Յայտարարութիւն

Wednesday, December 21, 2011

ԴԷՊԻ ԱՆԿԱՆԽԱՏԵՍԵԼԻ ԱՆԱԿՆԿԱԼՆԵՐ... ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Երեւան հասնելուս յաջորդ օրն իսկ սկսաւ քակուիլ անկանխատեսելի անակնկալներու կծիկը, երբ Գանատայէն հետս Հայաստան տարած քանի մը ծրարներ իրենց հասցէատէրերուն հասցնելու համար ժամադրուեցայ «Անի» հիւրանոց։ «Անի»ն ընտրեցի իբրեւ հանդիպման վայր, որովհետեւ կÿուզէի ամէն գնով Երեւանի փողոցներէն քալել առանձինն, տեսնելու համար, թէ գրեթէ տասը տարուան բացակայութենէ մը ետք ինչպէ՞ս պիտի զգայի հիմա. արդեօք պիտի կարենայի՞ յիշողութեանս մէջ յամեցող ճամբաները, փողոցներն ու կառոյցները վերագտնել առանց ուրիշի օգնութեան...
Հրաշալի բան է մարդկային յիշողութիւնը. քեզ կրնայ ուղղակի շշմեցնել այն պահուն, երբ կը կարծես թէ ժամանակի թաւալումին հետ նաեւ քեզմէ թաւալած հեռացած են անցեալի յուշերդ։ Բայց ո՛չ, կը թուի թէ սխալած եմ չարաչար, որովհետեւ ուղեղս այնպէս արագ կը սկսի շաղկապել իրարու Երեւանի Պետական համալսարանի ուսանողական տարիներս եւ ներկայ Երեւանը, որ ուղղակի կը մնամ զարմացած, երբ առանց դժուարութեան, ցուրտ, բայց արեւոտ 25 Նոյեմբերի կէսօրուան մօտերը Այգեստանէն կը սկսիմ քալել դէպի հրապարակ...
Կիրակի է օրը. եւ Կիրակին իր իւրայատուկ իմաստը ունի հոգեւոր կեանքի մէջ։ Առաջի՜ն Կիրակիս Երեւանի մէջ, գրեթէ տասնամեայ խզումէ մը ետք։ Եւ օրը կը բացուի այնքան իմաստուն եղանակով, այնքան թովիչ ու հարազատ կշռոյթով, որ կը թելադրէ չշեղիլ հունէն, այլ մնալ իր մէջ պարփակուած, իրե՛ն փարած։ Ի՜նչ հաճելի է Երեւանի փողոցներէն քալելը մանաւանդ...։ Առանց յոգնութեան, առանց մտահոգութեան, առանց տագնապի քալելն է այս, առողջ, կենսուրախ, թեթեւ ու շարականի մը պէս յուզիչ ... ներսս երգեր կը ծնին...։ Երեւան եմ դարձեալ, Բժշկական հիմնարկը, Շրջանայինը, Աբովեան փողոցը, ապա՝ Սայաթ Նովա նշանաւոր պողոտան եւ դարձուածքին՝ «Անի» հիւրանոցը։ Ճամբաներ՝ բոլորը ծանօ՛թ, բոլորը՝ հարազատ, բոլորը՝ հիւրընկալող ... կարծես ժամանակը կանգնած ըլլար, կարծես ոչ մէկ օր բացակայած ըլլայի Երեւանէն, ոչ մէկ օր հեռացած ըլլայի անոր առօրեայէն. այսքան ալ իրական ապրո՞ւմ, այսքան ալ հարազատութի՞ւն. իսկ շուրջս տակաւ առ տակաւ կեանքը կը սկսի եռալ, եւ ես միայն կրնամ յուզուիլ, ուրախանալ, հրճուիլ, մանաւանդ ի տես նորակառոյց շէնքերու, շուրջ բոլորս տեղի ունեցող շինարարական աշխատանքներուն։
Ուսանողական տարիներուս բաղդատած միակ տարբերութիւնը այն էր, որ հիմա կու գայի Գանատայէն, այդ հսկայ, անծայրածիր հողատարածքներու երկրէն եւ այնպէս կը զգայի, թէ Երեւանը կարծես փոքրացեր է տեսակ մը, թէեւ արդէն փոքր էր ի սկզբանէ, սակայն 1991-1992-1993ին, երբ Երեւան կը հասնէի Լիբանանէն՝ ցամաքի ճամբով Սուրիա, ապա հոնկէ Երեւան՝ թռիչքով, այն ատեն որքան մեծ եւ լայն կը թուէին ինծի Երեւանի փողոցները...
Ձմեռները Երեւանի առաւօտները ուշ կը բացուին եւ կեանքը հազիւ կէսօրին կը սկսի աշխուժանալ. հիմա այդ աշխուժացման պահն է, աշխուժ եռուզեռ է մանաւանդ Շրջանայինի մօտերքը եւ անկէ դէպի հրապարակ իջնող պողոտան, ուր տեսակ-տեսակ խանութներ, վաճառատուներ եւ գրասենեակներ են բացուած։ Ժողովրդային բազմութիւն՝ ճամբաներու երկու կողմերուն, մինի-պասեր՝ ամէն կողմ, ինքնաշարժի ճչակներ, խճողում, աշխատանքի եւ սնունդի վայրերու մէջ մեծ թիւով քաղաքացիներ, թերթի կրպակներ, կոկիկ հագուած երիտասարդներ, աւելի գեղեցկացած նոր սերունդի տղաք ու աղջիկներ, որոնք կը խօսին, կը խնդան, զիրար կը գրկեն իբրեւ բարեկամներ, մէկ խօսքով՝ ամէն կողմ ապրող ու շնչող իրականութիւն, կեանք, կեանք, կեանք, ուր հետքը անգամ չէ մնացած մութ եւ ցուրտ օրերու ուրուականային Երեւանին. եւ ինչ լա՛ւ է, որ առյաւէտ չքացած են հետքերը այդ տխուր ու մռայլ, վախազդու եւ անհրապոյր տարիներուն...
Կը քալեմ հոգիիս այնքան հարազատ Երեւանի փողոցներէն՝ միաժամանակ ուրախանալով, որ արդէն մասնակից եմ Երեւանի նոր կեանքին, եւ իբրեւ հարազատ մէկ բջիջը անոր՝ երգ մը, շունչ մը, կեանքի նոր թափ մը կÿաւելցնեմ եղածին ու այնպէս հաճելի կը զգամ ինքզինքս այդ ճամբաներուն վրայ, որ չեմ ուզեր ուրիշ վայր ըլլալ. չեմ ուզեր մանաւանդ Գանատա դառնալ եւ անգամ մը եւս կը վերահաստատեմ ներքուստ՝ Գանատայէն առած վճիռս. մինչեւ Մայիս մնալ Հայաստան, ամէն գնով եւ անպայմա՛ն...

*
* *
«Անի» հիւրանոցին ապակեայ հսկայ դուռնէն ներս կը մտնեմ նորոգուած ու թարմ մտքերով. կÿերեւի թէ ժպիտս կը մատնէր ներքին հրճուանքս, որովհետեւ Գանատայէն այս պանդոկը հանգրուանած ընկերը հաճելի ակնարկ մը կÿընէ այս մասին. միասին կը խնդանք, դարձեալ կը հաստատենք այն միակ ճշմարտութիւնը, որ Հայաստան քաշողական անասելի ուժ մը ունի իր մէջ, մեզ դէպի իրեն կը քաշէ այնպէս, ինչպէս ձգողական ուժը կը քաշէ երկրագունդը, եւ այդ ուժին մէջն է հայութեան ու Հայաստանի ամբողջ հմայքը, զօրութիւնը, խորհուրդը։ Կը քաշենք մենք մեզ իրարու եւ մեզ բոլորս իրեն կը քաշէ հայրենի հողը։ Հաւանաբար մի՛շտ այսպէս եղած է, մարդկութեան արշալոյսէն ի վեր, հայութեան նախաբնօրրանէն սկսեալ, բայց շատ յաճախ թերացած ենք այդ գիտակցութեան մէջ, անշուշտ մե՛ր մեղքով, մեր ընչաքաղցութիւններու, փառասիրութիւններու եւ մարդկային թերութիւններո՛ւն պատճառով։ Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել այս իրականութիւնը՝ 21րդ դարու առաջին տասնամեակի օրերուն. նո՞ր ստեղծուած իրականութիւն է այս. անշո՛ւշտ ոչ. վստահաբար դարերու արիւն ու ջիղ ամբարուած է հոն, այդ քաշողականութեան հայկական տարբերակին մէջ, որ եզակի է իր տեսակին մէջ եւ ատոր համար ալ մտքով անըմբռնելի, բայց անպայման ընդերայի՛ն, խորո՛ւնկ եւ անպարտելի՜...
Միտքերս պահ մը կÿընդհատուին, ստեղծուած առաջին անակնկալին դիմաց. խոստովանիմ, որ մինչ այդ գաղափար իսկ չունէի, թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմնի հրաւէրով տեղի ունենալիք ժողովը կը կրէր համաշխարհային բնոյթ եւ ուրեմն՝ ամէն կողմէ պատգամաւորներ այդ օրերուն Երեւան պիտի ժամանէին. այս այն ժողովն էր, ուր պիտի վճռուէր Հայաստանի նախագահական աթոռի Դաշնակցութեան թեկնածուն։ Ես ո՛չ պատգամաւոր էի, ոչ ալ հրաւիրուած մը. պարզապէս զուգադիպութիւն էր այս օրերուն Երեւան գտնուիլս եւ այնքա՜ն հաճելի անակնկալ, մանաւանդ երբ կÿիմանամ, թէ տարբեր գաղութներու պատգամաւոր ընկեր-ընկերուհիներէն ոմանք արդէն իջեւանած են նոյն պանդոկը։ Տաքցող ձմրան արեւին հետ կը տաքնան նաեւ մեր հոգիները, կÿողջագուրուինք հին ընկերներու հետ, կը ծանօթանանք նորերուն, կը սրտցաւինք բոլորս իրարու հետ եւ կարծես հայրենիքէն տարիներու մեր բացակայութիւնը կÿուզենք լեցնել քանի մը իրարու հետ փոխանակուած հանի մը սրտառուչ նախադասութիւններով։
Նոյն պահուն, Երեւան հաստատուած ընկեր մը ինծի կÿիմացնէ, որ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի նորաբաց գրասենեակի պատասխանատու ընկերուհին ալ նոյն պանդոկին մէջ է եւ անմիջապէս կու տայ սենեակին թիւը. հիւրանոցի պատասխանատուներէն կը խնդրեմ հեռաձայնել եւ ընկալուջէն լսելով զիրար, երկուստեք կը զարմանանք այս զուգադիպութեան վրայ։ Վերա Եագուպեան. «Ազդակ»ի օրերու գործակիցներէս, որ ահա շուտով կը հասնի գաւիթ եւ անակնկալը կը դառնայ հին եւ նոր յուզումներու ծնունդ տուող սքանչելի պահ...
Ութ տարի կÿընէ որ հեռացած եմ Լիբանանէն. Վերան Լիբանանը բերաւ իրեն հետ. ծննդավայր Լիբանանը, որուն քաղաքացիները տակաւին կը տուայտին քաղաքական եւ ապահովական անորոշութեան մէջ. բայց Վերան բնաւ տեղի չի տար այն իրականութեան դիմաց, թէ Լիբանան տակաւին նախագահ չունի եւ կրնայ նորէն դրուիլ մեծ պատերազմի մը առաջ. «Նորութի՞ւն է ինչու այս վիճակը մեզի համար. արդէն վարժուեցանք առանց նախագահի կառավարելու մենք մեզ այսքան ժամանակէ ի վեր. ե՛րբ ուզեն թող ընտրեն, ժողովուրդը իր կեանքը իր ձեռքով կը վարէ, պատերազմէն ալ վախցողը չէ»։
Վերան սակայն այլ ծրագրով եկած է Հայաստան. քանի մը օրէն Երեւանի Պետական համալսարանի երկրաբանութեան շէնքին մէջ բացումը պիտի կատարուի Արցախի զոհերէն իր նահատակ եղբօր՝ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան լսարանին. քոյրը եկած է՝ իբրեւ ընտանիքի ներկայացուցիչ խօսք առնելու լսարանի բացման հանդիսութեան, որուն բարեհաճ զուգադիպութեամբ մը ես եւս ներկայ պիտի ըլլամ։ Տարօրինա՜կ կեանք. Մհեր Ջուլհաճեանի թաղման եւս ներկայ եղած էի տարիներ առաջ, Եռաբլուր, եւ չէի դիմացած անոր ծնողքին աղեխարշ արցունքներուն. հիմա՝ քաջութեան մարմնացում անոր քոյրն է, որ անակնկալի մը առաջ կը դնէ զիս՝ նահատակ ընկերոջ անունով լսարանի մը բացման լուրը հաղորդելով...
Գերմանիայէն, արաբական երկիրներէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն եւ այլ գաղութներէ եկած պատգամաւոր ընկերներ հետզհետէ կը լեցնեն հիւրանոցին սրճարանի բաժինը. շրջանակը կը սկսի մեծնալ եւ այս անգամ խումբին կը միանան նախկին լիբանանահայ, այժմ Եւրոպայի բնակիչ, բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանն ու Երուսաղէմէն՝ ընկերուհի Ժորժէթը, որոնց հետ ջերմ ու սիրալիր ծանօթացման նպաստող խօսակցութիւն մըն է որ կը ծաւալի, բնական ու յանպատրաստից...

*
* *

Անակնկալները այսպէս կը շարունակեն զիս իրենց օղակին մէջ պահել ամբողջ երկու շաբաթ, որոնց ընթացքին «Անի» հիւրանոցը եղաւ օրական դրութեամբ հանդիպման վայր՝ ծանօթ եւ անծանօթ ընկերներու համար։ Հոն է, որ ծանօթացայ նաեւ ընկերուհի Հայկուշ Քէօհլէրին, անձնաւորութիւն մը, որ անմիջականութեան, սրտցաւութեան եւ խիզախութեան մարմնացումն է ինքնին. ընկերուհին եկած էր Միացեալ Նահանգներէն՝ ՀՕՄի ծրագրով. այդ օրերուն էր, որ դաշնակցական ընկերներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Ջաւախք՝ Երիտասարդական Կեդրոնի բացումը կատարելու նպատակով եւ ընկհ. Հայկուշ մաս կազմեց այդ պատուիրակութեան։ Մեղուաջան աշխատանքի մը լծուած՝ թէ՛ ժողովներու եւ թէ այլ ծրագիրներու իրագործման համար քով-քովի եկած ընկեր-ընկերուհիներ այդ օրերու Երեւանի կեանքին մասնակից դարձան ա՛յն երջանիկ համոզումով, որ ահա՛ ուր որ է Հայաստանի արեւը եւս պիտի սկսի բարձրէն շողալ՝ յաջողակ պետութիւններու արեւներուն կողքն ի վեր...

*
* *

Անձնապէս թէեւ պատգամաւորի հանգամանք մը չունէի, սակայն երկու շաբաթ գրեթէ օրական դրութեամբ մնացի պատգամաւոր ընկեր-ընկերուհիներու շրջանակին մէջ. Վերան եկած էր մէկ շաբաթով. «Մհեր Ջուլհաճեան» լսարանի բացումը տեղի ունեցաւ շատ տպաւորիչ մթնոլորտի մէջ, կուսակցական, մարտական, զինակից եւ պատգամաւոր բազմաթիւ ընկերներու ներկայութեան։ Այդ օրերուն էր նաեւ, որ ընկերուհիներով յաճախ այցելեցինք Ազատութեան հրապարակին կռնակը ինկող ՀՅԴ Բիւրոյի նորակառոյց բազմայարկ շէնքը, որ իր ներքին մթնոլորտով, սենեակներու բաժանումով, «Հրայր Մարուխեան» գրադարանով, «Դրօշակ»ի խմբագրատունով եւ զգալի լուսաւորութեամբ տպաւորիչ էր այնքան։ Որքան հաճելի, այդքան ալ լրջախոհութեան հրաւիրող շէնք մը, որուն մասին թէեւ մամուլով տեղեկացած էի ժամանակ մը առաջ, իսկ մօտիկ անցեալին՝ ընկ. Հրայր Մարուխեանի անուան գրադարանի բացման լուրը ստացած, բայց ուրիշ էր զգացողութիւնը, երբ ֆիզիքապէս կը մտնէի այդ շէնքէն ներս։ Նոյնը պատահեցաւ, երբ քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ այցելեցինք նաեւ Սիմոն Վրացեանի անուան նորաբաց շէնքը, ուր տեղադրուած էին Գերագոյն մարմինն ու «Երկիր» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը։
Մինչ այդ՝ խոստովանութիւն մը. զարմանալի ապրում մը միշտ համակած է զիս, ամէն անգամ որ այցելած եմ կուսակցական շէնք կամ կառոյց, ուր մանաւանդ գոյութիւն ունեցած է մամուլ, հրատարակութիւն։ Մի՛շտ ես զիս հարազատ տան մէջ զգացած եմ այդ շէնքերուն մէջ. Պէյրութի «Շաղզոյեան» շէնքէն սկսեալ, մինչեւ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ»ը, մինչեւ Գանատայի «Հորիզոն»ը, Հայաստանի «Դրօշակ»ն ու «Երկիր»ը, այլեւ մինչեւ Արցախի «Ապառաժ»ը։ Եւ այդ հարազատի զգացողութիւնն է հաւանաբար, որ ինծի տուած է քիչ մը շատ հանգիստ վերաբերելու առիթ եւ թերեւս ալ պատճառ դարձած, որ երբեմն «խախտեմ» «հիւր»ի կամ «պաշտօնեայ»ի համար ընդունուած սահմանափակ կարգը եւ տիրոջ ու ծառայի հոգեբանութեամբ ուզեմ մասնակից դառնալ անոր ներքին կեանքին, դիմագրաւած դժուարութիւններուն, արձանագրած յաջողութիւններուն... Սխալ մօտեցո՞ւմ մը արդեօք. թերեւս, բայց եւ այնպէս երբեք չեմ կրցած կրաւորական դիրք ընդունիլ եւ քովէն դիտող-անցնողի դերին մէջ ըլլալ, երբ խնդրոյ առարկան թերթն է, մամուլը, գիրքը, հայ գիրն ու գրականութիւնը...

*
* *

Աբովեան փողոցին վրայ էր նաեւ, որ Վերային հետ լեցուցինք ՀՅԴ Երիտասարդականի անդամներուն մեզի երկարած այն թերթիկը, ուր պէտք էր նշուէր Հ. Յ. Դաշնակցութեան թեկնածուին անունը. Արմէն Ռուստամեա՞ն, թէ՞ Վահան Յովհաննէսեան։ Երեւանի Կեդրոնը այդ օրերուն արտակարգ եռուզեռ կը տիրէր. եղանակը տակաւին մեղմ էր, ձիւնի թեթեւ փաթիլներ միայն կը տեղային, որոնք անմիջապէս կը հալէին երբ գետին հասնէին։ Ու մենք աշխոյժ եւ զուարթ, հայրենի փողոցներէն կը քալէինք՝ հին յուշերու, նոր ապրումներու եւ երկրին կեդրոնական թաղերու եղափոխուած արտաքին տեսքին մասին մեր կարծիքները փոխանակելով։ Նո՛յնն էր երկուքիս մտածումը. ամէ՛ն գնով պէտք է բարելաւենք մեր հայրենիքը, ամէն բանէ առաջ սակայն, պէտք է վերանայ աղքատութիւնը խթանող երեւոյթը՝ կաշառակերութիւնը ըլլայ այդ, անգործութիւնը, թէ օրէնքի հաստատութիւններու ցուցաբերած թերութիւնները։ Սակայն ամէնէն հաճելին այն էր, որ տարբեր երկիրներէ եկած նախկին ծանօթներ, ընկեր-ընկերուհիներ թէ բարեկամներ՝ հայրենիքի մէ՛ջ է, որ կը հանդիպէինք դարձեալ, բազմաթիւ տարիներու խզումէ ետք մենք մեզ վերագտնելով հարազատ հողի տարբեր քառուղիներուն վրայ...

*
* *

Շաբաթ մը ետք, Ժողովի աւարտին, պատգամաւորներուն մեծ մասը վերադարձաւ իր երկիրը. ընկերուհի Ժորժէթը շաբաթ մը աւելի մնացողներէն էր, որուն հետ եղայ մինչեւ իր մեկնումին օրը։ Բացառիկ ընկերուհի մը, որ Երուսաղեմէն կու գար, կը յուզուէր ամէն առիթի, պատմելիք ունէր անընդհատ՝ Իսրայէլ - Պաղեստինեան իրադարձութիւններու մասին։ Իր առաջարկով, յետմիջօրէ մը «Անի» հիւրանոցի գաւիթը մնացի, հետը սպասելով իր հիւրին. Արտաշատի կից գտնուող Արտաշար գիւղին Տէր Հայրն էր եկողը. խանդավառ ու խօսուն անձնաւորութիւն, որ չբաւարարուեցաւ այս հանդիպումով, այլ՝ ընկերուհին եւ զիս իր ինքնաշարժով տարաւ իրենց տունը՝ Արտաշար։ Տէր Հօր երէց որդին Երուսաղէմի Ժառանգաւորացի սաներէն էր եւ աչքին լոյսը՝ ընկհ. Ժորժէթին. հայրը այս առիթով կÿուզէր պատուել՝ օտարութեան մէջ իր զաւկին երկրորդ մայրը հանդիսացող ընկերուհին։ Յուզիչ եւ խռովիչ հանդիպում՝ նաեւ Երէցկնոջ հետ, որ անմիջապէս կը հիւրընկալէ մեզ, սեղան կը բանայ, իր զաւկին ղրկած վիտէօ-երիզը կը զետեղէ սարքին մէջ եւ անբաւօրէն կը հրճուի, իր զաւկին մասին ընկհ. Ժորժէթին փոխանցած տեղեկութիւններով։ Հայրենիքը տեսակ մը վերածուած է Սփիւռքի, Սփիւռքը՝ Հայրենիքի։ Օտարութեան մէջ նոյնիսկ, մայրական ձեռքեր կան՝ հայու ամէն մէկ զաւկին համար։ Եւ ընկերուհին իր կեանքը այս նպատակին է նուիրած։ Յուզական մթնոլորտը սակայն հոս չի վերջանար. Տէր հայրը այլ անակնկալ մըն ալ վերապահած է մեզի. կը հետեւինք իրեն եւ այս անգամ կը մտնենք բաւական տարածուն տունէ մը ներս։ Մթնած է թէեւ, բայց վերադառնալու մասին անգամ իրաւունք չունինք մտածելու, քանի որ մեզ անմիջապէս կը շրջապատեն ընտանիքի անդամներ, հարեւան գիւղացիներ եւ տանտիրուհիներ՝ մայր, հարս, կեսուր, մեծ մայր ու կը հրաւիրեն՝ ճաշարան։ Արտաշարի դպրոցի տնօրէնին տունն է. բարեհամբոյր տանտէրը անմիջապէս մեզ կÿառաջնորդէ սեղանին լաւագոյն տեղերը՝ Տէր Հօր կողքին. քիչ մը ամչնալով, քիչ մըն ալ կարկամելով կը հետեւինք տնեցիներուն ցուցմունքին եւ կÿիմանանք, որ տնօրէնին երէց զաւակը աւարտած ըլլալով բանակի ծառայութիւնը, վերադարձած է տուն եւ այս խնճոյքը ի պատիւ անոր է, որ կը տրուի այսօր։ Սրտագին շնորհաւորութիւններ, յիսունէ աւելի ներկաներու կողմէ։ Երիտասարդները՝ մէկ սեղանի շուրջ բոլորուած, ուշի-ուշով կը հետեւին մաղթանքներուն։ Պերճախօս Տէր Հայրն ու տանտէրը այնպէս կÿասմունքեն, կÿերգեն ու կը պատմեն, որ ինքնաբուխ համերգի մը կը վերածուի երեկոն։ Անակնկալները իրարու կը յաջորդեն եւ այս անգամ կը լսուի տնօրէնին մօր՝ կարմիր թուշերով պառաւին մելանուշ երգը, հին-հին օրերու յիշատակներով լի։ Եթէ ոչ աւելի, գոնէ մէկ դարեայ երգ էր երգուածը, որ սերունդէ-սերունդ ահա կը քալէ, առանց սակայն մասնագիտական արձանագրութեան մը արժանացած ըլլալու. այս մասին երբ կÿակնարկեմ, տնօրէնը կը պատասխանէ, թէ իրենց գիւղը հանք մըն է այսպիսի երգերու, որոնք տակաւին կը մնան փակուած՝ իրենց խանձարուրներուն մէջ...
Յուզումը կը խեղդէ կոկորդս. ուրկէ ո՜ւր այս բախտը ինծի. հայրենիքի մէկ ծայրամասին մէջ մարդկային ջերմութիւնն ու գիւղացի հարազատներու, բարեկամներու այս բացառիկ երեկոյթը տաք գինիի պէս երակներուս մէջ կը սկսի հոսիլ եւ ես, ինձմէ անկախ, չեմ կրնար զսպել արցունքներս, որոնք առանց արգելքի աչքերս ի վար կը հոսին։ Հո՛ս է նաեւ խորհրդաւորութիւնը հայրենի եզերքին։ Կÿերթաս, բայց չես գիտեր ինչի՛ կը հանդիպիս. ու ես այնքա՜ն հաճոյքով կը շարունակեմ տրուիլ այն ներքին թելադրանքին, որ կեանքիս կու տայ իմաստ ու բովանդակութիւն, անկաշառ շարունակելիութիւն մը՝ ազգային ինքնութեանս բոլոր բաղադրիչներուն...
Արտաշարը կը ձգենք գրեթէ կէս գիշերին, նոյնիսկ առանց մեր կամքին. բայց մինչեւ դուռ տակաւին կը շարունակենք խնճոյքը, կարմիր թուշիկներով աշխուժ պառաւին հետ ինքնաբուխ կերպով պարելով գեղջկական կշռոյթով հայկական պարեր, մինչ Տէր Հայրը դուրսէն ձայն կու տայ, թէ գետինը սառելու սկսած է եւ ուրեմն՝ պէտք է անմիջապէս ճամբայ ելլենք դէպի Երեւան, որպէսզի ինքն ալ ապահով Արտաշար վերադառնայ...

*
* *
Այսպէս, Հայաստան վերջին այցելութեանս առաջին երկու շաբաթը ես ապրեցայ զբօսաշրջիկի «անհոգութեամբ», «Բարեւ-տուն» պանդոկին մէջ գիշերելով եւ ամբողջ ցերեկը ընկերներու մտերմութեան մէջ մնալով։ Կեանքն ալ գեղեցիկ էր այդ պահուն, յատկապէս երբ շրջապատուած ես ընկերներով եւ պտոյտի տրամադրութեամբ կը քալես Երեւանի փողոցներն ի վեր։
Բայց նաեւ պարզ էր, որ այսպէս չէի կրնար գոյատեւել, մանաւանդ որ փափաքս ամիսներով Հայաստան մնալ էր։ Ունէի նաեւ անձնական ծրագիր, որուն համար պէտք էր որ լուրջ աշխատէի։ Այդ ալ՝ «Եզերք» գիրքիս գինեձօնի պատրաստութիւնն էր, որուն նուիրուեցայ անմիջապէս որ ընկհ. Ժորժէթ մեկնեցաւ Երեւանէն։ Նոյն ատեն պէտք էր կեցութեանս վայրը փոխել, վարձու սենեակ մը ճարել, որ ըլլար քաղաքի կեդրոնին մօտիկ եւ անշուշտ համեմատաբար աժան, քան ինչ որ շուկան կը ծանուցէր։ Իսկ շուկային ծանուցածը արդէն իմ վտիտ ուժերէս քանի մը մարդու չափ վեր էր... Ընկհ. Ժորժէթին մեկնելէն միայն օր մը առաջ կարելի եղաւ ինծի գտնել բնակարան մը, ուր կÿապրէր տանտիրուհին։ Այդ օրերուն Հայաստան բնակութիւն հաստատած ամերիկահայ ընկեր մը օգնեց, որ այդ տունը ճարուի. Սարեան փողոցի վրայ, բարձրայարկ շէնքերէն մէկուն 7-րդ յարկի բնակարանն էր, ուր ես գրեթէ մէկ ամիս ապրեցայ տանտիրուհի Սիլվային հետ, որ չմերժելով իրեն դիմող բարեկամ ընկերոջ խնդրանքը, յօժարեցաւ վարձքով սենեակ տրամադրել ինծի։ Տանտիրուհին ղարաբաղցի էր, ամուսինը՝ Վարդան, գիւղը կÿաշխատէր, ամերիկահայ գործարարի մը կալուածներուն իբրեւ պատասխանատու։ Եւ այսպէս ահա սկիզբ կÿառնէր Հայաստանի քաղաքացիի կեանքին մասնակից դառնալու նոր առօրեաս, որուն ճամբաները մօտաւորապէս մէկ ամիս երկարեցան՝ Սարեան փողոցէն Միասնիկեան, ապա Ազատութեան հրապարակ եւ անկէ ալ՝ Վարդանանք փողոց, ուրկէ քալեցի ես օրական, հասնելու համար Նարեկացի Արուեստի Միութիւն՝ նշանաւոր «Վերնիսաժ»ի դրացնութեամբ։
Այսուհանդերձ, անկանխատեսելի անակնկալները շարունակուեցան այս նոր կեանքիս մէջ անգամ, սակայն ոչ նոյն զուարթութեամբ։ Մերթ ընդ մերթ ընդհանուր պատկերին խառնուիլ սկսան մոխրագոյն եւ յաճախ գորշագոյն ու սեւ բիծեր, երբ օդը հետզհետէ սկսաւ ցրտել, տօնական օրերը դարձան մօտալուտ եւ Հայաստանի բնակիչներու մտահոգութիւններն ու տիրող սղաճը եւս իմ մտահոգութիւններս դարձան։ Հակառակ բացառիկ եւ պատմական պահեր ապրելուս՝ գիրքիս գինեձօնին, տեղացի բարեկամներուս, վաղեմի դասախօսներուս եւ կամ նոր բարեկամներու հանդիպելու զանազան առիթներով, թախիծը զիս եւս առաւ իր օղակին մէջ, որովհետեւ ամբողջ ամիս մը, մինչեւ 4 Յունուար 2008, ես կիսեցի հայրենի ժողովուրդին տաքն ու պաղը, իմ մորթիս վրայ դարձեալ զգալով այն բոլորը, որոնք կը կոչուին դժուար եւ անապահով կեանք, աշխատանքի չգոյութիւն կամ անգործութիւն, յուսահատ վիճակ, քաղաքական կեանքի անորոշութիւն, անտէրութեան զգացում, կիսաքաղց փոր։
Վիճակներ, որոնց դիմաց անզօր մնացի նաեւ ես եւ աշխատանք ճարելու ամէն տեսակի փորձ դարձաւ ապարդիւն. մէկ այն տարբերութեամբ, որ պատուական ընկեր մը յանձնարարեց ինծի արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածել Գանատայի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Արա Պապեանի քաղաքական յօդուածները ամփոփող գրքոյկը։ Միակ աշխատանքը, որ կարելի եղաւ գտնել այս էր, որուն համար անչափ շնորհակալ եմ. քանի որ այդպէս յաջողեցայ ծախսերուս մէկ մասը հոգալ եւ իրաւունք տուի ինքզինքիս՝ գէթ երկու շաբթուան համար մեկնիլ Արցախ։
Այդ մէկը իրականացաւ 4 Յունուար, 2008ին, ծնունդ տալով անակնկալներու նոր շարանի մը, իսկ 2007ի վերջին անկանխատեսելի անակնկալը այն եղաւ, որ 31 Դեկտեմբերի գիշերը, առանց նախօրօք ծրագրումի ես հրաւիրուեցայ 1993էն ի վեր Հայաստան հաստատուած Յովսէփ եւ Քնար Սէֆէրեաններու բնակարանը (Յովսէփ Սէֆէրեան 2006էն ի վեր կը վարէ Երեւանի մէջ պրազիլիական դեսպանատան փոխ հիւպատոսի պաշտօնը, իսկ 1993էն 1999 Սէֆէրեան Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսն էր Տելհիի մէջ), երկու տասնեակէ աւելի հրաւիրեալներու կողքին։ Սէֆէրեան ամոլին ես հանդիպած էի 1993ի ամրան, երբ ուսանող էի Երեւանի մէջ, իսկ ամոլը նոր էր հասած Հնդկաստանէն եւ Մատենադարանի մօտերը իր գործարարական գրասենեակը բացած (Յ. Սէֆէրեան Երեւանի մէջ եղած է հիմնադիրներէն մէկը Հայ գործարարներու ընկերութեան, որուն գործօն նախագահը կը հանդիսանայ մինչեւ օրս)։
Ի՜նչ քաղցր յիշատակներ մէկէն լեցուցին հոգիս, երբ Կաղանդի գիշերը ես ոտք դրի Սէֆէրեաններու բնակարանը. իսկ անկանխատեսելի անակնկալներու ամենէն գլուխ-գործոցը այն էր, որ տանտիրուհիին մայրն ալ՝ տիկին Արաքսին, վեց տարիէ ի վեր վերջնականապէս փոխադրուած էր Հայաստան եւ կÿապրէր իր դստեր տունը։ Տիկին Արաքսին նաեւ Պէյրութ մեր թաղեցին էր եւ նոյն ատեն խնամի՝ մօրաքրոջս կողմէ։ Հեծկլտուքս չկրցայ զսպել, երբ ինքզինքս ներկայացուցի մօրս համատարիքի, հրեշտակի հոգիով տիկին Արաքսիին, որ անմիջապէս ճանչցաւ զիս եւ այնքա՜ն մօտիկ-մօտիկ իր գրկին սեղմեց, որ կարծես մօրս հոտը առի վրայէն... Չկրցայ ինքզինքս զսպել, չկրցայ մանաւանդ հաւատալ ա՛յս անակնկալին իրաւութեան, որ ինծի կը յուշէր անյուշելին. Հայաստանի մէջ առա՛ջին Նոր Տարին դիմաւորել ոչ միայն հին եւ նոր բարեկամներու, սփիւռքահայ եւ հայաստանցի երգիչ-երգչուհիներու, հայկական նուագարաններու ընկերակցութեամբ իրենց տաղանդը հոգեւոր հացի պէս իրենց սեղանակիցներուն բաշխող բացառիկ անձնաւորութիւններու հետ, այլեւ ֆիզիքապէս վերագտնել այն թանկագինը, որուն կորուստը օգոստոսեան տաք օր մը շա՜տ ծանր նստած էր հոգիիս, մանաւանդ որ չէի կրցած ներկայանալ մօրս թաղումին՝ Լոս Անճելըս, եւ յարգանքի տուրքս մատուցել անոր բազմաչարչար վաստակին։
Անակնկալներու անակնկալն էր այս մէկը, որ ինծի կը մատուցուէր այսքան բնական, այսքան հոգեգրաւ։ Իսկ ես ամբողջ գիշերը նստած տիկին Արաքսիին կողքին, մերթ կու լայի, մերթ կը խնդայի հետը, ձեռքերը առած ափերուս մէջ, աչքերուն մէջ մօրս նայուածքը փնտռելով անընդմէջ, այն ջերմ ու հարազատ նայուածքը, որ ինծի ուղեկցեր էր ամբողջ կեանքս, բայց օր մըն ալ անվերադարձ կորսուեր, որպէսզի ես ուրիշներու մէ՛ջ փնտռէի զայն անդադար եւ միայն գտնէի այնպիսի՛ անակնկալ պահերու, ինչպիսին էր այս...
Եւ հնչեց ժամը. 1 Յունուար, 2008. ուռռաա՜... ողջագուրումներ, բարի մաղթանքներ եւ մա՛յրս, մա՛յրս՝ տիկին Արաքսիին նայուածքին մէջ, անակնկա՜լը անկանխատեսելիներուն...


22 Մարտ, 2008

Երեւան-Մոնթրէալ


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝