Յայտարարութիւն

Thursday, October 20, 2011

ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼԻՆ ԵՐԱԶԸ - ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

(Ձօն՝ աշխարհի բոլոր անմեղ բանտարկեալներուն)


Սեդա Գրիգորեանի արձակներու հաւաքածօն՝ «Հայուհիի մը Օրագրէն» խորագրով , պատմուածքներ եւ գրական հրապարակագրական էջեր, արդէն մամուլի տակ է եւ ի մօտոյ լոյս պիտի տեսնէ Կաթողիկոսարանի Տպարանէն - Անթիլիաս: Սեդայի արտօնութեամբ «Նշանակ» պիտի հրապարակէ երկու պատմուածք, որոնցմէ առաջինը՝ այսօր:Հաճելի ընթերցում:
«Նշանակ»
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Չոփ-չոր փայտի կտորի մը վրայ մութուլուսին ճռնչաց հիւծած մարմինը Րաֆֆիին: Փորձ մը ըրաւ աջ կողմէն դառնալու ձախ, կծկուիլ սրտին վրայ, թերեւս կողին ցաւը մեղմանար:
Յետոյ ակամայ մրթմրթաց. «Բայց ի՞նչ երազ էր սա»:
Ապա փորձեց ափերուն մէջ առնել ծեծէն կապտացած մարմինն ու ձախ աչքին վրայ կոտտացող ուռեցքը վստահ ըլլալու համար, որ կոտրած-փրթած անդամ չունէր տակաւին: Շունչը դժուար կ՚առնէր: Ուղեղը մշուշապատ, անպատմելի ցաւերով լեցուն, բայց եւ սկսած էր կամաց-կամաց իրերը իրենց տեղերը դնել:
Այո՛, յիշեց, Րաֆֆի էր անունը: Մայրը ընտրած էր զայն՝ ի յիշատակ յեղափոխաշունչ գրող Րաֆֆիի: Ուզած էր, որ տղան ըլլար քաջ ու անվախ բոլոր ժամանակներուն համար: Մօր խօսքերը անծանօթ արահետներէ հասան ականջին ու սրտին զարկը արագացուցին: Դառն ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ շուրթերուն վրայ, իսկ բերանը ցաւի խորունկ ճիչով մը հազիւ թէ բացւեցաւ.
- Ա՜հ, մամա՜...
Վերադարձաւ երազին: Ի՞նչ էր տեսածը: Գիշերը անդի աշխարհէն հայրը եկած էր իրեն, եւ ամբողջ ուժով մխթած՝ ամէնէն աւելի վնասուած կողը.
- Րաֆֆի, տղաս, արթնցի՛ր, արթնցի՛ր... Դուն Րաֆֆին ես, իմ պզտիկ տղաս, ամենասիրելիս, արթնցի՜ր...
Երա՞զ էր, թէ տեսիլք, բանտարկեալը ճշդել չկրցաւ, մանաւանդ չկրցաւ հասկնալ իմաստը իրեն հասած պատգամին. ա՛լ ուղեղը ոչ մէկ մեկնութիւն ընելու կարողութիւն ունէր, բայց տարօրինակ զգացողութեամբ մը ան ներքուստ կարծեց ըմբռնել, որ շուտով լաւ բան մը պիտի պատահէր իրեն: Լո՞ւր մը արդեօք, այցելո՞ւ մը, սպասուած դատավարութի՞ւնը, որ տակաւին կ՚ուշանար ու կ՚ուշանար:
Ծեծերուն ամենէն ուժեղն էր երկու գիշեր առաջուանը. մինչեւ այդ օր դեռ զինք գլխիվայր չէին ծեծած: Յիշեց, թէ ինչպէս կապեցին ոտքերը առաստաղին ամրացուած հորիզոնական ձողին եւ երկու սեւազգեստ աժդահաներ, միայն իրենց աչքերը պոա օձի խոռոչի պէս բաց, փոխն ի փոխ խոշտանգեցին զինք: Մարմնին ցաւերը սուր-սուր կծկումներ տուին սրտին: «Տէ՜ր Աստուած, ի՞նչ կ՚ուզեն ինձմէ այս մարդիկ, ի՞նչ է յանցանքս, որքա՞ն ժամանակէ ի վեր կը գտնուիմ այս բանտը, ի՞նչ պիտի ըլլայ վերջս», հարցումները սկսան աշխուժացնել ծեծի հարւածներուն ա՛լ չդիմացող տղուն միտքը, որ կարծես անվերադարձ լքած էր անոր անզօր մարմինը ու հիմա, հօր երեւումին հետ, կը վերադառնար իր հայրենիքը:
*
* *
Հայրը բազում անգամ ելած էր ճամբայ, հասնելու համար Իրաք, իր կրտսերին միանալու միակ մտասեւեռումով, սակայն Պէյրութէն մինչեւ Պաղտատ ցամաքային ճամբաները երբեք ապահովութիւն չէին ներշնչած: Արդէն հազիւ դրացի երկրին մայրաքաղաքը հասած՝ ստիպւած էր վերադառնալ: Ոչ մէկ վարորդ յանձն առած էր զինք հասցնել Իրաքի սահման: Անապահով է, կը սպաննեն մեզ, անկարելի է հասնիլ, ըսած էին ու՝ տուն վերադարձած: Պահակակէտերու վրայ զինեալներ զէնք բռնած էին գլխուն, երբ փորձած էր խնդիրքը պարզել, անոնցմէ օգնութիւն խնդրել: Հայրը աչքը առած էր սպաննուիլն անգամ, միայն թէ հասնէր իր կրտսերին: Շրջանին մէջ տիրող անապահով մթնոլորտը, սակայն, մի՛շտ արգելք եղած էր, ու ինք, պարտուած զոհի պէս, ճարահատ, ստիպուած եղած էր վերադառնալ Պէյրութ, Աստուծոյ պահապան թեւերուն յանձնելով իր ամենաթանկագինը...
Պատերազմի մէջ էր Իրաք, պատերազմի մէջ էր Լիբանան: Ո՛չ օդէն եւ ո՛չ ալ ցամաքէն կար ճամբայ: Իր երկրին սահմանները երկրագունդի բոլոր պետութիւններուն դէմ փակած՝ Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգը Իրանի դէմ պատերազմ էր յայտարարած: «Թռչուն անգամ չի կրնար մուտք գործել Պաղտատ», բանտապահները օրը քանի մը անգամ կը փսփսային Րաֆֆիի ականջին, վախն ու սարսափը համարելով անոր անձնատուութեան միակ երաշխիքը...
Ու տղան չէր հասկնար, թէ տակաւին ի՞նչ կը սպասէին իրմէ, ի՞նչ կ՚ուզէին իր անձէն: Բանտ բերուելու առաջին օրն իսկ չորս բանալիները խլած էին. Պաղտատի ոսկերչական շուկայի մէջ իրենց խանութին, նոյն շէնքին երկրորդ յարկը գտնուող ոսկերչական իրենց աշխատանոցին, Պաղտատէն դուրս՝ «Տորա» կոչուող նոր կառուցուած շրջանի մը մէջ իրենց վարձած երկյարկանի տան եւ «Փեժօ» մակնիշի իրենց նոր ինքնաշարժին, առաւել՝ խանութին ու աշխատանոցին մէջ պետական արտօնութեամբ եւ վարկով աշխատցուող հինգ քիլոյի չափ ձոյլ ոսկի թէ կազմուած գեղօրներ, փոքրիկ նայլըններու մէջ պսպղացող ադամանդներու եւ գունաւոր ազնիւ քարերու քաշէթներ, այլեւ, ի վերայ նոցա, երեք հազար տինարի չափ պատրաստի թղթադրամ: Այս բոլորը՝ վարպետ երէց եղբօրը հինգ եւ իր երեք տարուան հնդիկի պէս աշխատանքին արդիւնքը:
Յիշեց, թէ ինչպէս, վերջին հարցաքննութեան՝ «Մերկ եկար Լիբանանէն, մերկացած պիտի երթաս Իրաքէն», գոռացած էր կատղած իրաքցի սպան ու ծանր ապտակ մը իջեցուցած՝ իր կմախքացած երեսին: Բոլոր հարցումները նոյն՝ մէկուկէս տարի առաջ իր երէց եղբօր Իրաքէն հեռանալու պատճառներուն կը վերաբերէին: Հարիւրաւոր անգամ տուած էր միեւնոյն պատասխանը. «Չեմ գիտեր, ինծի բան չըսաւ, ես իրեն վերադարձի հրաւէր ղրկեցի օրին, բայց ինք չվերադարձաւ, ճշմարիտ Աստուած, բան մը չեմ գիտեր, լուր չունի՜մ, ես լուր չունի՜մ իրմէ»...
«Լռէ՛, ստախօ՛ս», գոռացած էր երեսին իրաքցի բարձրաստիճան զինուորականը եւ նոյն վայրկեանին քիթին-բերնին իջեցուցած՝ ծանրաթաթ ապտակ մը: Կայծեր թռած էին տղուն աչքերէն: Բայց ի՞նչ կրնար ընել: Ո՛չ ինքը, ոչ ալ եղբայրը լրտեսներ էին. եկած էին Իրաք՝ Լիբանանի պատերազմէն, անգործութենէն փախած: Նախ եղբայրը՝ տեղացի վաճառականի մը հրաւէրով իբրեւ արհեստաւոր հրաւիրուած էր աշխատելու, ապա, երկու տարի ետք, եղբօր հրաւէրով ինք հասած էր արաբական աշխարհի ամէնէն նշանաւոր քաղաքը, երբ երէցը իր անձնական աշխատանոցին հիմը դրած էր Պաղտատի ոսկերչական նշանաւոր շուկային մէջ:
Բայց սպան տղուն պարզած իրականութեամբ չէր բաւարարուեր. անպայման ծանր յանցագործներ, լրտեսներ ու ամերիկեան-եւրոպական գործակալներ կ՚ուզէր գտնել Լիբանանէն եկած սա հայ տղուն եւ ովկիանոսներէն անդին, հեռու երկիր մը գաղթած անոր եղբօր մէջ: Իրաքի մէջ տիրող ահասարսուռ կասկածի, խարդաւանանքներու, մութ ու անարեւ գործողութիւններու մեքենայութեանց քաջածանօթ սպան լուրջ կասկածներ ունէր յատկապէս Րաֆֆիին հանդէպ: Անոր եւրոպացիի նման արտաքինը, արաբերէնի կողքին հայերէն, անգլերէն եւ թրքերէն իմանալը, այլեւ քիչ մըն ալ յունարէնի եւ իտալերէնի իմացութիւնը բաւարար պատճառներ էին կասկածելու, որ տղան Իրաքի ներքին ամրութեան դէմ գործող մութ ուժերու հաշուոյն աշխատող մըն էր, գործակալ մը, զոր անպայման պէտք էր յայտնաբերել ու տեղն ու տեղը գնդակահարել, կամ ալ, լաւագոյն պարագային, ցկեանս բանտարկութեան ենթարկել, իբրեւ իրաքեան հայրենիքի թշնամի, դաւաճան ու ծանրակշիռ յանցագործ:
Սպան թէեւ մերկացուցած էր զայն իր ամբողջ ունեցուածքէն, բայց զինուորականի իր սնափառութիւնը չէր յագեցած տակաւին: Պէտք էր ի սպառ ջնջել Իրաքի դէմ ծառացած ամէն տեսակի յայտ ու անյայտ թշնամի: Ծեծի, բռնութեան ամէն տեսակի լախտ իջած էր տղուն գլխուն, բայց անոր պատասխանները մի՛շտ նոյնը մնացած էին. «Չեմ գիտեր ... ոչ ... ես հայ եմ ... Լիբանանէն ... եղբայրս ըրաւ վիզաս ... պիտի գամ ըսաւ... ես չեմ գիտեր ... այդ մէկը իրեն հարցուցէք»...
Գրեթէ օրական դրութեամբ նման հարցաքննութիւն, ծեծ ու խոշտանգում, որոնք բջիջ մը, ջիղ մը, կենսասիրութեան խանդ մը քիչ մը աւելի կը խլէին իրմէ, իր երիտասարդական աւիւնէն, բայց նաեւ կը պատահէր, որ երբեմն-երբեմն ֆլաշ պաքի պէս յայտնուէին պատկերներ, խառնափնթոր ցանկութիւններ եւ կամ՝ մոխրացած փիւնիկի պէս անզգայ ժամու մը յառնէր գողտրիկ ու խանդոտ պատանեկան սէր մը, անցեալն ու ներկան խառնուէին իրարու՝ վախէն կծկուած անոր ուղեղին մէջ, ուր յատկապէս վերջին ամիսներուն սկսած էին մթագնիլ ինքնութեան կապուած տեղեկութիւններն ու անհատական կեանքին մանրամասնութիւնները, բան մը, որ ուղղակի կը հրճուեցնէր բանտի ղեկավարութիւնը, որ այլեւս ոչ թէ հարցաքննութեան համար դուրս կը քաշէր Րաֆֆին իր խուցէն, այլ միայն ու միայն բռնութիւն գործադրելու համար: Պարզ ըսած՝ ոչնչութիւն մըն էր իրենց համար սա տղան, իրեն պէս հարիւրաւոր զանազան պատկանելիութիւններ ունեցող ուրիշ բանտարկեալներու պէս, որոնք ճաղերու ետին ցաւէն անդադար կը տնքային՝ մոռցած անուն, ազգութիւն, սէր ու ընտանիք, որպէսզի օր մըն ալ, խոստացուած դատավարութեան գուցէ եւ չհասած՝ աղբի տոպրակի մը մէջ դրուէին եւ աչքերէ հեռու ցուրտ փոս մը նետուէին...
*
* *
Գիշերուան երազի տպաւորութեան տակ տղան փորձեց նստիլ խշտեակին վրայ, ապա հօր պատկերը վերարտադրելու աստուածային ճիգ ի գործ դրաւ: Որքան նման էին իրարու: Կապուտաչեայ, ուժեղ կազմուածքով, միջակէն բարձր հասակով «պզտիկ Սերոբ» մը՝ ի՛նք, ինչպէս կը սիրէին կոչել զինք ընտանեկան սեղմ շրջանակի մէջ. «Կարծես հօրդ քիթէն ինկած ես», կ'ըսէր մեծ հօրաքոյրը, ամէն անգամ որ գորովով համբուրէր Րաֆֆիին չարաճճի աչքերը: Հայրն ալ չար եղած էր մանկութեանը: Իսկենտէրունի մէջ հայատեաց թուրք լակոտներու ոտք-ձեռք կոտրելով անցուցած էր օրը: Այդպէս կը պատմէր մեծ մայրը: Սառա տուտուն տունէ-տուն փախցնելով քանի՜-քանի անգամ պահած էր դեղին գանգուրներով, կապոյտ հուլունի գոյն աչքերով, լուսնի կտոր իր Սերոբիկը, երբ ան, հազիւ տասը տարեկան, իրենց ձիովը խոշտանգած էր գիւղի երեւելի թուրքի մը տասներեք տարեկան լակոտը, քանի որ այս վերջինը, օր մը առաջ, դպրոցէն տուն դարձին յարձակած էր հայ տղեկին վրայ եւ փայտացած երկար ճիւղով մը լաւ մը ծեծած զայն՝ «Էրմէնի կեաւուր, շիմտի կէպէրթէճէյըմ սենի» (Հայ անհաւատ, հիմա պիտի սատկեցնեմ քեզ) բառերը հայ տղուն երեսն ի վար լոյս աչքով ոռնալով:
«Իսկենտէրունը ո՜ւր, Իրաքը ո՜ւր», հծծեց Րաֆֆի, ապա կցկտուր կերպով մտաբերեց հօրը պատմածները եւ ուղեղային մարզանքի մը պէս մտովին սկսաւ կրկնել անոնց հիմնական կէտերը: Իսկենտէրունէն զանգուածային փախուստ դէպի Լիբանան 1939ին՝ Համաշխարհային Բ. Պատերազմի սկզբին, երբ Իսկենտէրունը վերջնականապէս կը ճանչցուէր իբրեւ Թուրքիոյ մարզերէն մէկը, ապա Լիբանանի հարաւային՝ Սայտա-Սուր շրջանին մէջ մեծաթիւ գերդաստանով հայկական քէմփերու - գաղթակայաններու - պէս վայրի մը մէջ ապաստանարան, ֆրանսացիներու տիրապետութեան օրօք լիբանանեան ինքնութեան՝ սըժըլ այլէի - ընտանեկան տոմար - ձեռքբերում, միաժամանակ դարուն հիւանդութեան՝ մալարիայի կողմէ յարձակման թիրախ ամբողջ եօթը տարի, ա՛լ չհաշուած պատերազմէն հիւծած Լիբանանի տարածքին անգործութիւնն ու սեւ ու դաժան առօրեան...
... Բայց հայ էին, պիտի որ տոկային, իրաւունք չունէին յանձնուելու, մաքառիլ էր պէտք, ապրիլ էր պէտք, յարութիւն առնել էր պէտք, ինչպէս կ՚ըսէր հայրը՝ լացի եւ ուրախութեան պահերուն: Ու պատումը կը շարունակուէր. այնուհետեւ հաստատում ի Պէյրութ, Հայաշէնի թաղամաս, ապա՝ արիւնակից քանի մը ընտանիքներու ներգաղթը դէպի Հայաստան, մնացողներուն տարտղնումը՝ Պէյրութի տարբեր շրջաններու մէջ, հիմնականին մէջ աշխատանքի, աւելի լաւ պայմաններու փնտռտուքի նպատակով, քիչ անց՝ հայաշատ Պուրճ Համուտի մէջ նոր ընտանիքներու կազմութիւն, զաւակներու ծնունդ, յետոյ՝ 1975, նորագոյն աղէտ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ, իսկ քանի մը տարի ետք ալ տղոց արտագնայ աշխատանքը դէպի Իրաք, ապա Իրան-Իրաք պատերազմի բռնկում եւ ահա՛, ահա՛ ներկան. սրտի ցաւէն մահացած հայր մը, աղիողորմ ճիչերու մէջ խեղդուած մայր մը, օտարութեան մէջ կորսուած եղբայր մը, ինք՝ մահուան դուռը հասած բանտարկեալ մը, եւ տակաւին երկու դեռատի քոյրեր տունը՝ անհայր, անեղբայր, կործանման եզրին հասած Լիբանանի անմխիթար պատերազմի ճիրաններուն մէջ գերի բռնուած...
«Պատերազմ, պատերազմ, անվերջ պատերազմ՝ հօրմէն զաւկին եւ տակաւին մինչեւ ո՞ւր...», անցաւ բանտարկեալին միտքէն ու խորունկ շունչ առնելը դարձաւ հրամայական: Բայց ի՞նչ երազ էր սա, ի՞նչ խորհուրդ կար հօր յայտնութեան կապուած: Յիշեց, որ գրեթէ տարի մը առաջ մահացած էր հայրը, երբ իմացած, որ իր կրտսեր որդին Իրաքի մէջ ինկած էր բանտը. «Հայ վա՜խ ... տղաս գնա՜ց, գնա՜ց տղաս», կոչած էր ան եւ ինկած՝ տեղն ու տեղը: Հօր թոյլ սիրտը չէր դիմացած տղուն բանտարկութեան լուրին, ինչպէս գրեր էր մայրը՝ զաւկին ձեռքը հասած վերջին նամակի աւարտին...
Անկէ ի վեր՝ ոչ մէկ լուր տունէն, ոչ մէկ յառաջխաղացք իր իրավիճակին կապուած, միայն ծեծ, անվերջանալի վայրագութիւն, չարագործութեան, սուտի ու կեղծիքի չաստուծոյ զոհասեղանին անմեղներու ոչնչացում: Եւ արդէն՝ քսաներկու տարեկան սա երիտասարդէն մնացեր էր խլեակ մը միայն, անարիւն ու անշունչ՝ ինչպէս ողջ մեռել...
*
* *
Չգիտցաւ, թէ որքան ժամանակ անցաւ, երբ երկաթեայ ճռինչով մը բացուեցաւ բանտախուցին դուռը ու լսուեցաւ ծանօթ հրամանը. «Պատրաստուի՛ր, սպան քե՛զ կ՚ուզէ»: Պատրաստուելիք բան մը չունէր: Ոչ հագուստ ունէր, որ հագնէր, ոչ ալ մազ, որ սանտրէր: Տաբատը, շապիկը, գօտին, կօշիկը, գուլպան շատո՜նց առած էին իրմէ եւ վրան նետած՝ արաբական հին-հին դարերու տաժտաժա մը՝ անգոյն, հնամաշ, փրթփրթած, գլուխն ալ խուզած՝ բանտ բերուելուն առաջին իսկ օրը:
Բայց եւ չհասկցաւ, թէ ինչու առաւօտեան կը կանչուէր: Ծեծի պահը երեկոյեան էր, իսկ հիմա՝ առտու էր, բանտին մէջ ինկած լոյսի ծուէնները գէթ այդ կը հաստատէին: Այսուհանդերձ, ի՞նչ կարեւորութիւն ունէր. ոչ ցերեկ, ոչ ալ գիշեր ըլլալը բան մը կը փոխէր իրականութենէն: Ինչ որ հրամայէին, ինք ա՛յդ պիտի ընէր: Միթէ ուրիշ ելք ունէ՞ր...
Ինիսունամեայ ծերունի մը ըլլար կարծես. յոգնատանջ մարմինը ծանր-ծանր ուղղեց, «Թող սպաննեն ազատի՜մ, այլեւս ապրիլ չե՜մ կրնար», խօսեցաւ ինքնիրեն, բայց նոյն պահուն հօրը ժպտուն դիմապատկերը կարծեց տեսնել խունացած բանտի դիմացի պատին. «Հայրի՛կ, ազատէ զիս», աղաչեց տղան ինքնիր մէջ եւ դասը լաւ սորված ստրուկի մը նման ձեռքերը անմիջապէս պարզեց խուցի դրան մէջ կանգնած համազգեստաւոր զինուորին...
Զարմացաւ, որ սպայի սենեակին քովէն անցան, բայց չմտան. ո՞ւր կը տարուէր արդեօք: Գնդակահարուելո՞ւ կ՚երթար, թէ ոչ կը տեղափոխուէր դատապարտուածներու մահաբեր զնտան...
Փակ դրան մը առջեւ կանգ առաւ համազգեստաւորը. կարծես կանգ առաւ նաեւ Րաֆֆիին սիրտը: Թխկթխկոց մը, ներսէն մուտքի հրաւէր, ապա առաջնորդ զինուորին հետեւելու հրաման մը. «Մտի՛ր, հիւր ունիս»: «Հի՞ւր: Ի՞նչ կատակ էր սա: Ո՞վ պիտի գար իրեն տեսութեան: Աշխարհը մոռցեր էր զինք շատոնց: Ընկերները մինչեւ օրս չէին համարձակած այցելել զինք: Բռնատիրական կարգերու տակ հեծող Իրաքի բանտերը ո՞վ կը յանդգնէր այցելութեան երթալ բանտարկեալի մը, ո՞վ կը ցանկար իր ողջ գլուխը յանձնել դահիճին: Ի՞նչ բան էր այս, ո՞վ էր իր հիւրը, ո՞վ ունէր այդպիսի քաջութիւն», հարցումները յաջորդեցին իրարու, մինչ դուռը սուր ճիչով մը բացուեցաւ ինքնիր վրայ, ու ... սրտաճմլիկ «ա՜հ» մը թռաւ Րաֆֆիին բերնէն, այնքան ցաւատանջ ու կարօտագին «ա՜հ» մը, արիւն-արցունքով շաղախուած այնպիսի՛ «ա՜հ» մը, որ տղուն սիրտը կարծես մարեցաւ եւ ինկաւ ծունկերուն մէջ տեղ մը.
- Ա՜հ, մամա՜ ... ա՜հ, մամա՜՜՜...
Յիսունը հազիւ թեւակոխած սպիտակամորթ, սեւազգեստ կին մը նստած էր սպային դիմացի աթոռին եւ արցունքներու մէջ խեղդուող ճիչով մը կը փորձէր հասկցնել, թէ սպան սխալ մէկը բերած էր իբրեւ իր զաւակը, աս տղան իր որդին չէ՜ր...
- Մա-մա՛, մա-մա՛, ե՛ս ե՛մ, Րա՛ֆֆի՛ն ե՛մ, Րա՛ֆֆի՜ն, քու պզտիկ տղա՜դ,- սաստիկ դժուարութեամբ եւ ամբողջ ուժովը հայերէնով հատիկ-հատիկ գոռաց բանտարկեալը եւ վազելով ինկաւ մօրը գիրկը: Սարսափահար կինը միայն ձայնէն ու տղուն անվնաս մնացած աչքին գոյնէն ճանչցաւ սա մարդկային ուրուականին իր որդին ըլլալը, ապա գորովալից արցունքներով ու մայրական ափսոսանքով զայն առաւ իր գիրկը այնպէս, ինչպէս Աստուածածինը գրկեց խաչէն իջեցուած իր զաւկին անշնչացած դիակը...

... Յայնժամ անմեղ բանտարկեալը իր միակ բաց աչքով տեսաւ, թէ ինչպէս հօր շողշողուն պատկերը դուրս թռաւ սենեակին բաց պատուհանէն եւ երջանկօրէն թեւածեց ազատ աշխարհի լուսաողող մթնոլորտին մէջ...



Պէյրութ




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝