Յայտարարութիւն

Sunday, October 30, 2011

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ - Վրէժ Թուրեան

Վրէժ Թուրեան ունի նաեւ երգիծական բանաստեղծութիւններ նուիրուած յաջողութեան, ամուսնութեան եւայլն: Ստորեւ կը հրապարակենք իր բանաստեղծութիւններէն մին ուր հեղինակը բարձրաձայն կը խնդայ մերօրեայ պայմանադրեալ ամուսնութեանց վրայ:
«Նշանակ»


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»



Ա-

Պայմաններս հիմնական՝ զատ տուն, խանութ, ինքնաշարժ,
Ու ասոնց հետ՝ տակաւին աղուոր կալուած մը անշարժ.
Դրամատան մէջ հաշիւ, նուազագոյնը պարտի
Գոնէ ըլլալ մի համեստ՝ կլոր միլիոն մը ոսկի...

Իմ գործս չէ աւել, կար, կեսուր-կեսրայր ժանգոտած,
Կ'ամուսնանամ որպէսզի սա մեր կեանքը վայելեմ.
Արդուզարդս թէ պակսի ՝ սպասուհիս չծեծած,
Իրաւունքովս արդար, ամուսինս կ'ապտակեմ...

Շաբաթը գոնէ երկու կամ ի վերջոյ երեք օր
Վարսայարդար մը կ'ուզեմ.նաեւ...երկու զաւակներ,
Սակայն անոնց խնամքին զիս չեմ զգար պարտաւոր...:

Օրէնքս է արթննալ գրեթէ ճիշդ կէսօրին,
Խոհանոցի կին չեմ ես ու ճաշի հոգ չեմ քաշեր,
Անշուշտ զիս լաւ կ'ըմբռնես այս հարցերովս չնչին...:

Բ-

Արդ քիչ մըն ալ շօշափենք հարցերը մեր պսակին...
Քարտերը պէտք է ըլլան ոսկեզօծ եւ զարդագիր,
Երեք լեզուով, հինգ էջով ու քանակով ահագին...
Հարկ է ուղղեմ հրաւէր ծանօթներուս անխտիր...:

Հարկ է անի կատարուի գոնէ կարգով առաջին...
Տասներկու կղերով ու երեք չորս վիտէոյօվ...:
Հարսանեկան զգեստիս տաղտուկն է ահագին,
Զի այս երկրին մէջ չկայ ապրանք մը շէն-շնորհքով...:

Եկեղեցւոյ սրահին կաթօն ըլլայ եօթը յարկ,
Անկէ փոքրը այս առթիւ գիտես երբեք պատշաճ չէ,
Քանզի անոր կ'ուղղուի միշտ իւրաքանչիւր աչք, ակնարկ...:

...Բայց քոքթէյլը ու՞ր ընենք, ոհ, Աստուած իմ, դժուար է,
Կարգին սրահ մը չկայ...Ո՞ր երգիչը յարմար է...
Որ հանրութեան առջեւը մեզ ամօթով չձգէ...:

Գ-

Ինչքան համեստ ալ ըլլամ՝ միթէ՞ չունիմ իրաւունք,
Գոնէ տարին անգամ մը տանս ապրանքը փոխել.
Ես անոնցմէ չեմ, որոնք պահանջքներով՝ աճող սունկ,
Ամուսինին կը ստիպեն իրենց օրը անիծել...

...Յանցաւոր չեմ ես եթէ՝ ահա կանխաւ կը յայտնեմ,
Տան ներկին գոյնն ու ձեւը չեն պատշաճիր ճաշակիս,
Ոհ, ձեռքս չէ, ի՞նչ ընեմ, նրբաճաշակ ծնած եմ,
Հետզհետէ դեռ դուն զիս լաւ կը ճանչնաս, սիրելիս...:

Այս կէտերը կը յանձնեմ ուշադրութեանդ խորին,
Հաւատալով չես թողուր զիս յուսախաբ ու անճար,
Այլ կը ձգտիս զիս տեսնել երջանկութեան կատարին...:

Այժմէն նաեւ որոշենք մեղրալուսնի պարագան,
Որ համոզուած եմ անշուշտ ալ մօտիկ է, չուշանար
Եւ զայն անշուշտ կ'անցընենք կամ Յունաստան, կամ Լոզան...:

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝