Յայտարարութիւն

Thursday, November 10, 2011

ՄԷԿ ՓՈՒՆՋ ՈՍԿԵԱՅ ԽՐԱՏՆԵՐ ՄԵՐ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԷՆ

- Հնազանդէ՛ սիրով, աղօթէ՛ յոյսով, աշխատի՛ր հաւատքով եւ կը պայծառանաս երկնային հարսանիքին մէջ (Եզնիկ Վարտապետ):
- Ձեռք ունիս, ոտք ունիս, կարողութիւն ունիս՝ գործէ, վարձէ, սպասաւորէ՝ եւ կ՛ուտես: Մարմինդ պահելու բազմաթիւ կարելիութիւններ կան, եթէ ուզես աշխատիլ: Որովհտեւ, եթէ մրջիւնը որ ջնջին զեռուն է, ինքզինք կրնայ կերակրել եւ մեղուները իրենց նշխարները թագաւորներուն համար կերակուր կը դարձնեն. [անոնք] ոչ ձեռք ունին եւ ոչ ալ աշխատելու գործիք: Մինչդեռ Աստուած քեզի ձեռք եւ գործիք տուած է, նաեւ՝ բազմահնար միտք, անմեղութեամբ հաղորդակից եղիր այս կեանքի սնունդին (Սուրբ Յովհան Մանդակունի):
- Հաւատքով խնդրենք, եւ մեզ կերակուր կը տրուի: Ի՞նչ է, մենք հրա՞շք կը խնդրենք, ո՛չ. հրաշքը թերահաւատներուն եւ չարերուն պէտք է՝ ուղղութեան բերելու համար: Իսկ ինչ կը վերաբերի մեզի, Տէրը գիտէ մեր կարիքներն ու օգտակարը եւ ատոր համաձայն կը պատրաստէ ինչ որ պէտք է մեզի (Մեծն Սուրբ Ներսէս):
- Սիրտի սրբութիւնը աղօթք է, որ աւելին է քան բոլոր աղօթքները, որոնք կը կատարուին հնչող ձայնով. եւ յստակ միտքին խառնուած լռութիւնը աւելին է քան այն, որ եթէ մէկը բարձրաձայն աղաղակէր (Օփինակ Աղօթից):

Հաւաքեց՝
Վարանդ Վարդապետ Քորթմուսեան

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝