Յայտարարութիւն

Tuesday, January 3, 2012

Հայեցի դաստիարակութիւնը - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

Պիտի ըսէինք՝ Հայեցի դաստիարակութեան «Քաթալոկ»:
Այո, անգամ մը եւս Վրէժ Արմէն կը բանաձեւէ այն դժուար բանաձեւելի իրականութիւնը , որ կը կոչուի Հայեցի դաստիարակութիւն: Սիրելի Ընթերցող, կրնաս վիճաբանութեան առարկայ դարձնել Վրէժ Արմէնի մտքերը: Տուր կարծիքդ, ադկէ օգտուողը կ'ըլլայ հայօրէն դաստիարակելու տագնապով տառապող հայը միայն :
«Նշանակ»
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»»


ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Հայեցի դաստիարակութիւնը՝
հիմք ազգային ռազմավարութեան


Ի՞նչ կը հասկնանք հայեցի դաստիարակութիւն ըսելով։
Յստակացնենք հարցումը՝ տարբեր հարցումով մը. արդեօ՞ք, ինչպէս ոմանք կը
կարծեն, հայերէնի դասաւանդումը հայեցի դաստիարակութի՞ւն է։ Հայերէն սորվիլը,
հայ մշակոյթին ծանօթանալը, հայոց պատմութիւն գիտնալը կը նշանակէ՞, որ հայեցի
դաստիարակութիւն ստացած ենք։ Եթէ այո ըսենք, այդ կը նշանակէ, որ մասնակի
ըմբռնում մը միայն ունինք հայեցի դաստիարակութեան մասին։ Եթէ ո՛չ ըսենք,
մեղանչած կ'ըլլանք թէ՛ մենք մեզի ու մեր ճիգին նկատմամբ՝ սորվելու մեր լեզուն եւ
մնացեալը, եւ թէ՛ սորվեցնողին նկատմամբ, որովհետեւ, հայեցի դաստիարակութիւնը
այդ բոլորն է, բայց ոչ միայն։

Ուրեմն, ի՞նչ է հայեցի դաստիարակութիւնը, կամ ի՞նչ է նպատակը այդ
դաստիարակութեան։

Փորձենք այս բարդ հարցադրումին պարզ պատասխան մը բանաձեւել։ Հայեցի
դաստիարակութեան նպատակն է կերտել հայ մարդը, անդա՛մը հայ ազգին, հայ
քաղաքացի՛ն, Հայաստանի՛ քաղաքացին, նոյնիսկ եթէ հոն՝ իր պապերու հայրենիքին
մէջ չապրիր։ Ուստի, հայեցի դաստիարակութիւնը այն ամենն է, որ մեզ հայ կ'ընէ, ո՛ւր
որ ալ ապրինք՝ Հայաստանի մէջ թէ Հայաստանէն դուրս, ի՛նչ ալ ըլլայ կամ եղած ըլլայ
դուրսը գտնուելուն պատճառը։ Հայեցի դաստիարակութեան բացակայութեան,
անկարեւոր կը դառնայ այս վերջին հարցը, այսինքն մեր երկրին մէջ կամ մեր երկրէն
դուրս ապրիլը։

Իսկ ի՞նչ է, որ մեզ հայ կ'ընէ. հայերէն գիտնալէն, հայ մշակոյթը ճանչնալէն
կամ հայոց պատմութեան ծանօթ ըլլալէն անդին։ Այդ ազդակները հիմնական են
անշուշտ, բայց անպայման հայ ըլլալու պէտք չկայ այդ հմտութիւնը ձեռք ձգելու
համար։ Շատ մարդիկ, առանց հայկական ծագում ունենալու, ինչ ինչ պատճառներով
կրնան սորվիլ մեր լեզուն, մեզմէ աւելի լաւ ալ տիրապետել անոր, ծանօթանալ մեր
մշակոյթի բազում երեսներուն, ու հիացմունքով արտայայտուիլ մեր այդ
հարստութեան մասին, կամ մխրճուիլ մեր պատմութեան խորքերը ու բանալ անոր
մեզի՛ անգամ տակաւին անհասկնալի ծալքերը։ Բայց ատով անոնք չեն դառնար հայ։
Հայ ըլլալու համար կայ գիտացութեան հարց մը, գիտակցո՛ւմ մը, prise de conscience
մը )եւ հետաքրքրական է այս ֆրանսերէն բառին առնչումը նաեւ խղճի՛ն հետ(,
առանց որուն մնացեալը իմաստազուրկ կը դառնայ։ Ինչի՞ գիտակցումը – առաջին
հերթին՝ պատկանելութեա՛ն, անկասկած. ազգին ու հայրենիքին պատկանելութեան.
երկրորդ հերթին՝ ինքնութեան, այսինքն իր ո՛վ ըլլալուն, եւ այստեղ է որ լեզու - մշ
ակոյթ-պատմութիւն երրորդութիւնը իր դերը ունի խաղալիք. երրորդ հերթին՝ իր
իրաւունքին, այսնիքն իր Դատին, որուն տէր ըլլալու պարտաւորութիւնը պիտի զգայ
հայ մարդը. իսկ Դատին մաս կը կազմէ անշուշտ Երկիրը, որուն տիրութիւն պիտի
ընէ ան։
Ահա այս բոլորը կը պարփակէ հայեցի դաստիարակութիւնը։

Իսկ ո՞ւր կը տրուի այս դաստիարակութիւնը։
Դպրոցի՞ն մէջ, ինչպէս շատեր կը կարծեն ու կ'ակնկալեն իրաւամբ որ այդպէս
ալ ըլլայ։ Այո՛, բայց ո՛չ միայն, եւ ոչ առաջին հերթին։ Այդ դաստիարակութիւնը
տունէ՛ն կը սկսի, անգամ արգանդէն, երբ տակաւին չծնած ապագայ հայորդին
հայերէն կը լսէ իր նոր կազմուող ականջներով, հայ երգ ու խօսքի կ'ընտելանայ
աշխարհ գալէն իսկ առաջ։ Յետոյ, մինչեւ դպրոց հասնիլը, արդէն ինքնաբերաբար
հայացած պիտի ըլլայ ան, հայ ընտանիքի բարոյական արժէքները անզգալաբար
որդեգրած, հայ մշակոյթի միւռոնով օրհնուած։ Հայ ըլլալ-չըլլալու հարց ստեղծուած
պիտի չըլլայ իր մտքին մէջ։ Հա՛յ է, վերջակէտ։ Ու վարժարան պիտի երթայ՝
ամրապնդուելու համար իր այդ հայութեան մէջ։ Ու եթէ Հայաստանէն դուրս կ'ապրի՝
նաեւ արդէն գիտակից այդ իրողութեան եւս, ու իր ապրած երկրին առնչուած՝ երկրորդ
ինքնութիւն մը ունենալն ալ գիտնալով։ Տակաւին, եթէ իր ծնողներէն մէկն ալ հայ չէ՝
ատո՛ր ալ գիտակից, առանց որ այդ իրողութիւնը բան մը նուազեցնէ իր բոլոր միւս
գիտակցումներէն։ Ընդհակառակն՝ յաւելեալ հարստութեամբ մըն ալ օժտուած ըլլալու
հասկացողութեամբ...

Վարժարանը պիտի շարունակէ մարդակերտումի ու հայակերտումի
առաքելութիւնը, ու գիտելիքներ չէ՛, որ միայն պիտի փոխանցէ, այլ ապրումներ,
զգացումներ, սէրեր. մանաւա՛նդ սէրեր – լեզուին, գրականութեան, երգին, գիտութեան
ու քաղաքակրթութեան հանդէպ։
Բայց վարժարանէն զատ, վարժարանին առնթեր ու անկէ ալ անդին, կայ
ընկերային կեանքը՝ ակումբն ու պատանեկան-երիտասարդական-մարզական -մշ
ակութային միութիւնները, որոնց մէջ ու որոնց շնորհիւ տունէն բերուած արժէքները,
դպրոցէն ստացուած գանձերը պիտի ծաղկին, զարգանան։ Մամուլ եւ
հաղորդակցական այլ միջոցներ պիտի սատարեն այդ զարգացման։
Եւ դեռ կայ մանաւանդ հո՛ղը, որպէս դաստիարակութեան վայր։ Հայաստանի
մէջ ապրողին համար այդ հողը իր ոտքերուն տակն է, ու անոր տուած կրթութիւնը
նոյնպէս պիտի գայ բնակա՛ն կերպով, մինչ Հայաստանէն դուրս ապրողին ոտքերուն
տակ մերթ ընդ մերթ պէտք է ցանուի՛ այդ հողը, ինչպէս գերեվարուած Արշակ Արքայի
ոտքերուն տակ ցանուեցաւ... Կամ, պիտի երթայ կանգնի՛ այդ հողին վրայ, քալէ, դպչի
անոր, հո՛տը առնէ, կախարդուի անոր խորհուրդով։

Այո՛, եթէ հայերէն պիտի սորվինք, պիտի սորվինք այնպէս, որ պաշտենք զայն,
պահենք ու պահպանենք զայն, նոյնիսկ մեր կեանքի գնով, բայց մանաւանդ
ապրեցնենք զայն մեզի հետ՝ մեր կեանքի իւրաքանչիւր պահուն՝ մեր
հարազատներուն, մեր ընկերներուն թէ մեր գործակիցներուն հետ, երբ կարելի է,
բանաւոր թէ գրաւոր մեր հաղորդակցութիւններով, մեր ել-նամակներով,
Դիմատետրին )Ֆէյսպուքին( վրայ թէ Ճռուողարաններուն )Թուիթըրզ( մէջ...
Եթէ մեր մշակոյթին պիտի ծանօթանաք, պիտի ծանօթանանք այնպէս, որ մեր
կեանքի առօրեայի՛ն տայ աւիշ, եւ ոչ թէ դառնայ մեր կիրակնօրեայ ժամանցի
առարկան, բեմի՛ վրայ պարզապէս։
Եթէ մեր պատմութիւնը պիտի սերտենք, սերտենք այնպէս, որ ան տեւական
դասագիրք ըլլայ մեզի համար, ներշնչման աղբիւր, կեանքի ուղեցոյց։
Իսկ եթէ հայրենիք պիտի սիրենք, հողին վրայ, թէ հողէն դուրս, սիրենք այնպէս,
որ մե՛նք ծառայենք անոր, եւ ոչ թէ փորձենք զա՛յն ծառայեցնել մեզի՝ ունենալով
տեսլականը անոր ծառայութեան, հետապնդելով ոչ թէ անհատական շահը այլ
հաւաքակա՛նը, որմէ ի վերջոյ օգտուողը կ'ըլլանք նաեւ մենք՝ որպէս մասնիկը այդ
հաւաքականութեան։ Տեսլական մը՝ Հայաստանին ապահովելու իր ազգային ու
մարդկային բոլոր իրաւունքները, զայն զետեղելու ազգերու արդար ու համերաշխ
ընտանիքին մէջ։

Ո՞վ է պատասխանատուն հայեցի կրթութեան. ուսուցի՞չը, ինչպէս կը կարծեն
ու իրաւամբ կ'ակնկալեն շատեր։ Այո, բայց ո՛չ միայն, եւ ո՛չ առաջին հերթին։ Ծնողքը
նախ ու մեծ ծնողները, անկասկած։ Իսկ ուսուցչին, բոլո՛ր ուսուցիչներուն կողքին,
որովհետեւ միայն հայերէնի ու հայերէնով դասաւանդողներուն ճիտին պարտքը
չէ հայեցի կրթութիւնը, նաեւ վարիչները, մարզիչները, եւ անոնցմէ ալ անդին՝ բոլոր
ղեկավարները, տեղական մակարդակներէն սկսելով մինչեւ կաթողիկոսներն ու
Հայաստանի նախագահը, որոնց անձնական վարքը, կեցուածքներն ու համոզումները
նոյնպէս դաստիարակչական դեր կը խաղան։

Հայեցի դաստիարակութիւնը, այո, բոլորիս պարտականութիւնն է, ու մեր
իւրաքանչիւր քայլը կրնայ մէկ կամ այլ ձեւով մեկնաբանուիլ մեր զաւակներուն կողմէ՝
ի նպաստ կամ ընդդէմ հայեցիութեան։
Չխաբենք մենք զմեզ ու չխաբենք ուրիշները – հայեցի դաստիարակութիւնը
տեւական գործընթաց մըն է, իւրաքանչիւր սերունդի համար՝ օրօրոցէն մինչեւ
գերեզման, սերունդէ սերունդ՝ յաւիտեանս յաւիտենից։ Այդ գործընթացէն դուրս
գտնուողները չեն կրնար երբեք յաւակնիլ առաջնորդել հայութիւնը ըլլա՛յ ազգային քաղաքական, ըլլա՛յ կրօնական-մշակութային, ըլլայ որեւէ՛ այլ մարզի մէջ։
Այսպիսի լայն ընգրկումով՝ բարդ ու համապարփակ խնդիր է հայեցի
դաստիարակութիւնը, որ պէտք է մղէ բոլորս պատասխանատուութեան խոր
գիտակցութեան։
Առ այդ ալ հայեցի դաստիարակութիւնը հիմքն իսկ կը հանդիսանայ ազգային
ռազմավարութեան, ու այսօր Սփիւռքի մէջ թէ Հայաստանի՝ մեր տագնապներուն
պատճառը այդ դաստիարակութեան պակասն է, ու անոնց վերացման միջոցը՝ այդ
դաստիարակութեան ամրապնդումը։ Ան պէտք է յստակօրէն ու մանրամասնօրէն
բանաձեւուի թէ՛ մեր կուսակցութիւններու ծրագիրներուն մէջ եւ թէ Հայաստանի
սահմանադրութեան։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, տարեկան բացառիկ, 2011-12

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝