Յայտարարութիւն

Sunday, October 9, 2011

ՆՇՈՅԼ ՀՐՃՈՒԱՆՔԻ


Որքան կը կարդաս Արամ Քէթէնճեանի «Նշոյլ Հրճուանքի» ի մէջ ամփոփուած բանաստեղծութիւնները, այնքան լաւ կը ճանչնաս Արամը: Էջ 86 եւ 87 իրար յաջորդող էջերուն մէջ կը հանդիպինք երկու Արամներուն. Ջերմութիւն փնտռող , զայն գտած ու անոր արժէքը գիտցող քնքուշ Արամը , իսկ յաջորդ էջին մէջ ՝ ըմբոստ Արամը, անխնայ ըմբոստացողը, որ պատրաստ է « սպաննել շողոքորթները, մտրակել յոռետեսները ...»:Պատահականութեան արդիւնք չէ որ այս երկու բանաստեղծութիւնները յաջորդական էջերու մէջ են զետեղուած... Ոչ: Բանաստեղծի ճիշտ տուեալները, հարազատ ապրումները չի կարելի չտեսնել այս անկեղծութեամբ օժտուած քանդակողին մօտ...
«Նշանակ»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»»«»«»«»«»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

Էջ 86


ՋԵՐՄՈՒԹԻՒՆԴ

Ով գեղեցկութիւն, ես հուսկ իմացայ,
Որ դու ես ակը լոյսին աշխարհի,
Իսկ արեւը վառ՝ ոյժ մ'է սպառող
Եւ իր ջերմութիւնն օրէ օր յանգող
Եւս առաւել, որ ջերմութիւնն այդ,
Միայն ցերեկով արժէքով է լի .
Սակայն ի՞նչ ըսեմ ջերմութեանդ մասին,
Որն մարդկային է, ոչ բնութածին,
Կայծկլտող նոյնիսկ գիշերուան մութին
Կամ բորանին մէջ ցուրտ ձմեռնային,
Քանզի մատներն իմ , երբ շօշափեցին
Այտերըդ բոսոր, այտերդ քնքշագին՝
Ջերմացան այնքան, որ խուսափեցայ
Գրիչով երգել մեր սէրը անգին,
Որ յանկարծ չայրի գրիչն իմ ձեռքին...

Էջ 87

ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆ

Պէտք է անտեսել սին օրէնքները.
Պէտք է դիմադրել մտքերուն խաւար.
Պէտք է կործանել սեւ, մութ խոհերը՝
Ապրելու համար լուսոյ պարգեւը:

Պէտք է սպաննել շողոքորթները
Եւ ստութեամբ լի կեղծաւորները.
Պէտք է մտրակել յոռետեսները,
Որ տիրապետէ խաղաղութիւնը...





«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝