Յայտարարութիւն

Tuesday, November 29, 2011

Սուրիոյ դէմ նիւթուած դաւադրութեան առիթով

Ցարդ «Նշանակ» քաղաքական հարցեր չէ քննարկած , սակայն արդարութեան սիրոյն աններելի կը սեպէ իր կարծիքը չյայտնել Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող անարդարութեանց, սպաննութիւններուն, այս ասպնջական ու սիրելի երկրին գոյութեան արմատներուն կացինահարման սպառնալիքի տակ գտնուելուն առիթով: Կայքէջի ընթերցողները՝ Սուրիայէն Էմիրութիւններ, Թուրքիայէն Ուրուկուէյ, Գերմանիայէն Հայաստան, ԱՄՆ, Աւստրալիա կամ Ռուսաստան ՝ թող իմանան որ Սուրիան քարուքանդ ընելու Ամերիկեան-Իսրայէլեան-սնանկ Եւրոպա եւ դաւաճան Արաբական Լիկա քառեակին հրէշային ծրագիրները ձախողած են շնորհիւ Սուրիոյ ժողովուրդին ազգային միասնականութեան : Ուզեցին այս երկիրը տանիլ դէպի քաղաքացիական պատերազմ՝ ձախողեցան: Ուզեցին զայն բաժնել մի քանի պետութեանց՝ ձախողեցան: Այսօր Արաբական Լիկան ուզեց երկիրը քանդել անոր վրայ դնելով տնտեսական պատիժներ: Խեղճ , չըսելու համար քաղաքականօրէն տհաս կամ անհեռատես որոշում: Չե՞ն գիտեր թէ այդպիսի որոշում երկսայրի սուր է , շեղբին մին ուղղուած Սուրիոյ իսկ միւսը ՝ իրեն... Շնորհիւ իր ժողովուրդի ազգային բարձր գիտակցութեան, փորձառու իշխանութեան , երկրի տնտեսական հարստութեան , շրջանի երկիրներու , յատկապէս Լիբանանի եւ Իրաքի Լիկայի որոշման դէմ արտայայտութեան, Իրանի, Ռուսաստանի, Չինաստանի զօրակցութեան՝ Սուրիան պիտի մնայ կանգուն , միակամ , հետեւաբար յաղթական:
Այսօր Սուրիոյ մէջ կ'ապրին աւելի քան 60000հայեր իրենց կրօնական թէ ազգային ազատութիւններով . համայնքներ, բարեսիրական ու մարզական միութիւններ, դպրոցներ իրենց ուսումնական ծրագիրներով ու խորհուրդներով ազատօրէն կը գործեն այս հոյակապ երկրին մէջ: Քառեակը կ'ուզէ զայն աւերել: Ի՞նչ կը պատահի մեր ազգին, եթէ ճիւաղային այս ծրագիրները յաջողին: Կը սկսի արտագաղթ , այս անգամ չենք գիտեր դէպի ուր : Արդեօ՞ք դէպի սնանկ Եւրոպա: Դէպի աննկարագիր ու մարդասպանութեան արհեստավարժ ղեկավարութեամբ առաջնորդուած Միացեալ Նահանգնե՞ր: Դէպի Հայաստա՞ն: Դէպի Ծոցի դաւաճան պետութիւննե՞ր: Դէպի ո՞ւր... Դէպի անորոշութիւն ու դժբաղդութիւն ...
Հայութիւնը մէկ մարդու նման պէտք է զօրաւիգ կանգնի Սուրիոյ : Հերիւրածոյ , ստապատիր հեռուստասփռումներուն չէ որ պէտք է հաւատայ : Համայնքային լրատուական կեդրոնները եւ հայկական թերթերը պէտք է իրենց համադրուած հաղորդակցութիւնները ամէնօրեայ դրութեամբ ուղարկեն գաղութները ,երկրին ու հայութեան վիճակին մասին ճիշտ տեղեկութիւն տան , այդպիսով հայութեան վերածնունդի օրրան նկատուող այս երկրին ու այնտեղ ապրող հայութեան նկատմամբ թիւր կարծիքներ ու նոյն այդ հայութեան դէմ դաւող յետին ծրագիրներուն դէմ համազգային կեցուածք ապահովելու համար: Արդեօ՞ք հեռաւոր Աւստրալիոյ, Արժանթինի, ԱՄՆի կամ Գանատայի մէջ ապրող հայը տեղեա՞կ է որ Թուրքը իր երկդիմի քաղաքականութեամբ ու իր տարածած սուտերով ,Սուրիոյ արմատները կացինահարելով , մեծ ապտակ հասցուցած կ'ըլլայ Հայ Դատին: Հայութիւնը Սուրիայէն տեղահան ընելով իր սահմանին վրայ զօրաւոր թշնամի մը պարտութեան մատնած չըլլա՞ր: քաղաքական մեծ յաղթանակ մը ապահոված չըլլա՞ր մեր ցիր ու ցան ըլլալով: Այս բոլորին մասին ինչպէ՞ս պիտի մտածէ միջին հայը եթէ իրականութեան անտեղեակ է ան , եթէ արեւմտեան նպատակաուղղուած ,սուտերով զարդարուն աղբիւրներն են իր լրատուական միակ աղբիւրները ...
Աչքերնիս բաց թող ըլլայ սիրելի ընթերցող: Չտարուինք CNN , BBC , Jazeera եւ այդպիսի ազգեր կործանելու առաքելութեան մէջ գտնուող կայաններու ուղեղ լուացող սուտ լուրերէն : ԱԶԳԱԿՈՐԾԱՆ ԴԱՒ ԿԱՅ ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԻՆ ԵՏԻՆ ԿԱՆԳՆԱԾ : ՈՒՇԱԴԻՐ : ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՉՈՒՆԻՆՔ ՔՆԱՆԱԼՈՒ : ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՉՈՒՆԻՆՔ ՉՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԵԼՈՒ ՄԵՐ ԱՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱԳՐՈՎ: ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՉՈՒՆԻՍ , ՍԻՐԵԼԻ ԸՆԹԵՐՑՈՂ, ՁԵՌՆԱԾԱԼ ՄՆԱԼ ՈՒ , ԹԵԶԱՆԻՔՆԵՐԴ ՉՍՈՏԹԵԼՈՒ՝ ԱԶԳԻԴ ԴԷՄ ՆԻՒԹՈՒՈՂ ԴԱՒԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ:
ՕՆ ՈՒՐԵՄՆ:
«ՆՇԱՆԱԿ»










«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝