Յայտարարութիւն

Sunday, December 18, 2011

Մենք Ենք՝ Մեր ՑաւերըՆախագահական «Հեւք»ը Սկսած Է ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Այս յօդուածը արտատպուած է Ռամկավար Մամուլի Դեկտեմբեր 14, 2011ի թիւէն, ուր Պարոյր Աղպաշեան,Զարթօնք թերթի նախկին խմբագրապետը, իր վերլուծումը կը կատարէ ՀՀեան նախագահական ընտրութեանց եւ ընտրապայքարի մասին:
«ՆՇԱՆԱԿ»


»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Ամիսներ առաջ, աւելի դիպուկ՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան
ընդարձակեալ նիստին, երբ առաջադրուեցաւ գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի
նախագահական թեկնածութիւնը (երկրորդ շրջանի մը համար), արդէն նախօրօք գրած
էինք՝ «այլ ընտրանք» չկայ, բացի ինքնավերանորոգումի տարբերակէն։
Ինչո՞ւ այդ հաստատումը, օրի՛ն։
Սերժ Սարգսեան, իր նախագահ ընտրուելէն ետք, առաջին իսկ օրէն արդէն ինքզինք
նախագահ կը նկատէր… երկրորդ շրջանի մը համար, իսկ ատիկա յաջողեցնելու համար,
դիմեց հետեւեալ միջոցներուն.
ա) Ամէն տեղ, ի մասնաւորի զգայուն ու պատասխանատու պաշտօններու վրայ զետեղեց
վստահելի իւրայիններ (կուսակիցներ թէ բարեկամներ), չվարանելով, ի հարկին, զանոնք
պաշտօնանկ ընելու կամ պաշտօնանկութեան մղելու, երբ տեսնէր կամ զգար անոնց
շեղումը իր գիծէն կամ խնկարկումը այլոց։
բ) Իրեն մրցակիցներէն շատեր, չէզոքացնելու կամ սիրաշահելու համար, պաշտօններ,
հանգամանքներ ու դիրքեր «բաշխեց» (որոնց մէջ առանձնակի օրինակ մըն է Օրինաց
Երկիր Կուսակցութեան նախագահ Արթիւր Բաղդասարեանը), ինքզինք աւելի ապահով ու
կայուն զգալու համար։
գ) Գրեթէ ամենօրեայ յաճախականութեամբ, այցելութիւններ տուաւ խայտաբղէտ
կեդրոններ, իր ներկայութիւնն ու հոգատարութիւնը զգացնելու միտումով (սակայն, քիչ
արդիւնաւէտութեամբ ու նպաստաւորութեամբ)։
դ) Տարբեր բնագաւառներու ու մարզերու անուանի (եւ ո՞չ-անուանի)
անձնաւորութիւններու վրայ տեղացուց շքանշաններու ու պարգեւներու (գլխապտոյտ
պատճառող) տարափ մը, առ որ անկ է հասկցնելու իր գնահատող եւ արժեւորող ըլլալու
բացառութիւնը։
ե) Արտաքին յարաբերութիւններ հաստատելու կամ վերանորոգելու միտումով, բոլորին
հետ լաւ ըլլալու, բոլորէն կարեւորուելու յատուկ ճիգ մը ցուցաբերեց։
Այս բոլորէն աւելի, սակայն, Սարգսեանի վերադարձը, ի վաղուց անտի, նշմարելի էր (ու է),
երբ գործեց ու կը գործէ նախագահական բացարձակատիրութեամբ , խորհրդարանական ու
կառավարական կառոյցները շրջանցելով,
աւելին՝ իրեն ենթարկելով կամ իրմէ կախեալ
պահելով զանոնք։
Իր առաջադրումէն ասդին, Սարգսեան նոր
հեւքի մը մէջ է, ի լուր, օրինակի _______համար,
Ռոպերթ Քոչարեանի մը հաւանական
թեկնածութեան, որ արդէն «ուրուական»ի
դերակատարութեամբ կը դեգերի ներսն ու
դուրսը։ Ռոպերթ Քոչարեան (ձախին) եւ Սերժ Սարգսեան
(Ի միջի այլոց, Քոչարեանի նախագահական պալատ հասնելու յաւակնութիւնը, պէտք է
հիմնովին բացառուի, շա՜տ պարզ տրամաբանութեամբ, որ իր չարաբաստիկ
նախագահութեան շրջանին, տեղի ունեցան զոյգ սպանդներ. 29 Հոկտեմբեր 1999ի եւ 1
Մարտ 2008ի, իսկ ասոնց «պատասխանատուութիւն»ը, այս կամ այն ձեւով, կ’իյնայ իր
վզին…
Հայրենի ժողովուրդը պէտք չէ մոռնայ այս աննախընթաց ու ցարդ անպատիժ մնացած
յանցագործութիւնները եւ այդ հիմամբ ալ պէտք է վերաբերուի այս թղթածրարին հետ)։
Սերժ Սարգսեան. լա՛ւ կը ճանչնայ իր երբեմնի բարեկամ՝ Ռոպերթը, որուն հետ երկա՜ր
ճամբայ կտրած է ու գիտէ անոր խորամանկութիւնները, ծանօթ է անոր
մեքենայութիւններուն, հետեւաբար, երբ նախագահական ընտրութիւնները մօտալուտ են,
չի կրնար անտարբեր մնալ, չի կրնար ձեռնածալ նստիլ անոր «շարժումներուն» նկատմամբ։
Որոշապէ՛ս, այս է տեղի ունեցողը Հայաստանի պետական շրջանակներուն մէջ՝
պաշտօնափոխութեանց, պաշտօնակոչութեանց եւ, զարմանալի պէտք չէ ըլլայ,
պաշտօնանկութեանց (այս մէկը «սովորական» ըլլալով անկախ Հայաստանի մէջ)։
Հերքումները, ուրացումներն ու ժխտումները ո՛չ մէկ արժէք կամ արդարացում ունին,
պատահածները ըլլալով «կենդանի իրականութիւններ»։
Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի «բեմադրական յեղաշրջում»ը ուրիշ
ի՞նչ ձեւով կը բացատրուի, երբ կը նշանակուի, Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ,
նախընտրական գործընթացի ու քարոզչութեան ղեկավար։
Ասիկա չի՞ նշանակեր, թէ գործող նախագահը, մեղմ ըսած, օգտագործելով իր
նախագահական իրաւասութիւններն ու լիազօրութիւնները, տենդագին լծուած է իր աթոռը
պահելու, «կասկածելի»ները հեռացնելով, իսկ «վստահելի»ները՝ բարձրացնելով։
Յստակ է, որ Սարգսեան, իր այս միջոցառումներով, կը փորձէ «բաց պատուհաններն ու
դռները» ոչ միայն փակել, այլեւ ամրացնել, հեզասահ անցումի մը հեռանկարով, որուն
համար պատրաստ է ամէն մարտահրաւէր դիմագրաւելու։
***
Այս առիթով, առանց մասնաւորումներու, սակայն որոշակի դիտարկումներու
արձանագրութեամբ, կ’արժէ_______, գէթ հպանցիկ, անդրադառնալ այն սփիւռքահայերուն ու
սփիւռքահայ հատուածներուն, որոնք հայրենի իրականութեան մասին երբ կը խօսին, զայն
կը շփոթեն նախագահասիրութեան կամ իշխանասիրութեան հետ, զայն նկատելով
անհպելի եւ անմերձենալի։
Այս զգացականութիւնը, որ երբեմն ոմանց մօտ կը հասնի հիւանդագին ստրկամտութեան,
հետաքրքրական է, որո՞ւն՝ ի՛նչ նպաստ կը բերէ կամ որո՞ւն հայրենասիրութիւնը կ’աւելցնէ
եւ որո՞ւնը՝ կը պակսեցնէ։
Այս երեւոյթը աւելի ցուցադրական ու տեսողական է մանաւանդ անոնց մօտ, որոնք
անիրապաշտական եւ մակերեսայնական «թրթիռ»ներով կը մօտենան հայրենի
իրականութեան, մերժելով (կամ չտեսնելով) առարկայական եւ ախտվատական երեսները
տիրող կացութեան, որոնք իր «սեւ ու ճերմակ», «մութ ու լոյս» գոյներով արդէն իսկ կան։
Փոխադարձաբար, հայրենի որոշ այրեր, գիտնալով սփիւռքէն եկած ու հնչած այս
(դիւրաբեկ) տրամադրութիւնները, ըստ այնմ կը վերաբերուին անոնց հետ, այնքան ատեն
որ «շքանշան»ները կը խօսին, կը յամենան, կը զրնգան, կը բոցկլտան, կը բոցավառեն ու…
կը բոցավառուին։


Պէյրութ, Լիբանան


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝