Յայտարարութիւն

Monday, December 12, 2011

ԱՐԻՒՆՈՏ ՏՕՆԱԾԱՌԸ...ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

2007 թուականին, դեկտեմբերեան երկրաշարժի զոհերու 19-ամեակի նշումին յաջորդ օրն իսկ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին կեդրոնը բա՜րձր կրունկներ երեւցան։ Սգատօնը աւարտած էր։ Ամանորը պիտի դիմաւորուէր։ Կրունկները երկաթեայ հսկայական սարքեր բարձրացուցին իրարու վրայ։ Այնուհետեւ, օրական դրութեամբ, կէսօրուան ժամերէն սկսեալ մինչեւ երեկոյ, խումբ մը բանուորներ շարունակեցին կազմել կեդրոնական վիթխարի տօնածառը՝ յարկ առ յարկ, հատուած առ հատուած, յետոյ տօնածառին երկաթեայ կմախքը օր առ օր պատեցին եղեւինի ճիւղերով, որոնց վրայ քանի մը օր ետք կախուեցան հսկայական գեղեցիկ իրեր, փայլփլուն եւ գունաւոր, տօնական մթնոլորտին համապատասխան խաղալիքներ, պուպրիկներ։ Օրեր տեւեց աշխատանքը։ Ամէն օր քիչ մը աւելի ամբողջացաւ 2008 տարեշրջանի գալուստը աւետող բարձրայարկ, կարծես մինչեւ երկինք հասնող հայկական նշանաւոր այս տօնածառը, որուն շուրջ հետզհետէ երեւցան նաեւ ամանորեան այլ սարքեր, խաղերու եւ մանուկներու զուարճութեան նուիրուած յատուկ տնակներ՝ զարդարուած ձիերու կառքերով, ինչպէս նաեւ Կաղանդ պապուկի եւ Ձիւնանոյշի զրնգուն ներկայութեամբ։
Գրեթէ շաբաթ մը ետք վառեցան նաեւ լոյսերը հրապարակին կեդրոնը փառաւոր դիրք բռնած տօնածառին, շրջակայ շէնքերուն, Ազգային թանգարանի շէնքին առջեւ վեհօրէն բազմած շատրուանային լայնածիր ցայտաղբիւրին, ճամբաներու լապտերներուն։ Ու հրապարակին հմայքը այնքան քաշողական տեսք ունեցաւ մանաւա՛նդ երեկոները, որ արդէն զբօսավայրի վերածուեցաւ յարդարման առաջին օրերէն իսկ. կապտաւուն-կանաչ լապտերներ՝ տօնածառի մոթիֆներով ճամբեզրի լոյսերու սիւներէն կախուած, բոլոր կողմերէն յորդող լոյսեր, հրապարակը երիզող պետական կառոյցներու կամարակապ շէնքերու գաւիթներէն սկսեալ մինչեւ վերին յարկերը։ Լոյսեր, լոյսեր, լոյսեր, որոնք քարտ փոսթալի յարմար չքնաղ պատկերի մը վերածեցին հրապարակը, ուրկէ Հայաստանի քաղաքացիները ամէն օր երթեւեկեցին ա՛յն արդար հպարտութեամբ, թէ Երեւանի հրապարակը ոչինչով կը զիջի եւրոպական մայրաքաղաքներու պարզած տօնական մթնոլորտէն...

***

Հայաստանի «հին նոր տարի»ն իր կարապի երգը երգեց 13 Յունուարին։ Հին տոմարով Ամանորը աւարտեցաւ քիչ թէ շատ զուարթ մթնոլորտի մէջ։ Սակայն Հայաստանի կեանքը անմիջապէս չվերադարձաւ իր բնականոն հունին, քանզի ձմեռը խիստ ըրաւ այդ տարի։ Դպրոցական արձակուրդը մէկ շաբաթով երկարաձգուեցաւ, կրթական թէ այլ հիմնարկներու մէջ ջեռուցման անբաւարարութեան պատճառով։
Բայց եւ 2008 Յունուարի վերջին տասնօրեակին քաղաքը տարբեր աշխուժութիւն մը սկսաւ ապրիլ, երբ այս անգամ սկիզբ առաւ նախագահական ընտրարշաւներու շարանը, որուն ազդեցութեան հզօրացումով՝ մարդկային յիշողութենէն հետզհետէ չքանալ սկսան տօնածառն ու հրապարակի ամանորեան մթնոլորտը` իրենց տեղը զիջելով նախագահական ընտրութիւններու առիթով ստեղծուած հաւաքներու, քայլարշաւներու, ճամբաներու բարձր սիւներէն իրարու ետեւէ կախուիլ սկսող նախագահական թեկնածուներու մեծադիր լուսանկարներուն, մինչեւ որ՝ իբր թէ խաղաղ եւ ժողովրդավարական սկզբունքով ճամբայ ելած ընտրութիւնները յանգեցան արիւնալի ոճիրներու, որոնք պատահեցան 1 Մարտ 2008-ին, բոլոր այն ճամբաներուն վրայ, ուրկէ տակաւին երկու ամիս առաջ քաղաքացիներ, զբօսաշրջիկներ եւ այցելուներ կը քալէին՝ տօնական տեսարաններէն ու մանաւա՛նդ փայլփլուն տօնածառին տեսքէն հմայուած...
1 Մարտ 2008-էն սկսեալ Հայաստանի կեանքը անգամ մը եւս փոխեց իր հունը՝ ամանորեան պարզնկայ գիշերներու գունաւոր լոյսերու, տօնական երաժշտութեան, մանկական անմեղ ցնծութիւններու կողմնացոյցը անհաւատալի արագութեամբ տանելով դէպի մարդկային ամէնէն քստմնելի արարքները՝ զեղծարարութիւն, կաշառակերութիւն, անհանդուրժողութիւն, վայրագութիւն, որոնք, չես գիտեր ո՞ր սատանային միջամտութեամբ, կայծակի՛ արագութեամբ յանգեցան ոճրային գործողութիւններու՝ հայո՛ւն ձեռքով, հայո՛ւն հայրենիքին մէջ, հայո՛ւն դէմ...

***

Հիմա, որ հրապարակներու վայրագութեան տեսարանին վրայ իջած է վարագոյրը, աւարտած՝ նաեւ արիւնալի ա՛յս էփիզոտն ալ, որուն գործած ահաւոր ազդեցութեան տակ արդէն անյիշելի անցեալ մը կը թուի ըլլալ՝ միայն երկու ամիս առաջ Երեւանի մէջ պարզուած տօնական մթնոլորտը, որուն առիթով այնքա՜ն երջանիկ կը զգայի նաեւ ես զիս, յատկապէս անոր համար, որ սա իմ առաջին Նոր Տարին էր, որ կը դիմաւորէի հայրենիքի մէջ, ուր ապրեր էի թէեւ տարիներ առաջ իբրեւ ուսանող, բայց տօնական օրերուն՝ հարկադրաբար վերադարձեր էի տուն, եւ ահա,՛ տարիներ ետք, ճիշդ է որ կեանքը ինծի կու տար հազուագիւտ սա առիթը՝ հայրենիքի՛ մէջ Ամանորը դիմաւորելու շքեղ պատեհութիւնը, անոր թողած տպաւորութիւնը, սակայն, փոխանակ մէջս երկար տեւելու, ահա՛ կը ցնդէր անմիջապէս` ի հետեւանք ընտրութիւններու ընթացքին հնչեցուած անախորժ գոռգոռոցներուն եւ անոնց յաջորդած արիւնալի դէպքերուն, որոնց հետեւեցայ այս անգամ հեռուէն 2008 Փետրուարի առաջին շաբաթը Քանատա վերադառնալէս ետք` լրատուական հիմնական միջոց ունենալով համացանցն ու հեռատեսիլը...
Այսօր, ճիշդ է որ մարտեան արիւնալի այդ դէպքերուն վրայ եւս վարագոյրը իջած կը թուի, բայց իմ մտապատկերիս մէջ տակաւին կը յամենայ արիւնոտ տօնածառ մը, որուն վրան այլեւս չեն վառիր լոյսեր, շուրջը չեն ճռուողեր մանուկներ, չկան ձիեր ու Ձիւնանուշիկը, ոչ ալ Ձմեռ պապիկն ու իր հեքիաթային անմեղութիւնը։ Շիթ-շիթ հայու արիւն է, որ կը կաթի անկէ։ Հայու ձեռքո՛վ թափուած արիւն...
Քանատա վերադարձիս՝ Հայաստանէն արտագաղթած բարեկամուհի մը հեռաձայնեց դէպքերուն նոյն օրը եւ շատ տխուր, վախուորած ձայնով իր մտատանջութիւնը յայտնեց պատահածներուն առիթով։ Արբանեակային կապով դիտած էր ամբողջ ողբերգութիւնը եւ լացակումած ինծի կը հաղորդէր իր ծննդավայր-հայրենիքին, մեր երկուքի՛ս հայրենիքին տխուր լուրերը։
Պէտք եղաւ հանդարտեցնել զինք՝ պատմելով անոր Հայաստան-Արցախ երկու ամսուան կեցութեանս օրերուն իմ տեսած նաեւ ուրախալի երեւոյթներուն մասին։ Հաճոյքով լսեց, հանգստացաւ, վերագտաւ իր նախկին զուարթութիւնը, ապա մեր խօսակցութեան աւարտին «այս ալ կÿանցնի, յուսամ» մը աւելցուցի ու վար դրի ընկալուչը...։
«Յուսամ, որ կÿանցնի», այս անգամ կրկնեցի ես ինծի, բայց չեմ գիտեր ինչո՛ւ ես իսկ իմ ըսածիս չհաւատացի… չհաւատացի, այդ ալ ինչպիսի՛ դառնութեամբ, որովհետեւ բան մը կը կեցնէր իմ հաւատքս ներսէն…: Բայց յաղթահարելու համար իմ ներքին մտատանջութիւնս, որ մէկ օրէն միւսը սկսաւ անդոհանքի վերածուիլ՝ հայրենիքէն ստացուած անախորժ լուրերու եւ հրապարակուած տեսաժապաւէններու պատճառով, անցայ համակարգիչիս ետին ու սկսայ գրել…

***

2008-ի Մարտ ամսուն աւարտին թէեւ պատրաստ ունէի այսքան բան՝ հրատարակելու համար, սակայն ներքին ձայն մը կեցուց զիս դարձեալ… Այս գրութիւնս չկրցայ որեւէ խմբագրատուն ղրկել, այլ պահեցի զայն արխիւներուս մէջ` առանց երբեք գիտնալու պատասխանը այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ սփիւռքահայ մամուլի էջերուն մօտաւորապէս ինը շաբաթ Հայաստան-Արցախ այցելութեանս մասին շատ բան գրած ու հրատարակած ըլլալով հանդերձ, ա՛յս մէկը՝ «Արիւնոտ տօնածառ»ը, հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու պատրաստ չէի տակաւին…
Ես ի՜նչ գիտնայի, ինչպէ՛ս, ուրկէ՛ գիտնայի այն ատեն, որ հայրենական նոր իշխանութիւնները ինչպիսի՜ ազգավնաս քայլեր պիտի առնէին տակաւին` իրենց արիւնոտ պատմուճաններուն անտեսանելի ծալքերէն դուրս բերելով այնպիսի՛ արձանագրութիւններ, որոնք կը կոչուին դաւ, ազգային դաւադրութիւն, դաւաճանութիւն, այլեւ խարդաւանանք եւ դարաւոր թշնամիին հետ «յոյժ գաղտնի» դաշնակցութիւն, ֆութպոլային դիւանագիտութենէն մինչեւ 22 Ապրիլ 2009-ի սեւ երգիծանք, մինչեւ զուիցերիական արգահատելի հանդիպումներ, այլեւ չարաշուք Հոկտեմբեր 10-ի արձանագրութիւններու ստորագրում, մինչեւ համահայկական եռասիւն-ողնաշարի անդառնալի ցնցում՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք…

***

Հետագայ օրերու թաւալքին հետ հետզհետէ ալեկոծող համազգային մեր կեանքի կշռոյթին ականջալուր, օր մըն ալ, չես գիտեր ուրկէ՛, մոռցուած, լքուած կարծուած «Արիւնոտ տօնածառ»ս կը ցատկէ մտքիս, ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս մարդ իր փրկութեան համար պիտի չվարանէր փաթթուիլ նոյնիսկ զինք խայթող օձին։ Զարմանալի՜ է մարդկային զգացողութիւնը…։ Յօդուածս այնքա՛ն իրական, այնքա՛ն հրամայական ձեւով ինքզինք կը պարտադրէ ինծի՛, որ ամէն բան ու գործ թողած՝ կը փորձեմ զայն վերագտնել նիւթերուս մէջէն ու անպայման հասցնել իր աւարտուն տեսքին։ Բայց … բայց ոչինչ կրնամ փոխել անոր ներքին բնութենէն, քանզի երեւակայութեանս մէջ տակաւին այնպէ՛ս տիրական ու անդրդուելի կանգնած է Հանրապետութեան հրապարակի արիւնոտ տօնածառը, որ իմ հոգիիս աչքերը անտեղիտալիօրէն կը մերժեն ուրիշ բանի հայիլ, ուրիշ բան տեսնել, զգալ, գրել ա՛յդ ուրիշին մասին…

***

Արիւնոտ տօնածառ մը կայ այսօր հայկական բոլոր անկիւններուն մէջ՝ Լիբանան ըլլայ ատիկա, Ստեփանակերտ, Աւստրալիա, Կրասնոտար, Չինաստան, Ֆրանսա, Քեսապ, Ամերիկա, Քեմպրիճ, Արժանթին, թէ Շարժա…
Արիւնոտ տօնածառ մը՝ մա՛նաւանդ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին ճի՛շդ կեդրոնը…
Այսօր` 2010-ի շեմին, հայաշխարհի սրտին մէջ դառնօրէն կանգնած արնաթաթախ տօնածառ մը կայ, ուրկէ հայու անմեղ արիւն է, որ կը կաթի, կը կաթի՜ ու կը կաթի՜…




20 Նոյեմբեր, 2009
Պէյրութ






«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝