Յայտարարութիւն

Saturday, December 17, 2011

ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ԷՐՏՈՂԱՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ՆԱԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐԸ ԵՒ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԷ

Նախորդ շաբթուան ընթացքին «Նահար» օրաթերթին մէջ հրատարակուեցաւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանի գրած արաբերէն մէկ յօդուածը, որ կը վերաբերի Տերսիմի ջարդերուն գծով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հայցած ներումին:

Յօդուածին հայերէն թարգմանութիւնը կը հրատարակենք` իր շահեկանութեան համար:

Հայ Դատի Յանձնախումբ-Միջին Արեւելք

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

«Էրտողան կը բացայայտէ Տերսիմի սպանդներուն փաստաթուղթերը եւ թրքական պետութեան անունով ներում կը հայցէ». այս մասին կարդացինք «Ախպար Ալամ» կայքէջէն: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ առնուած այս քայլը քաջալերական է, սակայն անբաւարար` փոխելու համար Թուրքիոյ անիրաւ դիմագիծը եւ զայն դասելու շարքին այն պետութիւններուն, որոնք կը յարգեն մարդկային իրաւունքներու միջազգային չափանիշները:

Եթէ Էրտողան աւելի եւս խորասուզուէր պատմութեան մէջ եւ հասնէր միլիոնաւոր հայերու յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ եղող 1915-ի Մեծ Եղեռնի ժամանակաշրջանը, Օսմանեան կայսրութեան արխիւէն բացայայտէր Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող պատմական բոլոր փաստաթուղթերը եւ հրապարակաւ ներում հայցէր հայ ժողովուրդէն, որ այդ ցեղասպանութեան զոհն էր, ապա այն ատեն է որ Էրտողանի քայլը կ՛ամբողջանար, եւ կարելի կ՛ըլլար այդ քայլը նկատել պատմական յանդգնութիւն:

Այս փաստաթուղթերէն մէկը կը նկատուի Թալէաթ փաշայի «Սեւ գիրք»-ը, ուր արձանագրուած են այնպիսի յուշեր, եւ կան այնպիսի փաստաթուղթեր, որոնց հիման վրայ կը հաստատուի, որ Թալէաթը առաւելագոյն չափով կը զօրակցէր 1915-1917-ին գործադրուած հայ ցեղին մաքրագործումին, որ պատահեցաւ Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան ժամանակաշրջանին, իսկ այդ կայսրութեան այսօրուան օրինական ժառանգորդը կը նկատուի ներկայ Թուրքիան:

Այս փաստաթուղթը, որ կը նկատուի կարեւորագոյն փաստը Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութեան, կը պարփակէ օրին` 1915-ին, ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի կողմէ յղուած մեծ թիւով հեռագիրներ: Այդ հեռագիրներուն համաձայն, հրահանգներ կ՛արձակուին հայերը բռնագաղթի ենթարկելու, հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի հայ ժողովուրդի կարաւաններուն մասին, ինչպէս նաեւ ցուցմունքներ կը տրուին յաւելեալ թիւերով մարդիկ բռնի տեղահանելու եւ ոճիրները բազմապատկելու:

Հետեւեալ փաստաթուղթերը կ՛երաշխաւորեն Օսմանեան տեղեկագիրներուն մասին այսօրուան իշխանութեան պատասխանատուներուն բոլոր հարցումներուն պատասխանները: Այս գիրքին բովանդակութիւնը, որ գաղտնի մնացած էր Թալէաթ փաշայի կենդանութեան, իր 77 էջերուն մէջ կը բովանդակէ 1915-1917 տարեշրջանին հայ ժողովուրդին ենթարկուած բռնագաղթին վերաբերող մանրամասնութիւններ: 1921-ին Պերլինի մէջ վրիժառու հայ երիտասարդի մը կողմէ Թալէաթի ահաբեկումէն ետք Թալէաթ փաշայի կինը` Խէյրիէ պահած էր իր ամուսնոյն օրագիրը: 1982-ին, նախքան իր մահը, Խէյրիէ այդ փաստաթուղթերը յանձնած էր թուրք պատմաբան Մուրատ Պարտաքճիի: Իսկ Օսմանեան կայսրութեան պատմութիւնը ուսումնասիրող հայ պատմաբան Արա Սարաֆեան այդ փաստաթուղթերուն անդրադարձաւ 2011-ին:

Պարտաքճի այդ փաստաթուղթերէն մաս մը հրատարակած էր «Հիւրիէթ» օրաթերթին մէջ 2005-ին, իսկ 2008-ին այդ հրատարակութիւնը եղաւ ամբողջական: Այդ փաստաթուղթերը, որոնք հիմնուած են Թալէաթի օրագրութեան վրայ, կը բովանդակեն հայ ժողովուրդին մասին թիւեր, որոնց համաձայն, 1915-էն առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ կ՛ապրէին 1,256,000 հայեր, որոնց թիւը երկու տարի ետք նուազած էր եւ դարձած` 284,157», կը նշէ Պարտաքճի:

«Սեւ գիրք»-ին մէջ նշուած թիւերը յստակ պատասխաններ են Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող կարգ մը հիմնական հարցումներու: Անոնցմէ երկուքը կը բացայայտեն 1915-ին արձանագրուած բռնագաղթին իսկութիւնը եւ բռնագաղթող հայութեան ճակատագիրն ու վախճանը` երբ անոնք հասան մինչեւ Սուրիոյ անապատները եւ յատկապէս Տէր Զօրի անապատին մէջ վերաբնակեցան:

Ըստ Արա Սարաֆեանի, Թալէաթ փաշայի տեղեկութիւնները բոլորովին կը հակադրուին թրքական պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ ներկայացուած թիւերուն եւ բոլոր այն տեղեկութիւններուն, որոնց համաձայն կը հաստատուէր, որ բռնագաղթը` Օսմանեան կայսրութեան օրէնքներուն հիման վրայ կազմակերպուած քայլ մըն էր, ինչպէս նաեւ այն տեղեկութիւններուն, թէ յաջողութեամբ կարելի եղած է բռնագաղթող հայերը վերաբնակեցնել Տէր Զօրի մէջ:

Սարաֆեան կը նշէ նաեւ, որ Թալէաթի օրագիրները բովանդակող «Սեւ գիրք»-ին մէջ ակներեւ կերպով շեշտուած է, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ բնակող հայութեան թիւը շատ աւելի մեծ էր, քան ինչ որ կը յայտարարուի թրքական պաշտօնական աղբիւրներուն ներկայացուցած թուային պատկերներով: Իսկական այդ թիւերը շատ աւելի մեծ ցուցանիշներ են այն իրողութեան, թէ հայ ժողովուրդը բռնագաղթի ենթարկելը համազօր էր մահապատիժի:

Սարաֆեան լուսարձակի տակ կ՛առնէ նաեւ Թալէաթ փաշայի գիրքին մէջ նշուած մէկ այլ կարեւոր դիտողութիւն մը, որուն համաձայն. «Օսմանեան կայսրութեան օրերուն հայկական նահանգներուն մէջ ապրող բնակչութեան թիւը` 1914-ի վիճակագրութեան մը համաձայն, հետեւեալն է. 1,187,818 հայ առաքելական, 63,967 հայ կաթողիկէ, առանց նշելու հայ աւետարանականներուն թիւը: Եթէ փորձենք զգուշաւոր կերպով միայն 30 առ հարիւրի յաւելում մը կատարենք, պիտի տեսնենք, որ 1914-ին հայկական նահանգներուն մէջ հայութեան ճշգրիտ թիւը 1,500,000 է, հետեւաբար այդ նահանգներուն մէջ հայութեան մնացորդացին թիւը 284,157 պէտք չէ ըլլայ, այլ` 350,000 – 400,000-ի միջեւ պէտք է տարուբերի:

Իսկ մենք կը սպասենք հրապարակումը այն փաստաթուղթերուն, որոնք ուղղակիօրէն կը վերաբերին հայկական կալուածներուն` բնակարաններ, եկեղեցիներ եւ վանքեր, որոնք գողցուած են, քանդուած եւ կերպարանափոխուած` ծածկելու համար պատմական բոլոր փաստերը, որոնք ցոյց կու տան, թէ հայերը այդ շրջանին մէջ ապրած են աւելի քան 30 դարեր: Տակաւին չենք խօսիր հայկական գիւղերու եւ աւաններու անուններու փոփոխութեան մասին, ինչ որ կը հակադրուի 1923-ին ստորագրուած Լոզանի դաշինքին թիւ 38 եւ թիւ 44 յօդուածներուն, ուր Թուրքիա կը խոստանայ պաշտպանել փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները: Այս բոլորին կողքին, տակաւին կայ Աթաթուրքի իշխանութեան եւ Արդի Թուրքիոյ հիմնադրութեան հանգրուանը, որուն ընթացքին հայ ժողովուրդին բռնագաղթը շարունակուեցաւ, հասնելով մինչեւ Ալեքսանտրէթի գաղթերը, որոնք արձանագրուեցան 1939-ին:

Արդեօք այս բոլորը արժանի չե՞ն թրքական կողմէ ներում հայցելու:

Եթէ Թուրքիա իսկապէս քաղաքական եւ ժողովրդավարական հասունութիւն կ՛ապրի եւ ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւունքներուն մասին աջին ու ձախին խորհուրդներ կը բաշխէ, ապա ան իր յիշողութեամբ պէտք է վերադառնայ դէպի 1915 եւ ճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան գործած ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին տրամադրէ նիւթական ու բարոյական հատուցում»:

Վերա Եագուպեան

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝