Յայտարարութիւն

Sunday, December 25, 2011

ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍԱՐԿԱՒԱԳԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Սուրբ Ստեփաննոս առաջին սարկաւագին նահատակութեան տօնին առթիւ արտասանուած խօսք մըն է այս Գարատուրանի Ս.Ստեփաննոս մատրան մէջ, ի ներկայութեան հաւատացեալներու: Այս խօսքը կը ձօնեմ Տամասկոսի մէջ նահատակուած քառասունէ աւելի նահատակներուն , որոնք զոհ գացին անարգ եւ դաւադիր ոճրային արարքի մը : Անոնք յանցաւոր էին անմեղ քաղաքացիներ ըլլալու յանցանքով , ինչպէս մեր առաջին սարկաւագ Սուրբը , որուն յանցանքն էր Քրիստոնէավայել կեանք ապրիլը: Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

Ի՞նչ կը նշանակէ սարկաւագ:

Ըստ Հրաչեայ Աճառեանի Հայերէն Արմատական Բառարանի մէջ յիշուած զանազան բացատրութեանց ՝ սարկաւագ կը նշանակէ սպասաւոր, ծառայ,եկեղեցական պաշտօնեայ, որ կը սպասաւորէ պատարագիչին:
Ըստ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգերու բացատրութեանց ՝ հետեւեալ ձեւով կը ներկայացուին սարկաւագն ու սարկաւագութիւնը . «սարկաւագութիւնը եկեղեցւոյ նուիրապետութեան վեցերորդ աստիճանն է: Սարկաւագ կը նշանակէ սպասաւոր, ծառայ : Հետեւաբար, սարկաւագը Աստուծոյ Սուրբ Սեղանին գլխաւոր սպասաւորն է:Ան օգնականն է քահանային եւ եպիսկոպոսին : Եկեղեցւոյ բոլոր արարողութեանց եւ խորհուրդներու կատարողութեան ընթացքին ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ քարոզներ , այսինքն ժողովուրդին ուղղուած հոգեւոր հրաւէրներ կամ թելադրութիւններ կարդալով , առանց ուսուցանելու եւ առանց խորհուրդ կատարելու , իսկ Սուրբ Պատարագի ընթացքին կը կարդայ Աւետարանը , կը խնկարկէ եւ կը կատարէ Վերաբերումը: Ինչպէս երկնքի մէջ հրեշտակները Աստուծոյ գահուն կը սպասարկեն, Անոր բարեխօսելով, նոյն օրինակով սարկաւագը կը սպասարկէ Սբ. Հաղորդութեան սեղանին, պատարագիչէն կը խնդրէ օրհնութիւն ժողովուրդին համար , ժողովուրդը կը հրաւիրէ Աստուծոյ երկրպագելու, աղօթելու, Անոր ողորմութիւնը խնդրելու: Քրիստոսի յայտնութեան Աւետիսը Սուրբ Սեղանէն ստանալով կը փոխանցէ ժողովուրդին, որ զիրար ողջունեն: » :
Իսկ ըստ Գործք Առաքելոցի՝ սարկաւագը ոչ միայն սպասաւոր ու ծառայ է այլ նաեւ գործակից:« Անոր պարտքն է ժողովուրդէն հաւաքել ողորմութիւններ եւ զանոնք բաշխել կարօտեալներուն, այցելութիւն տալ աղքատներուն, այրիներուն, որբերուն , հիւանդներուն եւ մատակարարել ամէն հարկաւոր դարման»: Այս կը նշանակէ , թէ սարկաւագը ինքնամփոփ կամ մեկուսացած անձ մը չէ, այլ ժողովրդային անձնաւորութիւն է: Զայս հիմ առնելով ՝ Պօղոս առաքեալ կը բնութագրէ սարկաւագը հետեւեալ ձեւով.«Սարկաւագները պէտք է ըլլան ծանրաբարոյ, ոչ երկլեզու , ոչ գինեսէր, ոչ շահամոլ , այլ պահեն խորհուրդը մաքուր խղճմտանքով»: Այդպիսի յատկութեանց տէր էր սարկաւագներուս նախահայր՝ Ս. Ստեփաննոսը:

Ուրկէ՞ ծագում առած է սարկաւագ բառը: Դարձեալ պիտի դիմենք Աճառեանի Արմատականին , ուր տարբեր բացատրութիւններ կը տրուին . բայց , նոյնիսկ հանճարեղ Աճառեան գիտական վկայութիւն չի համարձակիր տալ այս բառին ծագման: Այսպէս, Աճառեան կը բացատրէ , թէ « Ներսէս Լամբրոնացի եւ Յովհաննէս Արճիշեցի կը վկայեն որ բառը օտար է բայց չեն կրնար հաստատ ըսել թէ որ լեզուէն սեռած է: Կարգ մը հեղինակներ կը կարծեն թէ պարսկերէն «սէրքեար» բառէն ծնած է , որ կը նշանակէ աւագ ծառայ , ուրիշներ պարսկերէն «սէրիքիար» բառէն, որ կը նշանակէ գործերու վերակացու , կամ «սէրխաւան» էն , որ կը նշանակէ դպրապետ եւ կամ պարսկերէնէ դարձեալ «սարխավակ»էն որ կը նշանակէ գլխաւոր պաշտօնեաներու :» Սակայն բառի ծագումը կը մնայ անստոյգ եւ անվաւեր:
Այս ամբողջը գիտնալէ ետք ,
Ի՞նչ պէտք է ակընկալել այսօրուան սարկաւագէն: Ըստ իս, այսօր, քիչ մը անորոշութիւն եւ շփոթ կայ սարկաւագի տիպարին, անոր խաղալիք դերին , անկէ ակընկալուած գործին ու գործունէութեան մասին: Իմ տեսանկիւնէս դիտելով , ես հետեւեալ ձեւով պիտի բնութագրէի արդի սարկաւագը.
1. Սարկաւագը պէտք է ըլլայ իսկական հաւատացեալ : Նախ քան ձեռնադրութիւն ան հոգուով պատրաստ պէտք է ըլլայ ընդունելու իր ուսերուն դրուելիք լուծը : Շատեր, ի միջի այլոց հոգեւոր հայրեր , կը սահմանափակեն սարկաւագի դերը Վերաբերում ընելու, Աւետարան կարդալու մէջ: Ոչ բնաւ, սարկաւագը այլ ուսանելի պաշտօն ունի՝ Ս. Ստեփանոսի օրինակով:
2. Սարկաւագը պէտք է ըլլայ քրիստոնէական զարգացումի տէր , իր հոգին լեցուն պիտի ըլլայ քրիստոնէութեամբ , այսինքն քրիստոնէութիւնը իրեն համար ըրած պէտք է ըլլայ կեանքի ձեւ : Եւ այս, ըստ իս, պարտադիր է եւ հրամայական:
3. Սարկաւագը պէտք է ըլլայ գիտակից իր ծառայութեան եւ պաշտօնին. իսկ իր պաշտօնը կ'ենթադրէ ՝ համեստութիւն , քաղաքավարութիւն , շրջահայեացութիւն: սարկաւագը պէտք է ըլլայ դրական մարդ , հարց լուծող , գործնական:
4. Սարկաւագը պէտք է ըլլայ քաջ: Քաջութիւնը այս պարագային չի սահմանափակուիր ֆիզիքական քաջութեամբ միայն այլ ՝ բարոյական քաջութեամբ, որն է իր ճիշտ ուղին չկորսնցնել եւ խուճապի չմատնուիլ երբեք՝ երբ տարբեր հովեր իր շուրջ կը փչեն եւ կրնան ե'ւ իր հաւատքը ե'ւ իր քրիստոնէավայել կեցուածքն ու բարոյական ըմբռնումները խախտել:
5. Սարկաւագը պէտք է ըլլայ հնազանդ:Նախ՝ հնազանդ իր սկզբունքներուն եւ յետոյ՝ հնազանդ իր մեծաւորներուն : Սկզբունքին հնազանդիլն է , որ զինք կը դարձնէ կարգապահ եւ պարտաճանաչ: Զանց ըրէք կարգապահութիւնը, տիսիփլինը, ոեւէ անձի կամ որեւէ հաստատութեան մէջէն , աւաղ այդ մարդը կը մոլորի, կը մոլորեցնէ , իսկ այդ հաստատութիւնը՝ փուլ կուգայ:
6. Սարկաւագը պէտք է ըլլայ օրինակելի , այսինքն իր կեանքի օրինակով ան օրինակ պէտք է հանդիսանայ այլոց: Ան բարոյական օղակ մըն է իրմէ պաշտօնով կրտսերներուն եւ պաշտօնով երէցներուն միջեւ: Ինք իր վարքով ու վարմունքով օրինա'կ է դպիրներուն : Ան պէտք չէ մեղանչէ ըսելով մէկ բան եւ ընելով ուրիշ բան: Մեր օրերուն այսօրինակ երեւոյթներու յաճախ կը հանդիպինք նոյնիսկ սրբազան առաքելութիւն ունեցող անձնաւորութեանց մօտ:
7. Սարկաւագը պէտք է ըլլայ ժողովրդային մարդ . ան իր համեստութեամբ ու համբերատարութեամբ հասկացողութիւն պէտք է որ ցոյց տայ մարդոց ապրումներուն , եւ իր կարողութեանց համաձայն ՝ զանոնք համոզէ կատարելու լաւն ու բարին: Այսպիսով , ոչ միայն Սուրբ Սեղանին վրայ ծառայած կ'ըլլայ իր մեծաւորներուն այլ ՝ իրական կեանքի մէջ կը ծառայէ անոնց , անոնց պարտականութենէն մաս մը իր ուսերուն վրայ դնելով:
8. Հնազանդութեան ու կարգապահութեան կողքին արդի սարկաւագը պէտք է իր շինիչ առաջարկներն ու շինիչ քննադատութիւնները կարենայ ընել իր մեծաւորներուն: Անոր պարտաւորութիւնն է եկեղեցւոյ յառաջդիմութեան համար աշխատիլ , ինչ որ կ'ենթադրէ, որ ինք հետամուտ պէտք է ըլլայ եկեղեցին ժողովուրդէն , ժողովուրդն ալ եկեղեցիէն չհեռացնելու աշխատանքին: Ժողովուրդին մօտիկ ըլլալով , ան պէտք է լաւ ճանչնայ ժողովրդին այսօրուան պահանջները եւ իր մեծաւորները տեղեակ պահէ օրուան պէտքերուն մասին, ի ծառայութիւն իր մեծաւորներուն, եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին : Այո, ժողովուրդին , որովհետեւ , առանց ժողովուրդին ի՞նչ արժէք ունի եկեղեցին: «Ժողովուրդն է եկեղեցին» , կը պատգամէ մեզի Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը:
9. Մէկ խօսքով՝ սարկաւագութիւնը լոկ մակերեսային , երեւութային իրականութիւն չէ, ան խորքային բնոյթ ունի . այնտեղ ինքնաճանաչման գործօնը շատ մեծ դերակատարութիւն ունի , մանաւանդ՝ սարկաւագութիւն պաշտօնը կոչումի վերածելու գործընթացին մէջ:


Նիւթապաշտութիւնը, դրամապաշտութիւնը , աղբիւրն են չարութեան : Նիւթապաշտութեան արդիւնք են նենգութիւնը, սուտը, սպաննութիւնը, դաւաճանութիւնը, նախանձը, ընչաքաղցութիւնը,ագահութիւնը եւ մասամբք սոցին: Սարկաւագի առաջին յատկութիւնը պիտի ըլլայ նիւթապաշտութենէ հեռու մնալը : Մենք կ'անդրադառնաք այն աւերին որ կը կատարուի մեր շուրջ ՝ մեր նիւթապաշտութեան հետեւանքով, մամոնային գերի'ն դառնալու հետեւանքով : Այդ մէկը նոյնիսկ կ'երեւի կարգ մը կրօնական շրջանակներու եւ զանոնք ներկայացնողներու մօտ: Սարկաւագ մը դաստիարակուած պէտք է ըլլայ այդ ուղղութեամբ , որպէսզի կարենայ մաքուր կեանք մը ապրիլ:

Ճիշտ է , որ նահատակութեան տօնակատարութիւն է այս տօնը սակայն քրիստոնէութեան յաղթանակի տօնն է նաեւ : Հետեւաբար ցնծութեան օր է այս օրը : Այս առթիւ կը շնորհաւորեմ բոլոր Ստեփաններն ու Փանոս անուն կրողները եւ կը մաղթեմ , որ իրենց քրիստոնէավայել ծառայասիրութեամբ անոնք քայլեն Սուրբի հետքերով , ի պայծառութիւն հայ եկեղեցւոյ , յօրինակ նոր սերունդին եւ ի զարգացում հայ ազգին:

Նշան Պասմաճեան
25 Դեկտեմբեր 2011



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝