Յայտարարութիւն

Monday, October 10, 2011

ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԵՒ ՀՄԸՄ -5- ԵՒ ՎԵՐՋ




Սիրելի Ընթերցող,
Օգտագործելով «Հայ մանուկի տարիի» առիթը, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ կարգ մը գիտելիքներ սկաուտութեան մասին, որ , (առանց շատ վստահ ըլլալու) կը կարծենք թէ շատերու համար նորութիւն պիտի ըլլան: Յօդուածները բառացիօրէն ընդօրինակուած են Հ.Մ.Ը.Մ. ի Կեդրոնական Վարչութեան հրատարակած Արի – Արենոյշ Բ. Կարգ գիրքէն:
«Նշանակ»


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Ե. ՀՄԸՄ Ի ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՀՄԸՄ ի սկաուտութիւնը եւս սկաուտական շարժում մը ըլլալով , բնականաբար, իր գործունէութեամբ կը հետապնդէ նոյն նպատակը,այսինքն՝ իբրեւ դաստիարակչական միջոց, կ'առաջադրէ իրագործել նպատակ մը, որ հետեւեալ ձեւով սահմանուած է .
« ՀՄԸՄ ի սկաուտութեան նպատակն է.-

Ա) պատրաստել ամուր նկարագրի եւ բարոյական արժանիքներու տէր , հաւատաւոր եւ անձնուէր հայեր՝ ծառայելու ազգին եւ հայրենիքին ու նուիրուելու հայ ժողովուրդի ձգտումներուն իրագործումին.

Բ) Պատրաստել առողջ, չարքաշ ու արի անհատներ.

Գ) Զօրացնել իրենց մտային կարողութիւնները.

Դ) Զարգացնել իրենց մէջ պարտականութեան, պատասխանատուութեան ու պատուի զգացումները, ինչպէս նաեւ վեհանձնութեան ու զոհողութեան ոգին.

Ե) Արթնցնել համագործակցութեան, ծառայասիրութեան, ընթերցասիրութեան ոգին, պատրաստելով տիպար քաղաքացիներ: »


Ինչպէս կը տեսնենք, ՀՄԸՄ ի սկաուտութեան նպատակը իր ընդհանուր իմաստին մէջ միեւնոյնն է՝ ինչ որ Պէյտըն Փաուըլ իր գաղափարներով կ'առաջնորդէր, այսինքն՝ այսօրուան փոքրէն կամ պատանիէն պատրատել վաղուան տիպար երիտասարդը՝ քաղաքացին, որ պիտի յատկանշուի բարոյական եւ իմացական յատկութիւններու բարձրութեամբ, զոհողութեան ոգիով,պարտականութեան գիտակցութեամբ, ազգասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ:
Հետեւաբար, ՀՄԸՄ ի սկաուտութիւնը իր գործունէութեան զանազան արտայայտութիւններով ընդհանրապէս եւ իւրաքանչիւր աշխատանքով մասնաւորապէս, կը յատկանշուի իր անդամներուն մտային, ֆիզիքական, զգացական, հոգեկան եւ ընկերային դաստիարակութեամբ: Շնորհիւ այս դաստիարակութեան, կարելի է իրագործել վերեւ յիշուած նպատակը եւ յառաջ բերել ցանկացած արժանիքները:

Մտային Մարզ. Այս մարզով տարուած աշխատանքը կը ծառայէ զարգացնել մտային առողջ դատողութիւն, ստեղծագործ միտք եւ ղեկավարելու ընդունակութիւն, ինչպէս նաեւ՝կարգապահութեան գիտակցութիւն:

Ֆիզիքական մարզ. Այս մարզով կարելի է հսկել պատանիի ֆիզիքական կարողութիւններուն եւ մարմնական աճին, ապագայի առողջ, չարքաշ եւ զօրաւոր երիտասարդը ունենալու համար:

Զգացական կամ հոգեկան մարզ. Զարգացնել տղոց մէջ բարոյական արժանիքները՝ հասցնելու հոգեկան հասունութեան եւ զգացական հաւասարակշռութեան, ինքնավստահութեան, համբերութեան եւ լայնախոհութեան:

Ընկերային մարզ. Ենթահող պատրաստել տղոց մօտ. Պատրաստել եւ մղել զանոնք ընկերութենէն ներս գործօն տարրեր դառնալու, ջանալով զիրենք մասնակից դարձնել իրենց շրջանակի հարցերուն եւ հեռանկարներուն:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
__________________

Եզրակացնելու համար պէտք է ըսել, որ յիշեալ մարզերը ընդգրկող դաստիարակութիւնը, անկասկած, կը վերաբերի սկաուտական շարքերու մէջ գտնուող քոյրերուն եւ եղբայրներուն, այսինքն՝ 6 տարեկան գայլիկէն ու արծուիկէն մինչեւ 21 տարեկան երէցն ու պարմանուհին:
ՀՄԸՄ ի սկաուտութեան նպատակին իրագործման ընթացքին անհրաժեշտ է նկատի ունենալ այս խմբաւորումները եւ ըստ այնմ դասաւորել կատարուելիք աշխատանքները:

Շար. 5 եւ Վերջ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝