Յայտարարութիւն

Saturday, December 3, 2011

Սուրիական թղթածրարին գծով Թուրքիան հրաւիրելու քայլին համար Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակը կը դատապարտէ Ֆրանս. իշխանութեանց անընդունելի քաղաքականութիւնը

Գնահատելի կը գտնենք Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակի դատապարտողի կեցուածքը Սուրիական թղթածրարի գծով Թուրքիան հրաւիրելու "Quai d'Orsay"ի առաջարկին համար: Թրքական վտանգը Սուրիոյ ժողովուրդին (Արաբ թէ Հայ) գլխուն կախուած դամոկլեան սուր է: Ֆրանսայի հայ Դատի Գրասենեակը ճիշտ բայց մանաւանդ արդար ընդվզումով հրապարակած է այս հաղորդագրութիւնը զոր կը գնահատենք սրտով թէ տրամաբանութեամբ:

«Նշանակ»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Ֆրանսական իշխանութեանց եւ Ֆրանսայի հանրային կարծիքին ուղղուած
հաղորդագրութեամբ մը, Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակը խստիւ դատապարտեց
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ Սուրիոյ թղթածրարի քննարկումներուն
Թուրքիան հրաւիրելու առաջարկին համար:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Թուրքիա ոչ մէկ վարկ ունի այլոց
ժողովրդավարութեան դասեր տալու իմաստով, եւ թէ սուրիացի ժողովուրդը Թուրքիոյ ո՞ր
չափանիշներով կրնայ առաջնորդուիլ, երբ Թուրքիա ի՛նք կարիք ունի ժողովրդավարութեան
դասընթացքի:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Ֆրանսա ինչպէ՞ս կրնայ Թուրքիան ներգրաւել այս
հոլովոյթին մէջ, երբ ան գրաւած կը պահէ հիւսիսային Կիպրոսը, շրջափակուած կը պահէ
Հայաստանը, ներքին առումով կը բռնաբարէ մարդկային բոլո՛ր իրաւունքները եւ մասամբ
նորին, աւելի՛ն, երբ ան խնդիր ունի նոյնինքն Սուրիոյ հետ՝ Ալեքսանտրէթի հարցով, ու հիմա
ան ինչպէ՞ս կրնայ միաժամանակ ըլլալ հաշուետու եւ հաշուէառ:

« Կը դատապարտենք արտաքին գործոց նախարարութեան որդեգրած այս
քաղաքականութիւնը: Անգարա ոչ մէկ վարկ ունի Դամասկոսի ժողովրդական դասեր տալու
առումով, ընդհակարակն՝ ի՛նք կարիք ունի ժողովրդավարական դասերու հետեւաբար
անհասկնալի է ֆրանսական շռայլութիւնը անոր նկատմամբ», կ'եզրակացուի
հաղորդագրութեան մէջ:



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝