Յայտարարութիւն

Saturday, October 8, 2011

ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԵՒ ՀՄԸՄ - 4 -

Սիրելի Ընթերցող,

Օգտագործելով «Հայ մանուկի տարիի» առիթը, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ կարգ մը գիտելիքներ սկաուտութեան մասին, որ , (առանց շատ վստահ ըլլալու) կը կարծենք թէ շատերու համար նորութիւն պիտի ըլլան: Յօդուածները բառացիօրէն ընդօրինակուած են Հ.Մ.Ը.Մ. ի Կեդրոնական Վարչութեան հրատարակած Արի – Արենոյշ Բ. Կարգ գիրքէն:
«Նշանակ»

«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«...«.«.«.«.«.«.«.«.«
Դ. ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Պէյտըն Փաուըլի ՀԵՏԱԽՈՒԶՈՒԹԻՒՆ ՏՂՈՑ ՀԱՄԱՐ գիրքին հրատարակութենէն ետք , սկաուտական շարժումը մեծ ընդունելութիւն գտաւ տղոց մօտ եւ տարածուեցաւ աշխարհի չորս կողմը:
Հարկ էր այսքան տարածուած եւ իր սկզբունքներով բոլոր մարդկութեան բարոյական ճամբան գծող այս շարժումը կազմակերպել համաշխարհային արժեչափով: Յառաջացաւ Սկաուտական Շարժումի Համաշխահային Կազմակերպութիւն, որ իր մէջ կ'ընդգրկէ Համաշխարհային Սկաուտական Խորհրդաժողովը, Համաշխարհային Սկաուտական Յանձնաժողովը, Համաշխարհային Սկաուտական Գրասենեակը եւ միջազգային սկաուտական այլ մարմիններ:

1924 ին Համաշխարհային Սկաուտական Խորհրդաժողովը հետեւեալ ձեւով բանաձեւած ա սկաուտութիւնը. « ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՈՒՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ , ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԲՆՈՅԹ, ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿ ՈՒՆԵՆԱԼՈՎ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԵՐԿՐԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ , ՈՐՈՆՔ ՅԱՏԿԱՆՇՈՒԻՆ ԱՌՈՂՋ ՄԱՐՄՆՈՎ , ԱՄՈՒՐ ՆԿԱՐԱԳՐՈՎ ԵՒ ԱԶՆԻՒ ԿԵՆՑԱՂՈՎ:»

Սկաուտութիւնը ազգային բնոյթ ունի որովհետեւ կը նպատակադրէ իւրաքանչիւր ազգի համար լաւ յատկանիշով երիտասարդներ պատրաստել:

Սկաուտութիւնը միջազգային բնոյթ ունի , որովհետեւ իր հասկացողութեամբ արգելքներ չընդունիր տարբեր երկիրներու սկաուտներու միջեւ:
Սկաուտութիւնը համաշխարհային բնոյթ ունի, որովհետեւ իւրաքանչիւր սկաուտի կը թելադրէ , հակառակ տարբեր ազգութեան եւ կրօնքի պատկանելիութեան, եղբայրական մօտեցում ունենալ իրարու հանդէպ:

Ներկայիս համաշխարհային տարողութեամբ եւ շրջագիծով սկաուտութիւնը հետեւեալ ձեւով կը բանաձեւուի.

Ա) Սկաուտութիւնը դաստիարակչական շարժում մըն է մատղաշ սերունդին համար:

Բ) Սկաուտութեւն նպատակն է մասնակցիլ մատղաշ սերունդին անձնական եւ ընկերային կեանքին զարգացման:

Գ) Սկաուտութիւնը ինքնակամ ՝ ոչ քաղաքական շարժում մըն է, հիմնուած բոլորովին ազատ անդամակցութեան վրայ, հետեւեալ սկզբունքներով.

1. Յարգանք մտային սկզբունքներու եւ հաւատարմութիւն այն կրօնքին , որուն կը հաւատան անոնք եւ ըստ այնմ կը կիրարկեն իրենց պարտաւորութիւնները:

2. Հաւատարմութիւն հայրենիքին հանդէպ, որ կը ներդաշնակուի խաղաղութեան ամրապնդման անհրաժեշտ հասկացողութեամբ եւ գործակցութեամբ:

3. Մասնակցութիւն անձին անմիջական շրջանակին զարգացման, ինչ որ կը բխի անհատի արժանապատւութեան ճանաչումէն եւ յարգանքէն:

4. Ինքնազարգացման պատասխանատուութիւն եւ պատրաստակամութիւն:

5. Մշտանորոգ ինքնադաստիարակչական ուղեգիծ մը, որ կ'ընդգրկէ ծրագիրներ՝ որդեգրուած տարիքային այլազան խմբաւորումներու համար եւ հիմնուած՝ խոստումի եւ դաւանանքի վրայ:

6. Անհատական զարգացման մեթոտ մը, որ կ'իրագործուի բնութեան հետ շփման մէջ մտնելով, սորվելու եւ վարժութիւն ձգելու հիմամբ եւ փոքր խմբակներու մաս կազմելու անհրաժեշտութեամբ:
Հակառակ հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր սկաուտութեան սահմանումի եւ նպատակի մեկնաբանութեան եւ յարաբերական փոփոխութեան, միջոցները տակաւին ի զօրու են, ինչպէս Պէյտըն Փաուըլ ըսած էր. « Այս բոլորին իրագործման համար միջոցները գործնական են, անոնք կը կիրարկուին խաղերու, պատմութիւններու, պտոյտներու, արշաւներու , փորձերու եւ մրցումներու միջոցաւ, ասոնց յարմար տեղ ընտրելով բնութիւնը, լեռներն ու անտառները»:

Շար. 4



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝