Յայտարարութիւն

Sunday, October 23, 2011

ԴԵԳԵՐՈՒՄՆԵՐ, ԱՐՁԱԿ ՀԱՄԱՐՁԱԿ

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ


Համակարգիչի պաստառիս առջեւ նստած կ'աշխատիմ, հերթական յօդուածս
գրելու համար, երբ յանկարծ բացած էջս կ'անհետանայ, ու ամբողջովին սեւ պաստառ
մը կը ցցուի առջեւս։ Չեմ զարմանար, գիտեմ, որ ասանկ բաներ կը պատահին, ուստի
մինչ ես կը պատրաստուիմ գործիքս փակելու ու դարձեալ միացնելու – ընդհանրապէս
ամեն ինչ ետ տեղը կու գայ այդ արարքով, լոյսի կէտեր կը սկսին երեւիլ սեւ
քառանկիւնին վրայ, կէտեր որոնք հետզհետէ մօտենալով կը վերածուին աչքերու,
բերաններու ու ձեռքերու։
Ի՞նչ է այս, կ'անցնի մտքէս։ Պատկերները հետզհետէ կը շատնան ու կը
մեծնան, բայց դէմքեր չեն երեւիր - այդպէս, ինծի ուղղուած զոյգ զոյգ աչքեր են միայն,
իրենց ներքեւ՝ բերաններ, ու ձեռքերը՝ ցուցամատները նոյնպէս իմ կողմս ցոյց տուող։
Աչքերը շատ ծանօթ կը թուին – հարազատներու, ընկերներու, բարեկամներու աչքեր
ըլլան կարծես, բերանները, բացուող-գոցուող շրթունքներով, տեւաբար կը շարժին՝
կ'երեւի բաներ մը ըսել կը ջանան, իսկ ցուցամատներն ալ վեր-վար կ'իջնեն-կ'ելլեն՝
յանդիմանող ուսուցիչի կամ ամբաստանող դատախազի ձեռքերու նման։ Ի՞նչ յանցանք
գործած եմ, արդեօք, կը մտածեմ։ Յանկարծ բոլորը միասին դուրս կուգան
պաստառէն, գլխուս շուրջ մի քանի շրջան կ'ընեն, կը բարձրանան մինչեւ առաստաղ,
ետ կ'իջնեն, ու նոյնքան յանկարծակի կը վերադառնան պաստառ։ Կ'ըսեմ,
բարձրախօսը բանամ, տեսնեմ ձայն մը կ'ելլէ՞ այդ շարժող բերաններէն։
Բարձրախօսին կոճակը դարձնելս ու բոլորին անհետանալը մէկ կ'ըլլայ, սակայն
հիմա պաստառիս վրայ կ'երեւին բոլոր այն գոյներն ու գիծերը, մանիշակագոյն,
կապոյտ կամ կանաչ, որ կը տեսնես, երբ ոեւէ ձայնային առաքում կ'ունկնդրես
համակարգիչիդ վրայ, առանց նկարի։ Սկիզբը ժխոր մըն է, որ կը լսեմ վերացական
արուեստը յիշեցնող ու տեւական շարժման մէջ գտնուող այդ պատկերներուն հետ,
սակայն հետզհետէ բառեր կը սկսին հասնիլ ականջիս, ծանօթ բառեր, ի՛մ գործածած
բառերը, իմ շա՛տ գործածած բառերս – հայ, հայերէն, Հայաստան... հայ, հայերէն,
Հայաստան. այդպէս բազմաթիւ անգամներ, յետոյ ուրիշ բառեր, նախադասութիւններ,
որոնք կարծես իմ յօդուածներէն առնուած ըլլային, բայց տարբեր շեշտով մը
արտասանուած, ըսես մեղադրանքնե՜ր ըլլային։
Մինչ ձայները կը յստականան, բերանները, աչքերուն ու ձեռքերուն հետ
վերստին կ'երեւին, ու պաստառս կը լեցուի անոնցմով։ Կը սկսիմ լսել ըսուածները.
- Ի՜նչ է միշտ կը սրբագրես մեր խօսած լեզուն, տեւաμար հայերէն բառեր կը
յուշես, երբ օտար μառեր կը գործածենք, հանգիստ ձգէ մեզ, ի՛նչ բառ ուզենք կրնանք
գործածել, ամեն բառի հայերէ՞նը կայ, կը բաւէ՛ ոստիկանութիւն ընես մեր վրայ...
- Քու գիտնալիքդ չէ, հայերէն կը խօսինք թէ չենք խօսիր, ինչպէս կ'ուզենք
այնպէս ալ կը խօսինք, ազատ աշխարհ է, դուն իրաւունք չունիս մեզի պարտադրելու,
որ քու ուզած լեզուով խօսինք...
- Մի՛ տանիր մեր գլուխը, որ հայերէն գրենք։ Ո՞վ հայերէն կը գրէ այսօր։
Ձգէ անգլերէն գրենք, այնքան աւելի դիւրին է մեզի համար, մի քանի տառով արդէն
կրնանք մեզ ուզածը հասկցնել մեր ձեռքի սարքերուն վրայ, հայերէնի ի՞նչ պէտք կայ...
- Հայերէ՞ն կարդանք... իրա՞ւ։ Ո՞վ հայերէն կը կարդայ այլեւս, մի խենթեցներ
մեզ։ Ի՞նչ գիրք կայ հայերէն, որ կրնայ հետաքրքրական ըլլալ, մինչ ֆրանսերէն ու
անգլերէն՝ որքա՛ն ուզենք...
- Ի՞նչ է, այդքան կը պնդես, որ հայկական վարժարան ղրկենք մեր զաւակները։
Ի՞նչ պէտք ունին հայերէն սորվելու համար ժամանակ վատնելու անոնք։ Մենք լա՜ւ
ուսում կ'ուզենք տալ մեր զաւակներուն...
- Հայ կեդրոններէն մի՛ հեռանաք, կ'ըսես, ձեր զաւակները հայութեան մէջ
պահեցէք կ'ըսես, վասն ինչի՞։ Ի՞նչ կը շահին անոնք հայկական նեղլիկ
շրջանակներուն մէջ։ Մինչդեռ որքա՜ն դուռներ կը բացուին իրենց առջեւ, երբ օտար
ընկերներ կ'ունենան, օտարներուն հետ կը շփուին, օտարներուն հետ կ'ամուսնանան...
Խոչընդոտ չի՜ մնար իրենց առջեւ, կրնան բարձրագոյն դիրքերու հասնիլ,
հարստանա՛լ...
- Այո, ի՞նչ կարծեցիր, հարստանալէն աւելի վեհ նպատակ չկայ կեանքի մէջ -
ամեն բան դրամի կապուած է - մեծ տուն, շքեղ ինքնաշարժ,
ճամբորդութիւններ, ի՛նչ որ կ'ուզես. մնացեալ ամեն ինչը իմաստ չունի։ Դրամ, դրա՜մ,
դրա՛մ...
Յետոյ քրքիջներ կը լսուին, կը բարձրանան ձայները, անգամ մը եւս պաստառէն
դուրս կու գան ու գլխուս վերեւ կը դառնան աչքերը, բերաններն ու ամբաստանող
ձեռքերը, ապա ետ՝ պաստառ կը վերադառնան ու կը շարունակեն
ամբաստանութիւնները.
- Հայաստանին օգնեցէք, կ'ըսես, Հայաստանը մեզի օգնած ունի՞։ Ինչո՞ւ
օգնենք, եnμ իրենք մտահոգ չեն իրենց երկիրը պահելու, կրցողը երկիրը կը կողոպտէ,
չկրցողը երկիրը կը լքէ, մե՞նք պիտի ըլլանք Հայաստանը փրկողը...
- Հայ դա՜տ, հայրենի՜ք, պայքա՜ր... ինչ պարապ խօսքեր, ո՞վ կը հաւատայ,
այլեւս, որ մեր հողերը ետ կրնանք առնել, ինչի՞ համար պիտի պայքարինք ու մեր
կեանքը մաշեցնենք։ Ի՞նչ միացեալ Հայաստան։ Այս եղածն ալ պահելու ի վիճակի չենք
ահա, ալ ի՞նչ երազ, ի՞նչ վերադարձ։ Ամբողջական հայութիւն՝ Հայաստանէն դո՛ւրս,
ահա մեր բռնած ճամբան, ի զուր յոյսեր մի՛ ունենար...
- Ժողովներ, անվերջ ժողովներ, ի՞նչ հետապնդելու, ի՞նչ իրականացնելու
համար։ Ժամավաճառութիւն պարզապէս. տունդ նստէ, տնային հանգիստ զգեստներդ
հագուէ, հեռատեսիլը բաց, ուզածդ դիտէ, աւելի լաւ բան մը ըրած կ'ըլլաս, քան
ժողովի երթաս, ի զուր փորձես ջուրը պատէն վեր հանել...
- Ալ կը μաւէ, մեզի՛ ալ մի ըսեր ժողովի երթանք, հայկական ձեռնարկներուն
ներկայ ըլլանք, հանգանակութիւններու մասնակցինք, Հայ դատ հետապնդենք,
Հայաստան երթանք... Ա՛լ յոգնեցանք, ա՛լ յոգնեցանք, յոգնեցանք, յոգնեց, յոգն...
Ու հետզհետէ կը լռեն ձայները, կ'անհետանան պատկերները։ Երկվայկեան մը
եւս, ու համակարգիչիս սեւ պաստառը ետ՝ սպիտակ էջիս կը վերադառնայ։ Սակայն...
Աչքերուս չեմ հաւատար։ Յօդուածս գրուած է...
ՎՐէԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2011-10-24



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝