Յայտարարութիւն

Wednesday, November 30, 2011

Օշին Էլակէօզ՝ Սուրիոյ դէմ նիւթուող դաւադրութեանց առթիւ

Սիրելի պարոն Նշան:

Ցաւօք սրտի կարդացի ձեր Սուրիա հայութեան ապագայի մասին ահազանգ հնչեցնող գրութիւնը:Բոլորիս ծանօթ աշխարհիս խառնակիչ ,կայսերապաշտ երկիրները դեռ չեն յագեցած դարերու տեւողութեան Ափրիկէի եւ այլ նուազ յառաջացած երկիրներու հարստութիւնները շահագործելէ, հիմա իրենց ճիրանները դարձուցած են դէպի միջին արեւելքի արաբական երկիրները ու կը ջանան բոլոր տարածաշրջանը արիւն լուայ ընել ի նպաստ իրենց քաղաքական ու տնտեսական շահերու իրենց ետին ունենալով իրենց խամաճիկը դարձած զանազան երկիրներու զօրակցութիւնը որոնք կը յուսան ինչպէս գիշակեր անասունները կը սպասեն որ առիւծը իր որսաց որսը ուտելէ վերջ յետին մնացածներովը իրենց փորը կշտացնեն:Հ իմա կարգը եկած է Սուրիոյ:Ամէն անգամ որ լուր մը կը կարդամ միջին արեւելքի արաբական երկիրներու մասին կը մտածեմ հոն գոյութիւն ունեցող հայ համայնքի մասին, որովհետեւ գիտեմ թէ երբ այդ երկիրներու մէջ խռովութիւն մը տեղի ունենայ ու երկրին բնակիչները տուժեն,հոն ապրող հայ համայնքը կը տուժէ տասնապատիկը:Օրինակները բոլորիս ալ յայտնի են . ահաւասիկ Թուրքիա,Իրան,Լիբանան,Իրաք եւ վերջապէս Եգիպտոս:Տարիներու ընթացքին այդ երկիրները տիրող պատերազմներու պատճառով հոն ապրող հայ համայնքի անդամները ստիպուեցան արտագաղթել դէպի ԱՄՆ կամ զանազան Եւրոպական երկիրներ իրենց յետին ձգելով իրենց մշակոյթը,կալուածները,եկեղեցիները եւ այդ երկիրները հաստատուողներուն զաւակներն ու թոռները ցրուելով այլասերեցան հայութենէ:Հայ մշակոյթի բերդերէն մէկը եղող Պոլսահայութեան վիճակն ալ վերջի տասը տարիներու ընթացքին մատնուած է ցաւալի կացութեան մը:Մեր նոր սերունդները այլեւս հայերէն չէն խօսիր:Հայերէնը իրենց համար եղած է օտար լեզու մը որ ոչ մէկ կարեւորութիւն ունի,ըստ իրենց <Հայերէնը բանի մը չի ծառայեր>:Խառն ամուսնութիւնները այլեւս սպառնալիք կը պատճառեն մեր համայնքին գոյատեւման :Եթէ այսպէս շարունակուի երկու սերունդ վերջ Պոլսահայութիւնը կը դադրի այլեւս <Հայ> մը ըլլալէ:Միջին արեւելեան երկիրներու հայութիւնը ես կը նկատեմ հայ մշակոյթի թիկնապահը,որոնք իրենց թերթերով,գրատուներով,եկեղեցիներով,կուսակցութիւններով եւ իրենց հայախօս համայնքներով կը շարունակեն վառ պահել հայապահպանման ջահը:Ասոնցմէ ամենակարեւորներէն մէկն է Սուրիոյ հայ համայնքը:

Ձեր գրութեան մէջ կայ տող մը որ յոյս կը ներշնչէ,հոն ուր գրած էք <<..... Սուրիան պիտի մնայ կանգուն , միակամ , հետեւաբար յաղթական>> : Յուսամ մօտ օրէն այս խառնակութիւնը կը վերջանայ ու Սուրիոյ մէջ կը տիրէ խաղաղութիւն :Մինչ այդ կաղօթեմ Աստծոյ որ ձեզ տայ ոյժ,կամք եւ համբերութիւն որպէսզի կարենաք դիմադրել Սուրիոյ մէջ այժմ տիրող դ ժնդակ կացութեան :

Սեր ու յարգանք ձեզ եւ բոլոր Սուրիա հայութեան :

Օշին էլակէօզ


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝