Յայտարարութիւն

Sunday, November 6, 2011

ԺՊԻՏԸ - ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Այս գրութիւնը Մխիթարեան ուխտի խոստմնալից մտաւորական , երիտասարդ վարդապետ Հայր Համազասպ Քէշիշեան հրապարակած է «Քեսապցիներ՝ իրարու հետ քեսապերէն խօսինք» սահմանափակ ֆէյսպուքեան կայքէջին մէջ: Ֆրանսահայ նշանաւոր երգիծագիր Նշան Պէշիկթաշլեան , դեռ 1939 ին գրած էր ժպիտի այս դեղատոմսը: Մերօրեայ իրականութեան մէջ տխուր դէմքերը կը բազմանան : Թող ժպիտը ընենք մեր դէմքերուն շպար:
«Նշանակ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Ժպիտը շնորհաց շնորհն է, Աստուծմէ առաքուած միմիայն մարդ արարածին։ Մարդը պարտի գործածել ու փայլեցնել այդ շնորհը։ Երեսը կախ մարդը կը մեղանչէ Արարիչին, արարածներուն եւ մանաւանդ իր շուրջիններուն դէմ։
Գիտէ՞ք թէ ինչո՛ւ Երկնաւոր Հայրը ժպտելու շնորհը միայն մարդ էակին տուաւ։ Ատով ան ըսել ուզեց.
- Ա՜յ մարդ, աշխարհի վրայ, բոլոր շնչաւորներուն մէջ, դուն ես որ ամէն միջոց ու պատճառ ունիս երջանկանալու։ Դուն ես որ կրնաս խնդալ, վայելելով առատաձեռն մայր բնութեան բարութիւնները։
Մարդը երջանկացա՞ւ, խնդա՞ց։ Ո՛չ։ Մարդը չխնդաց ու չխնդացուց։ Իր երջանկութիւնը, ամէն դարերու մէջ, իր ձեռքով խեղդեց։
Հիմա պէտք է մարդկութիւնը ժպտիլ սորվի, վերագտնելու համար կորուսեալ դրախտը։
Ու երգիծաբանը, այս բարի սատանան, հարկ է ներբողեան հիւսէ ժպիտին համար։
Ժպիտը անթառամ ոսկեշուշան մըն է, զուարթուններու խումբի մը կողմէ յանձնուած մարդուն։
Ժպիտը աստղն է հոգիին։ Ու ճառագայթը մարմնոյն։ Բարերար է աստղը ու կենսատու է այդ ճառագայթը։ Երանեալ է ան որ այդ բարի աստղին տակն է միշտ։ Գովեալ է ան որ այդ ճառագայթին ազդեցութեան ներքեւ է։
Ժպիտը կը պարգեւէ մեզի ներքին ծափեր։ Կ՚ընծայէ մկանային շարժումներ։ Կու տայ արեան ալիք, կարմիր գնդիկներուն հրճուանք, մեր յօրինուածքին կենսահոսանք։ Անով կը վերանորոգուի արիւնը, կ՚արագանայ շրջանը։
Մարդ կ՚երիտասարդանայ ժպտելով։
Մտածումը կ՚ոսկեջրուի- երազը կը բուրումնաւէտուի եւ յոյսը կը մտնէ լուսեղէն ոլորտի մէջ։
Ժպիտը լոյսն է գոհունակութեան, եւ գոհունակութիւնը աստուածահաճոյ է։ Ժպտիլը ուրեմն քրիստոնէական է։ Ժպտողին գլխուն շուրջը կարծես լուսապսակ կայ։
Լուտաս ծաղիկը եղտիւրներու մէջ կ՚աճի։ Ժպիտն ալ լուտաս մըն է որ կրնայ ծաղկիլ թշուառութեան եւ դժբախտութեան մէջ։ Աղքատ մարդուն ոսկին է ժպիտը։ Անիկա մեր հոգեկան հանքերէն հանուած ոսկին է։ Անիկա պէտք է ըլլայ սրբազանօրէն մաքուր՝ այսինքն անչար ու զերծ հետեւեալ թոյներէն, - դառնութիւն, մախանք, փոքրոգութիւն։ Անխարդախ ոսկի։ Այդ ոսկեդրամին վրայ չկայ կայսրի մը պատկերը այլ միայն ու միակ Աստուծոյ դրոշմը։
«Տուր զԱստուծոյն Աստուծոյ»։ Ժպտողը Երկնաւորին փոխ կու տայ։
Հոտաւէտ է ժպիտը։ Կը բուրէ հոգի։ Ու մուշկ եւ զմուռս եւ խունկ լիբանոն որ կը վառի սրբաշառայլ, լուսաւորելով դէմքը եւ անուշ օծելով նայուածքը։
Հարկ է ժպտացնել։ Որով պէտք է ժպտիլ։ Կին մը ժպտեցնելու համար՝ կը ժպտինք։ Բախտն ալ կին մըն է, պէտք է ժպտիլ որ ան ալ մեզի ժպտի։
Ժպիտը բերկրութեան երգն է, անոր ձայնը թէեւ լսելի չէ, սակայն ըմբռնելի է։
Կաթիլ մը մեղր է ան որ սրտէն յորդած է ու ծաւալած դէմքին վրայ։ Ան կ՚երեւի աչքերուն մէջ, շրթներուն քով ու նոյնիսկ մորթին վրայ։ Աչքերուն մէջ աստղն է աւետեաց։ Շրթներուն քով շառայլ ու մորթին վրայ իւղ արեգական։
Կարելի է սնանիլ ժպիտով։ Փորձուած է։ Յաճախ երկու հոգի, դէմ դիմաց կշտացած են ժպիտով։ Քննուած ու տեսնուած է որ մէկ ժպիտը աղուոր նարինջի մը կամ ողկոյզի մը խնկահամ խաղողի չափ օգտակար է։ Երբեմն նոյնիսկ կեանք մըն է։
Այս դժնդակ օրերուն, կը տեսնեմ ու կը լսեմ բարեկամներէս շատեր տխուր են։
Կաղաղակեմ անոնց.
- Յամենայն դէպս բացէք լաւատեսութեան դրօշը՝ Ժպիտը։
Շողացուցէք մեծափառ հերոսութեան զէնուզարդը՝ Ժպիտը։
Ու գիտցէք ապրիլ, տառապիլ եւ եթէ պէտք ըլլայ մեռնիլ՝ ժպտելով։ Արդէն ժպտողը դժուար թէ հանդիպի արկածի։ Անխոցելի է ժպիտը։
Եղէք ժպտիլ ուսուցանող վարպետ դաստիարակներ։ Եթէ չէք կրնար՝ եղէք լաւ աշակերտներ եւ ժպտիլ ուսանեցէք։
Բանտարկեցէք ձեր տրտմութիւնը ձեր աչքերուն մէջ, ձեր հոգիներուն մէջ, մէջերուն մէջը։ Լաւագոյն է անշուշտ ազատ արձակել այդ բանտարկեալը։ Թող կորսուի երթայ։ Երբեմն ալ խեղդեցէք այդ բանտարկեալը, ասպետօրէն, ազնիւ գինիի մէջ։
Ժպտեցէ՜ք, ժպտեցէ՜ք ...
Ու աշխարհը պիտի լեցուի ծիծեռնակներով, սոխակներով եւ աղաւնիներով։
Նորէն գարուն պիտի գայ, նորէն արշալոյս, նորէն հոգեպար ու նորէն անուշ երգեր։ «Դեռ ինչ արշալոյսներ կան ծագելիք»։ Արշալոյսները ժպիտներով կը հիւսուին։
Ժլատներ, ժպտեցէ՜ք, ժպտեցէ՜ք ... ձրի է ժպիտը։

Եթէ երկրագունդին բոլոր մարդիկը խմբովին, ամբողջովին, հաւաքականօրէն, համայնականօրէն մէկ վայրկեան ժպտին, ամէն բան կը փրկուի։ - Հաւատացէ՜ք, հաւատացէ՜ք -։ Կ՚ըլլայ զինադադար, հաշտութիւն, խաղաղութիւն խաղաղութեանց։ Ուրախութեան փոթորիկներ։
Աղաւնիները կը խենթանան ... կը թառին պետական մարդոց ջիղերուն վրայ, յետոյ կը կամարուին հազարաւոր քաղաքներու վերեւ ու կը թափեն լուտասնե՜ր, լուտասնե՜ր ...

Ս. Ոգին կը յայտնուի եւ անշունչ իրերն անգամ կը սկսին ժպտիլ ու երգել։

ՆՇԱՆ ՊԵՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
1939


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝