Յայտարարութիւն

Saturday, December 10, 2011

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՅԱԿՈԲ ԹՕՓՈՒԶԵԱՆ

Գրադարանիս մէկ անկիւնէն ձեռքս կ'անցնի գիրք մը՝ «Տրտունջներ . Տաղեր » : Հեղինակը՝ Յակոբ Թոփուզեան:Նիւ Եորքէն: Այս անունը բնաւ չեմ լսած բայց գիրքը գնած եմ:Գիրքը տպուած է ՝1970 ին՝ Տպարան Համազգային, Պէյրութ (Տակաւին «Վահէ Սէթեան» չէր մկրտուած):Ոչ կենսագրական ծանօթութիւն, ոչ նախաբան, ոչ ներածական: Կը կարդամ առաջին մասը՝ ՏՐՏՈՒՆՋՆԵՐ:« Իմ ժանրս չէ» կը մրթմրթամ, ես ինծի: Կը կարդամ երկրորդ մասը՝ ՏԱՂԵՐ : «Լաւ բաներ կան» , կը մտածեմ: « Ընթերցողն ալ ինծի պէս «տգէտ» թող չմնայ» կ'ըսեմ ու կը սկսիմ արտատպելու վարի մի քանի բանաստեղծութիւնները , ուր հեղինակը շօշափած է, ի միջի այլոց ինչպէս սէր, կարօտ,նաեւ համամարդկային նիւթեր:
«Նշանակ»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

ԵՐԿՈՒ ՕՁԵՐԸ

Միջօրէի բարկ շողերուն տակ արեւուն,
Փոքր առու մը մեղմասահ ու կարկաչուն,
Կը սահէր վար իբրեւ առատ ջուրի մանկիկ,
Պարտէզի մը եզերքներէն յոյժ գեղեցիկ:
Պարտէզին մէջ ծաղիկները բոլորովին,
Յար անտեղեակ ու լռելեայն կը բուրէին,
Իբր մարմնացեալ տեսիլները Արարիչին:
Խումբ մը շուշան ու մանիշակ՝ իրարու քով
Բացուած էին խիստ հողմերէ անապահով:
Չակնկալուած երկու օձեր հասան անոնց:
Մին պահուելով մանուշակաց ներքեւ, - «օձ եմ»,
Ըսաւ. «Կապոյտ աչքերու մէջ խայթող ակնարկ»:
Միւսն ըսաւ , ծածկուելով շուշանաց տակ,
«Ես ալ ճերմակ կուրծքերու տակ՝ ՆԱԽԱՆՁՆ եմ»:

ՕՐԷՆՔԸ ԵՒ ՅԻՄԱՐԸ

Յիմարին մէկն կը հայհոյէր օրէնքի,
Մինչ կարծած էր զայն «բռնութիւն» ատելի:
-«Ազատն Աստուածն մեզ ալ ազատ ստեղծեց,
Սակայն իշխող չարն ալ՝ օրէնքն իբր թէ մեծ
Բարիք մը՝ մեզ ընդունելու ստիպեց:
Ինչո՞ւ մարդը չըլլայ ազատ՝ սիրելու,
Տիրանալու, ամէն ուզածն ընելու.
Ընտրած ճամբան ուզածին պէս երթալու.
Բաղձանքներուն իրագործման հասնելու...»
Յայնժամ՝ խոհեմն իրեն տուաւ խիտ սանտր մը,
Եւ բացատրեց.-«Ասոր պէս է օրէնքը.
Երբ գլուխդ ասով սանտրես անդադար՝
Կը մաքրուիս ոջիլներէդ այդ յիմար»:

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝