Յայտարարութիւն

Tuesday, October 25, 2011

Ցայտաղբիւրը, Մարթինը եւ մնացեալը - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

«նՇԱՆԱԿ» այս յօդուածը կ'արտատպէ Հորիզոն թերթէն անոր մէջ գտնելով տեղեկութիւններ որոնք ուսանելի են:
Նշանակ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«
Ա.
Տարին անcամ մը, ուխտագնացութեան մը նման, Քեպէգ քաղաք այցելութիւնը այն
ինքնատու հաճոյքներէն կամ պարգեւներէն (gateries) մէկն է, որ մենք մեզի կը թոյլատրենք.երբեմն երկուքով՝ այր ու կին, երբեմն չորսով՝ մեր »խաղընկերներ«ուն հետ միասին, ակնկալելով, որ պահ մըն ալ պիտի գտնենք «Սգրապլ» խաղալու՝ մեր ուղեղները ժանգոտելէ փրկելու համար...

Խայծեր չեն պակսիր՝ մեզ նահանգի մայրաքաղաքը ներքաշելու համար, ու յուլիսեան
այդ շաբաթավերջին ալ բաւարար պատրուակներ կային - առաջին հերթին՝ արեւոտ, տաքուկ օրեր կը նախատեսուէին Մեթէօ-մետիային կողմէ, ապա Քեպէգի ամառնային փառատօնի ժամանակն էր, թանգարաններէն մէկն ալ մեզ հետաքրքրող ցուցադրութիւն մը կը ծանուցէր։
Բուն պատճառը, սակայն, ամէն տարուան նման... մեր սիրելի ընկերուհին՝ Սեդան տեսնելն էր։ Տարեկան այդ հանդիպումին իրարու մեր լուրերը տալու, իրարու հետ մեր մտորումները փոխանակելու ու պարզապէս միասի՛ն ըլլալու համար կ'արժէ՛ր այս ճաբորդդութիւնը ընելը...

Թէեւ այնքան հեռու տեղ մը չէ արդէն երեք տարի առաջ իր 400-ամեակը տօնած այս
քաղաքը, ու շատեր Մոնթրէալէն 2-2.5 ժամէն կը հասնին հոն, մենք սուրալու պատճառ մը
չունինք, պանդոկի սենեակն ալ յետմիջօրէին միայն մեզի պիտի յանձնուի, ուստի մեր
ժամանակը կ'առնենք, ճանապարհի կէսին մեր աւանդական փիգ-նիգն ալ կ'ընենք՝ ճամբեզրի վերջերս վերանորոգուած հանգստավայրի բացօթեայ սեղաններէն մէկուն շուրջ։ Չենք զարմանար, ենբ մեր քովի երկու սեղանները արաμախօս ընտանիք մը - գերդաստա՛ն մը – կը գրաւէ, ու ինչե՜ր ըսես չի հաներ ինքնաշարժներէն՝ իսկական խնջոյքի մը վերածելով երթեւեկային այդ դադարը։ »Հայրենակիցնե՜ր են«, դիտել կու տայ կինս, դատելով իրենց խօսած ու մեր ականջներուն աւելի ծանօթ եգիպտական շեշտէն... Չենք զարմանար, որովհետեւ ո՛ւր որ երթանք, ո՛ր զբօսայգին ալ այցելենք նահանգի տարբեր կողմերը, բնութեան մէջ ըլլալու, օ՛դ առնելու, արե՛ւ առնելու եկողներուն մէկ կարեւոր տոկոսը, երբեմն ալ մեծամասնութիւնը միջին-արեւելքցիներ կ'ըլլան։

Պանդոկը՝ Հին Քեպէգի նեղլիկ փոխոցներէն մէկուն վրայ, մեր նախորդ այցելութեան նկատեր էինք, դիրքն ու տեսքը սիրեր, այցաքարտն ալ վերցուցեր էինք, ու բախտաւոր եղանք, որ հակառակ փառատօնին, միայն երկու-երեք օր առաջ հեռաձայնելով, կրցանք վերջին ազատ սենեակը ապահովել։ Եւրոպական ոճով, ջերմ միջավայրով, սիրալիր անձնակազմով համեստ պանդոկ մը՝ անհրաժեշտ յարմարութիւններով։ Կը ստուգենք, ու կը տեսնենք որ սգրապըլ խաղալու անկիւն մըն ալ կրնանք գտնել ճաշասրահին մէջ...
Անմիջապէս որ կը հասնինք, կը հեռաձայնենք Սեդային, ինչպէս իրեն խոստացեր էինք նախորդ օրը։ Ինքն ի հարկէ նեղուած է, որ ի՛ր մօտ չենք իջեւաներ. -»Տո՛ւն ունիք այստեղ,ինչո՞ւ ուրիշ տեղ կ'երթաք...«։
Կը ժամադրուինք անմիջապէս։ Պիտի երթանք զինք ալ առնենք, ու վերադառնանք քաղաքամէջ, հի՛ն քաղաքը, ու պտտինք, վայելենք լուսավառուած ու տօնական հանդերձանքը հագուած փողոցներու գիշերային կեանքը։ Ամէն անկիւն բան մը կայ՝ եգ•իչներ, աճպարարներ,նուագածուներ, եւայլն։
- Բարի եկաք, հազար բարով, - ըսելով եւ իր մեծ ժպիտն ու թեւերը լայն բանալով մեզ
կը դիմաւորէ մեր ընկերուհին իր տան սեմին, տուն, որ հազիւ 20-25 վայրկեան հեռու է մեր
պանդոկէն. - հրամեցէք, մաման ալ թող ձեզ տեսնէ, աղուոր հայկական սուրճ մըն ալ
կ'առնէք, ապա կ'երթանք, - կ'աւելցնէ ու ներս կ'առաջնորդէ մեզ։ Երեկոյեան ժամը հինգն է։

Սեդան Քեպէգի մեր հիւպատոսն է, փոքրաթիւ հայ գաղութի (30-50 հոգի՞)
քաղաքապե՛տը, Հայ դատի զինուորեալը։ Մեր բարեկամութիւնը երեք-չորս տասնամեակ
առաջ սկսած է, ի հարկէ Մոնթրէալէն, ուր Լիբանանէն նոր հասած էր, ուրկէ սակայն, իր
ծնողքին ալ հետ, ան ինքզինք պիտի հո՛ս աքսորէ՝ իբր երկրորդական վարժարանի
ուսուցչուհի հո՛ս գտնելով իր գործը, սիրելով միջավայրը ու մանաւանդ սիրուելով ու
գնահատուելով շրջապատէն։ Ափսոս, որ նման ոյժ մը չենք կրցեր ատենին ներգրաւել մե՛ր
կրթական համակարգին մէջ,բμայց այդ արդէն ուրիշ պատմութիւն ըլլալու է։
Երեկոյեանան ժամը տասին կը մեկնինք իր տունէն, արդէն հայութեան բոլոր հարցերը
ծեծուած են, ընտանեկան բոլոր մանրամասնութիւնները փոխանակուած. սուրճին հետեւած է պտուղի սեղանը, պտուղին՝ »փոքր ընթրիք« մը։ Փառատօնի լոյսերէն ու աղմուկէ հեռու, մենք տարբե՜ր ոլորտներու մէջ սաւառնած ենք աննկատ անցնող այդ ժամերուն ընթացքին։
Ինք կը կարծէր, որ տակաւին քաղաքն ալ պտտելու ոյժ կար մեր վրան, մինչ մենք անկողի՜ն
կ'երազէինք այլեւս... Կը ժամադրուինք յաջորդ կէսօր, ճաշելու Ազգային ժողովի ճաշարանը, ուր ինք կանխօրօք սեղան ապահոված է։ Կրնա՞նք մերժել։
Յաջորդ առաւօտ, իրեն միանալէ առաջ, պահ մը պիտի անցնինք Հռոմէն, ըսել կ'ուզեմ
Քաղաքակրթութեան թանգարանէն, ուր Հռոմի նուիրուած ցուցահանդէս կար, հին դարերէն մինչեւ ԺԹ. դար։ Մտքիս մէջ պիտի վերանորոգուին ճարտարապետութեան պատմութեան ու արուեստի՛ պատմութեան դասերէն մնացած գիտելիքներս, պիտի սքանչանանք հռովմէական քաղաքակրթութեան թողած մեծ ժառանգութեան վրայ, ժառանգութիւն՝ որուն բնօրինակներէն ալ կարգ մը նմոյշներ բերուած էին այստեղ այս առթիւ։
Սեդային հետ մեր ժամադրութիւնը Թուռնիի ցայտաղբիւր աւազանին շուրջն է։ Ասիկա
նուէրն է մեծ գործարարի մը, քաղաքի 400-ամեակին առթիւ, բերուած Ֆրանսայէն, ուր ան
կերտուած է 1854-ին ու զետեղուած Պորտօ քաղաքին մէջ ։ Իրմէ վեց օրինակ գոյութիւն ունի։ Եօթ մեթր բարձրութեամբ, չորս մեթր տրամագիծով, 43 ցայտանի, քանդակազարդ ձուլածոյ գլուխ գործոց մըն է։ Քիչ մը կանուխ հասած ենք, ու առիթ ունինք ամեն կողմէ զայն լուսանկարելու, տակաւին դիտելու արդի պարի խումբի մըն ալ ելոյթը՝ աւազանին շուրջ ու անկէ մինչեւ Խորհրդարանի մուտքը երկարող բացատը, ուր պիտի դէմ յանդիման գանք մեզ հիւրընկալող ընկերուհիին լայն ժպիտին։

Բ.

Քեպէգի Խորհրդարանը, ուր կը գումարուի նահանգի Ազգային ժողովը, պատկառելի շէնք մըն է, կերտուած 1877-1886-ին, Eugene-Etienne Tache ճարտարապետին յօրինմաmb’ Իր դասական (Երկրորդ կայսրութեան) ոճով, իր կեդրոնական աշտարակով, որ գլխաւոր մուտքը կը շեշտէ, իր ճակատը զարդարող՝ Քեպէգի պատմութեան մէջ իրենց դրոշմը ձգած ականաւոր այրերու եւ կիներու 26 պրոնզէ արձաններու շարքով՝ իրապէս տեսարժան վայր մըն է ոչ միայն դուրսէն, այլեւ ներսէն։
Զայն տեսնելու առիթը ահաւասիկ մեզի շնորհողը մեր ընկերուհին է, Սեդան, որուն ընկերակցութեամբ պիտի մտնենք ներս, սակայն ոչ գլխաւոր մուտքէն, քանի որ հոս ալ, ինչպէս քիչ մը ամեն տեղ, նորոգութիւններ կը կատարուին։ Վստահելի՜ ու անվնա՛սքաղաքացիներ ըլլալու մեր հանգամանքը փաստուելէ ետք, քանի մը միջանցքներէ պիտի անցնինք ու հասնինք ճաշասրահը, ուր սիրալիր հիւրընկալուհի մը մեզ ներս՝ մեր ապահոված սեղանը պիտի առաջնորդէ: - Այստեղ կը ճաշեն մեր պատգամաւորները, - կը բացատրէ Սեդա, - բայց այսօր շաբաթ է, հոս չեն։ Իրապէս հետաքրքրական է։ Արդեօք իրենց ժողովի օրերո՞ւն ալ կարելի է գալ ու հոս ճաշել։ - Այո՛, բայց միշտ նախապէս ապահովելու ես, որովհետեւ շատ տեղ չի մնար։
Ինք հո՛ս է, որ իր »քաղաքական աշխատանքները« կը տանի, կը տեսնուի այս կամ այն պատգամաւորին հետ, Հայ դատի ի նպաստ տրամադրութիւններ կը ջանայ հրահրել...Քեպէգի մէջ համեղ ճաշ սպասարկող ճաշարան չի պակսիր, սակայն այստեղ հո՜վ մը կայ, մթնոլո՜րտ մը, լրջութի՛ւն մը, որ սակայն ճնշիչ չէ, ու չենք անդրադառնար ինչպէս ապսպրանքները կ'ընենք, ճաշերը կը սպասարկուին, սուրճն ու անուշեղէնը՝ նոյնպէս, ու արդէն ոտքի ելած ենք։
- Կրնանք թերեւս շրջիլ, այցելել ժողովասրահը, - կ'առաջարկէ մեր ընկերուհին, ու կը հետեւինք իրեն։
Ճաշարանի ելքին խարտեաշ կին մը ժպտելով կը հարցնէ, որ կրնա՞յ մեզի օգտակար ըլլալ։ - Կարելի՞ է պտտիլ, կը հարցնենք։ Հիմա ոչ պտտելու ժամ է, ոչ ալ պտտցնող առաջնորդները հոս են։
- Ես կրնամ ձեզ պտտցել, - կ'ըսէ Մարթին )անունը կը կարդանք կուրծքի պիտակին վրայ(, հանգիստի պահս է, ինչո՞ւ ոչ։
Ինք տեղւոյն ապահովութեան հսկող պահակներէն մէկը կը թուի ըլլալ։ Միւսները այրեր են, ինք միակ կինն է, որոշ տարիքի, սակայն բարեձեւ ու ջղուտ, կորովի ու շատ բարեացակամ։
Նահանգի վարչապետներուն լուսանկարներով զարդարուած գաւիթէն պիտի բարձրանանք վեր, որովհետեւ մեզի պէս պարզ մահկանացուներուս արտօնուած է Խորհրդարանի ժողովասրահի միայն վերնատունը մտնել։
Դիտել կու տամ, որ վերջին 30-40 տարուան վարչապետներէն գրեթէ բոլորն ալ անձամբ ճանչնալու առիթ ունեցած ենք, քանի որ բոլորն ալ Մոնթրէալի մեր կեդրոնները այցելած ու մեզի՝ հայ գաղութիւն հետ լաւ յարաμերութիւններ են մշակած։ Սառը կը կոտրուի, ու արդէն մտերմացած ենք Մարթինի հետ։ Ինք եւս այդ բոլորին հետ »ապրած« է, զիրենք ճանչցած է իրենց բոլոր մարդկային թերութիւններով, ու կը զանազանէ անոնց մէջ համեստն ու գոռոզը, մարդկավայելն ու սնապարծը, եւայլն։ Ամենէն աւելի զինք տպաւորած է Րոպեր Պուրասան՝ իր չափազանց պարզ ու անսեթեւեթ բնաւորութեամբ’
- Բոլորիս հետ կը խօսէր հաւասարէ հաւասար, որպէս գործակից, նոյնիսկ եթէ պարզ հսկիչ մը կամ բարապան մը ըլլայինք, - կը վկայէ տիկինը։ Կը հարցնեմ, որ Ազգային ժողովի անդամները նիստերէն դուրս ինչպէ՞ս կը վարուին իրարու հանդէպ, հակառակորդները ժողովէն ետք կը շարունակե՞ն առճակատիլ...
- Բոլորն ալ մտերիմ ընկերներ են, ժողովէ դուրս կը կատակեն, միասին կը ճաշեն, շատ ընկերական յարաբերութիւններ ունին։
Հետաքրքրական էր ասիկա գիտնալը, որովհետեւ այդ ուղղութեամբ հաւանաμար մենք ալ սորվելիք ունինք...
Վերնատունը, հոն ուր թղթակիցները ու հասարակ ժողովուրդը կրնան մտնել եւ ունկնդրել պատգամաւորներու վիճաբանութիւնները, իբր շարունակութիւնը բարձր ատեանին, ինքնին արուեստի գլուխ գործոց վայր մըն է՝ իր զարդերով ու նախշերով։ Մարթին մեզ կը տանի նաեւ անոր ետեւը, վերի այդ յարկին վրայ գտնուող հիւրասրահը, ուր դադարներուն պատգամաւորները կրնային... հատ մը ճնկել։ Ըստ երեւոյթին ատիկա հիմա անցեալին կը պատկանի, քանի որ ներկայ վարչապետ Ժան Շարէն արգիլեր է՝ աւելի պայծառ մտքով ժողովականներ ունենալու համար սրահէն ներս...
Մարթին շատ կը խօսի, սակայն մեզի համար շատ հետաքրքրական է ի՛ր կենսագրութիւնը։ Կու գայ գաւառաբնակ աւանդական ընտանիքէ մը, որուն տասը զաւակներէն մէկն էր ինք։ Օր մըն ալ մայրը ի վերջոյ տունէն դուրս դրած է գիւղի քահանան, որ եկած էր մղելու զիրենք, որ տակաւին ծծնդաբերեն։ Մարթին, հակառակ ընկալեալ սովորութեան, քաղաք գացած է ուսանելու, ու ա՛լ տուն չէ վերադարձած։ Ապրած է վերիվայրումներով լի կեանք մը, բայց թօթափած է եկեղեցւոյ տիրապետութիւնը, ազատագրու՛ած է, այն տարիներուն, որ Քեպէգ կ'ապրէր իր խաղաղ յեղափոխութիւնը։ Ինք այդ յեղափոխութեան զաւակն է, տեսած է անոր »բարիքներ«ն ալ »չարիքներ«ն ալ...
Օրը տակաւին երկար է մեր առջեւ։ Կ'որոշենք երթալ քալել, բայց ո՛չ որեւէ տեղ։
Նահանգի կառավարութիւնը իր մայրաքաղաքի յոբելեանին առթիւ աղուոր նուէր մը ըրած է՝ Սէն-Լօրան գետի եզերքը, երկուքուկէս քիլոմեթր երկարութեան վրայ, քալողներուն եւ
վարգողներուն համար ասֆալթապատ արահետ մը կառուցելով, անոր զուգահեռ հատ մըն
ալ՝ հեծելանւորդներուն համար –ամբողջութիւնը կոչելով քաղաքի հիմնադիրի անունով՝ Promenade Samuel-De Champlain ։ Կը տեղեկանանք, որ զայն երկարելու ծրագիր մըն ալ կայ։ Իրապէս հաճելի է այդտեղ ճեմել, լսել ալիքներուն շառաչիւնը եզերքի ժայռերուն վրայ, դիտել արդի արուեստի գործերը, որոնք այդ ճամբուն երկայնքին զետեղուած են յարակից մարգագետիններուն վրայ կամ նոյնիսկ արահետին եզերքին։
Երեկոյեան ընթրիքը, այս անգամ մե՛ր նախաձեռնութեամբ, դարձեալ գետին ափին պիտի ըլլայ, զբօսանաւերու քարափին մօտ, դարատափով այն ճաշարանը, ուր ուրի՛շ առիթով նոյնինքն Սեդան է մեզ հիւրասիրած։ Բացօթեայ կեանքի կարօտով կ'ապրինք ամբողջ տարին, ու հիմա որ այս տաքուկ օրերը շնորհուած են մեզի, պէտք է առաւելագոյնը օգտուիլ...

Իրարմէ բաժնուելէ ետք երեկոյեան պիտի կարենանք այր ու կին մենամարտիլ բառախաղի մեր սեղանին շուրջ։ Կարեւոր չէ ո՛վ է յաղթողը, այնքան ատեն որ մեզմէ մէկն է...
Կիրակի առաւօտ քիչ մը կը դեգերինք պանդոկին շրջակայ՝ Հին քաղաքի փողոցներուն մէջ, կը լուսանկարեմ շէնքեր, արձաններ, ծաղիկներ, ու անգամ մը եւս, քանիերորդ անգամ, Կոմիտասի կիսանդրին՝ d’auteuil փողոցի ծառուղիին վրայ զետեղուած, այդ ալ մե՛ր՝ Քեպէգ նահանգի հայութեա՛ն նուէրը՝ քաղաքի 400-ամեակին առթիւ։ Հետաքրքրականը, սակայն, այդ օր Քեպէգի Աստուածածնայ մայր տաճարին առջեւ պարզուած տեսարանն էր։ Հիւսիսային Ամերիկայի ամենէն հին ծուխին՝ 1647-ին շինուած ու երկիցս հրոյ ճարակ դարձած եկեղեցւոյ վայրին վրայ այժմ կանգուն տաճարն է, որ ամեն տեսակ զարդերով հարուստ է, մեծ մասամբ նուիրուած Ֆրանսայի Լուի ԺԴ. արքային կողմէ։ Տակաւին գործող քիչ եկեղեցիներէն մէկն է։Երբ կը մօտենանք՝ ձայներ, նուագ, ծափ ու ցնծղայ կը լսենք։ Կը հետաքրքրուինք, կը տեղեկանանք, որ եկեղեցասէր տիկնանց ու այրերու խումբ մըն է, ոմանք՝ Մոնթրէալէն, որոնք կը շրջին եկեղեցիէ եկեղեցի, ու երգելով, ծափելով անցորդները ներս՝ պատարագի կը հրաւիրեն... Ահա թէ ինչ։ Ուրիշ տաճարներ, այստեղ կամ այլուր կամ կը փակուին՝հաւատացեալի ու նիւթականի պակասի պատճառաւ, կամ թանգարանի, թատերասրահի կամ ալ թանկարժէք յարկաμաժիններու կը վերածուին...

Մոնթրէալ վերադարձի ճամբան բռնելէ առաջ պիտի երթանք քաղաքէն քիչ մը դուրս՝ Montmorency ջրվէժը, 83 մեթր բարձրութենէ գահավիժող ջուրի այդ հսկայ զանգուածի
գեղեցկութեամբ անգամ մը եւս ներշնչուելու։ Հոն, անոր շրջապատի զբօսայգիին մէջ ականատես պիտի ըլլանք նորօրեայ հարսանեկան արարողութեան մը, միշտ բացօթեայ, խորանի տեղ՝ գրակալ մը, ծալուող ճերմակ աթոռներու տարածք մը՝ որպէս ատեան, եւ քահանան ու հարսնեւորները իրենց տօնական փայլփլուն տեսակաւոր զգեստներով։ Արարողութենէն ետք խնջոյքը պիտի շարունակուի այն փոքր դղեակի սրահներէն մէկուն մէջ, որուն ջրվէժահայեաց դարատափին վրայ ալ մենք մեր կէսօրուան ճաշը առինք։ Առի նաեւ լուսանկարներու շարք մը, որոնցմէ մէկը հիմա կը լեցնէ համակարգիչիս »սեղան«ը՝ պաստառը։ Ջրվէժը կողքէն կ'երեւի, իսկ վար հասած ջուրին փրփուրը կ'արձակուի բարձրութենէն աւելի երկար հորիզոնական տարածքի մը վրայ, իր հետ տանելով նաեւ ծիրանի գօտի մը։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ







«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝