Յայտարարութիւն

Wednesday, November 23, 2011

ԾԱՂԿԱՁՈՐ - 2010-ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ- «ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ.ԹԻ.ԷՍ.» - ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Սեդային այս օրագրութիւնը մէկ շունչով կը կարդացուի: Հոն ի յայտ կուգայ պատմողը,քննադատը, զուարթաբանը եւ ժամանակագիրը:
«Նշանակ»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»«»«»«»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»««»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
(Ա.)

Հայաստանի գրողներու միութեան համահայկական հինգերորդ համախմբումի մասնակցութեան համար Յունիս 25-ին Լիբանանի պատուիրակութեան քանի մը անդամներով (արձակագիր Զոհրապ Գիրէջեան եւ բարեհամբոյր կինը՝ Ալիս, բանաստեղծուհի Ազնիւ Գարալէքեան եւ բանաստեղծ Համբիկ Մարտիրոսեան), ճամբայ ելանք դէպի Երեւան։ Թռիչքը Պէյրութի ժամով կէս գիշերը անց ժամը մէկին է, օրը՝ Ուրբաթէն լուսցող Շաբաթ։ Գիշերուան ժամը 10։30-ն էր, երբ հասանք Լիբանանի օդակայան։ Հաճելի զգացում մըն է ներսս տիրապետողը, քանի որ հիմա խումբով է, որ կը ճամբորդեմ, եւ 1998-էն ի վեր ասիկա առաջին անգամն է, որ խումբի մը ընկերակցութեամբ եւ ուղղակի թռիչքով կը մեկնիմ Երեւան։ Թէկուզ նոր բարեկամներ ըլլան անոնք, թէեւ օդակայանն իսկ պարզեցի, որ Ազնիւ Գարալէքեան նաեւ եղած է իմ ուսուցչուհիս՝ «Մարտիկեան» ազգային վարժարանին մէջ, բայց եւ այնպէս հայկական ծանօթ ասացուածքի մը համաձայն, մահուան անգամ ընկերներով երթալը հարսանիքի երթալու պէս բան մը կրնայ ըլլալ։

Ճիշդ այդպէս եղաւ կարծես ինծի համար ալ։ Քանի որ մանաւանդ կեանքիս վերջին տասնամեակին դժուար ճամբաներու վրայ մի՛շտ առանձինս բարձրացայ տեսակաւոր գողգոթաներ, իսկ հիմա Հայաստան կ’երթամ ծանօթ-բարեկամներով՝ մասնակցելու Գրողներու համահայկական հինգերորդ համախմբումին։ Սա՛ ալ առաջին փորձառութիւն մըն է ինծի։ Վերջապէ՜ս, կ’ըսեմ միտքէս, կարգս եկաւ ինչ-որ չափով արժեւորուելու համար իբրեւ բանաստեղծ ու գրող։ Անշուշտ՝ շնորհիւ քերթուածներու միակ հատորիս, «Եզերք»իս, զոր 2006-ի վերջին օրերուն լոյս տեսաւ Երեւան, «Նարեկացի» արուեստի միութեան հովանաւորութեամբ։ Հիմա պատրաստ ունիմ արձակներու փունջ մը, պատմուածքներ եւ գրական պատկերներ, բայց Լիբանանի մէջ գործող այն հիմնադրամը, որուն դիմած եմ, տակաւին չպատասխանեց, թէեւ ես այն տպաւորութիւնը ունէի, որ այս ճամբորդութեանս պիտի կարենայի հետս տանիլ նաեւ արձակներու նոր գիրքս, զոր պատրաստած էի անցնող ապրիլին, բայց տակաւին ձայն-ձիւն չելաւ այդ մասին...

Յամենայն դէպս փաստ է, որ գրող եմ, ունիմ բանաստեղծութիւններու գիրք, որուն շնորհիւ կ’երթամ համահայկական հինգերորդ համախմբումին։ Առաւօտեան ժամը 5։00-ին, Երեւանի ժամով, հանգիստ ու ապահով կը հասնինք Զուարթնոց օդակայան։ Ու ի զարմանս յոգնած ու անքուն ճամբորդներուս՝ օդակայանը տարօրինակօրէն խճողուած է։ Համաշխարհային մակարդակի օդակայան ըլլար կարծես։ 4-5 օդանաւ միասին հասած են տարբեր երկիրներէ, ու մարդկային շարքերը պոչ բռնած՝ ո՛չ թէ հանգիստ կը քալեն, այլ մանրիկ-մանրիկ կը յառաջանան տեղքայլի նմանող իրենց երթին մէջ։ Անցագրի վերջին ստուգման խցիկը կը թուի երանելի վայր, ուր հասնելու համար իրապէս որ համբերութիւն է պէտք... լա՜յն համբերութիւն։ Բայց այնքան ատեն որ շարքի մէջ ես, անպայման հոն եւս պիտի հասնիս, կ’ըսեմ միտքէս ու ինքզինքս աւելի լաւ կը զգամ։ Երբ վերջապէս կը հասնիմ «Աւետեաց երկիր», խցիկի պաշտօնեայ օրիորդը սիրալիր կը պատասխանէ, որ քանի մը չուերթ ուշացում ունեցած է, եւ ահա 4 օդանաւեր միաժամանակ էջք կը կատարեն Զուարթնոց օդակայան՝ պատճառ դառնալով այսքան մեծ թիւով ճամբորդներու դէպի ելք շատ դանդաղ յառաջացման։ Բայց պաշտօնեայ օրիորդին ժպիտն ու մեղմանուշ ձայնը յոգնած ճամբորդները հանգստացնելու բացառիկ դեր կը կատարեն, որովհետեւ արդէն մեր զուարթութիւնը վերագտած դուրս կ’ելլենք։

Մինչ այդ՝ խճողումին պատճառով մեր ուշացման համար պէտք է որ հեռաձայնեմ Երեւան եւ տեղեկացնեմ իմ հիւրընկալիս, թէ չմտահոգուի ինձմով, հասած եմ արդէն Հայաստան, եւ թէ ուշացումով միայն պիտի կարենամ հասնիլ իր մօտ, առանց երբեք գիտնալու, թէ տակաւին քանի՛ ժամ պիտի մնանք այս շարքերուն մէջ, յոգնած ու սպառած։ Նաեւ պէտք է լուր տամ իրեն, որ խենթութիւն մը չընէ յանկարծ եւ զիս դիմաւորելու համար օդակայան չգայ, արդէն այս մասին բազմիցս զգուշացուցած եմ զինք Պէյրութէն՝ հաւաստիացնելով միշտ, թէ պէտք չունի մտահոգուելու, ես ձեւ մը կը գտնեմ՝ ինծի ծանօթ Երեւանին մէջ եւ անպայման կը բարձրանամ վեցերորդ Մասիւ եւ այլն, եւ այլն։
Հիւրընկալս՝ Մարօ Խաչատրեան, որ երիտասարդ մանկավարժ է եւ մեսրոպեան ուղղագրութեան մասնագէտ, «Բագին» գրական հանդէսի նախորդ թիւին մէջ ընդարձակ յօդուած մը ստորագրած էր ուղղափառ ուղղագրութեան վերադարձի անհրաժեշտութեան մասին, մեր միջեւ կարճ ժամանակով մը եւ փոխադարձաբար զարգացած նամակագրութեան մը իբրեւ արդիւնք։ Իր նամակներէն զատ, զինք կը ճանչնամ նաեւ ֆէյսպուքի մէջ տեղադրած նկարներէն ու հիմա պահն է, որ ոչ միայն դէմ յանդիման գանք իրարու հետ, այլեւ ես իր հիւրը ըլլամ ամբողջ երկու շաբաթ։

Անմիջապէս կը դիմեմ քովս՝ իրարու հետ պէյրութեան հայերէնով խօսող տղոց ու անոնցմէ մէկէն բջիջային հեռաձայն կը խնդրեմ, որպէսզի Մարոյին հեռաձայնեմ։ Երիտասարդը սիրով կը տրամադրէ իր բջիջայինը ինծի, կը խօսիմ քանի մը բառ Մարոյին հետ, որ ամբողջ գիշեր արթուն մնացած է՝ առաւօտ կանուխ զիս կարենալ ընդունելու համար։ Վերջնական պատասխան չեմ կրնար տալ, թէ ե՛րբ դուրս կրնամ ելլել օդակայանէն, այլ կը խոստանամ պարբերաբար զինք տեղեակ պահել մեր կացութենէն։ Այդ պահուն նոյնիսկ չէի իմացած, որ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ը յատուկ ծրագիր մը ունի Երեւան ժամանող բոլոր ճամբորդներուն բջիջայիններուն համար ձրիօրէն տրամադրելով բջիջային հեռաձայնի յատուկ հայաստանեան քարտը, հետն ալ՝ քանի մը հարիւր դրամի չափով խօսելու հնարաւորութիւն։ Անքնութեանս պատճառով էր կարծես, որ չէի նկատած անգամ, թէ օդակայանին չորս կողմը այս մասին ծանուցող մեծադիր փանօներ կան (կամ ալ՝ թերահաւատութեամբ է, որ դիտեր եմ այդ բոլորը, քանի որ ի՜նչ ձրի բան կարելի է ստանալ Հայաստանի մէջ, մանաւանդ երբ խնդիրը կը վերաբերի հեռահաղորդման ծրագրի մը...)։

Բայց մեծ եղաւ զարմանքս, երբ ամէն անգամ որ Մարոյին հետ խօսելու հարկ զգացի ու այդ նպատակով ալ երբեմն ե՛ւ հայաստանցիներէ, ե՛ւ սփիւռքահայերէ բջիջային հեռաձայն խնդրեցի, առանց բացառութեան՝ բոլորն ալ սիրով ընդառաջեցին խնդրանքիս։ «Հայաստանի մէջ բան մը փոխուեր է դէպի լաւը... մարդիկ աւելի կամեցող դարձեր են» մտածեցի, ու այս երեւոյթը ուրախացուց զիս, որովհետեւ փոխուածը ոչ միայն ժողովուրդին մէջ կամեցողութեան աստիճանի բարձրացումն էր, այլեւ անոր ետին կանգնած նիւթական վիճակի բարելաւման խնդիրն էր, որ ակնյայտօրէն կը նշմարուէր։ Այս իրականութիւնը շարունակուեցաւ, նոյնիսկ երբ օդակայանէն դուրս ելանք եւ խումբով վեցերորդ Մասիւ բարձրացանք, որպէսզի նախ ես հասնիմ իմ հիւրընկալիս տունը, ապա խումբը շարունակէ իր ճամբան ուղիղ դէպի Ծաղկաձոր՝ Հայաստանի գրողներու տան ամարանոց։ Բայց վարորդը Ծաղկաձորէն ըլլալուն, լաւ չէր գիտեր Մարոյի տան հասցէին ուղղութիւնը, հետեւաբար Երեւանի ժամով առաւօտեան ժամը 7։30-ին փողոցներու վրայ երեւցող պատահական քանի մը անցորդներէ ստիպուեցայ քանի մը անգամ բջիջային հեռաձայն խնդրել, մինչեւ որ կրցայ գտնել ո՛չ միայն Մարոյի տան հասցէն, այլեւ՝ զինք։

Այս ամբողջ եղելութիւնը ինծի յիշեցուց այն, թէ ինչպէ՛ս 2007-2008 ձմրան եղանակին, երբ ինը շաբաթով Հայաստան եղայ, 30 ամերիկեան տոլար վճարեցի, որպէսզի բջիջայինս կարենայի օգտագործել Հայաստանի մէջ։ Բաւական մեծ գումար մըն էր այդ մէկը նոյնիսկ ինծի համար, ալ ո՜ւր մնաց՝ տեղացիներուն համար։ Ու այդ օրերուն բջիջայինի օգտագործումը նոյն տարածումը չունէր քաղաքացիներուն մօտ, որոնք եթէ ունէին, ունէին միա՛յն անհրաժեշտ կապի մը համար, անոնք աւելի շատ միստ-քոլ կ’ընէին, ապա կը սպասէին, որ դիմացինը հեռաձայնէր իրենց, որովհետեւ բջիջային հեռաձայնը այդ օրերուն իրապէս որ սուղ հաճոյք մըն էր։ Իսկ հիմա՞... յուրախութիւն բոլոր ճամբորդներուն եւ անշուշտ շնորհիւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի Հայաստանի ընդհանուր պատասխանատու եւ ծրագրի հովանաւոր պէյրութահայ գործարար Ռալֆ Եիրիկեանի հեռատես ձգտումներուն, Հայաստան մուտքի առաջին իսկ վայրկեանէն այդ կարելիութիւնը կը տրամադրուի ամբողջովին ձրի՛ եւ բոլորին՝ անխըտի՛ր...
Աւելցնեմ, որ հետագայ օրերուն նաեւ առիթ պիտի ունենայի զրուցելու «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի Հիւսիսային պողոտայի բաժանմունքի աշխատակիցներէն, Համազգայինի Պէյրութի Հայագիտական հիմնարկի նախկին ուսանողուհիներէն Ֆրիտային հետ եւ տեղեկանալ անկէ, որ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի առիթով Եիրիկեանի հաստատած աշխատանքային պայմանները իրապէս հասած են եւրոպական չափանիշներու, պահպանուած են աշխատողներուն բոլոր տեսակի իրաւունքները, օրինաւորութիւնը հիմնական սկզբունք է այս հաստատութենէն ներս, իսկ օրէնքը բոլորին համար ոչ միայն հաւասար է, այլեւ մարդոցմէ վե՛ր արժէք մըն է, որուն տարրն ու ոգին պահպանելը երկու կողմերուն ե՛ւ իրաւունքն է, ե՛ւ պարտաւորութիւնը, բան մը, որ իրապէս գովելի երեւոյթ է, քանի որ Հայաստանի մէջ բոլոր խնդիրները տակաւին առաւելաբար կը լուծուին ԽԾԲ երրեակի տրամադրութիւններով, քան՝ օրէնքի տիրակալութեամբ։ Այս բաժինը վերջացնելու համար նշեմ նաեւ, որ Եիրիկեան Հայաստանի մէջ նաեւ կ’իրականացնէ բարեսիրական, ազգային, մշակութային եւ արուեստի մարզերը խթանող ծրագիրներ, որոնցմէ այդ օրերուն ամէնէն յատկանշականը եղաւ «Ոսկէ ծիրան» հայկական շարժապատկերի փառատօնը, որուն գլխաւոր հովանաւորութիւնը ի՛նք ստանձնած էր։
... Ահա՛ եւ՝ վեցերորդ Մասիւի թռչուններու ճռուողիւնին հետ հետզհետէ տարածուող շաբաթ առաւօտեան զով օդին մէջ լոյսը կը սկսի զգացման ոսկեայ ակօսներ բանալ նաեւ ինձմէ ներս։ Վերջապէս կը նշմարեմ հաւանական Մարոյին սիլուէթը, որ քովընտի, երկրորդական կարճլիկ փողոցէ մը դէպի մեր խումբի «Կազել» մակնիշով մեծկակ կարմիր փոխադրակառքը կը բարձրանայ կանացի նուրբ քայլերով, «անծանօթ» իր հիւրը ընդունելու զուարթ պատրաստակամութեամբ։ Հարազատ մը գտածի սրտագին ողջագուրում մը, ապա առանց զգալու, Մարոյին հետ թեւանցուկ կը սկսիմ պարել... քանզի նորէ՛ն Հայաստան եմ։


«ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՑ ՄԻՋՆԱԲԵՐԴ»
(Բ.)
Կիրակի, 27 Յունիսի կէսօրուան ժամը 1ին ճամպրուկիս հետ միասին կը միանամ «Բաղրամեան» պողոտայի վրայ գտնուող Հայաստանի գրողներու միութեան տան մայթին վրայ խմբուած քանի մը գրողներու, որոնք հիմնականին մէջ Սուրիայէն եւ Սթանպուլէն ժամանած են։ Երկու փոխադրակառքեր տրամադրուած են մեզի։ Ուրախ մթնոլորտ մը կը տիրէ չորսդիս։ Ծանօթներ ու բարեկամներ զիրար կը գրկեն, նորերը՝ կը ծանօթանան իրարու, ողջագուրում, սիրազեղ գրկընդխառնում, ողջոյններ, ողջոյններ անհատնում, ու կառքերը իրարու ետեւէ մեզ կը տանին Ծաղկաձոր՝ Հայաստանի գրողներու միութեան ամարանոց, ուր յաջորդ օրուան առաւօտեան ընթացք պիտի առնէ Համահայկական հինգերորդ համաժողովը։ Գրեթէ մէկ ժամ ետք կը հասնինք նշուած վայրը։ Վայր մը, կը մտածեմ, ուր հնչած է Չարենցի, Սեւակի, Շիրազի ու միւս խրոխտներուն հայրենասիրական ճառերն ու Հայաստանի ամէնէն «ազգային»ներուն ըմբոստ ու անզիջող կեցուածքները՝ յանուն ճշմարտութեան եւ յանուն Հայաստանի՛։ Ու Չարենցի մեծադիր արձանը՝ շէնքին մայր մուտքի աջ կողմն ի վեր խոյացած, հայեացքը՝ անհունին, միտքերը՝ Նայիրեան Երկրի պայծառ գալիքին…
Ծաղկաձորի զով ու մաքուր օդը կը կազդուրէ բոլորս։ Բաւական ընդարձակ այս համալիրին մէջ սենեակներու դասաւորումը զոյգ առ զոյգ նախօրօք կատարուած է արդէն. պատրաստուած ցուցակին հետեւելով բոլորս կ’ունենանք մեր տեղերը, իսկ մօտաւորապէս քսան քաղաքներէ ժամանած գրողներու ցանկը (մօտաւորապէս ինիսուն հոգի) գրեթէ կ’ամբողջանայ նոյն գիշերն իսկ։
«Հայ գրականութիւնը հայոց միջնաբերդ» ընդհանուր խորագիրը կրող համահայկական հինգերորդ խորհրդաժողովը՝ Երկուշաբթի 28 Յունիսէն Ուրբաթ 2 Յուլիս, յատկանշուեցաւ նոր ծանօթութիւններով, իսկ արդէն ծանօթ-բարեկամ գրողներու հետ անգամ մը եւս տեսնուելու լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ, ինչպէս նաեւ՝ աշխարհի զանազան երկիրներէ ժամանած գրողներու հետ կենդանի շփման մէջ մտնելու, իրարու հետ մտքեր փոխանակելու, նոյնիսկ հաց կիսելու եւ ամբողջ հինգ օր մէկ մեծ ընտանիքի պէս իրարու հետ կողք-կողքի եւ միատեղ ապրելու պատեհութիւն ընձեռեց։
Բայց եւ այնպէս, պէտք է ըսել, որ բացականերն ալ շատ էին այս համագումարէն։ Բաւական մեծ էր թիւը անոնց, որոնք զանազան պատճառներով չէին ընդառաջած հրաւէրին։ Վաւերական, երէց սերունդի գրողներէն, քննադատներէն մինչեւ երիտասարդ գրիչներ։ Գանատա, Աւստրալիա, Ֆրանսա մեծ բացականեր էին, իսկ Ամերիկայէն, Լիբանանէն, Պոլիսէն միայն քանի մը անուն ներկայ էր։ Սփիւռքի ներկայութիւնը՝ գաղութային առումով, բնաւ յատկանշական չեղաւ մանաւա՛նդ Համագումարի նիստերուն, որովհետեւ ընդհանրապէս չներկայացուեցաւ սփիւռքահայ գրողներու դիմագրաւած դժուարութիւններն ու կարելի լուծումները՝ իւրաքանչիւր գաղութի մէջ։ Այլեւ՝ վերլուծումներ ընդհանրապէս չեղան, բացի մասնակի քանի մը նիստերէ, ուր կա՛մ ներկայացուեցան անհատ գրողներու գործեր, կամ ալ խօսքերը յաւուր պատշաճի արտայայտութիւններու, թէ անհատական հաշիւներ մաքրելու սահմաններու մէջ մնացին եւ աւելի անդին չանցան։ Տպաւորիչ էր, օրինակ, Արցախի գրողներու միութեան նախագահ, բանաստեղծ Վարդան Յակոբեանի խօսքը՝ նահատակներուն արեան գնով շահուած հողը ի գին ամէն բանի պահելու եւ մշակութային կեանքը անպայմա՛ն զարգացնելու պահանջ ու թելադրանք իբրեւ, ինչպէս նաեւ՝ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագիր, արձակագիր Ռ. Հատտէճեանի այն մատնանշումը, որ հայ գրականութիւնը պէտք է դուրս գայ իր փակուած, ներքին կեանքով ապրելու վիճակէն եւ թարգմանութեան ճամբով բաշխուի համայն մարդկութեան՝ իբրեւ ապրող, ժամանակակից գրակականութիւն։ Ի դէպ, այս միտքը արծարծուեցաւ նաեւ Հայաստանէն կարգ մը գրողներու խօսքերուն մէջ, յատկապէս՝ բանաստեղծներ Հենրիկ Էդոյեանի եւ Արտեմ Յարութիւնեանի կողմէ։
Համագումարին յատկանշական մէկ այլ կէտը կանացի մեծաթիւ ներկայութիւնն էր, թերեւս տղամարդոց թիւէն ալ աւելի, առաւելաբար եկած՝ ներքին ու դասական Սփիւռքի երկիրներէն (Հայաստանէն կին գրողներու ներկայութիւնը գրեթէ աննշան էր) սակայն, ցաւօք, կանացի ո՛չ մէկ ձայն հնչեց ամպիոններէն, ո՛չ իբրեւ բանախօս, ոչ ալ իբրեւ նիստը վարողներ։ Պատահական մէկ-երկու արտայայտութեան առիթներ տրուեցան միայն, եթէ չհաշուենք Երեքշաբթի օր տեղի ունեցած Համագումարի պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանի արտասանած կուռ խօսքը։ Բացման հանդիսութիւնը նաեւ աչքի զարկաւ շքանշաններու եւ պատուոյ գրերու առատութեամբ, այս առիթով Սփիւռքի նախարարութիւնը հրապարակ հանած էր «Ուիլիըմ Սարոյեան»ի անուան շքանշան, որ շնորհուեցաւ Թորգոմ Փոստանջեանի (ԱՄՆ), Թորոս Թորանեանի (Սուրիա), Լեւոն Անանեանի (ՀԳՄ նախագահ), Արամ Արսէնեանի, ապա պատուոգրեր շնորհուեցան Վարդան Յակոբեանի (Արցախ), Մատլէն Գարագաշեանի (Ռումանիա), Գէորգ Սնխջեանի (Վրաստան), Ռոպէր Հատտէճեանի (Թուրքիա), Տիգրան Գաբոյեանի (Սուրիա), Սարգիս Կիրակոսեանի (Լիբանան) եւ բանաստեղծ Վարանդի (Իրան)։
Համագումարը թէեւ երբեմն յաջողեցաւ մատը դնել Հայ Գրականութեան արիւնող կարգ մը վէրքերու վրայ (օտար լեզուներու անարգել գրոհը հայկական օճախներէ ներս, հայոց լեզուի նահանջ՝ գրեթէ ամէնուր, խօսակցական եւ գրական լեզուներու դժուարին սահմանազատում ներկայ օրերուն՝ մանաւա՛նդ լրատուական միջոցներու աշխատակիցներու բերնին մէջ դարձող ո՛չ հայավարի հայերէնին պատճառով, օտարալեզու վարժարաններու ցանցը ընդարձակելու որոշում Հայաստանի մէջ, հայ գրողներու միջեւ անհանդուրժողութեան մթնոլորտ, հայատառ մամուլի եւ այլ հրատարակութիւններու ընթերցանութեան նուազում, մեկենաս-հովանաւորներու սակաւութիւն եւ ընդհարապէս ազգային մակարդակի վրայ մշակութային քաղաքականութեան եւ համապատասխան ռազմավարութեան չգոյութիւն…), բայց դուն ուրեք յաջողեցաւ լուծումներ առաջարկել, թէկուզ հարցերը քննարկել ակնկալուած խորութեամբ ու սպառիչ կերպով։
Իր բոլոր բարեմասնութիւններով հանդերձ, համագումարը չեղաւ այն պահը, ուր «հայ գրականութիւնը հայոց միջնաբերդ» թեւաւոր ասոյթը կարենար իր ամբողջական տարազումը գտնել, բայց եւ այնպէս գնահատելի ներդրում մը բերաւ՝ հայ գրողներու մեծաթիւ ներկայութիւն մը նոյն ծածկին տակ խմբելու առումով, ինչ որ ծանօթացման շքեղ առիթ մը հանդիսացաւ՝ յատկապէս առաջին անգամ մասնակցողներուս համար, ու մանաւանդ լաւագոյն պատեհութիւնը՝ Ծաղկաձորի շքեղ բնութեան ծոցը հինգ օր պատմական պահեր ապրելու։
… Դարձեալ նոյն յուզումն է, որ կը սողոսկի երակներէս ներս։
Ծաղկաձո՜ր…
Հրաշալի անուն՝ հրաշքանման այս բնութեան համար։ Հո՛ս է նաեւ իրաւ Հայաստանը՝ իր կանաչապատ անտառներով, բնութեան երփներանգութեամբ, Կեչառիս դարաւոր վանքի այնքան խոհուն համալիրով, այլեւ շատ, շա՜տ երգեցիկ թռչուններով, որոնք իւրայատուկ տեսք, չափ ու գոյն ունին, չտեսնուած գեղեցկութիւն մը կը բանան աչքիդ առջեւ, մանաւանդ երբ ամէն առաւօտ կու գան կը կանգնին սենեակներու պատշգամներու բազրիքին եւ կամ խրոխտաբար կը ճախրեն մարդոց գլուխներն ի վեր, ու կը ճռուողեն այնքա՜ն թովիչ, այնքա՜ն երջանիկ, վե՜ր, աւելի վե՜ր, կապոյտին մէջ, կապոյտին յաւերժութեանը մէջ սիրատոչոր ձուլուելու համար կարծես…
Բանաստեղծական այս վայրին բոյրը պէտք է զգալ նաեւ… բուրումնաւէտ բնութիւն, բուրաստան ու զգլխիչ բո՜յր, որ կը բարձրանայ ամէն երեկոյեան՝ մաքուր փողոցներուն վրայ հակած կանաչաւուն ծառերէն ու անոնց մէջ գաղտագողի բացուած գունաւոր նորափթիթ ծաղիկներէ։ Եղեր են պահեր, երբ կարծէր էի, որ գիրքերու մէջ միայն փակուած կը մնայ բուրաւէտ տեսարաններու նկարագրականը, եւ թէ հայ մարդը այլեւս բնութեան բոյրը լիարժէքօրէ՛ն հասկնալու, զայն ըմբռնելու, այլեւ ըմբոշխնելու ո՛չ առիթը ունի, ո՛չ ալ համապատասխան վայրը այս երկրագունդի հայաշատ ոստաններուն մէջ, բայց ուրախ եմ անչափ, որ սխալեր եմ չարաչար, քանզի հո՛ն, ի՛ր իսկ անունին տէր Ծաղկաձորը զգայարաններու ինչպիսի՜ շարժիչ ուժ ունի իր մէջ, շնորհիւ իր վայրի բնութեան ու անկէ հոսող այնքա՜ն հաճելի, ներշնչող ու հոգեխռով բոյրին…
Ծաղկաձո՜ր…
Դուն հայ մարդուն ու հայ հոգիին յաւերժութեա՜ն գրաւական։


-Ա. ՕՐՈՒԱՆ ՆՇԱՆԱԿԱԼԻՑ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ-
ԾԱՂԿԱՁՈՐ-ԷՋՄԻԱԾԻՆ-ԾԱՂԿԱՁՈՐ
(Գ.)
Գրողներու Համահայկական Հինգերորդ համաժողովը, բացի թեմաթիկ նիստերէ, կ’ընդգրկէր նաեւ այլ ձեռնարկներ, որոնք ծրագրուած էին յստակ ժամանակացոյցով։ Այսպէս, Երկուշաբթի, Համագումարի առաջին օրուան նախաճաշէն ետք Ծաղկաձորի ամարանոցի լայնատարած գաւիթին մէջ պարոն Լեւոն Անանեան ոտքի վրայ բացումը կատարած էր Գրողներու համահայկական հինգերորդ համաժողովին եւ մեզ հրաւիրած՝ ՀԳՄ լուսանկարիչ Բախշի Խաչատրեանի լուսանկարչական ցուցահանդէսին եւ գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառքին, որոնք նոյն վայրին մէջ տեղի կ’ունենային, ապա մեզ հրաւիրած էին դահլիճ՝ ներկայ ըլլալու «Թռիչք եւ թեւեր» խորագրեալ ձեռնարկի մը, որուն ընթացքին հայրենի բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեան ներկաները ծանօթացուց Հայաստանի նորափթիթ, երիտասարդ սերունդի տաղանդաւոր տղոց ու աղջիկներու ժամանակակից մտորումներուն, խոստմնալից թռիչքներուն, ապա տաղանդաւոր նորերու արտայայտման բեմի՝ «Գրե-թերթ»ի խմբագիր Արքմենիկ Նիկողոսեանի հետ փոխն ի փոխ վարելով ձեռնարկը, անոնք մէկ առ մէկ ներկայացուցին շատ երիտասարդ գրիչներն ու անոնց ցարդ հրատարակած գործերը, որոնք նոյն ատեն տարբեր լեզուներու թարգմանութեանց արժանացած էին։ Երիտասարդներու խմբակէն շնորհալի տղաք ու աղջիկներ յաջորդաբար իրենց գործերէն կատարեցին ընթերցումներ, որոնք սակայն միշտ չէ որ հաճոյքով ընկալուեցան ներկաներուն կողմէ, քանի որ անոնցմէ շատ քիչերն էին, որ յաջողեցան իրենց սրտի յոյզն ու մտքի թափը հեզասահ ու ճիշդ առոգանութեամբ հասցնել ունկնդիրին։ Բարեբախտաբար, նաեւ տեղին նշումներ եղան այս մասին՝ ընդգծելով այն իրողութիւնը, թէ այսօր արեւելահայերէնը եւս բանաւոր ընթերցումի թէ ասմունքի ձեւի մէջ կ’ապրի նահանջ՝ նոյնիսկ հայկական բնօրրանի ամէնէն տաղանդաշատ շրջանակներու մէջ։
Կէսօրուան ճաշէն ետք, յետմիջօրէի ժամը երեքին, արտերկրի գրողներու խումբը մեկնեցաւ Էջմիածին եւ մօտաւորապէս երեք ժամ հիւրը եղաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ.ի։ Վեհարանի դահլիճին մէջ գրողներու թիւը կրկնապատկուած էր, որովհետեւ Ծաղկաձորի խումբին միացած էր նաեւ Հայաստանի գրողներէն նկատառելի խումբ մը։ Հոս էր, որ առաջին անգամ ըլլալով գրեթէ բոլոր մասնակիցները հանդիպեցան իրարու (ըստ յայտարարութեան՝ ինիսուն հոգի)։ Գարեգին Բ. Ամենահայոց Վեհափառը լայն սրտով, մեծ դրուատիքով եւ խրախուսական ջերմ խօսքերով ողջունեց հայ գրողները՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, ապա աւելի քան մէկ ժամ յոտնկայս զրուցեց դահլիճը լեցուցած գրողներուն հետ, լսեց անոնց դժուարութիւնները, սպառիչ պատասխան տուաւ հարցումներուն եւ Էջմիածնի զօրակցութիւնը յայտնեց հայ գիրի ու դպրութեան յաւերժութեան նուիրուած հայ մտաւորականին, գրողին ու մշակութային գործիչին, իր խօսքին մէջ յորդորելով ազգային միաբանութեան գաղափարն ու պետականութիւն-եկեղեցի-ժողովուրդ երրեակի առաւել սերտացման հրամայականը։ Հրաժեշտ տալէ առաջ Էջմիածնին, բազմատասնեակ գրողները ստացան հոգեւոր օճախի հրատարակութենէն հատորներ եւ հիւրասիրուեցան Հայաստանեայց Առաքելական Մայր Աթոռի միաբաններուն կողմէ։
Խումբին Ծաղկաձոր վերադարձը եղաւ առանց հայաստանցի մեծաթիւ գրողներու, այլ անոնցմէ միայն քանի մը գրող մեր փոխադրակառքը բարձրացաւ։ Հաւանաբար տնտեսական նկատառումներով էր, որ Հայաստանի գրողները Ծաղկաձորի մէջ մեծաթիւ ներկայութիւն չեղան միշտ, բացի երէց սերունդի քանի մը ներկայացուցիչներէ թերեւս, որոնք մեզի պէս իրենք ալ իջեւանած էին Ծաղկաձոր, նաեւ ելոյթներով մասնակիցներ էին ծրագրին, իսկ ուրիշներ պարբերաբար ներկայ կ’ըլլային, ըստ ձեռնարկի բնոյթին, պաշտօնական հիւրերու ցանկին։ Ծրագրին մէջ, ընթրիքէն առաջ նշուած էր «Մթնշաղի կամուրջներ» գրական-երաժշտական երեկոն, որ իր մատուցման ձեւով, ոճով ու բովանդակութեամբ շատ տպաւորիչ էր։ Մեծն բանաստեղծ Վահան Տէրեանի ծննդեան 125-ամեակին առիթով լոյս տեսած «Մթնշաղի կամուրջներ» քերթուածներու նորատիպ հատորիկը խմբագրած է բանաստեղծուհի Գոհար Գալստեան, մէկ էջի վրայ Տէրեանի մէկ ստեղծագործութիւնը, իսկ դիմացի էջին վրայ Համագումարին ներկայացող կարգ մը բանաստեղծներու տէրեանական մոթիֆներով գործերու տեղադրումը կատարած է։ Ասոր համար ալ գիրքը կոչուած է «Մթնշաղի կամուրջներ»։ Գործին երաժշտական-բեմական յղացումը եւս կը պատկանի բանաստեղծուհիին, իսկ գործադրութեան համար ան օգտագործած էր Գեղարուեստաթատերական հիմնարկի աշակերտներէն զոյգ մը եւ երիտասարդ թաւջութակահար մը, որոնք լաւապէս յաջողեցան ներկաները փոխադրել տէրեանական թախծոտ աշխարհ, ուր սէրն ու աշունը, թաւջութակին լարերն ու բաժանման արհաւիրքը զգայնութիւններու բացառիկ բեմադրութեամբ մատուցուեցան, շնորհիւ շնորհաշատ ուսանող զոյգին՝ Անի Գալստեանի եւ Յարութիւն Անդոյեանի, որոնք ո՛չ միայն աշնանային թուղթէ տերեւներու վրայէն ընթերցեցին Տէրեանը, այլեւ զայն զգացին մինչեւ իրենց մազերակները եւ իրենց զգացածը նոյնութեամբ հաղորդեցին դահլիճին, որմէ սակայն ոչ միայն կը սպասուէր համապատասխան ընկալում, այլեւ նուազագոյն յարգանք՝ դէպի բեմն ու Տէրեանը։ Սակայն, տարօրինակօրէն, ինքնըստինքեան խելամիտ մարդոցմով լեցուած դահլիճը սկսաւ անտեղի աղմկել, բջիջային հեռաձայններու զանգեր հնչեցին տարբեր անկիւններէ, որոնց յաջորդեցին հեռաձայնային խօսակցութիւններ՝ առանց նոյնիսկ սրահը ձգել-հեռանալու, այլ՝ տեղւոյն վրայ, նստած տեղն իսկ (ի դէպ, Համագումարի բոլոր օրերուն եւ ամէն նիստի հնչեցուեցան բջիջայիններ՝ աջէն-ձախէն, եւ ո՛չ մէկը անոնց տէրերէն յոգնութիւնը առաւ լռեցնելու զանոնք, անգա՛մ ամէնէն լուրջ կարծուած վայրկեաններուն… իսկ բոլոր նիստերուն ալ դահլիճ մուտքի դուռը միշտ ալ երթեւեկի, մուտքի ու ելքի բանուկ ճամբու մը վերածուեցաւ, անհարկի աղմուկով լեցնելով դահլիճն ու լուռ նստած ներկաներուն ականջները…)։
Պատահեցաւ նաեւ, որ բջիջայինը շալկած եւ հեռանալու փորձ կատարողներէն ոմանք ալ երբեմն այնքան զբաղած էին իրենց խօսակցութեամբ, որ փոխանակ մինչեւ դուռ հասնիլը շշնջալու, կամ նուազագոյնը՝ մեղմաձայն փսփսալով դահլիճը չխանգարելու ճիգ մը կատարելու, կը խօսէին իրենց ամէնէն զիլ ու ուժեղ ձայնով, կարծես միտումնաւոր կը ձգտէին խանգարել դահլիճին անդորրը այնքան, որ կարգ մը ներկաներ չվարանեցան հայոց այբուբենի «շա» տառը իրարու ետեւէ հնչեցնել (շշշշշ…), բայց՝ անօգուտ։
Այսպէս, Տէրեանն ու Գոհար Գալստեանի հրաշալի բեմադրութիւնը խոցուեցան այնքան, որ աւարտին, երբ ՀԳՄ նախագահ պարոն Լեւոն Անանեան առջեւ հրաւիրեց ծրագրի հեղինակ բանաստեղծուհին՝ իր խմբագրած նոյնանուն հատորին ու անոր բեմական յղացքին մասին խօսելու, ան իր խօսքը տակաւին չամբողջացուցած սկսաւ բարկութենէն ու յուզումէն, չգնահատուած ըլլալու տագնապէն արդա՛ր պոռթկումով լալ…

… Նոյն վայրկեանին կարծեցի դահլիճին խորքէն լսած ըլլալ այսպիսի խօսակցութիւն մը.
-Արրրա՜՜՜…էս ի՛նչ պատահեց, իաա՜…
-Հէէէ՜չ…ի՞նչ ա եղել որ, Հայաստա՛ն ա, մենք ենք ու մերոնք, օտար մարդ չկա՜յ...

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿՈՒՄԱՅՐԻ ՔԱՂԱՔԻ ՄՏԵՐՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
(Դ.)
Չորեքշաբթի, 30 յունիսը բացառիկ օր մը եղաւ Համահայկական հինգերորդ համաժողովի մասնակիցներուս համար, երբ մեր փոխադրակառքը Սեւանայ լիճի ամբողջ լայնքը մեր աչքերուն դիմաց փռելով՝ մեզ տարաւ Հայաստանի մարդաշատ երկրորդ մեծ՝ պատմական Կումայրի քաղաքը։ Բոլորիս մտքին մէջ նոյն հարցումն էր տիրապետողը, թէ ինչպէ՞ս պիտի գտնենք Գիւմրին, ահաւոր երկրաշարժէն մօտաւորապէս 20 տարի ետք։
Այսօր էր նաեւ, որ մեծաւ մասամբ սփիւռքները ներկայացնող գրողներս (40-45 հոգի) իրարու նկատմամբ հարազատութիւն մը զգացինք աւելի եւս, երբ համագումարի պաշտօնական դահլիճէն դուրս ելլելով՝ մենք մեզի հետ խօսելու, սրտաբուխ արտայայտուելու յարմար առիթը ունեցանք։ Ու փոխադրակառքը ընկերային առումով մի՛շտ ալ ամէնէն անմիջական վայրը եղաւ մեզի համար, երբ սկսանք քիչ մը աւելի նկատել, ճանչնալ եւ հասկնալ զիրար, մինչեւ Գիւմրի եւ ապա վերստին Ծաղկաձոր, գրողները իրենց խօսքերով, ներկայացուցած խնդիրներով, իրենց ապրած երկիրներու մէջ հայութեան կեանքի մասին հաղորդած շահեկան մանրամասնութիւններով, այլեւ մանրապատումներով, զաւեշտական անեկդոտներով, անհատական թէ խմբային երգերով ու ասմունքներով ճոխացուցին մթնոլորտը, որ նոյն թափով շարունակուեցաւ ամէն անգամ, որ խումբը տեղ երթալու համար փոխադրակառք բարձրացաւ։
Փոխադրակառքի մէջ էր, օրինակ, որ պոլսահայ թրքագիր գրող, «Արաս» հրատարակչութեան սեփականատէր Մկրտիչ Մարկոսեան մանրամասնութիւններ փոխանցեց իր համայնքի ներկայ իրավիճակին եւ «Արաս» հրատարակչատան աշխատանքներուն մասին եւ նշեց, որ իր ապրած թաղը, թուրքերուն իսկ առաջարկով, վերջերս կոչուած է իր՝ Մկրտիչ Մարկոսեան անունով, ապա հալէպահայ լրագրող Սալբի Գասպարեան իր անձնական փորձառութենէն մանրավէպեր պատմեց Հայոց ցեղասպանութեան ի նպաստ կեցուածք որդեգրած կարգ մը թուրք գրողներու, ինչպէս՝ Ֆեթհիէ Չեթինի եւ այլ անձնաւորութիւններու մասին՝ ընդգծելով, որ մինակ չենք մեր պահանջատիրութեան մէջ, այլ մեր դատին հաւատացող բազմաթիւ թուրքեր կան այսօր աշխարհի տարածքին, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան միջոցով կը պայքարին իրենց պետութեան դէմ, որովհետեւ կ’ուզեն աւելի արդար համակարգով Թուրքիա մը կտակել իրենց զաւակներուն, Լոնտոնէն Մանուէլ Ադամեան որոշ մանրամասնութիւններ փոխանցեց բրիտանական խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր հայկական կողմին տարած ջանքերուն վերաբերեալ, իսկ Լոս Անճելըսէն «Տի Արմինիըն Օպզըրվըր» թերթի խմբագիր Օշին Քէշիշեան Հայաստանի կապուած անձնական վկայութիւններ հրամցուց ներկաներուն։
Պէտք է ըսել, որ ընդհանուր առմամբ բախտաւոր խումբ մըն էինք, որովհետեւ լաւ ձայն, երգելու շնորհ ունեցողներ ալ ունէինք մեր մէջ։ 25 տարի դպրապետութեան պաշտօն վարած Լիբանանէն Համբիկ Մարտիրոսեան մի՛շտ երգեց ու խմբավարեց, ո՛ւր որ ալ եղաւ խումբը, ապա փոխն ի փոխ փոխադրակառքի բարձրախօսին երգով տիրապետեցին Իրանէն՝ Տիգրան Պօղոսեան, Էլբեկ Խեչումեան, Պոլիսէն՝ թրքագիր երիտասարդուհիներ Նայաթ Կիւլ եւ Լեռնա Մեզիրճեան, Ռուսիայէն՝ Մելանիա Գրիգորեան, Վրաստանէն՝ Գէորգ Սնխջեան, Ուքրանիայէն՝ Անահիտ Սարգսեան, որ առաւելաբար մեկնաբանեց իր հեղինակային կարգ մը երգերը եւ ընթերցումներ կատարեց իր քերթուածներէն, ասմունքով հանդէս եկաւ նաեւ վիրահայ բանաստեղծուհի եւ Վրաստանի գրողներու ստեղծագործական միութեան «Կամուրջ» տարեգիրքի հովանաւոր, կազմող եւ խմբագիր Անահիտ Բոստանջեան, իսկ Լոս Անճելըսէն Խորէն Արամունի երբեմն լուրջն ու զաւեշտականը իրարու խառնած՝ ծիծաղներ խլեց ներկաներէն։ Եղաւ նաեւ, որ մեր փոխադրակառքի «գեղարուեստական յայտագրին» քանի մը երգերով պատահականօրէն մաս կազմէ նաեւ հայրենի երգչուհի, քանի մը տարի առաջ մահացած բանաստեղծ Վահրամ Հաճեանի ղարաբաղցի կինը, որ բացառիկ յուզականութեամբ մեկնաբանեց Արցախի «Հորովել»ը՝ երգի բարբառային քաղցրութեան միացնելով իր հրաշալի մեկնաբանութիւնը։
Իսկ դէպի Գիւմրի մեր խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ քաղաքի մուտքին, մայրուղիի վրայ խումբը սրտագին ողջոյններով դիմաւորուեցաւ Շիրակի փոխ մարզպետի եւ անոր ընկերացող պաշտօնատարներու կողմէ, որոնք մեզ ընդունեցին յատուկ արարողութեամբ մը՝ հայկական տարազներով հայուհիներու ձեռամբ աւանդական աղն ու հացը կիսելով հիւրերուն հետ։ Սրտառուչ էր տեսարանը, հայավայել էր տրուած պատիւը, բացառիկ համ ունէր աղով թրծուած այդ միակտոր մեծ հացը, որ սուրբ նշխարի մը նման բաժնուեցաւ խումբի բոլոր անդամներուն՝ բարի գալուստի սիրալիր խօսքերով համեմուած։
Կէսօրուան ժամը տասներկուքն է արդէն, եւ մեր շուրջ վերանորոգուած, աշխուժ քաղաքն է, որ կը բաբախէ իր գողտրիկ հրապարակներով, մարդկային կենսունակ եռուզեռով, կիզիչ արեւուն տակ բացուած արեւածաղկի մը լիառատ հատիկներովը թրթռուն։ Խումբը կը հրաւիրուի Շիրակի մարզպետարան, կը մտնենք ընդունարան, ուր փոխ մարզպետը տեղեկութիւններ կը փոխանցէ, հիւրերը ողջունելով՝ «բարով էք եկել հինաւուրց Շիրակ աշխարհ, պատուական, մշակոյթով հարուստ Գիւմրի քաղաք» խօսքերով, ապա կը բացատրէ, թէ Հայաստանի անկախութենէն ետք հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցաւ կառուցուածքային փոփոխութիւն, ստեղծուեցաւ Շիրակի մարզը, որ կ’ընդգրկէ հինգ վարչական տարածք, Գիւմրի քաղաքով։ Մարզի տարածքը 2596 քառ. քմ. է, ազգաբնակչութեան թիւը՝ 356 հազար։ Վաղեմի արդիւնաբերական կեդրոն Գիւմրիի մէջ այսօր շատ քիչ թիւով արդիւնաբերական գործարաններ կ’աշխատին, ամէնէն աւելի զարգացած է սնունդի, մանաւանդ կաթի արդիւնաբերական գործարանը, մնացեալ գործարանները չեն բանիր, իսկ չբանող գործարաններու ամէնէն բարձր տոկոսը կը գտնուի Գիւմրիի մէջ։ Այսուհանդերձ, այս քաղաքը՝ հարուստ իր պատմական մշակոյթով, հարուստ է նաեւ իր մտաւորական կարողութեամբ, գիտա-ճարտարապետական մտքով եւ ստեղծագործ մարդոցմով։ Շրջանները ներկայիս կը զբաղին անասնապահութեամբ եւ հացահատիկի մշակմամբ։ Ինչ կը վերաբերի աղէտի գօտիին, այսօրուան դրութեամբ տակաւին աւարտած չէ բնակարանային շինարարութիւնը, 4500 ընտանիքներ անօթեւան են տակաւին, հանրապետութեան նախագահին ծաւալած շինարարական աշխատանքներուն շնորհիւ՝ այս օրերուն 1500 ընտանիքներ բնակարան կը ստանան, 1500 ընտանիքներ ալ յառաջիկայ տարի մուտք կը գործեն իրենց սեփական տուները։ Կը մնայ վերջին 1500 ընտանիքներուն հարցը, որուն լուծումն ալ անկարելի չէ, կ’եզրափակէ պարոն Արշակեան։
«Վարպետաց փողոց»ին վրայ ենք արդէն։ Վարպետներն են՝ Գիւմրիի ծնունդ հայ երեք նշանաւոր անհատականութիւններ, բանաստեղծներ՝ Աւետիք Իսահակեան եւ Յովհաննէս Շիրազ, իսկ երրորդը նշանաւոր դերասան Մհեր Մկրտչեանն է, ծանօթ՝ Ֆրունզիկ ծածկանունով։ Ըստ ծրագրի, յաջորդաբար կ’այցելենք Աւետիք Իսահակեանի եւ Յովհաննէս Շիրազի տուն-թանգարանները, ուրկէ ներս կեանքը այլ կշռոյթով կը բաբախէ՝ շնորհիւ թանգարաններու պատասխանատու առաջնորդներուն, որոնք ամբողջական կերպարը կը յայտնաբերեն անոնցմէ իւրաքանչիւրին։ Աւետիք Իսահակեանի տուն- թանգարանին մէջ առաջնորդուհիին բացատրութեան վրայ կու գայ աւելնալու բանաստեղծի թոռան՝ գրականագէտ Աւիկ Իսահակեանի կենդանի խօսքը, որ աւելի եւս կը թարմացնէ մեր յիշողութիւնը եւ նոր մանրամասնութիւններով կը հարստացնէ բանաստեղծին մասին գիրքերէ ամբարուած մեր գիտելիքները։ Ուրիշ է կենդանի խօսքին ուժը, որուն շնորհիւ կարծես Իսահակեան վերստին կը կենդանանայ Գիւմրիի իր պապենական տան մէջ ու մեր դիմաց կը բազմի իր դարաւոր գրասեղանի ետին եւ կը սկսի գրել իր յուշերը, «Աբու Լալա Մահարի»ն, «Սիամանթօ եւ Խչեզարէն», կամ ալ ժողովրդական բանահիւսութեան ակունքէն սնած իր յուզախռով, երգի վերածուած բանաստեղծութիւններն ու աւանդավէպերը, մի՛շտ գլխուն վերեւ՝ Խաչատուր Աբովեանի մեծադիր լուսանկարը…
Մեծ տպաւորութիւններով կը ձգենք Իսահակեանի տուն-թանգարանը, թարմ լաւաշ հացի հետ համտեսելէ ետք այնքա՜ն եզակի տեղւոյն գինին ու պանիրը, կ’ուղղուինք քանի մը քայլ անդին՝ Յովհաննէս Շիրազի հոգեւոր մասունքները ամփոփող թանգարանը (այս փողոցին վրայ է, որ արագ հարցազրոյց մը կ’ունենամ համշէնահայ գրող Արամ Կանսուզեանի հետ. տեսնել՝ առանձին), ուր մեզ սիրալիր կ’ընդունի մասիսապաշտ բանաստեղծին քրոջ դուստրը, որ նաեւ առաջնորդուհին է թանգարանին։ Հայ մարդու հոգեւոր տառապանքին պատումներու ամբողջ շղթայ մը կը քակուի հոս եւս, անսահման տեղեկութիւն՝ Եղեռնի տանթէականը շնչակտուր թափով յօրինած մեծ գիւմրեցիին մասին։ Անոր անձնական իրերուն նուիրուած սենեակներու պատերուն վրայ 1915-ի ողբերգութիւնը յաւերժացնող Կոմիտասի մեծադիր լուսանկարն է, քովը՝ շրջանակներու մէջ՝ խումբ մը նահատակ ֆետայիներունը, յատկապէս Անդրանիկին ու զինակիցներունը, իսկ ամէնէն գլուխ-գործոցը Շիրազի ծfրունազարդ մօր պաստառ-նկարն է, որուն տակ դաջուած հետեւեալ քառեակը կայ՝ բանաստեղծ որդւոյն ստորագրութեամբ.
«Մայրիկիս մէջ ողջ մայրերին ես կը զգամ,
Նրանց կ’երգեմ երգելով մօրն իմ անգին,
Թող ինձ կարդայ մայրամոռն էլ անզգամ՝
Պաշտէ գէթ իր մայրիկին»
Հայ գրականութեան մէջ եզակի երեւոյթ՝ ամբողջ գիրք մը նուիրած է ան իր մօր, «Յուշարձան մայրիկիս», իսկ առաջնորդուհին այնպիսի ոգեւորութեամբ ու թափով կը պատմէ իր մօրեղբօր որդիական սիրոյն մասին, որ Շիրազի մայրը կը վերածուի համայն հայ ազգի մօր կերպարի, որ իր իմաստուն կնճիռները հոգեւոր ճամբաներու վերածած՝ կարծես տուն կը կանչէ աշխարհի չորս ծագերը ցիրուցան եղած հայու բեկորները անխտիր…
Քիչ մը անդին՝ Գիւմրիի պետական երաժշտանոցի սաները անհամբեր կը սպասեն, որ խումբը հասնի իրենց մօտ։ Ծրագիր պատրաստած են։ Ու թափ կ’առնէ շիրազեան տաղերու հրավառութիւն մը՝ ասմունքով, կիթառով կատարուած շատ հաճելի յօրինումներու մեկնաբանութեամբ, մեներգ, զուգերգ, դեռատի աղջիկ-տղայ այնքան ներշնչումով կ’երգեն, որ խումբը չþուզեր բաժնուիլ հայ հոգին երջանկացնող այս անմոռանալի պահէն, բայց ուշացած ենք արդէն ու պէտք է հասնինք դահլիճ, ուր ի պատիւ գրողներուն համերգ կազմակերպուած է։ Դուրսն ալ գեղեցիկ արեւ մը կայ, թէեւ՝ կիզիչ այնքան, բայց ի՜նչ փոյթ, երբ թանգարանի բակին պուլպուլակը հայկական միրգերով լեցուած է։ Հայկական արեւով յագեցած անմահական ծիրանն ու կեռասը, սալորն ու տանձը կը յագեցնեն մեզ, եւ մենք շտապելով՝ կը բարձրանանք փոխադրակառք։
Այնուհետեւ, Գիւմրիի Մշակոյթի տան դահլիճին մէջ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի եւ Գիւմրիի երիտասարդ մարզպետի ողջոյնի ջերմ ու սրտառուչ խօսքերէն ետք թափ կ’առնէ Յովհաննէս Շիրազի նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ խուռներամ բազմութեան մը։ Երեւանի Պետական Համալսարանի դասախօս, գրականագէտ Սամուէլ Մուրատեան, ինչպէս միշտ, դեռ Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողութեանս տարիներէն, այս անգա՛մ ալ հմայեց զիս, իր գիտնականի հմտութեամբ եւ ժամերով անգիր խօսելու, դասախօսելու եզակի շնորհով, երբ առանց որեւէ շեղումի կամ կշռոյթի դանդաղութեան, առաջին բառէն մինչեւ վերջինը միեւնո՛յն ոգեւորութեամբ այդքան մարդաշատ դահլիճին մէջ Շիրազ մատուցեց՝ իր խօսքը մերթ ընդ մերթ համեմելով հայ ազգային ոգիի զարկերակը իր գործերուն առանցքը դարձուցած բանաստեղծին հայրենասիրական խրոխտ բանաստեղծութիւններով։ Հուսկ՝ հանդիսութիւնը վերածուեցաւ ժողովրդական տօնախմբութեան, երբ տեղւոյն աշուղական համոյթը եւ երիտասարդ երգիչ-երգչուհիներ հանդէս եկան Շիրազի բանաստեղծական վաստակէն երգերով, որոնք մերթ ընդ մերթ ընդմիջուեցան բանաստեղծին հայրենասիրական գործերու ասմունքներով, հանդիսատեսներուն խանդավառութիւնը հասցնելով իր բարձրակէտին այնքան, որ դահլիճը արդէն ոտքի՝ հայկական շուրջպարով կը մասնակցի տօնախմբութեան…
… Վերահայացած՝ կը բաժնուինք Գիւմրիէն, ճաշի հիւրը ըլլալէ ետք Գիւմրիի մարզպետին, իր սեփական ճաշարանին մէջ։ Մեծ օրուան մը մեծ տպաւորութիւններով երբ Ծաղկաձոր՝ սենեակս կը մտնեմ, մահճակալիս վրայ կը գտնեմ գրպանի գրքոյկներու չափով հինգ ժողովածուներու կապոց մը, նուէր՝ մշակոյթի նախարարին կողմէ, համագումարի բոլոր մասնակիցներուս։ «ԸՆտրանի» ժողովածուները կ’ամփոփեն Համօ Սահեանի, Գէորգ Էմինի, Պարոյր Սեւակի, Սիլվա Կապուտիկեանի եւ Հրաչեայ Յովհաննիսեանի գործերէն փունջ մը, իւրաքանչիւր հեղինակ՝ առանձին հատորի մը ծածկին տակ։ Գրաւիչ տեսքով գիրքերու այս կապոցը նոր լիցք կը հաղորդէ ներքին մարդուս, ապա ինքնամոռաց հաճոյքով մը կը սկսիմ արագ-արագ թերթատել հատորիկները եւ յանկարծ աչքիս կը զարնուի կապոցի ձախ կողմին վրայ արձանագրուած ՀԱՅ ԴԱՍԱԿԱՆ ՊՈԷԶԻԱ կապոցի ընդհանուր խորագիրը, մինչ հարցումներ կայծակի արագութեամբ կը լարեն միտքս. «Հայ դասական պոէզի՞ա… միայն այս հի՞նգը… ո՞ւր են արեւմտահայ դասականները»…

ՎԵՐՋԸՆԹԵՐ ՕՐԸ - ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ - ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
(Ե.)
Գրողներու համահայկական հինգերորդ համաժողովի վերջընթեր օրը բացուեցաւ ծնունդով՝ զանգեզուրցի, կրթութեամբ՝ ռուսական եւ ամերիկեան, բնակման վայրով՝ ամերիկացի, բանաստեղծական վաստակով՝ ռուսագիր, մասնագիտութեամբ՝ արուեստաբան Նաթելլա Լալաբէկեանի գեղատիպ, հայերէնի թարգմանուած «Բազմակէտ» ժողովածուի գինեձօն-շնորհանդէսով, որուն յաջորդեցին Համաշխարհային հայկական գոնկրէսի նախագահ Արա Աբրահամեանի ողջոյնի ուղերձը եւ «հայ արձակ. 21-րդ դար» գրական մրցանակներու բաշխումը։ Արա Աբրահամեան իր խրախուսական խօսքին մէջ Գրողներու համահայկական յաջորդ համաժողովը, երկու տարի ետք, Մոսկուայի մէջ գումարելու հրաւէր ուղղեց ներկաներուն՝ բոլոր ծախսերը ի՛նք հոգալու պատրաստակամութեամբ եւ արժանացաւ ներկաներու բուռն ծափահարութեան։ Ճաշի դադարէն ետք տեղի ունեցաւ թեմաթիկ նիստ՝ «Ժամանակակից հայ գրականութեան միջազգայնացումը» թեմայով։ Հայաստանէն խօսք առաւ բանաստեղծ Արտեմ Յարութիւնեան, իսկ արձակագիր Պօղոս Գուբէլեանի (Միացեալ Նահանգներ) բացակայութեան խօսքը ընթերցեց Լաթաքիայէն գրող Յակոբ Ադամեան։
Օրուան ամէնէն յուզումնալից պահը եղաւ խումբին Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը, որ տեղի ունեցաւ յետմիջօրէի ժամը չորսուկէսին։ Գրողներու համահայկական հինգերորդ համաժողովի անունով, Ծիծեռնակաբերդի մուտքի աջակողմեան նորաբոյս «պուրակ»ին մէջ, Արարատի մշուշածածկ հայեացքին տակ ծառի թուփ մը եւս բարձրացաւ՝ տարբեր առիթներով եւ զանազան միութիւններու ու մարմիններու անունը կրող այլ թուփերու կողքին, ոչ միայն ի յիշատակ ապրիլեան անմեղ զոհերու, այլեւ իբրեւ պահանջատիրական կեցուածք՝ ցեղասպան թուրքէն եւ քաղաքակիրթ աշխարհէն։ Խումբը այնուհետեւ ծաղիկներ զետեղեց Ցեղասպանութեան անմար կրակին դիմաց, «Տէր ողորմեա» ու «Հայր մեր» երգեց բոլոր նահատակներու հոգիին համար եւ շտապ պտոյտ մը կատարեց Ցեղասպանութեան թանգարան, ուր Եղեռնի նուիրուած Ժանսեմի մեծադիր գեղանկարները, ապակեայ դարաններու մէջ տեղադրուած համակարգուած արխիւային նիւթերն ու առաջնորդներուն տուած բացատրութիւնները օրը լեցուցին անասելի տրտմութեամբ՝ ի վերապրումն հայութեան նախճիրին, այլեւ ցասումով լարեցին ներկաներուն ջիղերը՝ ընդդէմ ոճրագործ թուրք պետութեան ու անոր հետեւորդներուն եւ բոլորին սրտերը վերաբորբոքեցին՝ հայ ժողովուրդի դէմ ոչ միայն 1915-ին, այլեւ անկէ առաջ ու ետք գործուած անարդարութիւններու դէմ պայքարելու արդար վճռականութեամբ…
Անկիւն մը քաշուած՝ կը մտածեմ. ցեղասպանեալ ազգիս շառաւիղներ ահա եկած են Ծիծեռնակաբերդ եւ սրտի պարտք մըն է, որ կը կատարեն։ Բայց կարճ է իրենց կեցութիւնը Հայաստանի մէջ։ Մէկ կամ երկու շաբաթ՝ առաւելագոյնը։ Զբօսաշրջային այս տրամադրութիւնը պիտի աւարտի՞ օր մը, որպէսզի սկսի այն միւսը՝ մնայունը, հիմնականը, սփիւռքահայութեան Հայաստան վերադարձը՝ լիարժէքօրէն ու օրինական հիմունքներով, որպէսզի անկէ ետք ալ սկիզբ առնէ՝ շա՜տ աւելի երազային թուացող այն մի՜ւս-միւսը՝ դէպի պապենական հողեր վերահաստատուելու ե՛ւ որակական, ե՛ւ քանակական մեր այնքա՜ն թոյլ ու տակաւին թանձր մշուշի մէջ պարուրուած իրաւատէրի՛ հանրահաշիւը…։ Եւ դեռ քանի՜ տարի իրաւազրկուած պիտի մնանք օտար ափերու վրայ, դեռ քանի՜ անգամ Հայաստան պիտի գանք-երթանք՝ առանց մեզ «տուն կանչող հայրենիք»ը գտած ըլլալու, մեր կեանքի բոլո՛ր օրերուն համար…։ Ժանսեմի մեծ չափի նկարները Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ կը պատմեն ողբերգութիւնը բզկտուած հայ մայրերու, ցնցոտիածածկ դեռատի պարման-պարմանուհիներու եւ սահմռկած անմեղ մանուկներու։ Ողբը թէեւ զգացականութիւն կը ստեղծէ, բայց գործնապաշտ լուծումներ չþառաջարկեր ողջերուս… ու ես գլխահակ դուրս կու գամ Ծիծեռնակաբերդի համալիրէն, աւելի զգայուն ու պիրկ՝ իմ անկշռելի ապրումներուս մէջ…
Երեւանի կեդրոնն ենք արդէն. Քամերային երաժշտական տան դահլիճը, ուր երիտասարդ տարրերով հարուստ երաժիշտներու (ջութակ-թաւջութակ) խումբը դասական գործերով հանդէս կու գայ։ Խուռներամ բազմութիւնը արհամարհելով դահլիճի շոգը՝ հաճոյքով կ’ըմբոշխնէ հրամցուած գործերը։ Երեկոյթի բացումը կը կատարէ բոլորին սիրելի երաժշտագէտ ու յօրինող Ռոպերթ Ամիրխանեան, որուն խօսքերէն ուժ ու կորով կը հոսի դէպի մեր սրտերը, ապա Արա Աբրահամեան մրցանակներ կը բաժնէ հայրենի խումբ մը յօրինող-երաժիշտներու՝ իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնելով Հայաստանի տաղանդաւոր երաժիշտներու, խումբերու եւ, ընդհանրապէս, մշակութային օճախներուն։ Ծիծեռնակաբերդէն ետք այս համերգը նոր յոյսերով կը լեցնէ բոլորս ու կը գօտեպնդէ մեզ՝ Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի վառ ապագային նկատմամբ։
… Համաժողովի վերջընթեր գիշերն է։ Բաժանման պահը հեռու չէ։ Գրողներու խումբ մը դարձեալ փափաք կը յայտնէ երկու գիշեր առաջ ընթացք առած մեր ընթերցումները շարունակելու։ Ի դէպ, այս եւ նախորդող գիշերները յատկանշուեցան Անահիտ Սարգսեանի, Անահիտ Բոստանջեանի, Մելանիա Գրիգորեանի, Արամ Կանսուզեանի, Մարգրիտ Շամիլեանի, Յարութ Վարդանեանի, Տիգրան Գաբոյեանի, Աննիկ Աբրահամեանի, Լեռնիկ Իսայեանի, Մանուէլ Ադամեանի, Յակոբ Ադամեանի, Պերճուհի Աւետեանի, Մարիանա Ղազարեանի, Թորոս Թորանեանի, Ռոպերթ Եսայեանի, Նորիկ Գասպարեանի, Գէորգ Սնըխջեանի եւ այլ գրողներու ներկայութեամբ ու անոնցմէ ոմանց գործերու ընթերցանութեամբ, որ երբեմն ալ ընդհատուեցաւ ներկաներու կողմէ կատարուած տեղին ու շինիչ միջամտութիւններով։ Գիշերային այս ընթերցման հանդիպումները՝ այնքա՜ն ինքնաբուխ, ինքնեկ փափաքի մը արդիւնքն էին միայն, խիստ բնականութեամբ մը սկիզբ առած՝ ճի՛շդ երկու գիշեր առաջ, երբ Լոս Անճելըսէն Խորէն Արամունի, Հալէպէն Վարդի Քէշիշեանն ու ես սկսած էինք զրուցել ընդհանրապէս հայ գրականութիւնը յուզող հարցերու մասին, ապա մեզի միացած էին քանի մը գրողներ ալ ու ի զարմանս բոլորիս՝ ի յայտ եկած, որ Արամունի՝ իբրեւ արձակագիր, ես՝ իբրեւ բանաստեղծ, գրեթէ նոյնանուն խորագրերով գործեր ունէինք մեր հատորներուն մէջ, յատկապէս էրոթիկ նոյնատիպ գրութիւններ, ինքը՝ արձակի ձեւի տակ, ես՝ բանաստեղծութեան։ Ու փոխասացութեան նման մեր փոխն ի փոխ ընթերցումները, գեղարուեստական յայտագրի մը հանգոյն, ընդարձակեցին շրջանակը յաջորդող գիշերներուն, մինչեւ որ բոլորս, անխտիր, ուրախութեա՛մբ կրկնեցինք գրեթէ միեւնոյն բառերը, թէ՝ «ահա հի՛մա սկսաւ Համաժողովը»…

ՎԵՐՋԻՆ ՕՐ-ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ-«ԲԱԼԱԳՈՅԷ»-ԻՆՔՆԱՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
(Զ.)
Վերջին օրուան նախաճաշին յաջորդեց Հինգերորդ համաժողովին առիթով պատրաստուած ,Արդի հայ քնարերգութիւն. սփիւռքե հատընտիրի գինեձօն-շնորհահանդէսը, զոր վարեց հատորին կազմութիւնը իրականացուցած հայրենի գրող Արեւշատ Աւագեան, խմբագիր՝ ՀԳՄ նախագահ Լեւոն Անանեան։ Ժողովածուն կ’ընդգրկէ՝ սփիւռքի ապրող բանաստեղծները, անոնց մասին հակիրճ կենսագրականներ, լուսանկար մը եւ բանաստեղծական քանի մը նմուշներ։ Իր տեսակին մէջ իբրեւ առաջին փորձ թէեւ գնահատելի, բայց հատորը ունի նաեւ շարք մը խոցելի կողմեր (այս մասին` այլ առիթով)։
Հատորին ներկայացումը կատարեց Արեւշատ Աւագեան, ապա խօսքը տուաւ Վրաստանի գրողներու ստեղծագործական միութեան ,Կամուրջե 2009 տարեգիրքի հովանաւոր եւ խմբագիր, բանաստեղծուհի Անահիտ Բոստանջեանին, որ համապարփակ կերպով ներկայացուց բազում տարիներէ ի վեր հրատարակուող այս տարեգիրքին ներկայ թիւը՝ մատնանշելով, որ անիկա լոյս կը տեսնէ մեծ զոհողութիւններու գնով, իր անձնական խնայողութեան գումարներով, բայց եւ այնպէս Անահիտը որոշած է կանգ չառնել եւ մինչեւ իր վերջին հնարաւորութիւնը՝ զարկ տալ հայ գրականութեան եւ մշակոյթի պահպանման ու տարածման նպաստող ,Կամուրջեին, որ իրաւամբ հանդիսացած է հոգեւոր կամուրջ մը՝ աշխարհասփիւռ հայ գրողներու միջեւ։ Խնամքով հրատարակուած այս հատորը կը հաշուէ աւելի քան 450 էջ, ուր արձակ, չափածոյ, հրապարակագրական, յուշագրական, բանասիրական, գրականագիտական եւ արուեստի այլ մարզերը շօշափող գործերով եւ զրոյց-հանդիպումներով հանդէս եկած են հայրենի եւ սփիւռքահայ բազմատասնեակ գրողներ։ Անահիտ նաեւ կրողն է թիֆլիսահայութեան հոգեւոր ու մշակութային արժէքներուն, ամուր կառչած՝ անժամանցելի Սայաթ Նովայէն մինչեւ Թիֆլիսի Վերնատան մեծերու ստեղծած հոգեմտաւոր գանձարանին, աւանդոյթներուն ու հայօրէ՛ն ապրելու խիզախութեան։ Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել սայաթնովայական մոթիֆներով իր այնքան գեղեցիկ բանաստեղծական երկու հատոր հրատարակութիւնն ու ,Կամուրջե տարեգիրքը ոգի ի բռին հրատարակելու կամքը։ Հայուհի մը, որ հակառակ անհատական կեանքի մէջ ունեցած բազում դժուարութիւններու, որոշած է ծառայել հայ մշակոյթին եւ ապրիլ՝ բանաստեղծութեա՛մբ։
Այնուհետեւ Հալէպէն Վարդի Քէշիշեան ներկայացուց սուրիահայոց ,Երթե գրական տարեգիրքը, որուն խմբագրութիւնը ներկայիս ինք ստանձնած է։ ,Երթեը, որ սկսած է հրատարակուիլ 2005-ին, կը վայելէ հովանաւորութիւնը Բերիոյ թեմի առաջնորդութեան եւ լոյս կը տեսնէ քուէյթաբնակ Կիրակոս Գույումճեանի մեկենասութեամբ։ ,Երթեը կոչուած է դառնալու սուրիահայ գրողներու, հրապարակագիրներու, թարգմանիչներու եւ ուսումնասիրողներու արտայայտման ամուր վէմը։
Տեղին է նշել, որ այս բաժնին մասին երբեք տեղեկացուած չէր համաժողովի յայտագրին մէջ։ Բոլորիս համար ալ հետաքրքրական էր լսել այսքան բան՝ տարբեր գաղութներու մէջ հրատարակուող գրական-գեղարուեստական տարեգիրքերու մասին։ Թէեւ բոլոր երկիրներու մէջ հրատարակուող գրական հանդէս-տարեգիրքերուն ամբողջական պատկերը չէր, որ կը տրուէր, բայց առիթը յարմար նկատելով՝ ես ալ իմ կարգիս ներկայացուցի Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ Պէյրութի մէջ լոյս տեսնող ,Բագինե գրական հանդէսը՝ խմբագրութեամբ արձակագիր եւ հրապարակագիր Յակոբ Պալեանի։
Ապա Լոս Անճելըս հաստատուած հայրենի բանաստեղծուհի Սոնա Վան իր կարգին ներկաներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացուց Հայաստանի մէջ ամուսնոյն եւ իր ջանքերով ու նիւթական ներդրումով լոյս տեսնող գրական ,Նարցիսե հանդէսի վրայ, միաժամանակ կոչ ուղղելով բոլորին՝ փրկել հայրենի ,Գարունե ամսագիրը իր ներկայի հոգեվարքային վիճակէն՝ նիւթական եւ բարոյական զօրակցութիւն ցուցաբերելով հայրենի սերունդներ ներշնչած ու դաստիարակած հոգեւոր այս կրթարանին։
Այս բաժնին յաջորդեց թեմաթիկ նիստ, որուն ընթացքին Լոնտոնէն արձակագիր Մանուէլ Ադամեան ներկայացուց Հայաստանի եւ սփիւռքի գրական մամուլը՝ օրաթերթերէն մինչեւ պարբերականները։ Լրջօրէն պատրաստուած այս զեկուցումին լրացուցիչ տեղեկութիւններ հաղորդեց Լոս Անճելըսէն գրող Յովսէփ Նալպանտեան՝ ամբողջացնելով յատկապէս սփիւռքահայ գրական մամուլի ժամանակակից պատկերը։
Յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ ամփոփիչ նիստ եւ համաժողովին անունով հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն, որ օրին հրատարակուեցաւ հայրենի եւ սփիւռքահայ մամուլին մէջ։ Այս բաժնի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ գրող բժիշկ Թորոս Թորանեանի մեծարանքի հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին սրտաբուխ արտայայտութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ մեծարեալը, որ իր ընդգծուած լաւատեսութեամբ՝ հանդէպ հայրենիքի ու հայ մշակոյթի ապագային, անգամ մը եւս ոգեշնչեց ներկաները։
Նոյն օրուան յետմիջօրէին գրողներու խումբը դարձեալ մեկնեցաւ Երեւան եւ Գրողներու միութեան տան մէջ ներկայ եղաւ գրական-երաժշտական երեկոյթի մը (ասմունք եւ երգ)։ Սակայն դահլիճին հեղձուցիչ տաքը, հովահարներու կամ զովացնող սարքերու չգոյութիւնը պատճառ դարձան, որ ներկաները պարբերաբար դուրս ելլեն սրահէն...
Դուրսը՝ Գրողներու տան քովընտի ծառերու շուքին աւելի յարմար էր շնչելու համար։ Սպիտակամորթ, կանաչ աչքերով սիրուն կին մը բաւական համարձակօրէն գլանիկ մը կը ծխէր։ Հետաքրքրութիւնս աւելի մեծցաւ, երբ ակնարկեցի, թէ հակառակ Հայաստանի մէջ կիներու գաղտագողի ծխելու իրողութեան, ինք բաւականին համարձակութիւն կը ցուցաբերէր այդ գծով՝ ,ես ըմբոստ եմ, կը ծխեմե պատասխանեց, ու զիս ալ հրաւիրեց ընկերանալու իրեն։ Լուսինէ Վայաչեան։ Նկարագրային ըմբոստութեան մը լաւագոյն նմուշը իր առաջին՝ ,Բալագոյէե անուն վիպական գործը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է իր անհատական՝ իբրեւ թմրամոլի ու մոլորածի՝ հայերուս համար քիչ մը անսովոր փորձառութեան մը (ոչ թէ չպատահող, այլ՝ այդ մասին լռութիւն պահող...), զոր ան կը յաղթահարէ իբրեւ միայնակ կին ու մայր։ Իր իսկ գնահատումով՝ գիրքը շատ համարձակօրէն կը պատմէ թմրեցուցիչի պատճառով իր բանտային օրերը, հիփփիական իր կեանքը, սեռային մղումներն ու ,սեւ առօրեանե, որոնք կը միտին պահպանողական ընկերութեան մը թապուները փշրել անբարդոյթ ու առանց վերապահութեան։ ,Սա իմ ճիչն է՝ նետուած տիեզերքում. ուզում եմ, որ մարդիկ ընդունեն ինձ այնպէս, ինչպէս որ կամ, ինչպէս որ եղել եմե, կ’ըսէ Լուսինէն, որ անկեղծ սիրոյ մեծ ծարաւ մը կը կրէ իր սրտին տակ՝ իր իսկ հարազատ ծնողներէն թեւաթափ, ապա կ’ակնարկէ ծննդավայր Կապան իր վերադարձի փորձին, անկէ ալ՝ Երեւան, լիարժէք կեանքով ապրելու հիմնական մտասեւեռումով։ Բայց Լուսինէն չէ հրաւիրուած համաժողովին, որովհետեւ, ըստ իր բացատրութեան, իր գիրքը դատափետուած է շարքային կարգ մը գրողներու կողմէ, որոնք իր Կապան-Երեւան-ռուսերէն բարբառային ու խօսակցական, նոյնիսկ տեղ-տեղ գռեհիկ լեզուով շարադրած անձնական կեանքին պատումը չեն արժեւորեր իբրեւ գրականութիւն։ ,Ես կարայի գրական լեզուով գրել, բայց դա իմ կեանքը չէր լինելու... իմ կեանքը միայն իմ խառնափնթոր լեզուով կարում էի արտայայտել, այնպէս՝ ինչպէս զգում ու խօսում էիե, կ’ըսէ Լուսինէ՝ աւելցնելով, որ գիրքը լոյս տեսած է հայրենի վաստակաշատ նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի մեկենասութեամբ, իսկ բանաստեղծ Յակոբ Մովսէս մեծ դրուատիքով գնահատած է՝ բիրտ ու անպատմելի իր դառն փորձառութիւնները այսքան անկեղծօրէն թուղթին յանձնելու Լուսինէին քաջութիւնն ու վերադարձի խիզախ քայլը՝ դէպի արմատներ ու ինքնութիւն։ ,Բալագոյէեի հեղինակին հետ կը զրուցեմ նաեւ այլ հարցերու մասին, ապա փոխադարձաբար հարցազրոյց կ’ունենանք իրարու հետ, հոն՝ Գրողներու տան քովընտի բացատին մէջ, առանց նախաբանի ու վերջակէտի, մինչեւ որ խումբը դուրս կու գայ դահլիճէն, եւ մենք կը բաժնուինք ժպիտով, վերստին հանդիպելու խոստումով։ Արհեստավարժ լրագրող Լուսինէն քանի մը օր ետք լոյս պիտի ընծայէր հետս վարած իր հարցազրոյցը եւ զայն պիտի զետեղէր իր աշխատած կայքէջին՝ www.armversion.com -ի վրայ։
... Այնուհետեւ հնչեց ժամը վերադարձի ու վերջին ընթրիքի։ Ծաղկաձորի համալիրին ճաշարանը, ուր ամբողջ հինգ օր հայ գրողներու խումբը օրական երեք անգամ որակաւոր սնունդ ստացաւ, հիմա կը հիւրընկալէ մեզ՝ իբրեւ հրաժեշտի գիշեր։ Բաժակաճառեր, համադամ ուտելիքներ, զուարթախօսութիւններ, բարձր երաժշտութիւն ու հայկական շուրջպար՝ մեզ դուրս կը բերեն բաժանման թախծոտ պահէն, մինչ մտքիս մէջ անսովոր արագութեամբ մը կը սկսի մարմին առնել տեսակ մը ինքնայանձնառութիւն մը, այն մասին, որ եթէ օր մը (եթէ՜) բախտս ժպտի եւ բաւականին մեծագումար պարգեւ մը շահիմ որեւէ երկրի մը մէջ, պիտի փութամ հո՛ս, Ծաղկաձո՛ր, եւ իմ շահած գումարովս վերանորոգել պիտի տամ այս համալիրը՝ զայն դարձնելով այնքան արդիական, այնքան ժամանակակից, որ նոյնիսկ հեռու-հեռաւոր սփիւռքներէն հայ մարդիկ փափաքին գալ Ծաղկաձորի այս շքեղ անկիւնը՝ այս յարկին տակ կատարելու համար իրենց ոչ միայն համագումար-հանդիպումները, այլեւ՝ տօնախմբութիւնները։ Համալիր մը, որ հակառակ իր ընդարձակ տարածքին ու ճարտարապետական գեղեցիկ կառոյցին, այնքան անհրաժեշտութիւնը ունի արդիականանալու, խոհանոցի սպասներէն մինչեւ գետնի գորգերը, մինչեւ մեր ննջած սենեակները, սաւաններն ու վարագոյրները։ Թէեւ կարգ մը տեղեր եղած են որոշ պատշաճեցումներ, մինչեւ անգամ գտնուեցան առանձնաշնորհեալ գրողներ, որոնց տրամադրուեցաւ նորոգուած ու համեմատաբար արդիական ննջարաններ, միւս կողմէ՝ համալիրին աջակողմեան թեւը վերանորոգուած եւ արդէն վարձակալութեամբ ամարանոցային առանձնատուներու վերածուած է, բայց եւ այնպէս, խոհանոցը՝ իր տխուր տեսքով ու հնադարեան սպասներով, ճաշարանը՝ արեւի լոյսէ մերկ իր անսեթեւեթութեամբ, սրահները՝ իրենց հնամաշ գորգերով ու բազկաթոռներով, դահլիճը՝ փայտեայ գորշ մթնոլորտով ու անհանգիստ, մաշած աթոռներով, այլեւ աննշան գրողներուս տրամադրուած ննջարանները՝ իրենց հնամենի, թանձրահոտ կահոյքով ու խանգարուած հեռատեսիլներով ամբողջութեա՛մբ կարիքը ունին վերանորոգութեան ու արդիականացման, այլ մանաւանդ՝ արհեստագիտական նոր, ժամանակակից սարքերու, համացանցային կապի ընդարձակ կարելիութեանց եւ լսողատեսողական վերջին նորութիւններու օգտագործման, որպէսզի Հայ գրողներու տան ամարանոցը իրապէ՛ս վերածուի ներշնչման այնպիսի վայրի, ուրկէ գրողները հեռանան հպարտութեամբ ու ակնածանքով, հա՛յ գրողի վայել հոգեզմայլ փայլքով...
... Ու երակներուս մէջ հոսող կարմիր գինիի ումպերուն հետ սիրտս Մեծարենցին պէս կ’աղօթէ մեղմաձայն. «Տո՛ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական»...

Սեդա Գրիգորեան
5- 27 Օգոստոս, 2010
Պէյրութ























«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝