քանդակագործ: Սփիւռքը կրնայ շահու մեծ աղբիւր դարձընել հայ արուեստի օգտագործումն ու անոր տարածման գործընթացը:
13. Սփիւռքեան կազմակերպութիւնները պարտին քաջալերել երկքաղաքացիութեան ընդունումը :Այսօր, պարագայաբար , մեզմէ շատեր սկսած են դիմել Հայաստանեան հպատակութեան ոչ թէ մղուած հայրենասիրութենէն այլ վախնալով Սուրիական այս հոյակապ հայրենիքի թեւակոխած դժուարութիւններէն:Ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք, ես քիչ ըսեմ դուք շատ հասկցէք:Այս պէտք չէ ըլլայ երկքաղաքացիութեան դիմելու շարժառիթը:Մեղադրանք չէ ըրածս, այսօր վստահութեան պակաս կայ ատոր համար առիթը օգտագործելու հնարքին դիմած է ժողովուրդը: Այստեղ կ'ուզեմ նաեւ յայտնել մտահոգութիւն մը , որ այսպիսի զանգուածային դիմումնագիր երկքաղաքացիութեան ՝կրնայ հաշտ աչքով չդիտուիլ մեր ապրած հայրենիքին առաջնորդներուն կողմէ: Չտանք այն տպաւորութիւնը , որ մենք պատրաստ ենք փախելու այս երկրէն երբ երկիրը վտանգի մէջ է: Իմ պատգամս այն է , որ այսօր եւ Հայաստանը եւ Սուրիան վտանգի առաջ են կեցած, իսկ մենք որպէս հայ ազգի զաւակներ միասնական կեցուածքով պիտի նեցուկ կանգնինք մեր երկու հայրենիքներուն: Ճիգ պիտի չխնայենք այս երկու երկիրներու բարօրութեան ի նպաստ: Լաւ ընկերը նեղ օրերուն համար է կ'ըսէ առածը: Մեր լաւ ընկեր ըլլալու փաստը հիմա է որ պիտի ցոյց տանք:
14. Եւ վերջապէս, վերը ըսուածները ճիշտ, փրոֆէսիօնէլ ձեւով կատարելու համար հարկ է մշակել Ազգային Ծրագիր: Մենք մինչեւ օրս չունինք մեր ազգային ծրագիրը: Կոչ կ'ուղղենք հայրենի եւ սփիւռքեան ղեկավարութեանց անյապաղ մշակել եւ գործի դնել ազգային մեր ծրագիրը որպէսզի կարելի ըլլայ անյապաղ սկսիլ միասնական գործի:

Շնորհակալութիւն





«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝