Յայտարարութիւն

Tuesday, November 15, 2011

NATIONAL GEOGRAPHICԻ ՆՈՐ ԹԻՒԸ ԵՒ...... ԼՈՐԱՆ


« Նշանակ» ի համար ցնծութեան համազօր է ականատես ըլլալ հայերէնով տպագրուած գիրքի մը «երկունք» էն ետք անոր ծնունդին: 11/11/11ի առաւօտուն «Բագին»ի խմբագրատունն էի երբ ծրար մը բերաւ ազնիւ երիտասարդ շարժավար Յարութ Խարբերդեանը: Ծրարին բովանդակութիւնը՝ 10 նմուշ « Հայուհիի մը օրագրէն» ր Սեդա Գրիգորեանի հեղինակած, կեանքի իրականութենէն առնուած պատմուածքներու 210 էջնոց հատորէն: Մարդու դիմագիծը , Body Language ը յաճախ կ'ըսեն այնքան բան որ մէկ միլիոն բառ քիչ են արտայայտելու համար որոշ եղելութիւններ: Պէտք էր բախտաւոր ըլլալ ականատես ըլլալու համար Սեդայի «ծրարը պատռելու արարողութեան» եւ գիտնալ թափանցել դէմքին իւրաքանչիւր բջիջին մէջ՝ կարենալ՝ ի՜ր հետ ըմբոշխնելու ուրախութեան այդ վայրկեանը , որ տարբեր չէ մօր մը իր զաւակը առաջին անգամ գրկելու ուրախութեան վայրկեանէն: «Հայուհիի Մը Օրագրէն» ի ծնունդը իրականութիւն էր այլեւս... Այս իմ պատահական վկայի հանգամանքիս վարձատրութիւնը այն եղաւ , որ ես բախտաւոր անձը եղայ առաջին մակագրուած օրինակը ստանալու՝ իններորդը «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» Հիմնադրամի մեկենասութեամբ հրատարակուած հատորին: Առիթը օգտագործելով կը հրապարակենք անունները ցարդ հրատարակուած գիրքերուն, մեր երախտագիոտութիւնը յայտնելու համար այս հիմնադրամի հիմնադիրներուն եւ զայն տնօրինող վարչութեան եւ՝ առ ի տեղեկութիւն «Նշանակ»ի ընթերցողներուն.

Թիւ 1 - «Հարաւային Կողմն Աշխարհի» , Վարդան Մատթէոսեան 2005
Թիւ 2 - «Անտիոքի մերձակայ Ռուճի հովիտի հայերը» , Յակոբ Չոլաքեան 2006
Թիւ 3 – (Արաբերէն) «Ալ Քանիսա Ալ Արմանիա Ուա Մաուգաահա ֆի
Մաճազէր Ալ Իպատա» , Տոքթ. Սալէհ Զահրէտտին 2008
Թիւ 4 - « Մոգական Հայելիներ » , Մանուէլ Քէշիշեան 2008
Թիւ 5 – «Անմաշ Փրփուրներ » , Յակոբ Նալպանտ 2009
Թիւ 6 - «Կանթեղ» Աւետիս Մատեան 2009
Թիւ 7 - «Լի» Յարութիւն Վարդանեան 2010
Թիւ 8 - « Խաւարին Ընդմէջէն » , Բենիամին Էհմալեան 2010
Թիւ 9 - « Հայուհիի մը որագրէն » , Սեդա Գրիգորեան 2011

Սեդա Գրիգորեանը անծանօթ չէ «Նշանակ»ի ընթերցողներուն: Պրպտեցէք «Գրական» բաժնին մէջ եւ այնտեղ զինք պիտի գտնէք : Նախօրօք հրապարակուած պատմուածքները լոյս տեսած են այս հատորին մէջ : Խմբագրութիւնս յարմար նկատեց պարբերաբար հրապարակել Սեդայի պատմուածքները , որովհետեւ այնտեղ անկեղծօրէն պատմուած իւրաքանչիւր պատմութիւն, իր բովանդակութեամբ անմիջականօրէն կապ ունի եթէ ոչ իւրաքանչիւրիս սակայն հարեւանի մը, հեռու ազգականի մը, հանրակառքի մէջ պատահական հանդիպած արու կամ էգ մարդու մը հետ: Մէկ խօսքով՝ մարդկային իրականութեան հետ: Իր խառն զգացումներով, իր մարդու ու հայուհիի սկզբունքներուն չդաւաճանելու վճռակամութիւն ունեցող այս անվախ հայուհին , իւրաքանչիւր պատմուածքի աւարտին ընթերցողին մտքին կուտայ երեսուն երկվայրկեան տեւող pause մը , որուն ընթացքին գիտակցութիւնդ չի գործեր իսկ ենթագիտակցութեանդ մէջ բարի բան մը կը քանդակուի:

Նախ քան հրապարակելս անգամ մը եւս աչքէ անցուցի վարի պատմուածքը տպագրական սխալներու մուտքը արգիլելու նպատակով , եւ աւարտին ՝ տաս երկվայրկեանի պարապէ մը ետք Լորայի անուշիկ դիմանկար մը դրոշմուեցաւ գիտակցութեանս մէջ հայուհիի ամբողջական յատկանիշներով , ազգապահպանման պայքարին պատրաստ իր բոլոր զէնքերով, զէնքեր՝ փոխանցուած Լորային իր աննման մօրմէն: Այս եւ այսօրինակ իրականութեանց մասին է որ պատմած է Սեդա Գրիգորեան :Իր «օրագիրը» , որուն մէջ ինք միշտ կայ ՝համամարդկային բայց մանաւանդ համազգային իրականութեանց յայտնաբերման «օրագիր» է:

Յանուն «Նշանակ»ի խմբագրութեան եւ ընթերցողներուն կը շնորհաւորեմ գիրքիդ ծնունդը Սեդա եւ կը սպասեմ նոր գիրքի մը «յղութեանդ»:

Նշան Պասմաճեան

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.««.«.«.«.«.««.«.«.«.




Ուրբաթ է։ 8րդ դասարանի վերջին՝ հայոց լեզուի դասապահի աւարտման զանգը կը հնչէ։ Աշակերտներս կարծես բանտէն կը փախչին։ Իրարանցում, հոս-հոն վազվզուք, աղմուկ ու անկարգութիւն։ Միայն Լորան է, որ կարգապահ, մեղմ ու անաղմուկ, յուշիկ քայլերով կը մօտենայ ինծի եւ ցտեսութիւն ըսելէ առաջ՝ հպարտութեան շեշտով մը ինծի կ’երկարէ National Geographicի համար մը՝ ,Կ’ուզէ՞ք տեսնել նոր թիւը. մեր՝ հայերուս մասին է, ըսելով։ Հաճոյքով կը վերցնեմ թիւը, ցոյց տուած տեղը արագ մը աչքէ կ’անցընեմ եւ քաջալերելէ ետք Լորային հետաքրքրութիւնը, թիւը հետս կը վերցնեմ կարդալու խոստումով ու կը բաժնուիմ իրմէ՝ բարի շաբաթավերջ մաղթելով։

Լորային նախաձեռնութիւնը սակայն անմիջապէս կը գրաւէ իմ միտքերուս ծանրութեան կեդրոնը։ «Մեր՝ հայերուս մասին է» իր խօսքը գամուած կը մնայ մտածումներուս մէջ տեղ մը։ Լորան հայուհի չէ, կենսաբանական իր հօրը տուալներուն համաձայն։ Ան հունգարացի հօր եւ հայ մօր մը զաւակն է, հայերուս համար քիչ մը տարօրինակ հնչող մականունով, որ յաճախ ծիծաղի առարկայ կը դառնայ դասընկերներուն կողմէ (բոլոր դասընկերներն ալ երկկողմանի հայորդիներ են, բացի մէկէն, որ երբեք չի ձայնակցիր ընկերներուն), դասարանին մէջ, ճաշարանը, կամ որեւէ տեղ։ Լորային դասընկերներէն ոմանք նոյնիսկ չեն խպնիր իրենց ընկերուհին ուղղակիօրէն ծաղրելու, մանաւանդ որ ան դասարանին լաւագոյնն է, դասերուն թէ աշակերտական իր կեցուածքին մէջ, ինչ որ կը մեկնաբանուի իբրեւ տկարութիւն եւ ,կեանք չունենալու իրողութիւն. բան մը, որ անշուշտ չի համապատասխաներ Լորային, քանի որ ան շատ ժպտուն ու բնական պահուածքով պարմանուհի մըն է, իսկ իր ընկերներուն կծու խօսքերուն ան միշտ եւ միշտ կը հակադարձէ զսպուած ժպիտով, իր խաժ աչքերը մեծահոգօրէն անոնց վրայ սեւեռելով։

Բայց ո՞վ կրնայ չափագրել ու կանոնի վերածել հայկականութեան սկիզբն ու աւարտը մեր մէջ։ Հակառակ օտար հայր ունենալուն, Լորան հայուհի մըն է, քանի որ ան միակն էր 8րդ դասարանի երկու բաժանմունքերէն, որ առանց իմ պահանջելուս անգիր սորվեցաւ Վահան Թէքէեանի Խորհուրդ Վարդանանցը եւ ամբողջ դասարանին դիմաց բարձրաձայն ու բանաստեղծութեան ոգիի՛ն պահանջած թելադրականութեամբ արտասանեց, անարգանքի սիւնին գամելով իր դասընկերները, որոնցմէ շատեր քերթուածին ընթերցումն անգամ չկրցան կատարել հեզասահօրէն, նոյնիսկ քանի մը առիթ տալէ ետք իրենց։ Լորան այլեւ զտարի՛ւն հայ է, բառին իսկական ու լայն իմաստով, որովհետեւ ան ինքզինք պատասխանատու կը զգայ մանաւա՛նդ հայերէնին նկատմամբ. այս մասին տեղեկացայ իր շարադրական մէկ փորձէն, երբ հոն կարդացի հետեւեալ տողերը. «Կ’ուզեմ իմ աշխատանքովս երախտագիտութիւնս յայտնել հօրս, որ հայ չէ, բայց զիս կ’ուղարկէ Սուրբ Յակոբ վարժարան, որպէսզի ես մօրս նման հայ մեծնամ»։
... Հասած եմ դուռը դպրոցին, National geographicի թիւը ձեռքիս, բայց միտքերս տակաւին կը փնտռեն այն formulaն, որ պիտի կարենար ճշդել հայկականութեան ապրումին, ոգիին ու պատկանելիութեան զգացումին չափը՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար ու մեր բոլորին մէջ...


15 Փետրուար, 2004

Մոնթրէալ
























«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝