Յայտարարութիւն

Saturday, October 22, 2011

Ա Ն Է Ծ Ք Ը - ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Բռնաբարման չիրագործումը Համոյին բարկութիւնը հասցուց գազանային չափերու: «Մայրդ ... պաճընը ... շարմու ...» եռալեզու յիշոցներու անվերջանալի շարան մը անասելի ոռնոցներով դուրս թռաւ բերնէն: Պէտք էր բզկտէր էգը, այդ քածը, որ յանդգներ էր պոռալ երեսին՝ «Չեմ սիրեր քեզ, չեմ, չե'մ սիրեր, հասկցի՜ր», ու նոյն վայրկեանին իսկ յաջողած էր փախչիլ իր հուժկու բազուկներէն...

Կայծակի արագութեամբ նետուեցաւ առջեւ եւ տեղաւորուեցաւ ընկերոջմէ մը փոխ առած սպիտակ Վէնին վարորդական նստարանին եւ ջղային շարժումով մը աշխատցուց մեքենան, ապա արագ-արագ անոր վիզը դարձուց դէպի Մարոյի փախուստի ուղղութեամբ: Նաւթահոտ սպիտակ գոլորշի մը բարձրացաւ աղբակոյտի վերածուած ամայի վայրին մէջ: Խաւարապատ գիշերին մէջ խելագար մեքենայ մը դուրս կու գար լայնատարած աղբանոցէն, զոր Լիբանանի պատերազմի օրերուն էր ստեղծուեր: Հեռու-հեռաւոր շրջաններէ բերուած աղբերն ալ հոն կը հաւաքուէին, ապա, լաւագոյն պարագային, կ'այրուէին, լքուած ու անտէր Պուրճ Համուտի երկնակամարին անփութօրէն աւելցնելով ծուխի ու մուրի նոր թաղանթ մը եւս: Բազմահազար աղբի տոպրակներ մանր ռումբերու պէս կը պայթէին սուրալու փորձ կատարող մեքենայի անիւներուն տակ, որոնք աջ ու ահեակ թեքումներով հազիւ կրնային պահել իրենց հաւասարակշռութիւնը, մինչ իրարու ետեւէ աղմուկով կը ճզմուէին մնացուկներու դէզեր՝ սարսափելի գարշահոտութիւն մը տարածելով մթնոլորտին մէջ...
*
* *
Ամառնային խոնաւ Կիրակին կ'իրիկնանար, անցնող բոլոր կիրակիներու անհամութեամբ: Ռումբերու գոռոցը թէեւ շատ հեռուներէն կու գար, գրեթէ անզգալի ու անվտանգ, բայց երկրին անդամալոյծ վիճակն ու համատարած անգործութիւնը ձանձրոյթի յօրանջներով կը լեցնէին յատկապէս համեստ շրջանները, որոնց շարքին՝ հայահոծ Պուրճ Համուտը, ուր դաստիարակչական ժամանցի, անմեղ հաճոյքներու ոչ մէկ վայր կար յատկապէս երիտասարդ խաւին համար...
Շրջանի երիտասարդները, ընդհանուր առմամբ, երկու տեսակ էին. անոնցմէ հաւատաւորները խճողած էին ակումբները, պահակութեան ու զինուորական տիսիփլինի ենթակայ, գաղափարապաշտ ու անձնուրաց, տուն-տեղ մոռցած, սէր ու ընտանիք իրենց ետին թողած, պատերազմական թոհուբոհի առաջին գիծին վրայ իրենց անձը զոհելու պատրաստ...
Երկրորդ խումբը ակումբ կը յաճախէր հրամայական պահերու եւ ստիպողութեան տակ միայն: Ան իր ձանձրոյթը առաւելաբար կը փարատէր անհրապոյր օրերու վերջալոյսն ու Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը անցընելով շրջանի համեմատաբար ապահով փողոցներու անկիւնները, երկարաձգուող պատերազմին հետ ժամանակ առ ժամանակ փոխելով տարիք, խումբ ու իրավիճակ, միշտ նորեր ներգրաւելու պատրաստ, որոնք կու գային նորաբոյս պեխերով, սկսնակ ծխողներու վայել գերիրապաշտ յագեցուածութեամբ, երբ անոնք կարմիր «Մարլպորո»յի գլանիկներուն ծուխը աննկարագրելի կորովով մը կ'իջեցնէին մինչեւ թոքերը, ապա քուլայ-քուլայ կը հանէին դուրս, երջանկութեան այնպիսի զգացողութեամբ մը, որ յատուկ է փողոցային լակոտներու, որոնք ծուխերու մէջ թաղուած, Կիրակի առ Կիրակի նաեւ իրենց ըմպած պիրայի շիշերու թիւը կ'աւելցնէին՝ իբրեւ գերագոյն նշան իրենց տղամարդկային յատկանիշներուն, աչքերնին յառած շէնքերու բակերուն եւ պատշգամներուն...

Անկիւններու թեմա՞ն: Նախ եւ առաջ արդարացի, երկնառաք դժգոհութիւն պատերազմի դէմ, իրենց ծաղիկ կեանքերը մահացու առօրեայի մը մէջ բանտող ոճրագործ մեծ պետութիւններու դէմ, ապա նոր ինքնաշարժ մը գնելու երազներ, յետոյ յանկարծ խումբին մէկն ու մէկը քաշքշուքի զոհ դարձնելու փորձեր, անսանձ խնդուքներ, քանի մը վայրկեան ետք լուրջ նախաձեռնութեանց մասին մտածումներ՝ Ամերիկա-Աւստրալիա անվերադարձ մեկնելու, հոն նոր կեանք հաստատելու գունաւոր գաղափարներ, ապա բռունցք՝ պարապին դէմ, կեանքի անհեթեթութեան դէմ, սակայն սիրելու ու սիրուելու անասելի փափաք, երիտասարդական հրայրք ու անսանձ կիրք, զորս այդ տղաքը կը ծամէին իրենց բերնին մէջ տարօրինակ արտայայտութիւններով՝ կոշտ ու կոպիտ, փողոցային լակոտներու թրքերէն-արաբերէն բառերու ճնշումին տակ ինքնասպանութեան դիմելու պատրաստ խեղճ ու թշուառ հայերէնով մը, որ կու գար կը զարնուէր հայկական թաղերու ցածլիկ պատշգամներու մէջ քով-քովի շարուած, թէ, քիչ ետք, կիրակնօրեայ հագուստներով ճեմելու ելլող դեռատի աղջիկներու շիկնող հայեացքներուն ու անոնց հրաւէրի հանոյն շրթխած ժպիտներուն...
- Ակամ կեցիր եղբայրիս օթոն թռցնեմ-բերեմ, ճունի երթանք, եալլա՜...
- Եաւրիկներուն ըսէ, այսօր պուզան վրաս է... պէլէ՜շ է, պէլէ՜շ...
- Ամմա ղապատայի ես, հա՜...
Յետոյ ճեմողներուն բերանաբաց զրոյցները...
-Հիհիհիհիհիհի՜՜՜...
- Խենթի'ն մէկն է...
- Գնա' աղջիկ, ի'նչ անուշիկ է, տեսա՞ր պեխերը, կուրծքին մազերը...
- Ես հոս մնացողը չեմ ... Ամերիկա հարս պիտի երթամ...
- Էհ, գնա'... դուն ալ գնա', Սոնային պէս խաբուիր, յետոյ ոռիդ նայելով ետ պապայիդ տունը դարձիր...
-Հիհիհիհիհիհի՜՜՜...
Կամ՝ պատշգամները լեցուածներուն ախն ու վախը...
- Այլեւս չեմ դիմանար կոր ... պիտի մեռնիմ եթէ չամուսնանամ հետը...
- Աղջիկ ասիկա «սեւտա է, սեւտա՜... քարա՜ սեւտա» կ'ըսէր նենէս ... այլեւս թող գայ ձեռքդ ուզէ ... ի՞նչ կեցեր է...
-Կեցէ'ք, կեցէ'ք, կու գան կոր...
- Հայտէ՜, գնա' դուն ալ, եալլա՜... նայէ', շատ Ճիլւէ մի' ըներ տղուն, կը բաւէ հալեցնես, հա՜...
-Հիհիհիհիհիհի՜՜՜...

Մէկը սիրատոչոր, միւսը բարկացած, մէկ ուրիշը սրտին մէջ բացուած ծաղիկներուն բոյրով տարուած, երրորդը արդէն սահմանը անցած, բայց անմեղութեան քողին տակ ինքզինք յաջող կերպով թաքցուցած, չորրորդ մը՝ դաւաճանուած ըլլալուն համար ատելութեամբ ու վիշտով լեցուած, բայց բոլորն ալ դեռատի, տակաւին երեխայական ջերմութեամբ վարարուն այս աղջիկները խնդալով ու ծեքծեքուն քայլերով կ'անցնին թաղերէն, կիրքերու նոր ալիք մը բարձրացնելով տղոց ամենադիւրազգաց վայրերուն մէջ...
-Հիհիհիհիհիհի՜՜՜...
Քիչ ետք անոնցմէ մէկ-երկուքը արագ-արագ եւ առանձին-առանձին կամացուկ մը դուրս պիտի գայ հայկական թաղերէն եւ իրեն անծանօթ, բայց արդէն սիրելի փողոցի մը շէնքի մուտքին սրտատրոփ պիտի միանայ իր ասպետին, որպէսզի յետոյ միասին հասնին իրենց գաղտնի անկիւնը, հծծեն սիրոյ կարմիր խօսքեր, ապա շիշ ու կափարիչի պէս փակին իրարու եւ փրփրին գարեջուրի պէս...

Թաղի աղջիկներէն միայն Մարոն էր, որ շուկայ չէր ուզած մտնել: Շրջապատի իր ընկերուհիները, դրացիներուն աղջիկները բոլորն ալ թերաւարտներ էին եւ մեծ մասը անոնցմէ Պուրճ Համուտի շուկային մէջ մէկ-երկու տարիէ ի վեր արդէն իբրեւ վաճառող կ'աշխատէր: Մնացեալները տուներու թէ աշխատանոցներու մէջ կարի, հուլունի գործ կ'ընէին, մեքենայ կամ քերկեախ կը դարձնէին: Մեծցած էին միասին: Գրեթէ նոյն թաղերը, նոյն ապաստանարանները, նոյն պատշգամներն ու փողոցները: Այս խումբէն միայն Մարոն էր, որ տակաւին դպրոց կ'երթար: Ուսումնատենչ աղջիկ էր: Արդէն աւարտական դասարան: Ուսումը շարունակելու ծրագիրներ ալ ունէր, բայց դրամ չունէր, որովհետեւ հայր չունէր: Պարոն Նշանը մահացած էր, երբ աղջիկը ութ տարեկան էր: Կրտսեր զաւկին՝ Գեւոլիկի երկրորդ տարեդարձին յաջորդ օրն իսկ: Երկաթագործի իր խանութին մէջ, արկածի հետեւանքով: Այնուհետեւ տիկին Անժել լերան մը պէս թիկունք կեցած էր իր անչափահաս զաւակներուն: Սակայն օրերը պատերազմական էին: Գեւոլիկը անպայմա՛ն դպրոց պիտի երթար: Իսկ Մարո՞ն... Մայրը խոստացած էր ամէն գնով համալսարան հասցնել աղջիկը: Տիկին Անժել տունը կար կը կարէր, Մարոն ալ պարապոյ ժամերուն մօրը կ'օգնէր: Դրացիներով համատեղ կ'ապրէին բակով տուներու մէջ՝ վեր-վար: Մէկուն ունեցածը բոլորինն էր: Հաց կը կիսուէին, դգալ-դգալ լոլիկի ջուր, ափ-ափ ոսպ ու բրինձ, հատ-հատ հաւկիթ ու աման-աման մածուն:
*
* *
Աղջիկներուն խումբը տակաւին խնդալով կը յառաջանար, երբ անկիւնէ մը երեւցաւ Համոն ու իրեն յատուկ՝ Մարոյին բիբերը ծակելու պատրաստ նոյն սուր նայուածքով երգել սկսաւ արաբերէն ժողովրդային երգի մը ծանօթ յանկերգը...
«Մաալէշ, Ալլահ եիսամհիք, միշ հէք պիքուն ըլ ուաֆա...» (Վնաս չունի, թող ներէ քեզ Աստուած, հաւատարմութիւնը այսպէս չ'ըլլար)...
Զանազան վայրերու մէջ Մարոն լսած էր այս յանկերգը Համոյին բերնէն ու զայն անգիր ըրած: Տղան մի'շտ իրեն նայելով այս բառերը կը հնչեցնէր՝ դրացիներուն տունը, բակը, թէ ապաստանարանն ու փողոցներու անկիւնները: Եթէ մարդոցմով շրջապատուած ըլլային, Համոն քիթին տակէն կը մրմնջէր երգը, ճիգ ընելով կորզել իրմէ քանի մը տարի փոքր Մարոյին ուշադրութիւնը, միաժամանակ խորհրդաւոր ժպիտ մը լայնցնելով դէմքին, ապա աղջիկը գրաւելու միտումով քիչ ետք անոր կու տար միեւնոյն հարցումը. «Կը սիրե՞ս այս երգը, Մարօ»: Աղջիկը թէեւ գլխով նշան կ'ընէր, հիմնականին մէջ քաղաքավարութեան դռնէն, բայց կը զգար որ տղան այսպէս կը դարպասէր, յատուկ ուշադրութեան կ'արժանացնէր զինք, սակայն ինք իր հոգիին խորը ոչինչ կը զգար Համոյին հանդէպ: Իր ասպետը չէր ան: Նոյնիսկ անհանգստութիւն մը կ'ապրէր ներքուստ, կը նեղանար այդ արաբերէն երգէն, Համոյին ուղղակի եւ կտրուկ արարքներէն, երբ, օրինակ, տղան երբեմն ամբողջ հասակով կը ցցուէր իր առջեւ՝ պատսպարանը, ճամբան, թէ տան մուտքի բակերէն մէկուն մէջ ու հաճոյախօսութիւն կը փորձէր ընել, ապա խիստ թոնով մը աղջկան բիբերը ծակելով՝ ակռաներուն մէջէն կը շշնջար համոզումով. «Դուն իմս, ի'մս պիտի ըլլաս, Մա'րօ»։ Հուսկ՝ աղջկան շփոթանքէն, անմիջապէս փախուստի դիմող անոր քայլերէն երջանիկ, ինքնագոհ կը սկսէր սուլել արաբերէն երգին ծանօթ յանկերգը...

Համօ վերի թաղերէն մէկուն բնակիչներէն էր, արդէն կազմաւորուած երիտասարդ, բարձր հասակով, սեւ ու թաւ պեխերով եւ քիչ թէ շատ համակրելի դիմագծերով. ան վերջին շաբաթներուն իրենց գետնայարկ տան պատերը փլցուց եւ զայն վերածեց հագուստի վաճառատան: Դրամ շահիլ սկսաւ: Ընկերներ ունէր, մեծ տղաք էին, որոնք կամ արհեստանոցներու տէրեր էին եւ կամ վաճառականութեամբ կը զբաղէին. անոնց համար «աղջիկ խաղցնելը» սովորական հաճոյք էր, ունէին անձնական ինքնաշարժներ, Պուրճ Համուտի մէջ կը վայելէին ամէն տեսակի ազատութիւն, շրջանի գեղեցիկ կիները, ամուսնացած հարսերն ու դեռատի աղջիկները իրենց համար քաղցր որսեր էին:
Պատսպարաններէն դուրս ելած-չելած՝
-Կարոն փախցուցեր է Յասմիկը ... խաթիֆէ տարեր է ... մաման-պապան խենթացեր են ... ակումբէն դուրս չեն գար կոր ... աղջիկնին ետ կ'ուզեն կոր...
-Մանոն Սիլվային մեղքին մտեր է ... աղջիկը յղի է անկէ ... գալ ամիս պիտի ամուսնանան եղեր ... Տէրտէրը անանկ հրամայեր է...
-Մանուշակը եւ Ալիսը Պետրոսին սիրահարուեր են ... կռիւ կ'ընեն կոր մարդուն համար ... կնիկը չլսէ՜... վաղն իսկ օդանաւ կը նստի եւ վազելով ետ կու գայ Ամերիկայէն...
-Կիրակոսը ակումբ տարին ... բանտարկեցին ... Աղաւնիին պզտիկ տղուն հետ ամօթ բաներ կ'ընէ կոր եղեր ապրիին մէջ...
Օրական դրութեամբ այսպէս, թարմ ու անվերջանալի, շարունակական դրուագներով հարուստ պատմութիւններ, որոնք շրջանը տեսակ-տեսակ իրարանցումով կը լեցնէին: Պոռչտուք, կռիւ, իրարու վրայ յարձակումներ, բայց նաեւ՝ կարճ ու կտրուկ, մեղքեր պարտկելու նպատակով հարսանիքներ, ապա՝ հարսանիքէն եօթ-ութ ամիս ետք ողջ-առողջ ծնունդներ ու նոր ընտանիքներու կազմութիւն, թէկուզ չքաւոր ու անբաւարար, բայց ի՜նչ փոյթ. «Պատերազմը վերջանալիք չունի՜»...

Չվերջացող պատերազմի ամբողջ երկարութեան գայթակղութիւնները կը յաջորդէին իրարու՝ ռումբերու արհաւիրքի, երկրին մէջ տիրող անգործութեան, բնակիչներու մօտ-մօտ ապրելու պարտադրութեան թէ աներազ կեանքի ու անասնական կիրքերու յորձանուտի մը մէջ թաւալող՝ Լիբանանի ամէնէն աւելի խճողուած շրջաններուն մէջ, մարդասպանութեան ու կանխամտածուած ոճիրներու եւ մարդոց գլուխն ի վար անձրեւի պէս տեղացող ռումբերու անաւարտ սուլոցներուն տակ...
«Մաալէշ, Ալլահ եիսամհիք, միշ հէք պիքուն ըլ ուաֆա...»

Ու Մարոն չէր կրնար ըմբռնել Համոյի մտադրութիւնը։ Ինք որոշած էր ուսանիլ եւ տակաւին շաբաթ մը առաջ, ճիշդ նախորդ Կիրակի օր իր վերջնական որոշումը փոխանցած էր անոր՝ ճամբան, տունդարձի պահու մը, երբ Համօ անակնկալօրէն ելած էր դիմացը եւ՝ «Մաալէշ»ը փսփսացած աղջկան ականջին՝ անոր թեւէն ամուր-ամուր բռնելով եւ զայն աւելի մութ անկիւն մը տանիլ փորձելով...
-Համօ ... հաճիս ... մի՛ ըներ ... կեցիր-կեցիր ... հասկցիր ... ես չեմ ուզեր ամուսնանալ, դպրոց պիտի երթամ ... ես ... ես չեմ սիրեր քեզ ... ես ... ես ուրիշ մէկն ալ չեմ սիրեր ... ես ... ես միայն կ'ուզեմ ուսումս շարունակել...

Բառերը թէեւ կմկմալով, բայց եւ քաջաբար Մարոն իր որոշումը նետած էր տղուն երեսն ի վեր, ապա իրենց մօտեցող ինքնաշարժի մը աղմուկէն օգտուելով՝ ճկուն շարժումով մը ինքզինք ազատած էր Համոյէն ու շնչասպառ հասած էր տուն...
Տունը՝ կարի մեքենային ձայնն էր եւ Գեւոլիկին «սուր-սուր» խաղին ճչոցները: Ականջներուն մէջ՝ «Մաալէշ»ի հծծիւնները...
*
* *
Սարսափահար Մարոն կը վազէր առանց ետին նայելու, քրտինքներու մէջ թաղուած, աղջիկը կը վազէ՜ր ու կը վազէ՜ր: Յիշեց, որ դպրոցը գրեթէ ամէն տարի կարճ վազքի մրցումի առաջնութիւնը ինք կը շահէր: Դառն ժպիտ մը գծուեցաւ դողացող շուրթերուն վրայ, կարծես յուսահատութենէն զայն դուրս քաշող ժպիտ մը, որ միեւնոյն ատեն զօրութիւն տուաւ ոտքերուն: Ա. Պաքալորէայի արդիւնքները սպասող Մարոն հիմա ինկած էր անվերջանալի աղբակոյտի մը մէջ, միս-մինակ, խաւարին ու գարշահոտութեան իբրեւ վերջին զոհ... Սիրտը ափերուն մէջ սեղմած՝ փորձեց յիշել թէ ի'նչ էր պատահածը... Պատկերները խառնուեցան իրարու, յուզումը բարձրացաւ կոկորդը եւ զգաց Համոյին պիրկ ու ամուր ձեռքերը մարմնին վրայ, ուսերն ի վար, հագուստին արանքներուն, իր դիմադրութիւնը՝ ձեռքերով, ոտքերով, քիչ ետք նոյնիսկ բռունցքներով, երբ տղան ուժ գործադրեց զինք Վէնին վերջնամասը քշել-տանելու, ուր աւելի լայն էր միջոցը, բռնաբարման համար իտէալ վայր մը...

Մարոյին արցունքները դարձան հեղեղ, սիրտը ճմլուեցաւ աւելի ու աւելի, բայց եւ՝ մանկութենէն ի վեր ստացած կրօնական դաստիարակութիւնը հասաւ օգնութեան: Յիշեց, որ երբ Համոն, այլեւս կատղած ու գազանաբարոյ, ոչ մէկ բացատրութիւն ու խօսք կ'ուզէր լսել իրմէ, այլ միայն կը փորձէր ժամ առաջ «Ի'մս պիտի ըլլաս»ի իր մեքենական խօսքին գործնականութեան անցնիլ, ճիշդ այդ պահուն,հոգիին մէջ լոյս մը բացուած էր, ի պատասխան՝ «Աստուա՜ծ, Աստուա՜ծ» իր սրտակեղեք, լո՜ւռ աղաչանքներուն: Լոյսը պայծառացուցած էր միտքը, ու մինչ Համօ վայրկեան մը բաց ձգած էր աղջկան ուսերը, որպէսզի երկու ձեռքով կարենար աւելի արագ կեղուել մարմնէն հագուստները, Մարօ խոյացած էր առջեւի նստարանը, անմիջապէս բացած էր մեքենային դուռը եւ առանց ետին նայելու՝ վազել սկսած...
Դարձեալ հառաչակոծ «Աստուա՜ծ» մըն էր, որ կը թռչէր մութ ու խաւար սա աղբակոյտի մէջ, մինչ աղջիկը, ոտքերուն զօրութիւնը կրկնապատկած, հասակէն աւելի բարձր ցատքերով կը վազէր անորոշ ուղղութեամբ՝ լոյսի մը, ինքնաշարժի մը յայտնուելու յոյսին ապաւինած:
*
* *
Կանխամտածուած բռնաբարման փորձ էր եղածը: Իրիկնամուտին, երբ աղջիկներէն բաժնուելէ ետք վերադարձած էր տուն՝ Գեւոլիկ ուրախ-ուրախ հաղորդած էր քրոջը.
-Մարօ, Մարօ, մի՛ հաներ կօշիկներդ, Համոն մեզի Ճունի պիտի տանի, պուզա ուտելու...
Ու աղջկան հարցական նայուածքին տակ՝ մայրը շարունակած էր խօսքը.
-Քիչ առաջ հոս եկաւ, աղջիկս, Գեւոլիկին հետ խաղցաւ, ըսաւ որ ճամբան աղջիկներով տեսեր է քեզ. «Թանթիկ, Մարոն երբ գայ թող սպասէ, ձեզի տանիմ պուզա մը կերցնեմ, այսօր ընկերոջս օթոն քովս է», ըսաւ ու գնաց որ օթոն բերէ:
-Դուն ալ պիտի գաս, չէ՞ մամ,- խորունկ շունչ մը քաշեց Մարոն:
-Չէ, աղջիկս, ես վաղուան հասցնելիք գործ ունիմ, յետոյ՝ դուք ճահել էք, ես ի՞նչ գործ ունիմ հետերնիդ, Գեւոլիկն ալ հետդ է, կ'երթաք շունչ մը կ'առնէք, քիչ մը կը փոխուիք, քանի շաբաթ է թաղէն դուրս չէք ելած ... ռումբերն ալ լռեր են այսօր, օգտուեցէք առիթէն, ժամն ալ ուշ չէ ... գացէք, Կիրակի օրով պաղպաղակ մը կերէք-եկէք ... Համոն ալ օտար չէ, մեր թաղին տղան է, վախնալու բան չկայ, աղջիկս...
Մարոն չկրցաւ բանալ բերանը. եղած-չեղածը Ճունի երթալ մըն էր, պաղպաղակ ուտել մը: Եղբայրն ալ հետն էր. ի՞նչ ունէր վախնալիք որ: Արդէն խիղճն ալ հանգիստ էր. առանց ըսի-ըսաւի, առանց երրորդի մը միջամտութեան հասկցուցեր էր Համոյին պէտք եղածը եւ հարցը նկատած՝ փակուած: Վերջապէս, Համոն միշտ իրենց բակերն էր, դրացիներուն տան բարեկամն էր, իրեն ի՞նչ վնաս կրնար հասցնել...
Բայց Համոն ուզած էր վնաս հասցնել: Հազիւ թաղը դարձած, մայր պողոտայի մուտքին ան հարիւր ոսկի մը երկարած էր Գեւոլիկին ու հրահանգած.
-Գեւոլի'կ, ա'ռ աս դրամը, գնա' Սագոյին խանութը ֆլիփփըր խաղցիր ... ես Մարոյին հետ խօսելիք ունիմ...
Աղջիկը անակնկալի եկած, թէեւ փորձած էր հակաճառել, Վէնին մէջ պահել եղբայրը, բայց Համոյի զօրաւոր բազուկները գրեթէ վար նետած էին տղեկը ինքնաշարժէն եւ սուրացած՝ անորոշ ուղղութեամբ...
*
* *
Աղբերու հսկայ դէզեր յայտնուեցան յանկարծ: Մարոն քիթը բռնած, տերեւի մը պէս դողալով ինկաւ դէզի մը վրայ: «Հոս առնէտները կը խածնեն զիս ... հիմա կը մեռնիմ», անցաւ մտքէն, բայց իրեն մօտեցող դժոխային սպիտակ Վէնին զօրաւոր լոյսերէն կարենալ պահուըտելու գաղափարը ուժ տուաւ սրտին: Շունչը բռնած սպասեց, որ գազազած Վէնը անցնի-երթայ իր թաքստոցին քովէն: Մութը օգնեց, որ կատաղած Համոն չնկատէր զինք: Ինքնաշարժը ծանր հռնդիւններով կոխկռտեց գարշահոտ դէզերը, ապա քիչ մըն ալ յառաջանալով մտաւ մայրուղի...
Մարոն մօտաւորապէս հասկցաւ թէ ո'ւր կը գտնուէր, երբ ինքնաշարժին մեծ լոյսերը ինկան ճամբուն երկու կողմերը: Խորունկ տխրութեան մը անձնատուր, աղջիկը կլլեց արցունքները, մէկ ձեռքով բարձրացուց վիզին ինկած գանգուրները, միւս ձեռքի ափով սրբեց երեսին ու ծոծրակին քրտինքը, ապա կարգի բերաւ հագուստը, փորձեց շտկել անոր պատռտած փէշը եւ լլկիչ ոդիսականէ մը ազատելու յոյսին կառչած՝ ամբողջ ուժովը վազեց դէպի մայրուղի, մերթ փողոցներու երկու կողմերուն կանգնած ինքնաշարժներու ետին պահուըտելով, մերթ ալ անոնց պատուհաններէն ճամբան դիտելով: Մտածեց, որ պէտք էր անցնէր ճամբան, պէտք էր Վէնին հակառակ ուղղութեամբ վազէր, որպէսզի եթէ Համոն պատահի որ նշմարէր զինք, բաւարար ժամանակ չունենար հասնելու իրեն...

Թշնամի բերդին վրայ նոր գրոհի մը պատրաստուղ մարզիկի մը պէս կեցաւ քանի մը վայրկեան, խոր շունչ մը քաշեց, փորձեց գիտնալ ժամը, հասկնալ, թէ քանի՞ ժամ անցած էր տունէն հեռանալէն, որքա՞ն եղած էր այս տառապանքին տեւողութիւնը, բայց չկրցաւ յստակ ու մեկին պատասխան մը գտնել իր հարցումին:
Ինքնաշարժներուն հակառակ ուղղութեամբ, ճամբուն մայթէն ընթանալու միտքը թէեւ Մարոյին ահագին առիթ տուաւ յառաջանալու, բայց աղջկան չա'ր բախտէն, ճարտարապետական ոչ մէկ տրամաբանութեան հետեւող մայր պողոտան այնքան նեղցաւ յանկարծ, որ Մարօ ինքզինք յանկարծօրէն դէմ յանդիման գտաւ չարաշուք Վանին, որ բաց երկնքի տակ կարծես իր վրայ կը սուրար: Աղջիկը պաշտպանական իր բնազդին ապաւինած անմիջապէս դարձաւ աջ եւ ինքզինք նետեց Տորայի շրջանի թաղերէն մէկուն մէջ, որ փակ էր ինքնաշարժներու դիմաց: Խորունկ շունչ մը եւս առաւ ու անարգել շարունակեց վազել հանդիպակաց փողոցն ի վեր, ամբողջ զօրութեամբը մուտք-ելք ընելով քովընտի բացուած մանրիկ-մանրիկ թաղերու մէջ, ապա ինքզինք նետեց շէնքի մը պլպլացող մուտքէն ներս եւ մէկ ոստումով անոր երեք-չորս աստիճաններէն սլացաւ վեր...
Անծանօթ շէնքին ծանր հոտը կեցուց զինք մութին մէջ. կծկուեցաւ ինքն իր վրայ եւ ականջ տուաւ ճամբուն: Ոչ մէկ ինքնաշարժ, ոչ մէկ ոտնաձայն, ոչ մէկ իրարանցում: Հասկցաւ, որ Համոն չէր կրնար հասնիլ իրեն այլեւս, Վստահ էր, որ ան կորսնցուցած էր իր հետքը: Այս միտքը ապահովութեան զգացումով մը շոյեց հոգին, ապա ան քանի մը վայրկեան եւս ականջ տալով խաւարին ու լռութեան, շունչը բռնած սկսաւ ոտքի մատներուն վրայ հատիկ-հատիկ կոխելով իջնել ցած...
-Շու ֆի ... շու ֆի ... լա շու քնթի աամթրքտի ... մին ինթի ... ուէյն պէյթիք ... մին քէն ուարաքի ... շու աամէլ ֆիքի... (Ի՞նչ կայ ... ի՞նչ կայ ... ինչո՞ւ կը վազէիր ... ո՞վ ես դուն ... ո՞ւր է տունդ ... ո՞վ կար ետեւդ ... ի՞նչ ըրեր է քեզի)...
Հեւասպառ ներս վազած տեղացի զինեալ երիտասարդ մը Մարոն պատին փակցուցած խստօրէն կը հարցաքննէր զայն...
*
* *
Լլկուած հոգեվիճակն ու ֆիզիքական գեր յոգնութիւնը Մարոյին լո՜ւռ արտասուելուն պատճառ դարձան: Յորդառատ արցունքներ գլորիր սկսան խեղճացած, արդէն մեռնիլ ուզող Մարոյի տխուր աչքերէն: Յոյս չունէր, որ այլեւս կ'ազատէր: Անձրեւէն փախած՝ կարկուտի բռնուած էր: ի՞նչ ըսէր: Հսկայ գնդացիր մը օդին մէջ ճօճող եւ անդադար հարցումներ տեղացնող սա արաբ մարդուն ո՞ր մէկը պատմէր: Ամբողջ իրականութի՞ւնը ըսէր: Ինչպէ՞ս ըսէր: Արդեօք պէ՞տք է ըսէր...
«Կեանքի մէջ, աղջիկս, աւելի կը յաջողի այն մարդը, որ իր մեղմ բնաւորութեամբ գիտէ մարել կրակ եւ ոչ թէ այն, որ աննշան կրակ մը իր բարկութեամբ կը վերածէ խանձող խարոյկի», վրայ հասաւ միայն տարի մը առաջ մահացած մեծ մօր սա խրատականը եւ նոյն վայրկեանին իսկ անդիմադրելի կարօտ մը եկաւ խեղդեց կոկորդը: Կարօտցաւ մայրը, Գեւոլիկը, դպրոցը, ընկերուհիները, դրացիները... Կարօտցաւ մա'նաւանդ իր սենեակն ու գիրքերը...
«Ամէն գնով պէտք է ազատիմ ասկէ եւ հասնիմ տուն», վճռեց Մարօ մտքին մէջ, մանաւանդ երբ զգաց տղուն ձեռքը դէմքին վրայ: Զինեալին ազատ ձեռքը սկսաւ սրբել աղջկան արցունքները, յետոյ շոյեց անոր անարիւն դէմքը, ապա մատներով ճմլեց ահէն խամրած անոր շուրթերը, մինչ տղուն մարմինը աւելի ու աւելի կը մօտենար Մարոյի հագուստին, որուն տակ մահանալու չափ կը դողար աղջիկը ու միաժամանակ կը զգար, որ կարծրութիւն մը աւելի եւ աւելի կը սկսէր հպիլ իր կոյս վայրին...
Մտովին թէեւ «Աստուա՜ծ» սկսած էր կանչել, բայց նաեւ պէտք էր տղուն ուշադրութիւնը այլ կողմ շեղէր: Ինքզինք հաւաքելու շարժում մը ըրաւ, ապա մեղմօրէն բացատրեց, որ ինք հայ էր, նշանուած էր, նշանածին հետ ըսի-ըսաւ ունեցած էր ինքնաշարժին մէջ եւ մերժած էր, որ տղան իրեն տուն հասցնէ: Անհամ քաշքշուք մը անցած էր իրենց միջեւ ... ինք կը սիրէր իր նշանածը եւ պէտք էր տուն երթար, քանի որ, վստահ էր, որ իր նշանածը հիմա իրենց տունն էր եւ ...

Մարօ տակաւին չէր ամբողջացուցած իր խօսքը, երբ ոտնաձայններ լսուեցան դուրսէն: Աղջիկն ու զինեալը գլուխները դարձուցին դէպի մուտքը: Շէնք մտան մարդ մը եւ կին մը: Զինեալը զգաստացաւ, եկուորներուն հետ գրկուեցաւ եւ հալ-քէֆի խօսքի բռնուեցաւ: Շէնքի բնակիչ արաբուհին զարմացական հայեացքով մը նայեցաւ Մարոյին ու մինչ կը պատրաստուէր զինեալ իր բարեկամին հարցնել անծանօթ աղջկան մասին, Մարօ քաղաքավարօրէն «շնորհակալութիւն» շշնջաց, ապա բարի գիշեր մաղթեց բոլորին ու դուրս թռաւ վիրաւոր երէի մը հանգոյն...
Դուրսը թէեւ կը շարունակէր տիրապետել խաւարը, բայց ծանր բեռէ մը ազատած ըլլալու գոհունակութիւնն ու գիշերային զով զեփիւռը զգաստացուցին աղջիկը, որ այլեւս առանց յապաղելու վազեց, վազեց անդադար, մինչեւ հասաւ իրենց տունը եւ ըստ իր սովորութեան, թեթեւ հարուածներով թակեց դուռը: Միակ պահը, որ Մարօ ուրախացաւ ելեկտրականութեան բացակայութենէն, այս էր։ Քանզի մոմի լոյսի տակ մայրը պիտի չկարենար նշմարել աղջկան գլխուն եկած փորձանքները...
Ահուսարսափի մատնուած տիկին Անժել անմիջապէս բացաւ դուռը ու սկսաւ քակել հարցումներուն կծիկը, մինչ աղջիկը մեծ-մեծ քայլերով յառաջացաւ խոհանոց, բացաւ պահարանի դեր կատարող սառնարանը, վերցուց ջուրի տաք շիշը, բայց չկրցաւ լսել մօր վերջին բառերը, թէ՝ «Գեւոլիկը ըսաւ, որ Համոն» ... զի այլեւս ուժասպառ, թոյլ մարմինը աղջկան հալած մոմի պէս տարածուեցաւ խոհանոցի գետնամածին…
*
* *
Անկողնին մէջ էր, դէմքն ու մազերը խխում կտրած, գիշերանոցը ծուռիկ-մուռիկ վրան փակած, մարմինը անտանելի ցաւերով պատուած, երբ Մարօ բացաւ աչքերը ու մօր լացակումած դէմքը գտաւ դիմացը, ձեռքին՝ նոյն Կիրակի օրուան համար մօրը կարած իր պատառոտած հագուստը: Աղիողորմ կու լար մայրը, ինքնախարազանման շեշտով մը: Մարոյին խիստ ծանօթ՝ անճարի ու անզօրի մայրական նոյն լացը...
Պէտք եղաւ հանգստացնել ծնողը: Բացատրեց, որ մտահոգուելիք բան չկայ։ Պարզապէս Համոն ուզած էր, որ միասին Ճունի, սինեմա երթան: Ինքն ալ ընդունած էր հրաւէրը, ապա տղան բացայայտած էր իր զգացումները, սակայն աղջիկը ըսած էր, որ ինք կը փափաքի ուսումը շարունակել, ամուսնանալու միտք չունէր հիմա: Ապա, վերադարձի ճամբուն վրայ, ինքնաշարժին անիւը պայթած էր, ստիպուած եղած էր օգնել Համոյին, երկաթեայ ձող մը պատռած էր հագուստին փէշը, այո՜, տղան շատ լուրջ մնացած էր հետը, ո'չ, բան մը չէր ըրած իրեն, պարզապէս շատ տաք էր օդը, ինքն ալ անօթի էր, այո՛, այո՜, շտապեր էին տուն հասնիլ, բայց անիւը չէին կրցած շինել, ստիպուած՝ տատի-տատի քալած էին պայթած անիւին վրայ, որովհետեւ օրը Կիրակի էր, բաց խանութ մ՚իսկ չկար, ճամբաները մարդ չկար, խեղճ Համոն հոս-հոն վազեր էր, սակայն ապարդիւն, իսկ երբ Տորա հասեր էին, ճամբան Համոյին մէկ ընկերը տեսեր էին, ընկերը խոստացեր էր կէս ժամէն ինքնաշարժով վերադառնալ իրենց մօտ եւ փոխել Վէնին անիւը, բայց ինք չէր ուզած աւելի սպասել, մօրը յաւելեալ մտահոգութիւն չպատճառելու համար եւ ուրեմն Համոյէն խնդրեր էր հասցնել զինք մինչեւ վերի թաղը, յետոյ մինակը վազելով հասեր էր տուն...
-Ուրիշ բան չեղաւ, մա՛մա...
Համոյի բռնաբարման փորձն ու անոր հետեւող դէպքերը մինչեւ առտու սարսռացուցին աղջիկը իր անկողնին մէջ: Ոչ պաղ ջուրով լոգանքը, ոչ ալ մօր դեղահատերու տուփէն գաղտնօրէն վերցուցած վարդագոյն թմրեցուցիչը քուն բերին անոր աչքերուն: Զարմանալիօրէն ո՛չ լալու փափաք ունէր, ոչ ալ բարկութիւն կար մէջը, այլ՝ հոգիին մէջ կը թեւածէր անզգայութիւն մը, կարծես լլկուածներու յատուկ ինքնալքումի տարօրինակ զգացում մը, որ մերթ ընդ մերթ կը վերածուէր հոգիին խորունկ ծալքերէն բարձրացող այրող անէծքի.
-Աստուած հոգիդ առնէ, Հա'մօ...

Յաջորդող օրերուն Համոն չերեւաց բակերը: Վերսկսաւ քանի մը օր դադար առած ռմբակոծումը: Մարօ խնդրեց մօրմէն հանգիստ ձգել զինք տունը, չքաշքշել՝ ապաստանարանները: Մայրը որքան ալ փորձեց հասկնալ իրողութիւնը, չկրցաւ ուրիշ տեսակ պատասխան մը փրցնել Մարոյի բերնէն: Մի'շտ լսեց միեւնոյն նախադասութիւնը.
-Ուրիշ բան չեղաւ, մա՛մա...
Մայրը պատրաստ էր պատժելու մեղաւորը, եթէ Համոն էր իր աղջկան՝ անդարմանելի նկատուող մելամաղձոտութեան պատճառը, սակայն աղջիկը մի'շտ մնաց նոյնը: Անդրդուելի՝ իր պատասխանին մէջ: Ուրիշ բացատրութիւն չտուաւ մօրը, բայց իր հոգիէն բարձրացող անէծքը ան ամէն օր քիչ մը աւելի վճռականութեամբ կրկնեց, միաժամանակ աներկբայ հաւատքով մը փարելով Աստուծոյ անյեղլի արդարութեան.
-Աստուած հոգիդ առնէ, Հա'մօ...
*
* *
Երկրին մէջ ծայր առած քաղաքացիական կռիւներու նոր ալիք մը բնակիչներուն մոռցնել տուած էր իրենց անձնական ցաւերը, երբ լափլիզող հրթիռներ երկրին բոլոր կողմերէն անմեղ կեանքեր կը հնձէին օրուան որեւէ ժամուն եւ առանց թիւ ու համրանքի, առանց կրօնի, առանց սեռի ու տարիքի խտրութեան: Պուրճ Համուտը եւս զերծ չէր կացուցուեր հետզհետէ ընդարձակուող ռումբերու նոր ալիքէն: Չարիքը չունէր չափ, վայրագութիւնը՝ սահման:
Այդ օրերէն մէկն էր. անկանխատեսելի վտանգներով լեցուն յետմիջօրէ մը, երբ անակնկալօրէն հրացանաձգութեան ձայներ լսուեցան շրջանի մօտիկ մէկ վայրէն: Մարոյին սիրտը թունդ ելաւ: Դրացիները վազեցին դուրս, տղամարդիկ նետուեցան փողոց, դուռ-պատուհան ցուցափեղկերու վերածուեցան...
-Ի՞նչ եղաւ, ի՞նչ կրակոց էր աս, որո՞ւ զարկին, ո՞վ մեռաւ...
Ժամ մը չանցած լուրը տարածուեցաւ ու հասաւ Մարոյին ականջին: Համոն սպաննուած էր: Աղտոտ գործերու մէջ մտած էր: Վերջերս կեղծ տոլարի եւ ոսկիի մաքսանենգութեամբ կը զբաղէր: Տունը խանութի վերածելը մեծ «պլըֆ» մըն էր: Մաքրած էին զինք դրամ լուալու գործով զբաղող մարդիկ...
-Միքրոպ մը մաքրուեցաւ մէջտեղէն,- ըսին ոմանք ու քանի մը վայրկեան ետք մոռցան ե'ւ դէպքը, ե'ւ Համոն:

… Այդ պահուն պատսպարան հասնիլը միակ իրական հրամայականն էր Լիբանանի տարածքին տակաւին շնչող բոլոր տեսակի մահկանացուներուն համար...


Պէյրութ






«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝